ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ ՄԸ 10-ՐԴ ԴԱՐԷՆ

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 18 Նոյեմբեր 2021

ՀԻՄԱ ԿԱՄ ԵՐԲԵՔ
(It’s Now or Never)

Բագրատունեաց թագաւորութիւնը (885-1045) կարճ ատեն մը մատնուեցաւ ծանր կացութեան: Այդ ատենուան սակաւապետ-օլիգարխ-միապետ- իշխան-աւատապետները բռնած էին կեդրոնախոյս ուղի մը. անոնց համար կարեւորը իրենց սեփական դիրքն ու կալուածները պահպանելն էր ամէն գնով: Ամէն մէկը իր պատճառաբանութիւնը ունէր: Ասոր վրայ աւելցած էին ահաւոր ճնշումները հարաւէն՝ Արաբական խալիֆայութենէն եւ Բիւզանդական դաւադիր ու որձեւէգ կայսրութենէն:

Աշոտ Բ. արքայ (914-929), որուն մեր պատմաբանները տուած են «Երկաթ» մակդիրը, հեռացած էր Սեւանայ կղզիին (*) վրայ գտնուող վանքային համեստ համալիր մը  եւ կ’աւաղէր (կը տխրէր, կը ցաւէր) ի տես հայ ազգին առաջնորդներուն սին ու փառամոլ  ծանր կացութեան մատնուած հայութեան վիճակին:

Այս բոլորին վրայ Վասպուրականի Գագիկ Արծրունի իշխանը, որ կը հաւակնէր նոյնպէս թագաւոր դառնալ, արքայական թագ էր ստացեր Արաբական խալիֆայութենէն եւ իր համար նստավայր դարձուցեր էր Վանն ու Աղթամար կղզին: Ան, իր ազդեցութիւնը տարածելու համար կառուցել տուած էր նաեւ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին՝ միջնադարու նշանաւոր ճարտարապետ Մանուէլի հմուտ  նախագիծով ու ճարտարապետութեամբ:

Ու տակաւին քանի մը «իշխանիկներ» ալ կային, որոնք կ’ուզէին իրենց «թագաւորութիւնները» հիմնել…Հայ են, չէ՞…ամէնէն քիչը կա՛մ կաթողիկոս պէտք է ըլլան կա՛մ ալ թագաւոր…

Փաստօրէն Հայաստանը դարձած էր Արաբական եւ Բիւզանդական զօրքերու ասպատակ, ռամիկ ու շինական ժողովուրդը կը վախնար անոննց շուքէն, իսկ իշխանները մտեր էին իրենց բոյները… Մինչ այդ, 885 թուականին կրկին գոյառած հայկական ինքնիշխան պետութիւնը կը թուէր թէ կը խոստանար ամրանալ եւ իրականացնել 5-9-րդ դարերու հայ մատենագիրներու եւ հայրենասէր զօրավարներու երազանքը: Բայց Աշոտ Բ.ի առաջին տարիներու փառաւոր յաղթանակներէն ետք Բագրատունեաց թագաւորութիւնը կրկին կը մատնուէր կարճատեւ անորոշութեան: Հայաստանի գոյութիւնը որպէս ինքնիշխան պետութիւն կը մատնուէր հարցականի ներքին եւ արտաքին պատճառներով: Սակայն շնորհիւ Աշոտի ցուցաբերած կամքին եւ քանի մը նուիրեալ իշխաններու եւ յատկապէս Գէորգ Մարզպետունի զօրավարին եւ իր զաւկին՝ Գոռի զօրակցութեան, ոտքի կը կենայ հայկական բանակը: Երկիրը կարճ ատենուան մէջ կը մաքրեն խալիֆայութեան զօրքերէն՝ խորհրդանշական ներկայութիւն մը տալով միայն անոնց Դուին քաղաքին մէջ:

Այս պատմական անցուդարձերն են որ ներշնչումի աղբիւր ծառայած են վիպագիր Մուրացանին (**) գրելու իր գլուխ-գործոցը՝ «ԳԷՈՐԳ ՄԱՐԶՊԵՏՈՒՆԻ» պատմավէպը:

