Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 8 Օգոստոս 2020
Ուշադրութեամբ կը հետեւինք վերջին շրջանիս Հայաստանի մամուլի, հեռուստատեսութեան, ինչպէս նաեւ ընկերային ցանցերու մէջ սկսած ու հետզհետէ բուռն ընթացք ստացած խելացնոր «պատերազմի մը», ուր, փառք աստուծոյ, մարդկային արիւն չի հոսիր…
Այս օրերուն Հայաստանի հանրութիւնը, կաճառականները, ուսումնակրթական հաստատութիւններն ու հիմնարկները, ինչպէս նաեւ առանձին անհատներ կը քննարկեն հայոց լեզուի, հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան դասաւանդման հետ առնչուող զանազան հարցեր: Քննարկումը ի հարկէ առողջ երեւոյթ է, եթէ ան կ’ընթանայ պատասխանատուութեամբ, լրջախոհութեամբ, առանց շուտիկ ու շտապողական դատումներու եւ փոխադարձ յարգանքի ու քաղաքակիրթ մակարդակով:
Ամէնուր կը շրջին թեր ու դէմ կարծիքներ, առաջարկներ եւ թելադրութիւններ: Դժբախտաբար նաեւ կը գործածուին անհարկի վերագրումներ (դաւաճան, սորոսական, ծախուած, անգրագէտ, հակափաշինեանական, ռուսասէր, թրքասէր կամ թրքամէտ…): Յստակօրէն կ’երեւայ թէ չափազանց լարուած է մթնոլորտը, խորացած է փոխադարձ անհանդուրժողութիւնն ու ատելութիւնը: Հասկնալի են այս բորբոքումներուն տուն տուող պատճառները: Հայաստանեան մթնոլորտը հիւանդագինօրէն քաղաքականացուած է եւ լեցուած թունոտ արտայայտութիւններով, որոնք լարուածութիւնը հասցուցած են թշնամական բեւեռացումներու:
Ազգային կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը ինքնուրոյն եւ ինքնիշխան պետութեան մը հիմնաքարերէն եւ յանձնառութիններէն մէկն է, վասնզի անոր շնորհիւ պիտի կերտուի վաղուայ մարդը, քաղաքացին ու հայը: Հետեւաբար, ամենայն պատասխանատուութեամբ այսօրուայ աշակերտին պէտք է տալ խորքով ազգային եւ համամարդկային արժէքներ, գուրգուրանքով հարստացած հայագիտական կրթութիւն՝ մանկամսուրէն մինչեւ աւագ դպրոց (երկրորդական վարժարան) եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ (բուհ):
Այս ծիրին մէջ կը կարեւորուին դասագիրքերու պատրաստութեան հայեցակարգերը, չափորոշիչները, մեթոտները եւ բովանդակութեան խնդիրները: Հայոց լեզուի, հայ գրականութեան, հայոց պատմութեան, կրօնի, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ այլ քոյր եկեղեցիներու պատմութեան, գիտական առարկաներու, հասարակագիտական եւ այլ դասանիւթերու պատրաստութիւնը միանգամընդմիշտ նպատակաուղղուած պէտք է ըլլայ դաստիարակել եւ զարգացնել գալիք սերունդները որպէս ժամանակի հետ քայլ պահող եւ ՀԱՅ քաղաքացի:
Անհրաժեշտութիւն է ի հարկէ դասագիրքի պատրաստութեան մէջ նկատի առնել նորագոյն մեթոդներն ու մօտեցումները, եթէ անոնք կ’օգնեն ու կը նպաստեն հայ աշակերտին հայեցիութեան ու մրցունակութեան ամրապնդման: Այսօր արեւմտեան կարգ մը երկիրներու մէջ այս հարցը նոյնպէս կը քննարկուի ամենայն լրջութեամբ ու խորութեամբ, որովհետեւ միտումներ կը նկատուին աշխարհայնացման շաքարապատ դեղահատին միջոցով նոր սերունդներուն մէջ զարգացնել աշխարհաքաղաքացիութիւնը՝ անդէմ ու անգոյն:
Բնականաբար, դասաւանդող ուսուցիչը պէտք է պատրաստուած ըլլայ նոր մօտեցումներով եւ արհեստավարժութեան նորագոյն հնարքներով ու հմտութիւններով, որպէսզի դասը կամ նիւթը աւելի մատչելի եւ սիրելի դառնայ աշակերտին: Դասաւանդութիւնը կարելի չէ նոյն չափորոշիչներով եւ ռազմավարութեամբ շարունակել տասնամեակներով, այլ միշտ պէտք է փնտռել տուեալ ժամանակահատուածին առանձնայատկութիւնները եւ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼ զանոնք:
Ժամանակակից կրթադաստիարակչութեան գործընթացին մէջ դասագիրք պատրաստելու ծրագիրը պէտք է ընդգրկէ զանազան բնագաւառներու մէջ մասնագիտացած արհեստավարժներ: Հոս նկատի ունինք հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան, մանկավարժութեան, հոգեբանութեան, փիլիսոփայութեան, տեսա-լսողական սարքերու եւ այլ ճիւղերու մէջ հմտացած ուսումնականներ (scholars): Հետեւաբար համապատասխան բնագաւառի կրթական հիմնարկները, ինչպէս կրթութեան կամ լուսաւորութեան նախարարութիւնը, համալսարանը, գիտութեանց կաճառը, Եկեղեցին, համադրուած հաւաքական աշխատանք պէտք կատարեն եւ ընդհանուր հասկացողութեան մը հանգած ներկայացնեն ամէնէն համախոհական եւ ամենաբարենպաստ (optimal) տարբերակը:
