Կը ձօնեմ տիպար ՀԵՄ-ական, նորոգ հանգուցեալ Վարդան Գահքեճեանի յիշատակին։
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 20 Յունուար 2022
Երուսաղէմի հայ գաղութը կը նմանի ադամանդի՝ փոքր է բայց կարծր, դիմացկուն, գոյնը չի փոխեր։ Դպրոցը նոյն դպրոցն է՝ Սրբոց թարգմանչաց վարժարանը (հիմնուած 1929), բակերը նոյնն են՝ «Մեծը» եւ «Փոքրը», նոյն ակումբներն են, նոյն հոգեւոր Ճեմարանն ու Ընծայարանը, սրբավայրերը, Քրիստոսի ձիթենին, Ս. Յակոբի տաճարը, Ս. Հրեշտակապետացը եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցիները։ Այստեղ էին եւ են Ս. Թորոս եկեղեցին եւ համանուն ձեռագրատունը (շուրջ վեց հազար ձեռագիր մատեաններով), «Կիւլպենկեան» արդիական մատենադարանը, հոգեւորականներու կացարանը, տպարանը, լուսարարապետարանն ու վանքաբնակ Սաղիմահայերու քարաշէն եւ ամրակուռ բնակարանները։ Այստեղ է նաեւ «Մարտիկեան» շէնքը, որ համբերութեամբ կը սպասէ վերածուիլ թանգարանի…
Երուսաղէմը կը յիշեցնէ Միջին Արեւելքի մեր մանկութեան եւ պատանեկութեան թաղերը, ուր բոլորս հայերէն կը խօսէինք, բացի տարէցներէն, որոնք սկսեր էին շշուկով խօսիլ թրքերէնը, նպարավաճառներն ու փուռերը երկու քայլի վրայ էին, ուր հազիւ քանի մը ինքնաշարժ կը տեսնէինք։
Մեր թաղերուն մէջ, ինչպէս Երուսաղէմ, բոլորս զիրար կը ճանչնայինք, գաղտնիքներ չկային, մեր դրացիներուն տենչերն ու հոգոցները յայտնի էին բոլորիս, գիտէինք… նոյնիսկ հարեւաններու հագած կօշիկներուն կամ շապիկներուն համարները…
Այսօր նոր սերունդին համար մեր պատմածները կը պատկանին հեռաւո՜ր ու տարօրինակ աշխարհի մը՝ կորսուած եւ աներեւակայելի։ Չկային կոճակային եւ առցանց խաղեր, քով քովի նստելով հանդերձ իրարու հետ բջջայիններով չէինք կատակեր, այլ պատմութիւններ կը պատմէինք, մեր դիտած ժապաւէնները կ՚ամփոփէինք։
Երուսաղէմի երկու բակերը տակաւին շատ մը տարրեր կը պարունակեն մեր անցեալի բակերէն, թէեւ հոն խաղցողները «գրագէտ» ու բանիմաց են «նոր խաղալիքներու» եւ նման ժամանցներու:
Սաղիմահայերը մինչեւ այսօր կարօտով կը յիշեն այն տարիները, երբ «հին» կամ «գոց» շուկային մէջ ամէն երեք կրպակէն կամ խանութէն մէկը հայու մը կը պատկանէր, արհեստավարժ լուսանկարիչներու, ոսկերիչներու ու ճենապակիի (ceramics) կիրառական արուեստի ցուցասրահներուն եւ խանութներուն մէջ հայերէն կը խօսէին։ Այդ օրերը այսօր կը յիշուին թախիծով ու ափսոսանքով, բայց Հայ Երուսաղէմը տակաւին կ՚ապրի ու կը շնչէ հայօրէն։ Այդ մասին կասկածողը թող հրամմէ Հայոց թաղը, Սրբոց Յակոբեանց վանքի մետաղեայ ամրակուռ դարպասէն չմտած թող նայի աջ ու ձախ եւ տեսնէ հայերու անուններով նպարավաճառի խանութ, յուշանուէրներու կեդրոններ ու արհեստանոցներ, իսկ ներսը՝ կամարակապ միջանցքէն անցնելէ ետք, երբ կը բացուի Մեծ բակը, պիտի նկատէ տղաք ու աղջիկներ, որոնք հայերէն լեզուով կը խաղան, պահուըտուքով կը զբաղին, պատմութիւններ կը պատմեն, խումբ մը մարդիկ նստած սուրճ կամ թէյ կ՚ըմբոշխնեն, նարտ կամ թղթախաղով կ՚անցընեն իրիկնամուտը, մինչ քանի մը հոգի կը զբաղի բջջայիններու կոճակներով։