Այս վէպին մէջ պատմավիպագիրը հերոսացնելով Մարզպետունի զօրավարն ու իր որդին՝ Գոռը, ներշնող կերպարներու մակարդակին բարձրացուցած է զանոնք

Այս երկին մէջ, իր յիսուններուն հասած Գառնիի իշխան զօրավար Գէորգ Մարզպետունին մատնուած էր շատ մռայլ վիճակի մը, որովհետեւ կը տեսնէր հայրենիքի անմխիթար վիճակը եւ հին երազներու փշրուիլը:

923 թուականի աշունն էր, ուր որ էր պիտի սկսէր Հայկական աշխարհի ձմեռը իսկ գարունը ոչ մէկ յոյս կը ներշնչէր: Աշոտ Բ. արքան յուսահատած էր եւ իր հարիւրեակ մը զօրքով որոշեր էր մեկուսանալ, անդին քիչ մը երկչոտ կաթողիկոսը, սարսափելով ձերբակալուելու վախէն, գաղտնօրէն հեռացեր էր Այրիվանքէն (Գեղարդի վանք)՝ աւելի ապահով տեղ մը ապաստանելու համար՝ անհովիւ թողնելով իր հօտը: Օրհասական էր վիճակը:

Գէորգ զօրավար ապարդիւն վերադարձեր էր իշխանները համոզելու իր փորձերէն: Ամբողջ գիշեր մը անքուն ու մղձաւանջային ժամեր անցընելէ ետք առեր էր ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՐՈՇՈՒՄ մը:

Լուսաբացին ան կը հրամայէ բերդակալին՝ ամրոցի բակը հաւաքել զօրքն ու բնակիչները: Ան պիտի յայտնէր ճակատագրական որոշում մը, որովհետեւ ստրկական, յուսախափ ու ամօթահար կեանքը սարսափելի մահ մըն էր իրեն համար:  Ինք զինուորական բարձրաստիճան մարդ մըն էր եւ տեսած էր Աշոտ Բ.ի վերականգնման ճիգերը: Ահա թէ ինչ կ’ըսէ Գառնիի ամրոցին մէջ հաւաքուած քանի մը հարիւր հայրենակիցներու, որոնց մէջ էր նաեւ իր ընտանիքը՝ կինը, անդրանիկ որդին՝ Գոռը (յետագային իր յաջորդը), զաւկին հարսնցուն, նաժիշտները, աւագանին, բերդի պահակները, բերդակալը եւ շինականներն ու գիւղացիները.

-…Ձեզ քաջ յայտնի է թէ ի՛նչ է կատարւում մեր հայրենիքում: Թշնամին իր ուզածի պէս աւերում է Հայոց երկիրը, բայց ո՛չ մի իշխան չի ուզում զէնք բարձրացնել, այլ ամէն մէկը իր ամրոցում փակուած սպասում է…Ամօ՜թ մեզ հայեր, ամօ՜թ, ո՜վ զինակիցներ…

Այն ատեն ներկաներուն մէջէն ձայներ կը լսուին.

– Ի՞նչ անենք մենք, ի՞նչ կարող ենք անել…, ի՞նչ կարող է անել հարիւր զինուոր ունեցողը:

– Ո՛չ մի զինուոր, եթէ նա իրօք զինուոր է, չպէտք է սպասի ընկերոջը, երբ Հայրենիքը վտանգի մէջ է,- կը դիմէ անոնց,- կամենո՞ւմ էք կեանք վայելել, բարի՛, էլ ինչո՞ւ սուր էք կրում, ինչո՞ւ էք անպատւում սուրն ու երկաթը, գնացէք եւ ամիրաների դռներից մուրացիկի պէս կեանք խնդրեցէք… Ոմանք ասում են “մի ձեռը ծափ չի տայ, մի ծաղկով գարուն չի գայ”, այս խօսքերը ես կրկնում եմ աբեղացուներին, որոնք սխալմամբ զինուորական են դարձել: Այժմ ես կամենում եմ ապացուցել, որ նրանք չարաչար սխալւում են:

Ապա իշխանը սուրը կը հանէ եւ քայլ մը առաջ գալով կը գոչէ.

