Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելոս, 2 Յունուար 2026
Սփիւռքի դասական սահմանումը մօտաւորապէս այսպիսին էր.- «Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք տարագիր հայութեան մնացորդացը պատմական հայրենիքի սահմաններէն դուրս»։ Ըստ այս սահմանումին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան, Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան տարածքին հաստատուած հայութիւնը դուրս կր մնային եւ մաս չէին կազմեր դասական սփիւռքին ։ Կարգ մը պատմաբաններու կողմէ իրանահայութիւնն ու պոլսահայութիւնը նոյնպէս դուրս կը մնային այս սահմանումէն։
Սփիւռքի հայութիւնը զգալիօրէն բազմապատկուեցաւ Ցեղասպանութեան հետեւանքով՝ հիմնականին մէջ ներառելով Միջին Արեւելքի եւ միւս ցամաքամասերու հայութիւնը։ Կը փորձուինք համեմատութիւն մը կատարել արեւելեան եւ արեւմտեան սփիւռքներու միջեւ: Անմիջապէս կը նկատենք հիմնական տարբերութիւն մը. մինչ Միջին Արեւելքի հայագաղութները երկար ատեն դիմացան՝ պայքարելով ձուլման դէմ՝ պահպանելով ազգային դիմագիծը, արեւմտեան երկիրներու գաղութներուն մէջ, հակառակ թափուած ճիգերուն , մարեցան ազգային գիտակցութիւնն ու հայեցի ոգին։ Հայերէնը զգալիօրէն իր տեղը զիջեցաւ տեղական բարքերուն, տիրապետեց տեղւոյն լեզուն, հատուկենտ բացուած համեստ դպրոցները գոցեցին իրենց դուռերը։ Պատահական չէ որ 1920-ական թուականներուն գրուեցաւ Շահան Շահնուրի «Նահանջը առանց երգի» ուշագրաւ վէպը։
Նահանջի դէմ իրենց ճիգերը չխնայեցին հայկական հիմնարկները` եկեղեցին, քաղաքական կուսակցութիւններն ու անոնց հովանաւորած մշակութային միութիւններն ու կազմակերպութիւնները։ Այսօր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, Հայ կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները իրենց կարելին կ՚ընեն հայապահպանութեան գծով։
Ո՞ւր է արդիւնքը թափուած ճիգերուն։
Հարցեր կը ծագին միտքիս մէջ.
– ո՞ւր է հայ երիտասարդութիւնը, որուն թիւը արհամարհելի չէ յատկապէս հայահոծ Լոս Անճելըսի եւ շրջակայ քաղաքներու մէջ.
– ինչո՞ւ 24-45 տարեկան երիտասարդութիւնը ներկայ չի գտնուիր զանազան միութիւններու կողմէ կազմակերպուած դասախօսական (մշակութային եւ քաղաքական) ձեռնարկներուն.
– ինչո՞ւ մեր նոր սերունդները կը խուսափին ձեռնարկներու մասնակցութենէն…։ Դեռ կարելի է երկարել նման հարցումներուշարքը։
Մեր ուսումնասիրութիւններն ու հարցումները, որոնք ուղղուած էին շրջանակիս մէջ գտնուող երիտասարդներուն՝ տուած են հետեւեալ արդիւնքները։
Ստացած եմ այսպիսի պատասխաններ, որոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը գրուած է անգլերէն լեզուով… Եզրակացութիւնը միանշանակ է…
Ահաւասիկ կարգ մը պատասխաններ.