Տրամաբանութիւնը եւ գործնականութիւնը կը թելադրեն որ լայն ու խոր քննարկման ենթարկուին յառաջադրուած ծրագիրները՝ առանց կիրքի, այլ փոխադարձ յարգանքի եւ զիրար ամբողջացնելու նախապայմանով: Բնական է որ տեղի ունենան բախումներ, կարծիքներու եւ մօտեցումներու մասնակի տարբերութիւններ, բայց խելացի ղեկավարութիւն մը զանոնք պէտք է ի մի բերէ եւ հաշտեցնէ:
Քննադատութիւններն ու առաջարկները պէտք է ծառայեն գործ մը յառաջ տանելու նպատակին եւ պէտք չէ ծառայեն խումբի մը կողմէ մէկ այլ խումբի դէմ պայքարի ու հաշուեյարդարի միջոցի: Հայաստանի մէջ կը նկատենք թէ քննադատութիւններն ու թելադրութիւնները յաճախ շեղած են իրենց հունէն ու վերածուած են խմբակային եւ կուսակցական, հնի եւ նորի անհեռանկար վիճաբանութիւններու: Ովկիանոսին այս կողմը գտնուողներս կը սրտնեղինք ու կ’ափսոսանք, որ այնտեղ՝ Արարատի փէշերուն, սկսած են անպատուել եւ դիմացինին մէջ թշնամի մը տեսնել: Մեր գնահատմամբ ախտաւոր դատումներ կը կատարուին քիչ մը ամէն տեղ՝ թերթ, հեռուստացոյց, դիմատետր եւ այլ առցանց տարածութիւններու մէջ:
Կը նկատենք նաեւ եւ ցաւօք կը լսենք արտայայտութիւններ, երբ կողմ, դէմ կամ թէկուզ բարեխառն կարծիք յայտնողները անմիջապէս կը պիտակաւորուին որպէս իշխանութեան «ծախուած» կամ իշխանութեան «թշնամի» անհատներ: Դժբախտաբար կը նկատենք նաեւ թէ յանձնախումբերու մէջ ներգրաւուած անձ մը կամ անձեր խիստ անխորհուրդ որոշումներ կ’առնեն, եւ յաճախ կը դիմեն ինքնուրոյն, վիճարկելի եւ յաճախ անխոհեմ քայլերու: Օրինակ, ըստ մեզի հասած լուրերու, ի՞նչ իրաւունքով եւ բարոյական ի՞նչ հիմունքներով թուրք պատմաբաններու կամ թուրք հասարակական կազմակերպութեան մը հետ յարաբերութիւններ կը մշակեն՝ Հայաստանի համար հայոց պատմութեան դասագիրք պատրաստելու նախագիծ-ծրագիրներ մշակելու գործընթացին մէջ: Կը զարմանանք՝ փոխանակ դիմելու ոչ-պակաս մասնագիտական փորձառութիւն ունեցող սփիւռքահայ դասախօսներու եւ մեթոտաբաններու, ուրիշ միջավայրերու մէջ «գործընկերներ» կը փնտռեն…: Մեր գնահատմամբ եւ ունեցած տեղեկութիւններով արեւմուտքի աւանդութիւններ եւ վարկ վաստկած տարբեր համալսարաններու մէջ կը դասաւանդեն անուանի դասախօսներ, ամբիոնի վարիչներ ու մեթոտաբաններ, որոնց մասին մեծ գովեստով կ’արտայայտուին այդ երկիրներուն եւ կաճառական շրջանակներուն մէջ: Ի՞նչը կը խանգարէ մեր հայրենի պատկան մարմիններուն եւ յանձնախումբերուն որ նկատի չեն առներ (չըսելու համար՝ կ’արհամարհեն) սփիւռքի հնարաւորութիւնները (ռեսուրս):
Ուղղակի զարմանալ կարելի է: Նշենք օրինակի համար Լիլիթ Մկրտչեանի դերակատարութիւնը, որուն պատճառով մեծ աղմուկ բարձրացած է այս օրերուն, մինչ ինք ամէն գնով կը փորձէ պաշտպանել իր ընտրած ուղին: Ասիկա այն կիսածածուկ «համագործակցութեան» օրինակներէն մէկն է, ուր կը պակսի «ազգային շահերը ամէն բանէ վեր» դասելու հիմնարար սկզբունքը: Այս առնչութեամբ պէտք կը զգանք յիշեցնել թէ ՈԵՒԷ սփիւռքահայ մասնագէտ սիրայօժար կերպով եւ շնորհակալութեամբ պիտի ընդունէր առաջարկներ եւ անոր դիմաց պիտի ստանար միայն հոգեկան բաւարարութիւն թէ՝ ինք օգտակար հանդիսացած է իր հայաստանեան գործընկերներուն՝ իր հարազատ ազգակիցներուն…
Պէտք է մեղմացնել այս «պատերազմական» հռետորաբանութիւնը եւ չձգել որ կրակը ամենակուլ հրդեհի վերածուի: Մեր իշխանութիւններէն կ’ակնկալենք աւելի վճռակամ, դիպուկ եւ նպատակասլաց միջոցառումներ: Պիտի խորապէս հիասթափէինք եթէ այս բանավէճին եւ ծրագրերուն հետ առնչուող գործունէութիւններուն մէջ անտեսուէր հայ սփիւռքը, ինչպէս տարբեր առիթներով պատահեցան դժբախտաբար:
***
Ստորեւ մեր թանկագին ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնենք կարգ մը կայքեր եւ կապեր (ARCHIVE: Language, History, Heritage), որոնց միջոցով կրնաք հետեւիլ մասնագէտներու կարծիքներուն եւ գնահատականներուն: