Ի՞նչ երեսով Ամանոր դիմաւորել

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 12 Դեկտեմբեր 2022

Եղեգնեայ գրչով՝ վրէժ երգեցի,
Ընդ եղեգան փող բոց ելանէր։
(«Ձօն», Դ. Վարուժան)

Հազուադէպ կը հետեւիմ Արեւմտեան ափի «հայկական» հեռատեսիլի հաղորդումներուն, կամ եթէ կը հետեւիմ՝ յոյժ ընտրովի։ Հարցս չի վերաբերիր մեր հեռատեսիլային ծրագիրներու մակարդակին, բովանդակութեան եւ ոգիին, այլ այն գովազդային յայտարարութիւններուն, որոնք կը վերաբերին շրջանիս մէջ մօտերս կայանալիք «Ամանորեայ շքեղ հանդէսներին» եւ «քյաբաբանոց»ներու անվերջ առաջարկութիւններուն…

Չեմ ուզեր այն տպաւորութիւնը թողուլ թէ ծերացած աբեղայ մըն եմ, ապաշխարած մը,  որ աշխարհի վայելքներէն հեռու մնալու կոչ կ՚ընէ իր կեանքի մայրամուտին։

Ամանոր է եւ Ս. Ծնունդ, իսկ այս կողմերու եւ Արեւմուտքի հայերուն համար ալ՝ «Քրիսթմըս» (Christmas)՝ Քրիստոսի ծնունդ, աւետում եւ  յայտնութիւն։ Նոր տարի պիտի նշենք…ձմրան կէսին։ Ամբողջ քրիստոնեայ աշխարհը, մանաւանդ երախաները այդ տենդով բռնուած են, իսկ ամէնէն շատ ուրախացողները վաճառատուներն են, որոնք ապրանք պիտի ծախեն եւ իրենց գանձանակները պիտի թխմեն։

Արցախէն եկած լուրերը կը ծակծկեն մարմինս ու կը կճրտեմ ատամներս։ Ափ մը հայութիւն, միս ու ոսկորէ բաղկացած մեզ նման ծերունիներ, հայրեր, մայրեր, Ամանորի նուէրներ ակնկալող երախաներ մեծ-մեծ բացուած աչուկներով, հեղուկ կազի եւ վառելիքի կեդրոններու առջեւ հերթի կը սպասեն, իսկ ծանր հիւանդներ Ստեփանակերտի հիւանդանոցին մէջ կը սպասեն գոնէ…առանց ցաւի աչքերնին փակելու։

Ի՞նչ ախորժակով ու երեսով Ամանոր դիմաւորել…

«Խաղապահ»ի պաշտօնը ստանձնած կապուտաչեայ ու սեւաչեայ զինուորներ սառնասիրտ աչքերով կը հսկեն… Ի՞նչը, շրջափակման շարունակութեան ապահովո՞ւմը թէ՞ 125,000 հայութեան անվտանգութիւնը։ Մինչեւ ատամները զինուած արիւնարբու հազարամեայ  գազանը իր ոհմակներով պար բռներ է անոնց աչքին առջեւ, խելացնոր վայնասուններ կ՚արձակէ մահիկին ուղղութեամբ։ «Գազանը որս կ՚ուզէ», ազերի թուրք-թաթար «պաճիին» (քոյր) ափին մէջ աղաւնին անգամ շնչահեռձ կ՚ըլլայ…

Երեւանէն ու Ստեփանակերտէն կը հնչեն ահազանգներ, դիմումներ կը հոսին ամէն ուղղութեամբ՝ Մոսկուա, Պրիւքսել, Փարիզ, Ուաշինկթըն, մինչեւ Լոս Անճելըսի Կլենտէյլ քաղաքները։

– Պէտք է կանխե՜լ «մարդասիրական» աղէտը,- կը հնչէ լրատուական աղբիւրներէ։

«Մարդասիրական աղէ՞տ». այս ի՞նչ նորութիւն է, կը մտածեմ, աղէտին ալ մարդասիրականը կ՚ըլլա՞յ եղեր, կը լսուի ներսէս։ Ըսել կ՚ուզեն humanitarian աղէտ, այսինքն՝ մարդկային կեանքին սպառնացող աղէտ։