– Ահա ես միայնակ գնում եմ հագարացւոց (Արաբ խալիֆայութիւն) դէմ, ո՞վ է այն քաջը, որ կամենում է միանալ ինձ, թող առաջ գայ:

Քանի մը երկվայրկեան ետք.

– Ե՛ս, հայր իմ,- որոտաձայն գը գոչէ որդին՝ Գոռը

– Ե՛ս, տէր Մարզպետունի,- կ’երկրորդէ Վահրամ սեպուհը:

– Եւ ե՛ս, տէ՛ր իմ…եւ մե՛նք…մե՛նք էլ,- կը միանան ռազմիկները:

Եւ այսպէս քսան հոգիով կ’անցնին գործի: Ճարպիկութեամբ կը վերագրաւեն մօտակայ պզտիկ ամրոց մը: Կը միանան սսկուած շինականները: Լուրը կը հասնի հարեւան գիւղերուն եւ պահուըտածներ դուրս կու գան թաքստոցներէն, հեռացած զինուորները կը միանան, կը խանդավառուին այլ իշխանիկներ եւ փոքրիկ զօրքը կ’իջնէ Արարատեան դաշտ…Քսան հոգիով սկսած ջոկատը կը դառնայ երկու հազար, չորս հազար…Աշոտ թագաւորին կը հասնին լուրերը. ան նոյնպէս կը միանայ գունդին ու կ’առաջնորդէ զայն:

Գարնան վերջաւորութեան Աշոտ գրեթէ վերականգներ էր իր հեղինակութիւնը: Եւ այսպէս ՕՏԱՐ ԶՕՐՔԵՐԸ դուրս կը շպրտուին մեր հայրենիքէն եւ ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՀԱՆԴԷՊ ԱՒԵԼԻ ՅԱՐԳԱՆՔՈՎ կը սկսին վարուիլ մեր դրացիները…

Պատմական հիմքի վրայ յօրինուած այս վէպը, ինչպէս Րաֆֆիի եւ Ծերենցի պատմական երկերը (19-րդ դար) կը խանդավառեն մեր ազգի երիտասարդները եւ անոնք կը լծուին ազատագրական պայքարի. եթէ այդ պայքարը իր յաջող աւարտին չհասաւ, ապա պէտք է մեղադրել ոչ միայն կայսրութիւններու (Բրիտանական, Օսմանեան, Ցարական) յափշտողական քաղաքականութիւնը, այլեւ մեր քաղաքական մտքի տհասութիւնը, անժանակ ցոյց տրուած տաքարիւնութիւնն ու ոչ խելամիտ արարքները – արկածախնդրութիւնները, իսկ այս օրերուն սարսափելի պարտուողականութիւնն ու ստրկամութիւնը:

Պէտք կա՞յ զուգահեռներ անցընելու 11 դար կամ  120 տարի առաջ կատարուած պատմական այս դէպքերու եւ այսօրուան դառն իրականութեան միջեւ…

 

(*) Մինչեւ 70 տարի առաջ կղզի էր:

(**) Գրիգոր Տէր Յովհաննիսեան (1854-1896), ծն. Շուշի, Արցախ

Աղբիւրներ

Յովհաննէս Դրասխանակերտցի, «Պատմութիւն Հայոց»

Մ. Չամչեան, «Պատմութիւն Հայոց», հտ. 2, Վենետիկ, 1785

Մուրացան, «Գէորգ Մարզպետունի», պատմավէպ

Նոյնի պարզեցումը եւ համառօտումը Մ.Գ.ի, 98 էջ, Պէյրութ, 1986

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

Կատար

Ռուբէն Յովակիմեան, Սեն Ռաֆայէլ (Ֆրանսիա), 5 փետրուար 2023 «Լացող դէմք խայթելու համար՝ իշամեղուներն անպակաս են» Ճապոնական Համահայկական ողբերգութիւն…
Read More
Read More

«Նոր Հայաստան, Նոր Սփյուռք»

Համաժողովի Հայտարարությունը Եվրոպայի Հայերի Համագումար, Գերմանիա, քաղաք Քյոլն, 2 սեպտեմբեր 2018 Հայաստանում Թավշյա համաժողովրդական հեղափոխությունը, վերջակետ դրեց ՀՀ…
Read More