ա.-Ես քաղաքականութեամբ չեմ զբաղիր, քաղաքական եւ կուսակցական նիւթերը չեն հետաքրքրեր զիս։
բ.- Միշտ նոյն մարդիկը կը բանախօսեն։
գ.- Ձանձրացուցիչ է եւ ժամերով կը խօսին։
դ.- Հաճելի չեն (It’s not fun.)։
ե.- «Ծանր» կը խօսին, երկար նախադասութիւններ կը գործածեն։
զ.- Ես հայերէն չեմ գիտեր կամ հայերէնս տկար է։ «պէյրութահայերէն» (արեւմտահայերէն) չեմ հասկանում», շատ օտար բառեր (ռուսերէն) կը խառնեն։
է.- դասերովս կամ գործովս շատ զբաղած եմ եւ գլուխս քերելու ժամանակ չունիմ։
ը.- Միշտ ցեղասպանութեան մասին կը խօսին։
թ.- Հաճելի կամ մեզ հետաքրքրող նիւթերու մասին չեն խօսիր…
Փորձենք մտորել այս պատճառաբանութիւններուն» շուրջ։
Նախ՝ զարմացած չեմ տրուած պատասխաններէն, քանի որ լաւ ճանչցած եմ երիտասարդութիւնը մանկավարժութեամբ զբաղած ըլլալուս բերումով։
Կ՚արժէ այս մասին մտածել եւ խորհրդածել։ Փաստ է որ մեր երիտասարդութիւնը քաջատեղեակ է ժամանակակից հաղորդակցութեանց միջոցներուն եւ մատներու ճապուկ շարժումներով կրնայ տեղեկութիւններ քաղել զինք հետաքրքրող նիւթերու մասին։ Հետեւաբար պէտք է մտածել այս առաւելութենէն առաւել չափով օգտուիլ՝ մանաւանդ որ Արհեստական Բանականութիւնը (ԱԲ-AI) կը յառաջանայ ու կը խորանայ քառասմբակ կերպով։ Ուրեմն, այս հանգրուանին կը մտածեմ արդեօ՞ք նախընտրելի չէ որ մենք՝ երէցներս մօտենանք երիտասարդութեան, հրաւիրենք զանոնք երկխօսութեան, լսենք զիրենք եւ իրենց պրիսմակով նայինք մեր շուրջը եւ ապագային։
Կար ժամանակ, երբ մեր մեծերը, ինչպէս մեր պահպանողական ծնողները, կը փորձէին պարտադրել իրենց աւանդական տեսակէտները։ Նոյն երեւոյթը համատարած էր նաեւ դպրոցներուն եւ ազգային-հասարակական-քաղաքական դաշտին մէջ։ Յաճախ կը լսէինք. «Դուք տակաւին երեխայ էք (չոճուխ), ձեր խելքը չի հասնիր այս բաներուն…» եւ նման պապայական կամ տէտէական արտայայտութիւններ։
Կ՚արժէ մտածել այն մասին թէ ինչպէ՞ս կրնանք նախ մենքզմեզ փոխել, վերանայիլ մեր մօտեցումները, ուղղակի դիմել իրենց եւ յստակօրէն ըսել թէ մենք մեր տարիքը առած ենք այլեւս եւ նոր գաղթավայրերու մէջ եւ նոր պայմաններու տակ իրե՛նք՝ երիտասարդները պէտք է ստանձնեն սփիւռքի նաւապետութիւնը։
Այս առնչութեամբ իմ զրոյցներս 25-45 տարեկաններու հետ ցոյց տուած են թէ կարելի է ընդհանուր հասկացողութեան գալ։ Այս ալ աւելցնեմ թէ մէկ անգամէն հոծ բազմութեամբ գործակիցներ պիտի չունենանք, բայց պէտք է սկսիլ, որովհետեւ եւս 15-20 տարի եւ մենք պիտի չունենանք այս արծաթեայ առիթը։
Կ՚առաջարկեմ դիտել Դոկտ. Հրաչ Չիլինկիրեանի տեսերիզը։
The Anatomy of the Armenian Diaspora, Hratch Tchilingirian
https://youtu.be/PXhKkspRHHs?si=bmqWfZfTAUksf7gj
4 comments
2020-ի վերջին շաբաթներէն առ այսօր օր չ’անցնիր որ չխօսուի 2020-ի աշնանային պատերազմին մեր տուած շուրջ 4000 նահատակներու մասին։ Փա՜ռք ու պատի՜ւ անոնց, անոնց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն։ Մեզի՝ հայութեան համար, մէկ հոգին իսկ մեծ, չափազանց մեծ արժէք է եւ հայ մէկ անհատի, առաւել եւս երիտասարդի կորուստը շատ ծանր է։ Սակայն ԳՐԵԹԷ ԲՆԱՒ ՉԻ ԽՕՍՈՒԻՐ ամէն ամիս նոյնքան (4000) եւ աւելի հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու ՀԱՅՕՐԷՆ կորուստին մասին։ Ամէն ամիս՝ նուազագոյնը 4000 հայ պարման-պարմանուհի, երիտասարդ-երիտասարդուհի “կը մահանայ” հայութեան համար։ Տարին կը նշանակէ 50 հազար հոգի, տասը տարին՝ ԿԷՍ ՄԻԼԻՈՆ ՀՈԳԻ։ Սա եթէ ցեղասպանութիւն չէ, հապա ի՞նչ է։
Դոկտոր Գոճայեանը մատը դրած է վէրքին վրայ եւ լռելեայն կ՛ընդունի հասուն եւ աւելի տարիքի հայոց մեղսակցութեան բաժինը այս տխուր իրականութեան մէջ։ Կ՛երկրորդեմ անոր՝ նոր սերունդին հետ անկեղծ երկխօսութեան առաջարկը։ Բա՛ւ է այլեւս 90 տարեկանին բազմած մնալ կուսակցական կամ միութենական ղեկավար աթոռներուն վրայ։ Իմ կարծիքով, հայկական կազմակերպութեանց կանոնադրութեան մէջ գրաւոր․ կամ այլապէս անգիր, պէտք է սահմանել ղեկավար դիրքերու վրայ 50 տարեկանէն ետք անընդունելի ըլլալը + որեւէ պաշտօն 10 տարիէ աւելի զբաղցնելը։ Սա չի նշանակեր, թէ փորձառութիւն ձեռք բերած մեր պատուական ազգակիցները պէտք է մէկ կողմ նետել։ Ոչ։ ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ ՈՉ։ Ընդհակառակը, խելամտութիւն պիտի ըլլայ օգտուիլ անոնց փորձառութենէն իբրեւ ԽՈՐՀՐԴԱՏՈՒներ ղեկավար դիրքերու ընտրուող նորսերնդականներուն։
Օրակարգի հարց է – հայրենադարձությունը….առաջին հերթին Ռուսաստանից….ուր ավելի շատ հայ է ապրում, քան Հայաստանում:
I narrow my comment about the young and upcoming Diaspora Armenians in the West, who are the Independent Armenia generation – born in 1991 and beyond. They are mostly born in the 21th century. Many of them are on the verge of forming their own families to raise their own children. Some may already have.
My thought on this complex and convoluted matter is for the upcoming Armenian parents to raise their children with a sound soul, body and mind to cope in this extraordinarily complex world. Properly equipped to chart their course in life, I am certain they will carve their Armenian world. But let us not expect that it would resemble our own Armenian world. Surely setting up a good example and be a good role model, helps them immensely to find their own Armenian bearing in life.
But, are we setting a good example and being good role models to that Independent Armenian generation in the West, to choose to embrace Armenia and Armenian as well? I am not so sure.
ԱՆՓԱՌՈՒՆԱԿ ՎԻՃԱԿ – Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի՝ «Սփիւռքի անփառունակ վիճակը եւ երիտասարդութիւնը» վերնագրած յօդուածը այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ Սփիւռքի անփառունակ վիճակին իրողութեան հետ առնչուած է հայ երիտասարդութիւնը, քանի որ նոր սերունդները կը խուսափին ձեռնարկներու մասնակցութենէն, եւ տակաւին նման երեւոյթներու երկար շարք մը։
Ըսեմ, որ իմ անմիջական շրջանակէն հայրեր, որոնք ինծի նման Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղութին մէջ ծնան եւ մեծցան, ըսին որ կար ժանանակ որ մտահոգ էին, որ իրենց զաւակները հայերէն չեն գիտեր, բայց հիմա բաւարարուած են, որ իրենց զաւակները հայերէն չեն գիտեր եւ մանաւանդ հայատառ մամուլին չեն կրնար հետեւիլ քանի որ հոն դրական եւ յուսադրող ոչ մէկ բան կայ իրենց զաւակներուն համար, որ ընտրութիւնը ընեն դէպի հայատառ մամուլ, իրենց առօրեայ կենցաղին մէջ որոշ չափով հայկականութիւն ունենալու համար։
Այո՛, իրողութիւն է որ հայ միտքը այնքան այլամերժ կերպով քաղաքականացած է, եւ հայատառ մամուլին մէջ չկան երեւոյթներ, որոնք առանց այդ այլամերժ քաղաքականացած միտքով չ՚ընկալուին։ Տարօրինակօրէն, բայց խորքին մէջ Սփիւռքի անփառունակ վիճակին համար մեծ պատասխանատուութիւն ունին անոնք՝ որոնք մտահոգ են Սփիւռքի անփառունակ վիճակով։ որոնք առանց այդ այլամերժ քաղաքականացած միտքով չ՚ընկալուին։