ԼԱՒԸ, ԳԷՇԸ ԵՒ ՏԳԵՂԸ

Վեթերան մանկավարժ, խմբագիր, ազգային գործիչ եւ գիրքերու հեղինակ Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի ներքոյիշեալ գրութիւնը հրատարակութեան յանձնուած էր նոյեմբեր 7-ին: Այդ օր կարելի չէր կանխատեսել վայրագութիւնը «առնէտներուն» որոնք վխտացին Ազգային Ժողովի սրահներուն մէջ հրադադարի հրապարակումէն րոպէներ անց: Լսէք վարչապետ Նիկոլ Փաշինյանի եւ Արցախի նախագահ Արայիկ Հարությունյանի խօսքերը: Խմբ. (10 Նոյեմբեր 2020)

«Երբ Մեծ Հայրենիքի որդիները կռւում են, իշխանութիւն քննադատելը հաւասար է առնէտի կրծելուն…»: (Հողին ամուր կապուած շինականի մը խօսքը:)

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 7 Նոյեմբեր 2020

Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի օրերուն (այսպէս կոչուած՝ Հայրենական պատերազմ) յօրինուեցան անզուգական գրական-գեղարուեստական ստեղծագործութիւններ: Պէտք է յիշենք մեր մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերուն ամէնուր լսուող «Զինուորի երգը» («Թռչէի մտքով տուն») հեռաւոր Ստալինկրատէն կամ հարաւային Ռուսաստանէն: Յետոյ դպրոցական տարիներուն կարդացինք ռազմի օրերուն գրուած Հրաչեայ Քոչարի «Գեներալի քոյրը», աւելի վերջ՝ Ստեփան Զօրեանի «Պապ թագաւորը», Դերենիկ Տեմիրճեանի «Վարդանանք»ը եւ աւելի ուշ՝ Նայիրի Զարեանի «Հիթլերը զօօպարկում» (կենդանաբանական պարտէզ), Արամ Խաչատուրեանի «Երկրորդ համանուագ»ը (1943):

Այդ տարիներուն ռազմի դաշտերէն հեռու ապրող հայրենաբնակ ժողովուրդին աչքին նամակաբերը մերթ կ’երեւար որպէս աւետաբեր հրեշտակ եւ մերթ՝ «սեւ թուղթ»ը  յանձնող գուժկան…: Բայց կեանքը կը շարունակուէր, դաշտերը հերկող, գործարարանները օրն ի բուն աշխատցնող բանուորն ու գիւղացին սովորական ժամերէն աւելի կ’աշխատէին՝ պատառաբաժին մը սեւ հացի եւ քիլօ մը գետնախնձորի համար: Պատերազմ էր: Անոնք չէին թուլնար ռազմաճակատներէն հասած պարտութեան կամ ժամանակաւոր նահանջի լուրերէն, այլ հաւատքով եւ աննկուն կամքով գործի կը լծուէին: Անոնք չէին անիծեր իւրայինները՝ պէտք եղած պատրաստութիւնները անհրաժեշտ չափով տեսած չըլլալուն համար, իշխանափոխութեան մասին խօսք անգամ չկար, Մոսկուայի, Ստալիկրատի, Վոլկայի ափին ու պաշարման մէջ գտնուող հերոսական Լենինկրատի զինուորները, աշխարհազօրայիններն ու անզէն բնակիչները Ստալինը փոխելու եւ գահընկեց ընելու մասին չէին խորհեր՝ ի հակառակն այս օրերուն մեր հայրենիքի թէ Արցախի մէջ իրենց գոյութիւնը քաշքշող պնակալէզներու, երեսուն արծաթականներու, երդուեալ յոռետեսներու, իշխնանատենչերու եւ այլ ոջիլներու:

Կը յիշեմ, մայրս կը պատմէր թէ պատերազմի տարիներուն խօսքապ եւ նշանուած եղած ատեն գիշեր ցերեկ բուրդէ գուլպա եւ տաքուկ զգեստներ կը հիւսէին իր տարեկիցները ու կը ղրկէին Կարմիր բանակի հայ զինուորներուն…: Պատմութեան էջերուն մէջ պողպատեայ տառերով են արձանագրուած սփիւռքահայերու հանգանակութիւններով գնուած ու ռազմաճակատ ղրկուած հրասայլերու օգնութեան մասին գրուած տողերը (խօսքը «Սասունցի Դաւիթ» շարասիւներու մասին է):