Արցախի հանրապետութեան արտակարգ  ներկայացուցիչը՝ յայտնի օլիգարխ Ռուբէն Վարդանեան մռայլ ձայնով կոչ կ՚ուղղէ Եւրոպական Միութեան, ՄԱԿ-ին, համայն հայութեան։ Կը զարմանամ թէ ինչո՞ւ ան հիւսիսի իր «բարեկամներէն» չսկսիր իր աղերսը…Ինչ որ է, գոնէ բան մը կ՚ընէ մարդը, կը մտածեմ, ուրիշներ այդ ալ չեն ըներ եւ ձեռքերնին ծալլած, գլխիկոր… կը պատրաստուին Ամանոր նշել, ձեռնարկներ կազմակերպել, ամանորեայ «բարեսիրական» խրախճանքներ ծանուցել սաինչ շքեղ պարասրահին մէջ՝ Լաս Վեկաս, Փալմ Սփրինկզ, Մարանկօ…

Այս տողերը չհաւնողները պիտի ըսեն.

  • Տունը նստինք «տարտերնի՞ս» լանք։
  • Երեխաներու մե՞ղքը ինչ է։
  • Լա՜ւ էլի՛, յոգնեցինք Ղարաբաղ, Արցախ-մարցախից։
  • Նոր սարուան ուրախութի՞ւնն ալ շատ կը գտնես։

Իսկ պիզնեսմէնները պիտի տրտնջան.

-Հապա ինչպէ՞ս դրամ պիտի շահինք, պիլերնիս պիտի վճարենք…

Պատճառաբանութիւններ (յաճախ հասկնալի) շատ կան, աւելի՛ շատ քան Արցախի շրջափակուած մեր հայրենակիցները, որոնք կը սրթսրթան այս ցուրտին, երեխաներ, որոնք փակած իրենց ծնողներուն եւ տատիկ-պապիկներուն «սովա՜ծ եմ», «մրսում եմ տատի՛» կը հծծեն։

Ուրախանալը գիտենք, ջանասիրաբար խանութ-խանութ եւ «մոլերը» (mall) ման գալը գիտենք եւ ամենայն  բծախնդրութեամբ կը կատարենք մեր ծնողական, եղբայրական, քոյրական եւ սիրահարներու յատուկ ընտրութիւնները։ Լաւ գիտենք նաեւ միութիւններու, եկեղեցւոյ, կուսակցութիւններու եւ այլ կազմակերպութիւններու անունէն տուն-տուն հեռաձայնելն ու տոմսակ առաջարկելը։ Այո՜, շատ լաւ կ՚ընենք այս «նուիրական պարտականութիւնները» յանուն … հայապահպանման։ Գիտեմ, շատ լաւ գիտեմ թէ հայրենակիցներէս շատեր պիտի ըսեն.

-Ա՞տ ալ չընենք եւ ճգնաւորի պէս տո՞ւնը նստինք…

Պատասխանս միանգամայն նո՛յնն է.

– Համեստ եղէք, չափերնիդ իմացէք, եւ եթէ ձեզի բողոքի ցոյցի հրաւիրենք, այսինչ տեղս կը ցաւի, նորէն յօդացաւս սկսաւ, նորէն «քովիտ» տարածուեր է» մի՛ ըսէք։

Բողոքի ցոյցե՞ր։ Մոռցանք այդ բաները։ Միայն խմբակ մը իմ նման յամառներու կը գոռանք ՀՀ դեսպանատան առջեւ, փոխանակ մեր ծերակուտականները ողողելու մեր նամակներով, փոխանակ խուռներամ բազմութեամբ խուժելու Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ անշուշտ նաեւ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպանատուներն ու հիւպատոսարանները եւ մէկ մարդու պէս պահանջելու.

– Խաղապահ ուժե՛ր, կեցուցէ՛ք ցեղասպանութիւնը։

– Թուրք-ազերինե՛ր, կոռչէ՛ք մեր երկրէն։

– Մա՛հ Ալիեւին եւ Էրտողանին։

– Պուտի՛ն, մա՛րդ դարձիր, եթէ Լեւ Թոլսթոյի ազգէն ես։

Կրնա՞նք։ Ողնայարը ունի՞նք։ Ցանկութիւն կա՞յ թէ ձեզմէ շա՜տ հեռու տեղ մըն է այդ Արցախը եւ հոն ապրող հայերը մարդ չեն, հայ չեն…

Քիչ է «կ՚ամչնամ» ըսելը եւ շնորհաւորանքի խօսքեր ալ չունիմ այս տարի։

Ո՞ւր է հայ Երեմիա մարգարէն։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like