Մտէք Հայ Երիտասարդաց Միութեան (ՀԵՄ), Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութեան (ՀՄԸՄ) եւ կամ վանքին անմիջապէս հարեւանութեան մէջ գտնուող «Քաղքցիներու» Բարեկամաց ակումբը եւ դուք միշտ կը նկատէք նոյն հայը։ Դժբախտաբար այս հազարի հասնող բնակիչներուն մէջ տակաւին կը տիրեն անցած տասնամեակներու կուսակցական գետնի վրայ յառաջացած բաժանումները՝ անջատ հանդէսներ, բարեսիրական նպատակով տօնավաճառներ, զբօսապտոյտներ, երկու անջատ ու մրցակից արի-արենուշական ջոկատներ, «մերոնք-ձերոնք» հասկացութիւններ եւ կը տպուին երկու, երբեմն երեք տարբեր խմբակցութիւններու պատկանող տարեկան պատի օրացոյցներ…։ Բայց երբ հարց մը, խնդիր մը կը վերաբերի համայն հայութեան, այստեղ կը վերանան գրեթէ բոլոր մանր-մունր կուսակցական-գաղափարախօսական հնաւանդ տարակարծութիւնները։
Այդպէս եղաւ վերջերս, երբ բացայայտուեցաւ «Կովերու պարտէզ» կոչուած տարածքի վարձակալութեան գայթակղութիւնը։ Բոլորը իրար էին անցած ու վրդոված, թէեւ բոլոր կողմերուն մէջ ալ կային «չէզոք» մնացողներ, գլուխնին օրօրելով իրենց առօրեայ հացին ետեւէն վազողներ։ Տարբեր մարդիկ տարբեր հաշիւներ ունին ի հարկէ, սակայն ամէն մարդ ի վերջոյ պատասխան պիտի տայ իր խղճին առջեւ:
Մինչ այս տողերը թուղթին կը յանձնենք, Սաղիմահայութիւնն ու Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը կը նշեն Հին տոմարով Ամանորը (Յունուար 14) Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցը (Յունուար 18) եւ Ս. Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը (Յունուար 19)։
«Հակառակ տիրող պայմաններուն եւ ընթացիկ կացութեան, մենք՝ ՀԵՄ-ականներս, մեր պատանիներն ու երիտասարդները բոլորուեցանք եւ Մեծ բակին մէջ տօնախմբեցինք Ճրագալոյցը՝ հին օրերու պէս», կ՚ըսէ Յակոբ Ճռնազեան, որ կը մնայ միշտ նոյն գործօն ու նուիրեալ երիտասարդը։
Այսպիսով պատկերացուցէք դարեր առաջ փայլուն քարերով սալահատուած բակ մը, ուր ծննդեան լոյսերը կ՚արձակեն լոյսի ճաճանչներ, շուրջը Ս. Յակոբ տաճարի պարսպանման պատերը, կացարանները, Պատրիարքարանի եւ գրասենեակներու մէկ մասը եւ հսկայ տօնածառ մը լոյսերով պսպղուն։ Երկսեռ հայ երիտասարդութիւնը կը սկսի «Տէրունական աղօթքով» եւ կը շարունակուի կարճ, բայց հոգեզմայլ արարողութիւն մը, որմէ ետք կը հաւաքուին ակումբի սրահները եւ, ապա տաճարէն ներս ու կը պատրաստուին դիմաւորել Քրիստոսի Ս. Ծնունդը։ Յաջորդ օրը համայնքը պիտի մեկնի Պեթղեհէմ՝ հայկական Ս. Ծնունդի պատարագին:
Ո՞ր երկրին մէջ կը տեսնէք այս մթնոլորտը…
ՀՅԴ – Սաղիմահայ երիտասարդներ Սիւնիքի մէջ
Մարտահրաւէրները շատ են այս գաղութին, որ եզակի դիրք եւ կարեւորութիւն ունի ՀԱՄԱՅՆ հայութեան համար։ Տասը միլիոն հայութիւն (որուն կէսէն աւելին հայերէն չի խօսիր եւ կամ շատ ալ տեղեակ չէ իր անցեալէն), որուն մէկ փոքրիկ բեկորը Ս. Տեղեաց մէջ, Քրիստոսի, Աստուածածնի, Առաքեալներու ու Սուրբ նահատակներու անմիջական հարեւանութեամբ կը դիմաւորէ Ս. Ծնունդը։ Շատ քրիստոնեայ հաւաքականութիւններ բարի նախանձով պիտի լեցուէին ի տես մեր առաւելութիւններուն:
Մարտահրաւէրներ. վերջին տասնամեակներուն զգալիօրէն նօսրացած է գաղութը, բայց մնացածները ամբողջ մկաններով ու ջիղերով կառչած կը մնան իրենց անցեալին ու կալուածներուն՝ ի հեճուկս պետութեան զանազան թաքուն, իսկ երբեմն ալ բացայայտ նկրտումներուն եւ խարդաւանքներուն: Գոյութենական մեծ վտանգ մը կը սպառնայ հայ եւ միւս քրիստոնեայ համայնքներուն եթէ այս նօսրացումը մագլցում արձանագրէ: Աւելցած են նաեւ Աստուծոյ «կարգ մը սպասաւորներու» առած անխոհեմ եւ անհեռատես քայլերը, ու տակաւին Հայաստանեայց եկեղեցին եւ այլ յարանութիւններ կը շարունակեն ցոյց տալ կրաւորականութիւն եւ անտարբերութիւն։ Կարելի է միայն զարմանալ եւ զայրանալ ի տես սփիւռքի մէջ տիրող անտարբերութեան եւ անհոգութեան հանդէպ մեր սրբավայրերուն, որոնց պահպանութեան համար դարերով զոհողութիւններ կրած են Սաղիմահայերը եւ հաւատացեալները։ Հոս պէտք է աւելցնեմ նաեւ թէ հիասթափութիւնս աւելի խորացած է՝ տեսնելով ոչ միայն Սուրբ Տեղեաց, Սաղիմահայութեան այլեւ մեր հայրենի ժողովուրդին դիմագրաւած ծանր օրերու հանդէպ մեր կառոյցներու, ենթակառոյցներու, կազմակերպութիւններու ցուցաբերած անտարբերութիւնը։ Ինչպէս կ՚ըսէ մեր պարզ ժողովուրդը ի Հայաստան՝ «երկու կոպեկ ղրկելով երկիր չես պահի»…
Տասը միլիոն հայութիւն, որ չի կրնար արժանապատիւ խնամք տանիլ ու հոգալ Սուրբ Քաղաքէն ներս մէկ հինգերորդ տարածք զբաղեցնող հայութեան ու Հայաստանեայց եկեղեցւոյ կարիքները։
Տագնապի մէջ կը գտնուի Սաղիմահայութիւնը եւ ամբողջ ազգը. մի՞թէ պէտք ունինք նոր ապացոյցներ ներկայացնելու…
Տեսերիզ «Սաղիմահայ մանուկներ եւ երիտասարդներ»
***********
Սիրելի ՀԵՄ-ականներ եւ հայրենակիցներ,
2021 տարին շուտով կը մօտենայ իր աւարտին եւ բոլորս միասնաբար կը դիմաւորենք գալիք՝ 2022 նոր տարին։
2021 թուականը հայ ազգին համար ձեւով մը եղաւ վերականգնումի տարի: Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Հայ ազգը աշխարհի տարբեր կողմերէն իր հայեացքն ուղղեց դէպի հայրենիք, մանաւանդ Արցախ: Միութիւնս անմասն չմնաց Արցախին օգտակար ըլլալու գործին եւ իր կարողութեան ներած չափով մասնակիցը դարձաւ: Լիբանանի մէջ եւս կամաց-կամաց կը փորձեն վերականգնել անցեալի երջանիկ եւ խաղաղ օրերը:
2021-ի աւարտին, կ’ուզեմ արձանագրել, որ շատ ձեռնարկներ միասին կրցանք յաջողցնել, բայց շատ ընելիքներ ալ անկատար մնացին, որոնք պիտի փորձենք կեանքի կոչել 2022 թուականին, դարձեալ ձեր օգնութեամբ: Ինչպէս կ’ըսէ Եղիշէ Չարենց. «Ով հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո միասնական ուժի մէջ է»: Կ’ուզեմ նախորդ տարուան նման այս տարի եւս միասնական ըլլանք, որպէսզի կարողանանք մեր նոր ձեռնարկներու յաջողութեամբ 2022-ի աւարտին տարին կոչել յաջողութիւններու տարի:
Սիրելիներ, այսօր Երուսաղէմը դժուար օրեր կ’ապրի: Բոլորիս յայտնի կացութիւնը ահազանգ մը պիտի ըլլայ մեզի համար, որ Երուսաղէմը մեր օգնութեան կը սպասէ: Թող 2022 թուականը համախմբէ մեզ Հայ Երուսաղէմի շուրջ, որպէսզի դարձեալ միասնաբար կերտենք անոր ապագան՝ ի շահ գալիք սերունդներու:
2022-ի Հոկտեմբերին, Հայ Երիտասարդաց Միութիւնը պիտի տօնախմբէ իր 85 ամեակը։ Վարչութիւնս արդէն սկսած է նախապատրասատական աշխատանքներու եւ յույսով ենք որ նախատեսուած բոլոր ծրագիրները կը կարողանանք իրականացնել միասնաբար՝ գործակցելով Երուսաղէմի եւ արտերկրի մէջ բնակող մեր բոլոր անդամ-անդամուհիներուն հետ։
2022-ի առաջին ամիսներուն վարչութիւնը պիտի ներկայացնէ 85-ամեակի տօնախմբութեան առիթով իր նախատեսած բոլոր ծրագիրները:
Սիրելիներ,
Իմ եւ Վարչութեանս կողմէ կը շնորհաւորեմ բոլորիդ Նոր Տարին եւ գալիք Սուրբ Ծնունդը, կը մաղթեմ, որ 2022 թուականը բոլորիս համար ըլլայ խաղաղութեան, հզօրութեան, յաջողութեան տարի մը, որպէսզի կարողանանք համախմբուիլ եւ գործել միասնաբար ի շահ մեր ազգին եւ հայրենիքին։
Շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:
Սարգիս Ճռնազեան
Ատենապետ ՀԵՄիութեան
Երուսաղէմ
1 comment
Ճիշդ խօսքեր են ընկեր Մինաս։ Երուսաղէմը շատ ծանր օրերէ կ’անցնի, Հայ ազգին օգնութեան կարիքը ունի: