Տպաւորութիւններ վերջին ուղեւորութենէս

«Թէքէեանի վեցանկիւն սեղանը»

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս,13 Յուլիս 2023

1.- Լիբանանի Մելգոնեանցիները նոյնն են միշտ

Դէպի Միջին Արեւելք եւ Հայրենիք կատարած վերջին ուղեւորութեանս ամէնէն անմոռանալի, ուսանելի եւ հոգին ազնուացնող հանդիպումներէս մէկը եղաւ 1978-1991 թուականներուն ՄԿՀ յաճախած եւ ինծի աշակերտած շրջանաւարտներու հետ ունեցած հանդիպումս։ Տպաւորութիւններս եւ խոհերս կը յանձնեմ ընթերցողներու ուշադրութեան։ Այս ընելով կը յուսամ որ կրթական պատասխանատուները, աւելի ճիշտ՝ իրենց ղեկավարները համապատասխան հետեւութիւններ կը քաղեն փորձառութենէս։

Ուսուցիչ-դաստիարակի մը համար չկայ աւելի գերագոյն հաճոյք, երբ կը տեսնէ, թէ երէկուան իր «տղաքն ու աղջիկները» դարձեր են հասուն ու գիտակից հայեր, ծնողներ, ոմանք կը պատրաստուին կեսուր-կեսրայր, զոքանչ-աներ դառնալու, ուրիշներ դարձեր են գործի ասպարէզի յաջող քաղաքացիներ եւ կը ղեկավարեն հսկայական հիմնարկներ։ Ինծի պէս մէկու մը համար, որ եղած է 400-ի չափ Մելգոնեանցիներու Հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ Հայ մշակոյթի պատմութեան ուսուցիչը, յաճախ նաեւ անոնց մեծ եղբայրն ու ծնողքը,  չկայ աւելի թարմացնող, ապրելու ուժ տուող պահ քան այն ժամերը կամ առիթները, երբ կը հանդիպիմ սաներուս, որոնք կը փաթթուին, կ՚ողջագուրուին, պահ մը կ՚երթան 35-45 տարի ետ, կ՚ըլլան միամիտ ու չարաճճի տղաքն ու աղջիկները եւ կը սկսին հարցումներով խեղդել զիս։

  • Պարո՛ն, ես չար էի, չէ՞..
  • Պարո՛ն, կը յիշէ՞ք օր մը զիս բռնեցիք անպարկեշտ արարքի վրայ (քոփի ընել), թուղթը ձեռքէս առիք եւ առանց պատժելու ըսիք. «Ուրիշ անգամ մի՛ ըներ եւ շարունակէ՛ գրաւորդ»…
  • Պարո՛ն, օր մը…

Եւ այլն եւ այլն։

Աշակերտներուս հետ

Եւ այսպէս, Մայիս 20-ին 15-ի փոխարէն շուրջ 20 շրջանաւարտներով հանդիպեցանք իմ ապրած Խալիլ Պատաուի թաղին ծայրամասը գտնուող «Գրական շրջանակ»ի համեստ սրահը։ Հանդիպման ղեկավարն ու գլխաւոր կազմակերպիչն էր նոյն խանդավառ, մշտաժպիտ, հաճելի եւ սրամիտ երգիծանքով յայտնի   Յասմիկ Գարակէօզեանը։ Ան ուղղակի «զօրաշարժի» ենթարկած էր իր շրջանակը։ Կարօտալի գիրկընդխառնումներ, բարի գալուստի խօսքեր, «Պարո՛ն, բնա՛ւ չէք փոխուած», «Տիկինը եւ պզտիկները ինչպէ՞ս են» եւ նման շարան մը հարցումներէ ետք մոռցուեցան ուսուցիչ-աշակերտ յարաբերութիւնները եւ սկսաւ յիշողութիւններու շարանը՝ «Օր մը…»։

Կարծես այդ բոլորը երէկ էին, տասնամեակները չէին փոխած մեր դիմագիծերը, ոչ ոք պատժուած էր, անհետացեր էին բոլոր տհաճ օրերու յիշողութիւնները, նոյնիսկ լսեցի ինքնամեղադրանքի արտայայտութիւններ.

  • Պարո՛ն, երախայ էինք, սիրտերնիս շատ բան կ՚ուզէր, բայց հերթապահ-հերթապահուհիները չէին արտօներ…
  • Հիմա կը հասկնանք թէ ինչո՞ւ խիստ էին մեզի հետ։ Մենք հիմա աւելի՛ խիստ ենք մեր զաւակներուն հետ…

Առիթէն օգտուելով պատմեցի թէ ինչպէս իրենց օտար ուսուցիչներէն ոմանք կը տառապէին իրենց համար, կ՚ուզէին աւելի՛ն տալ, կը պայքարէին իրենց համար, նոյնիսկ առիթներ եղած են պզտիկ գումարով օգնելու աւելի կարիքաւորներու։ Յիշեցինք յունարէնի հայասէր ուսուցչուհի Քիրիա Էլենին, իսկական հերոսուհիի  տիպար մը, որ պատրաստ էր Մակարիոս Արքեպիսկոպոսին եւ Կիպրոսի համար զոհուելու: Կարօտով ու խանդաղատանքով քանի մը անգամ յիշեցինք առեւտրական դասերու փորձառու ուսուցիչ Միսթըր Էֆթիմիուն, իսկական «պապա» մարդ մը: Իսկ երբ կարգը եկաւ գիտութեան անզուգական ուսուցիչ Միսթըր Արիսթիտուին, ամէն մէկը ըսելիք մը ունէր։

Հանդիպում «Գրական շրջանակ»ի համեստ սրահին մէջ

Չմոռցանք նաեւ մեր պանծալի ուսուցիչ-ուսուցչուհիները. ՄԿՀ-ի «Երկաթեայ տնօրէնուհին»՝ Տիկ. Սօսի Պետիկեանը, վարժարանի սիրտն ու հոգին նկատուող Պրն. Սեպուհ Աբգարեանը, եւ այսպէս ամէն մէկը իր հերթին։

Ապա սկսաւ զուարճալի պատմութիւններու շարանը, արտասանութիւն, սորված դասերէն յիշողութեան մէջ անթառամ մնացած հատուածներ… Կարօտը, մելգոնեանական անբացատրելի կարօտը կը սաւառնէր այդ օրուան մեր համեստ ճաշկերոյթին:

Այդ երեկոյ ես անգամ մը եւս խոր ափսոսանք ապրեցայ այն կորսուած տարիներուն համար, որոնց ընթացքին քանի՜ հարիւրաւոր նոր Մելգոնեանցիներ պիտի մտնէին հայ կեանքէն ներս, հարազատներու նման զիրար պիտի փնտռէին, պիտի շարունակէին ապրիլ ՀԲԸՄ-ի եւ ՄԿՀ-ի շունչով ու դաստիարակութեամբ, ընտանիք կազմել եւ օգտակար ըլլալ թէ՛ հայութեան եւ թէ՛ իրենց ապրած երկիրներու հասարակութեան:

2.- Կիպրոս. երկարամեայ կրթական մշակ Պրն. Վարդան Թաշճեանի հետ եւ այլ բաներ

Կիպրոս երթալ եւ Պրն. Վարդան Թաշճեանը չտեսնել աններելի բացթողոմ մը պիտի ըլլար կեանքիս մէջ։ Արդարեւ ան եղած է տիպար ուսուցիչ, տնօրէն, ընդհանրապէս կրթական մշակ, նկարիչ, այլ խօսքով՝ ՏԻՊԱՐ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆՑԻ։

Պրն. Վարդան Թաշճեան ծնած է Նոր Մարաշ թաղը, Պուրճ Համմուտ: ՄԿՀ-ն աւարտելէ ետք բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս՝ ուսողութեան ճիւղին մէջ, դասաւանդած է Լիբանանի հայ թէ օտար վարժարաններէ ներս, ապա վերադարձած է մայր Հաստատութիւն եւ դասաւանդած իր մասնագիտութեան գծով: Միաժամանակ եղած է աշակերտութեան մէջ թատրոնն ու գեղանկարչութիւնը քաջալերող անձ մը, որուն ճաշակն ու սէրը զարգացած են ՄԿՀ ուսանած տարիներուն: Կիպրահայ կեանքին մէջ ան մտած է հոգիով ու սրտով եւ իր բարերար դրոշմը դրած է իւրաքանչիւր Կիպրահայ աշակերտի վրայ ՝ ներառեալ զաւակներս: Մինչեւ այսօր կը հետաքրքրուի ՄԿՀ-ի խնդրով եւ շատերու նման հաշտուած չէ 2005-էն գոցուած վարժարանի փաստին հետ:

Պրն. Վարդան Թաշճեանի հետ

Ժամադրուեցանք եւ հանդիպեցանք սեղանի շուրջ՝ շարունակելու համար սիրտէ սիրտ մեր խօսակցութիւնը։ Ներկայ էր նաեւ ուրիշ երախտաւոր հայ մանկավարժ մը՝ Եղիա Գայայեանը, որ կը պատրաստուի հրատարակութեան յանձնել ՄԿՀ-ի Յուշամատեանը, Պետական Ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի քաջալերանքով։

Բնականաբար մեր խօսակցութեան հիմնական նիւթը ՄԿՀ-ի վերաբացման խնդիրն էր։ Վաթսուն տարուայ փորձառութիւն ունեցող Պրն. Վ. Թաշճեան մտահոգ է կալուածին ապագայով, որովհետեւ տհաճ շշուկներ կը լսուին մեր տարածքը պատառ-պատառ ընելով տոլարի վերածելու մասին…: Ակամայ հարց կու տամ՝ վասն ինչի՞, ի՞նչ ծրագիրներու համար եւ ո՞ր երկիրներու մէջ…

Իրարու սիրտ կու տանք, կը յուսադրենք զիրար եւ կը վճռենք միացնել մեր ուժերն ու համախոհները եւ ջանք մը եւս թափել համոզելու ՀԲԸՄ-ի վերին ղեկավարութիւնը, որ այս հաստատութիւնը ա՛յս երկրին եւ ա՛յս տարածաշրջանին մէջ դեռ շատ ընելիք ունի։

Մեր հանդիպումէն ետք Պրն. Վարդան Թաշճեան զիս կը հասցնէ ՄԿՀ տարածքին մէջ գտնուող ՀԲԸՄ-ի ակումբը, որ մեծ յոյսերով ու ակնկալութիւններով բացուեցաւ 1989-ին…։ Մեր այցին օրը գրեթէ դատարկ էր ՄԵՐ ԱԿՈՒՄԲԸ, որ թէեւ քանի մը Մելգոնեանցիներու ներկայութեամբ դեռ կը գործէ եւ հակառակ այն ջանքերուն որ Գրիգոր Տէր Պետրոսեան կը ներդնէ սպասարկելով ներկաները ամէն շաբաթեայ հաճելի ու համադամ ուտեստներով, բայց չկա՜յ երբեմնի աշխուժութիւնը, որովհետեւ շատեր, հիասթափուելով հովանաւոր միութեան որոշումէն, հեռացած են թէ՛ ակումբէն եւ թէ՛ այլ ձեռնարկներէ: Փոխարէնը՝ մարզասրահէն եւ թենիսի դաշտերէն կը լսեմ յունարէն բացագանչութիւններ… Անոնք վարձու տրուած են կիպրացի յոյներու, որոնք վճարումով մը կը գոհացնեն իրենց մարզական պահանջքները…

Ամայութիւն

Ահաւասիկ դառն իրականութիւնը։ Դէ՛հ, եկ Մինաս ու մի՛ խելագարի…

Յուշիկ քայլերով կը մօտենանք տղոց շէնքին։ Անապատային դատարկութիւն։ Դպրոցական սովորական օրերուն այս շէնքին շուրջ յատուկ աշխուժութիւն մը կ’ըլլար. տղոց ճչոցներն ու խանդավառութիւնը գային «տանիք» խաղէն, զոր հաւանաբար ստեղծեր էին մելգոնեանցի սաները, գուցէ 30-ականներու որբերը, ո՛վ գիտէ։  Խաղը հետեւեալն էր. պարզապէս թենիսի գնդակի նման գունդը երկթեք տանիք պիտի նետուէր, նետողը պիտի տար գնդակը բռնողին անունը, եթէ բռնէր, իր հերթն էր նետելու, եթէ չհասնէր բռնել… վա՜յը եկեր էր գլխուն – կը ստանար գնդակի ուժեղ հարուածներով պատիժներ…: Տակաւին, տղաքը ունէին նաեւ «երկար էշ», «ճիպոտ» (չելլիք) եւ բակային այլ խաղեր:

Պրն. Վարդան Թաշճեանի ու Եղիա Գայայեանի հետ անխօս կը մօտենանք բակին եւ միմոզաներու ծառերուն մէջ կը գտնենք «Թէքէեանի վեցանկիւն սեղանը»։ Ըստ յուշագիրներու, մեծ բանաստեղծը կը սիրէր ծառերու հովանիին տակ նստիլ, գրել եւ դիտել որբութեան գիրկէն ՄԿՀ բերուած «տղաքն ու աղջիկները»։ Հաւանաբար հոս գրուած է ՄԿՀ-ի տղոց նուիրուած յայտնի ոտանաւորը.

Տղաք ու դուք, աղջիկնե՛ր, որ հոս կ’ապրիք քովէ քով,
Չընայելով իրարու եւ քաշուելով իրարմէ,
Հայուն պզտիկը նոյն Հայն է միշտ վարք ու բարքով –
Ո՛վ դուք զոր կեանքը շուտով պիտի բաժնէ ու ցրուէ,

Ձեզ կ’արտօնեմ, նայեցէ՛ք լաւ իրարու,
Մեծ կարօտովը գիւղին, ծառին, դաշտին, բլուրին,
Որոնք տեսան ձեր ծընունդն օր մը եւ տեղ մը հեռու,
Եւ որ ծածուկ ձեր մէջէն հիմա մեղմիկ մերթ կ՚անցնին…

– Վարդա՛ն, Եղիա՛,–  կը դիմեմ ընկերակցողներուս,– տասնհինգ տարիէ ի վեր  քանի մը սերունդ զրկուած է այս խաղերէն… Արդար չէ՛ ասիկա… Բան մը պէտք է ընել:

Մարտահրաւէրը նետուած է ՀԲԸՄ-ի այսօրուան ղեկավարներուն: Թող մտածեն արդարացնել Պօղոս Նուպարէն Ալեք Մանուկեան նախագահներու յաջորդներն ըլլալու պաշտօնը: Դեռ ուշ չէ:

(Շարունակելի)

Ներածական նկարը՝ «Թէքէեանի վեցանկիւն սեղանը»

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like