Երկու տեսլապաշտ հայեր

Ժիրայր Դանիէլեան եւ Մարզպետ Մարկոսեան 

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 2 Դեկտեմբեր 2022

Տարբեր տերեւաթափ մը ունեցանք այս աշնան. մրգաստանի նման մեր պարտէզէն բաժնուեցան երկու հաստաբուն ծառեր։ Երկուքն ալ գրի ու գրականութեան մարդ, երկուքն ալ նոյն դպրոցէն շրջանաւարտ, նոյն ուսուցիչներու շուքին տակ հասակ առած, նոյն քաղաքէն, հայ դպրոցին սպասարկած տնօրէններ, նոյն երազներով ու տեսլականով՝ Ժիրայր Դանիէլեան եւ Մարզպետ Մարկոսեան։

Սիրտէ սիրտ եւ հոգիէ հոգի այնքան մօտիկ ըլլալով՝ անոնք իրենց աչքերը կը փակէին ԱՄՆ-ի հակառակ ափերուն վրայ՝ 10 օրուայ տարբերութեամբ, շրջապատուած հարազատներով ու սիրելիներով։ Երկուքն ալ խոր բաց մը կը թողէին հայ կեանքէն ներս։ Ու կը ծագի դաժան հարցումը՝ ո՞վ պիտի գայ լեցնելու այդ պարապութիւնը…։ Ցաւօք սրտի վերջին տասնամեակներու մեր դառն փորձառութիւնները յոյս չեն ներշնչեր այս ուղղութեամբ:

Երկուքն ալ թրծուեցան 1950-ականներու վերջը եւ 60-ականներու սկիզբը ու թէեւ ունէին ասպարէզային տարբեր նախընտրութիւններ, սակայն օրերը կը պահանջէին նոր փնտռտուքներ, ճշմարտութեան հասնելու նոր ուղիներ, եւ երկուքն ալ կը մտնէին նոյն ճամբուն մէջ։ Արդարեւ, սերունդ մը հասակ առած էր յետ 2-րդ պատերազմեան շրջանին, երբ պաղ պատերազմը աւելի բեւեռացուցեր էր երկրագունդը՝ կա՛մ այս կողմ, կա՛մ միւս կողմ, կա՛մ մեզի հետ ես, կամ մեր հակառակորդն ես։ Այդ պայմաններուն աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ գտնուեցան մարդիկ, աւելի ճիշտ՝ մտաւորականներ, մշակոյթի գործիչներ եւ նոյնիսկ քաղաքագէտներ, որոնք այլ ուղղութիւն մը ցոյց կու տային, ուղղութիւն մը, որ անհեռանկար միջին ճամբայ մը չէր, այլ տրամաբանութեան, անկեղծութեան եւ փոխհասկացողութեան տարբերակն էր։

Այսպէս՝ կրնայիր դէմ ըլլալ ԽՍՀՄ-ին կամ Արեւմուտքին, բայց երկուքին մէջ ալ կային ուսանելի եւ մարդկայնական երեւոյթներ։ Կրնայիր Դաշնակցական կամ ոչ-դաշնակցական ըլլալ, բայց պէտք էր գիտակցիլ թէ երկու կողմերն ալ ունէին դրական եւ բացասական կողմեր։ Այդ տարիներուն կը ձեւաւորուէր ճշմարտութեան հետամուտ երիտասարդ ուսանողներու խումբ մը, որ կը փորձէր վեր բարձրանալ «կա՛մ, կա՛մ»երէն։ Այս խումբին, աւելի ճիշդը՝ այս հոյլին կը պատկանէին ի շարս այլոց Ժիրայրն ու Մարզպետը։ Առաջինը կ՚ըմբոստանար «յառաջդիմական» ճակատ յորջորջուած ղեկավարութեան մը դէմ, որ կը ճգնէր Կրեմլինի շահերուն հաւատարիմ մնալ որպէս արդարութեան, հաւասարութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան հասնելու միակ ուղի։ Մարզպետ իր հերթին կ՚ընդդիմանար քաղքենիութեան, յարմարուողականութեան եւ ազգային-քաղաքական «կուռքերու» դէմ։

Այսքանը ըսելէն ետք չեմ կրնար չանդրադառնալ վաթսունականներու սկիզբի «հրաշալի ութնեակին» մասին։ Տարեկից աշակերտներէս շատերուն համար նոր ձայն մը կու գար անոնց աշխարհէն։ Լոզունգներ եւ «կա՛մ, կա՛մ»եր չկային անոնց բառապաշարին մէջ։ Համոզիչ էին անոնց քննադատութիւններն ու պահանջները, որոնք կը խարսխուէին ազգային համընդհանուր շահերու վրայ, արդարամտութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը իրենց հաւատամքն էին։ Անոնք հեռու էին անհատները հերոսացնելու փորձութենէն։ Կային իրականութիւններ, որոնց քովէն կարելի չէր անտարբեր անցնիլ, ինչպէս պահանջատիրութիւն, մեզ շրջապատող արաբական աշխարհի ժողովուրդներու շահերու պաշտպանութիւն եւ համակրանք՝ Պաղեստինցի ժողովուրդի արդար պահանջքներու հանդէպ։