Այսօր հրասայլերու փոխան մենք պէտք է որ առաքէինք օդային ռազմերու եւ գիշերային յարձակումներու համար պատրաստուած զէնքեր՝ զանգուածային ցոյցերու եւ հանգանակութիւններու զուգահեռ: Հարց կու տամ՝ շուրջ մէկ միլիոն զէնք կրելու ատակ քանի՞ սփիւռքահայ երիտասարդ մեկնած է ճակատ: Հայրենասիրութիւնը դրօշակներով երթեւեկել եւ հակահայ հիմնարկներու առջեւ ցոյց ընելով չի սահմանափակուիր:

Փաստ է որ սփիւռքահայութիւնը ձեռքը սրտին վրայ կ’ապրի այսօր եւ բոլորին ուշքն ու միտքը հայրենի սահմաններու վրայ է: Մենք նոյնպէս կ’ապրինք խոր վիշտը շատերուս հեռու-մօտիկ երիտասարդ ազգականներու հերոսաբար զոհուելու ցաւը: Յաւե՜րժ փառք մեր մատաղ զինուորներուն:

Գէշը այն է որ՝ մէկը տասի դէմ կռուող, կուրծքը թշնամիին կրակին տուած հայկական բանակին, բուժծառայողներուն, պաշտօնեաներուն անսակարկ զոհաբերութեան այս պայմաններուն մարդիկ կը գտնուին, ըլլան անոնք «նախկիններ» թէ վախկոտներ, իշխանատենչիկներ թէ պատերազմի ալիքի վրայ ասպարէզ կերտելու ձգտող «ներքին թուրքեր», կը համարձակին բարբաջել Հայաստանի Հանրապետութեան  ներկայիս վարչապետի, Արցախի հերոս նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, ռազմաճակատի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանի զսպուած, անշպար եւ ոգեշնչող ելոյթներու մասին՝ քիչ լսուած ժխտական ածականներով:

Գէշ է, շա՛տ գէշ:

Ընթացող եւ սաստկացող պատերազմի լոյսին տակ մեր տան մէջ աճած առնէտներուն բերանները գոցել տալը անհրաժեշտութիւն մը դարձած վաղուց: Սուտն ալ սահման մը ունի, զոր երբ կ’անցնին, միայն պատերազմական տրամաբանութիւնը գործի կը լծուի, այսինքն ոչ միայն անոնց բերանները կը կապեն, այլ՝ ձեռքերն ու ոտքերը եւ կը նետեն խոր վիրապներու մէջ: Տգեղ է թէեւ առաջարկուածը, բայց յանուն մարտնչող ժողովուրդին եւ հաւատքով լեցուած հայութեան, ա՛յս է օրուան հրամայականը: Խնայելու եւ ժողովրդավարութիւն խաղալու ատենը չէ եւ ո՛չ ալ մտահոգուելու թէ մարդկային իրաւանց կիսաքանդ եւ անդամալոյծ հիմնարկները ինչ պիտի ըսեն մեր մասին: Մեր ամենավերջին մտահոգութիւնը թող ըլլայ այդ մէկը: Այդ տաքուկ անկիւններէն խօսողներուն ո՞ր մէկ հրահանգին անսացին թուրքերն ու ազերիները, ընդհակառակը՝ շան տեղ անգամ չդրին:

Առնէտ ըսի, արդարեւ երկու օր առաջ ծակն ու ծուկը պահուըտած խոշոր առնէտ մը You Tube-ի մէջ իջեցուցած էր 2018-ին վարչ. Փաշինեանի հրաժարականի եւ նոր վարչապետ ընտրելու մասին յայտնի ելոյթը: Այնքան խորամանկ միտումով դրուած էր այդ ելոյթը, որ բարեկամներէս ոմանք սարսափահար ինծի դիմեցին այդ առթիւ: Ի հարկէ դժուար չեղաւ կռահելը այդ «եութիւպիստի» յետին թաքնուած վարնոցութեան նպատակը եւ մենք ստիպուած եղանք աջ ու ձախ հեռաձայնել ու հանգստացնել միտքերը:

Գէշ է, շատ գէշ:

Ի՞նչ գնահատական տալ հապա տասնօրեակ մը առաջ 13+1 սակաւանդամ «կուսակցութիւններու» եւ խմբաւորումներու անժամանակ եւ անհեթեթ առաջարկութեան մասին: Անոնք լկտիաբար յառաջ կը քաշէին միացեալ հրամանատարութիւն մը կամ խորհուրդ մը ստեղծելու անհեռանկար գաղափարը: Բարեբախտաբար ժողովուրդը արթուն էր եւ «կոպեկի» (մէկ սենթ) տեղ չդրաւ նորօրեայ քաջ նազարներու մեծամիտ եւ շուտիկօրէն հրապարակ նետուած առաջարկ-պահանջքը:

Հապա ի՞նչ ըսել այն տգեղ (թէ՛ արտաքինով եւ թէ՛ ներքինով) մեկնաբաններու, ինքնածին եւ յանկարծածին խօսնակներու եւ անոնց կողմէ իբր թէ հարցազրոյցի հրաւիրուած կարգ մը «եան/յան» մականուն-ազգանունը ունեցողներու ելոյթներու տգեղ բառապաշարին մասին: Չէին բաւեր իրենց ելոյթներուն արհեստավարժի տեսք մը տալու խեղճ ու կրակ եւ անընդունելի օտարաբանութիւնները, անոնք բացէ ի բաց անուանարկելու փորձ կը կատարեն՝ իրենց մահակներն ու զազրահոտ բառապաշարով յարձակումներ կատարել վարչապետի կնոջ (յատկապէս) եւ իրեն նման նուիրեալներու ջանքերուն վրայ: Ոչ միայն տգեղ է, այլեւ անընդունելի, ապակողմնորոշող եւ տնաքանդ:

Պահն է որեւէ ձեւով ու միջոցով լռեցնելու կրծողներու վնքստոցները:

 

2 comments
  1. What an excellent article. The voice of the late Antranig Dzaroukian in style and force is in it. Rarely enjoyed reading such a well written article.

  2. Ներկայիս հայ ժողովուրդի մռայլ և նսեմ իրավիճակին պատճառը փնտռել միակողմանի հայեցողութեամբ՝ դրական ոչ մէկ արդիւնք չի տար: Սխալները պէտք է ընդգծել ամենայն անկեղծութեամբ, համակողմանի ըմբռնումով, և անեղծ դատողութեամբ: Այս հիմունքէն մեկնելով՝ պիտի մեկնիմ միայն փաստացի իրողութիւններով, որոնք անհերքելի ճշմարտութիւններ են:
    ա. Նախագահ Քոչարեան յայտարարած է որ հայ և ազերի էթնիկ տարրերու գոյակցութիւնը անկարելի է:
    բ. Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է որ Արցախի անկախութիւնը անզիջելի իրաւունք է:
    գ. Վարչապետ Փաշինեան Արցախի մէջ յայտարարած է որ Արցախ Հայաստան է և վերջ:
    դ. Պատերազմի նախօրեակին Փաշինեան յայտարարեց որ Արցախի հարցը տիւանագիտական լուծում չունի, ինչ որ համապատասխան է վերջնագրի (ultimatum). ուրեմն Հայաստան կ’սպառնար հարցը լուծել պատերազմով:
    է. Ժողովրդային դիրքաւորումն էր «մէկ թիզ հող չենք զիջի»
    Այս կէտերու հիման վրայ Ազերբեջան առաւելագոյնս նախապատրաստուեցաւ պատերազմի:
    Սակայն Հայաստան ինքզինք սպառեց ներքին պառակտումներով: Իշխանութիւններուն պատասխանատւութիւնը կը կայանայ այն իրողութեան մէջ որ պարտաւոր էին ճիշտ գնահատել հակառակորդին և մեր ռազմական ու դիւանագիտական դիրքերուն անհամեմատելի կարողութիւնները՝ նախքան վերջնագիրը: Այստեղ թաղուած է շան գլուխը:
    Աւելցնեմ որ հայ ժողովուրդի դժբախտ ճակատագրին մէջ նման սխալներու դէպքերը քիչ չեն: Այս պարտութիւնը համահաւասար է 1920-ի Ալեքսանտրապոլի տխրահռչակ դաշնագրին:
    Մեր ժողովուրդը շատ բան ունի սորվելիք: Սյս պարագային՝ համեեստութիւն և երկրորդականը առաջնայինին զիջելու իմաստութիւն: Վերջացնեմ ռուսական առածով մը զոր Պուտին մէջբերաւ հարցազոյցի մը ընթացքին. «Մի’ թքեր այն հորին մէջ, ուրկէ ջուր կը խմես»:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like