Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 17 Յունիս 2020
ԱՄՆ-ը հազաց. աշխարհը իրար անցաւ։ Պահ մը մոռցուեցաւ պսակաժահրը եւ զանգուածային լրատուութեան «ճաշացուցակին» վրայ աւելցաւ սպառումի նոր նիւթ մը՝ «Ճորճ Ֆլոյտ» աֆրօ-ամերիկացին։ Այս ընթացքով Մարթին Լութեր Կրտսերը շուքի տակ պիտի մնայ եւ տուժած Ճ. Ֆլոյտը սրբադասուի։
Մայիս 25-ին Մինիափոլիսի մէջ նշեալ անձը կը ձերբակալուի գնումի ատեն կեղծուած $20 տոլարանոցով առեւտուր ընելու արարքի ընթացքին։ Ոստիկանութեան ինքնաշարժին մօտ ծունկի կը բերուի եւ յաղթանդամ ճերմակամաշկ ոստիկան մը աւելի քան 8 րոպէ չափազանցեալ ճնշում կը բանեցնէ վզակոթին վրայ, մինչ միւս երեք ոչ սեւ ոստիկանները չեն փորձեր միջամտել եւ յիշեցնել թէ վայրագութիւն կը բանեցուի անզէն եւ չդիմադրող մեղադրեալին հանդէպ։
Շատ պարզ էր դէպքը. բացէ ի բաց տեսանք թէ կատարուածը ոստիկանական բրտութիւն է։ Ոչ ոք կ՚ուրանայ։ Այնուհետեւ խնդրոյ առարկայ ոստիկանները ձերբակալուած եւ յանձնուած են արդարադատութեան, որ հաւանաբար խստագոյն պատիժը սահմանէ։ Սովորական երեւոյթ մը ԱՄՆ-ի մէջ։ Այս երկրին ո՞ր քաղաքին մէջ սեւն ու ճերմակը, սրճագոյնն ու միւս «գոյները» նման բաներ չեն ըներ։ «Ճերմակը» սեւը կը սպաննէ, «դեղինը՝ դեղինը» կը դաշունահարէ, «սեւը սեւը» կ՚ոչնչացնէ եւ այլն։ Ի վերջոյ պէտք է յիշել թէ այս երկիրը զաւթուած է իր տեղաբնիկներէն՝ եւրոպացիներուն կողմէ, որոնք իրենց գերազանց զէնքերով կոտորակած են «կարմիր հնդիկները», լաւագոյն պարագային զանոնք մեկուսացուցած յատուկ արգելոցներու մէջ եւ հաստատած են «ճերմակի» օրէնքներն ու չափանիշերը։
Յիշենք նաեւ որ զարգացած երկիրներու մէջ ստրկատիրութիւնը ամէնէն ուշը այս երկրին մէջ վերացուեցաւ օրէնքով։ Յիշենք որ ԱՄՆ-ի արեւմտեան նահանգներու մէջ ոսկի եւ արծաթ որոնողներու մէջ քիչ չեն եղած վայրագներն ու անխիղճ մարդասպանները։ Այլ խօսքով մինչեւ օրս յաճախ կը հանդիպինք «քաուպոյական» (cowboy) արտայայտութիւններու եւ արարքներու՝ յատկապէս ճերմակամաշկերու կողմէ։
Տակաւին չեն մոռցուած, երբ լուսաւոր 20-րդ դարուն խանութներու եւ վաճառատուներու վրայ սովորական երեւոյթ էր կարդալ. «սեւերու, լատինոներու, հայերու եւ շուներու մուտքը արգիլուած է»։ Չենք մոռցած նաեւ փոխադրամիջոցներու եւ դպրոցներու մէջ սահմանագծուած վայրերը՝ «միայն ճերմակներու համար…» եւ այլն։
Պէտք է շեշտել նաեւ թէ ԱՄՆ-ի լուսամիտ մարդիկ՝ ամէն գոյնի ու ցեղի քաղաքագէտներ եւ մտաւորականներ մեծ ճամփայ կտրեցին եւ բաւական բնականոն եւ ընդունելի հասարակարգ մը փորձեցին ստեղծել։
Ամերիկեան հասարակութեան մէջ տակաւին շատ չսպիացած վէրքեր կան սակայն, որոնք ժամանակի եւ վճռակամութեան կը կարօտին, հակառակ որ երկրին նախորդ նախագահը հայրական կողմէ աֆրօ-ամերիկացի մըն էր, որ համեմատաբար աւելի խաղաղութեամբ կառավարեց ԱՄՆ։ Դժբախտաբար մինչեւ օրս ամբողջութեամբ չէ յաջողած ընկերային եւ ցեղային հաւասարութիւն ստեղծելու գործընթացը։
Չենք ուրանար թէ «գունաւոր» փոքրամասնութիւնները, յատկապէս սեւամաշկերը եւ լատինոները հաւասարապէս չեն օգտուիր երկրի ստեղծած բարիքներէն, տնտեսապէս խեղճ եւ անձուկ վիճակի մէջ կը գտնուին, մտաւորական գետնի վրայ աւելի ցած մակարդակի վրայ մնացած են, արգելափակուածներու մէջ անոնք մեծ տոկոս կը կազմեն, անգործներու տոկոսը անհամեմատ աւելի բարձր է անոնց մէջ եւ այլն։
Հետեւաբար, վայրագ դրամատիրութեան պայմաններու տակ անբաղձալի վիճակի մէջ գտնուողները ամէն առիթ պիտի օգտագործեն ժամանակաւորապէս գոհացնելու իրենց կարիքները թմրադեղերու վաճառքով զբաղելով (արագ եկամուտի աղբիւր մը), այսպիսի խռովութիւններու եւ ըմբոստութիւններու ընթացքին կողոպտելով խանութներ ու վաճառատուներ՝ չխնայելով անգամ փոքր գործատէրերուն եւ օրը օրին ապրող վաճառատուներուն։
Մեր բնակարանէն երկու թաղամաս անդին դիմակներ հագած խաղաղ ցուցարարներէն աւելի շատ էին աւարարուները, հետեւաբար հարց կու տայի ինքզինքիս թէ՝ «Սեւերու կեանքը կարեւոր է» լոզունգ բռնողներուն կողքերը եւ թաղերու մէջ ի՞նչ գործ ունէին մշուշուած ապակիներով թանկ ինքնաշարժները։ Եթէ այնքան կարեւոր է «Black lives matter» կոչը բարձր բռնելը, ապա կարեւոր չէ՞ միթէ օրուան հացը հազիւ ճարող եւ վարձքը հազիւ վճարող խանութներու եւ կրպակներու վիճակը։
Հարցեր են, որոնք պատասխանի կը սպասեն, վերլուծման կը կարօտին եւ կ՚ակնկալուին որ դասեր քաղուին՝ ՀԻՄՆԱԿԱՆ քայլեր ձեռնարկելու համար։
Արդար բողոքը իր տեղը ունի անկասկած, ընդվզումը թերեւս սահմանադրականօրէն ընդունուած է, բայց կը տարուինք մտածելու թէ այս հսկայական երկրին նախագահը որքա՞ն խելամիտ արտայայտութիւններ ունեցաւ՝ ելոյթ մը ունենալով Աւետարանը ձեռքին մէջ։ Սուրբ Գիրքը, որ Սէր կը քարոզէ, ինք բանակ իջեցնելու մասին կը խօսի։ «Որքանո՞վ շինիչ էր այդ ելոյթը», կը հարցնէ նախագահի աշխատակազմի անդամներէն մէկը։ Օգնե՞ց, թէ՞ աւելի գրգռեց ցուցարարները, որոնք ամբոխի վերածուեցան։
Գանք Մեծն Լոս Անճելըսի հայութեան։ Յատնի է որ քաղաքի տնտեսական բանուկ կեդրոնին մէջ հայեր ունին ոսկերչական արհեստանոցներ եւ ցուցափեղկեր։ Կեդրոնէն քանի մը թաղամաս անդին կը գտնուին Լոս Անճելըսի ամէնէն աղքատ թաղամասերէն քանի մը հատը, որու բնակիչներէն շատերուն համար կողոպուտով հարստանալու առիթ մըն է քաղաքամէջը՝ Downtown-ը կողոպտելը։ Բարեբախտաբար այս շրջանին մէջ գտնուող St. Vincent ոսկերչական հսկայական շէնքի պահակները պատրաստ կը սպասէին հնարաւոր յարձակում մը շեղելու համար։
Իրաւունք չունէի՞ն պաշտպանելու իրենց ունեցուածքը։ Ինչո՞ւ ստիպուած պիտի ըլլային այս քայլին դիմել (բարեբախտաբար պէտք չեղաւ), բայց ամբոխին կողմէն ալ հաշտ աչքով չդիտուեցաւ։
Ուրիշ առիթով մը երիտասարդ աֆրօ-ամերիկացի երիտասարդ մը իր անձնական Youtube-ին վրայ չափազանց վտանգաւոր վերագրումներ կատարեց, որ իբր ինք վայրագօրէն ծեծուեր է իր հայ գործատէրերուն կողմէ, որոնք ցեղամոլ են, հակասեւ եւ այլն եւ ուրեմն կոչ կ՚ուղղէ իրեններուն որ հաշիւ տեսնեն Կլենտէյլի հայութեան հետ։ Այս ելոյթի պահուն բացարձակապէս ոչ մէկ հետք կար իր դէմքին վրայ…
Հաղորդումը անմիջապէս սփռուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ յայտնի հայ հաղորդավարի մը կողմէ այնպիսի բառապաշարով եւ անհարկի ածականներով, որ հայեր սկսէին զինեալ խումբեր կազմելու մասին մտածել, նոյնիսկ Պուրճ-Համուտի ինքնապաշտպանութիւնը յիշուեցաւ արձագանգողներու մեկնաբանութիւններուն մէջ։ Հաղորդավարը շեշտը դրաւ այն բանի վրայ որ ոստիկանութիւնը պէտք է տեղեկացնել եւ պատրաստուիլ։ Ան քննադատեց նաեւ այս գաւառի աշխարհիկ եւ հոգեւոր հայ առաջնորդները բան մը չընելու մեղադրանքի մէջ։
Հարց կը ծագի՝ որքանո՞վ արդարանալի են նման ռազմաշունչ եւ վրիժառական ելոյթները։
Այս խռովութիւնները վերջինը պիտի չըլլան դժբախտաբար, «սեւի եւ ճերմակի» հակասութիւնները պիտի շարունակուին, հետեւաբար մեր հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնած անձեր անյապաղ կերպով զօրակցութեան եւ համակրական հանդիպումներ պէտք է ունենան ԲՈԼՈՐ փոքրամասնութիւններու առաջնորդներուն հետ, որպէսզի կողմերէն որեւէ մէկը զոհ չդառնայ հերթական ճգնաժամի մը պարագային։
Մենք՝ հայերս, որպէս աւելի քան վեց դար Օսմանեան Թուրքիոյ լուծին տակ անլուր տառապանքներու եւ խտրականութեան ամէնէն դառն կեանքը ապրած բնիկներ, յատկապէս մե՛նք պէտք է մտնենք ոչ միայն սեւամաշկներու այլեւ միւս փոքրամասնութիւններու դրութեան մէջ, ըլլանք լծակից եւ աջակից, խոհեմութիւնն ու հեռատեսութիւն ունենանք մշտական յարաբերութիւններ ունենալու իրենց հետ։ Սեփական պատեանի մէջ քաշուիլը օգուտ չի տար մեզի համացանցի եւ զանգուածային գերարագ հաղորդակցութեան այս դարուն։
«Բան մը սխալ է այս երկրին մէջ» եւ այլ հայագաղութներէ ներս։ ԱՄՆ-ի մէջ վէրքերը գրեթէ չեն սպիացած, դեմոկրատ-հանրապետական մրցակցութիւնը հասած է իր ամէնէն լարուած եւ շիկացած մակարդակին՝ յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան նախօրէին…։ Այնուհետեւ՝ որքանո՞վ ճիշդ է ոստիկանութիւնը այսքան ծայրայեղութեամբ մեղադրելը եւ օրինապահներուն յատկացուած ծախսերը կրճատելը, երբ մեր հասարակութիւնը կը վերածուի քաոս յիշեցնող եւ դէպի անիշխանութեան գիրկը ինկող հասարակութեան մը։
Հանրակրթական ուսումը յաջողա՞ծ միթէ այս երկրին մէջ, արդեօք կը տրուի՞ բաւարար դաստիարակութիւն եւ հասարակագիտական նիւթերը (social studies) կը դասաւանդուի՞ն պէտք եղած խորութեամբ։ Ի վերջոյ ուսումն ու գիտութիւնը մայրն են լուսաւորութեան։
Գալով մեր հայահոծ եւ այլ երկիրներու մէջ հաստատուած ստուար թիւով հայ գաղութներու ղեկավարութեան լռութեան (ԱՄՆ, Գանատա, Ֆրանսա, Ռուսաստան եւ այլն), մեր հիասթափութիւնը պիտի յայտնենք, որովհետեւ Լիբանանի հայութեան դէմ անցնող շաբաթներուն իրականացած թունդ հակահայ ցոյցերուն իբրեւ հակադարձութիւն ոչինչ ըրինք, նոյնիսկ լուրջ պատուիրակութեամբ մը չներկայացանք մեր նման հազարաւորներու ծննդավայր եւ հայրենիք դարձած Լիբանանի դեսպանատուները։ Այնինչ, պէտք է մեր տունին պէս մտնէինք այդ դեսապանատուները՝ նախ շնորհակալութիւն յայտնելու համար Լիբանանի եւ արաբ ասպնջական ժողովուրդին մեր նեղ օրերուն մեզի ապաստան տուած ըլլալնուն համար, ապա յայտնէինք մեր երախտագիտութիւնը Լիբանանի իշխանութիւններուն եւ տասնչորս երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններուն, որոնք դատապարտեցին հակահայ ցոյցերն ու զանոնք դրդող կազմակերպութիւնները։
***
Անկախ այս բոլորէն գանք մեզ յուզող կարեւոր հարցի մը եւս քանի խօսեցանք տուժուած Ճորճ Ֆլոյտի մասին։ Ո՞ր համայնքը պիտի լրջօրէն զբաղի տարիներով բանտը արգելափակուած ՀԱՅ վրիժառուին պարագայով, ո՞վ պիտի այսքան աղմուկ բարձրացնէ եւ պաստառներ բռնելով աղաղակէ. «Համբիկ Սասունեանի կեանքը կարեւոր է», չէ՞ որ ան ըստ ԱՄՆ-ի քրէական օրէնքին ստացաւ իր պատիժը, բայց տակաւին բանտարկուած կը մնայ՝ այս անգամ զոհ երթալով ԱՄՆ-Թուրքիա ենթադրեալ բարեկամութեան..