Այս «հրաշալի ութնեակի» արդիւնքն եմ նաեւ ես, որ իր ամբողջ հետագայ կեանքը նուիրեց առողջ նոր սերունդներ դաստիարակելու գործին։ Այս խմբակէն ծնաւ յետ-յիսնամեակի նոր թերթի մը ծնունդի գաղափարը, եւ այսպէս, 1969-ին Պէյրութի մէջ լոյսին եկաւ, աւելի ճիշդ՝ պայթեցաւ «Երիտասարդ Հայ»ը (1969-1975), որ եկաւ լրացնելու Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի»ն, Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք»ը։ Այս հրատարակութիւնները եղան ազատ խօսքի եւ անկուսակցական, բայց ոչ մեղկ չէզոքներու խօսնակները։ Սխալ չհասկցուիմ, այս «ութնեակը» դասական կուսակցութիւնները չէր պախարակեր ու այպաներ, այլ՝ իրաւունք կը վերապահէր «թացին թաց ըսելու, չորին՝ չոր»։

Ժիրայր Դանիէլեան իր գործունէութեան դաշտ եւ ասպարէզ ընտրած էր մատենագիտութիւնը ամենէն լայն առումով։ Հայկազեան գոլեճը (հիմա համալսարան) իր ամրոցն էր,  ուր գործակից ունենալով ուրիշ երախտաւոր մը՝ Դոկտ. Երուանդ Քասունին, մէկը միւսին ետեւէն բանասիրական եւ հայագիտական աշխարհին կը հրամցնէին «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի (ՀՀՀ) իրար յաջորդող յաջող թիւերը (տողերուս հեղինակը նոյնպէս իր բանասիրական ուսումնասիրութիւնները կը հրատարակէր ՀՀՀ-ի մէջ)։

Մարզպետ Մարկոսեան ասպարէզով գիտնական ու գիտաշխատող ըլլալով, մեր հասարակութեան մէջ անուն մը դարձաւ որպէս գիր ու գրականութեան մարդ եւ հրապարակախօս՝ անթերի արեւմտահայերէնով եւ պատկերաւոր լեզուով, վկայ՝ իր հրատարակութիւնները։ Շատերու համար «միւս կողմի» մարդ նկատուող Մարզպետի հրապարակագրական թէ գրական գործերը լրջութեամբ կ՚ընդունուէին, որովհետեւ կուսակցական աժան հռետորաբանութենէ եւ ինքնահիացածութենէ հեռու էին անոնք։ Հետաքրքրական, գուցէ եւ ոմանց համար անհասկնալի էր Մարզպետ Մարկոսեանի ՀՅԴ-ի շարքերը անցնիլը, երբ 1980-1988 թուականներուն կը գործակցէր ԱՄՆ-ի Արեւելեան Թեմի առաջնորդ (Նիւ Եորք, Էջմիածնական), հետագային Երուսաղէմի Պատրիարք Թորգոմ Արք. Մանուկեանի հետ, որպէս Առաջնորդարանի մշակութային ձեռնարկներու վարիչ։ Կարելի է միայն ենթադրել թէ ան խանդավառուած էր կամ յոյսեր էր կապեր ՀՅԴ-ի առաջնորդ Հրայր Մարուխեանի դէպի Հայաստան հակուելէն ետք։

Արդարեւ, Մարզպետ Մարկոսեան անդամ ըլլալով ամերիկեան ու միջազգային շարք մը կենսաբանական ու կենսաբնագիտական ընկերակցութիւններու, այդ հանգամանքով ալ կը հրաւիրուէր վերանկախացած Հայաստան։ Խանդավառ էր, որ նոր բաւիղներ կը բացուէին մտաւորական գրող եւ գիտնական Մարզպետի եւ իր նմաններու առջեւ:

Ժիրայր Դանիէլեան իր կարգին, ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ»ի, «Շիրակ»ի (1990-1997) եւ հուսկ ապա «Կամար»ի հիմնադիր եւ պատասխանատու խմբագիր ըլլալով, միաժամանակ ստանձնելով նաեւ ՀԲԸՄ-ի ամենէն հռչակուած վարժարաններէն մէկուն տնօրէնութիւնը, զոր յաջողապէս կատարեց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառով ստեղծուած աննպաստ պայմաններուն, որոշ անհասկացողութիւններու  հետեւանքով կը դադրէր իր պաշտօնէն եւ կը յայտնուէր Անթիլիասի Կաթողիկոսութեան մէջ, որպէս «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»ի խմբագիր եւ ձեռնհաս վարիչը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայագիտական հիմնարկի: Մշակոյթի մարդն էր Ժիրայր, որ իր բազմակողմանի հմտութիւնները ի գործ դնելու համար պէտք ունէր պարարտ հողի։

Յարգանք վայելող հայ վարժարաններու տնօրէններ եղան երկուքն ալ, որոնց կը սպասէին նոր մարտահրաւէրներ՝ համահունչ ընթանալ ժամանակի կրթական պահանջներուն եւ գործադրել պետական ծրագիրներ, մտածել նիւթական աղբիւրներու մասին եւ, որ ամենէն մտալլկիչն էր՝ դիմանալ քաղաքական-կուսակցական մենատիրական քմայքներու։ Ժիրայր Դանիէլեան ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Դարուհիի տնօրէնն էր, Պէյրութ, Մարզպետ Մարկոսեանը՝ Լոս Անճելըսի մէջ հիմնուած առաջին հայ վարժարանին՝ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան ազգային վարժարանի։

Փառք ու պատիւ մեր երկու տեսլապաշտներուն, առանց որոնց սփիւռքը շատ բան կորսնցուցած պիտի ըլլար։

1 comment
  1. Ես Երևանի մեջ, Հայաստանի գրողների տանը, տարիներ առաջ եմ հանդիպել Ժիրայր
    Դանիելյանին:
    Անկեղծ ցավակցություններս եմ հայտնում թե՛ Ժիրայրի և թե՛ Մարզպետի համար։ Աստված երկուսին էլ լույսերի մեջ պահի։

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like