Ուսուցիչը, պատմաբանը, հայագէտը
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, 30 Օգոստոս 2022, Լոս Անճելըս
ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարան, Պէյրութ, 1961-1962 տարեշրջան։ Առաջին երեք դասարաններու աշակերտները յաճախ անհամբեր կ՚ըլլային եւ սպասողական վիճակի մը մէջ կը գտնուէին յատկապէս նոր առարկաներու նոր ուսուցիչներու խնդրով։ Արդեօք ո՞վ պիտի ըլլար արաբերէնի, ուսողութեան, ագլերէնի, հայերէնի ուսուցիչը։ Տարեմուտի առաջին օրը զրոյց մը կը շրջէր, որ «Տոն Ժուանի» նման ուսուցիչ մը «եկած է» այդ տարի։ Անհամբեր էինք տեսնել հագած շապիկը, տաբատը, փողկապը, կօշիկը, բայց յատկապէս սանրուածքը…։ Օ՜հ, այս վերջինը շատ կարեւոր էր արբունքի շրջան թեւակոխած եւ Ճէյմս Տինով տարուած աշակերտներուս համար։
Կէսօրէ ետք առաջին պահուն հայերէն ունէինք։ Պիտի տեսնէինք «նոր» ուսուցիչը։ Բոլորիս յաջորդ մտահոգութիւնն էր «գոց տալու» (անգիր սորվելու) զզուելի հարցը։ Արաբերէնը, ֆրանսերէնը, անգլերէնը, հայերէնը կ՚ուսուցանուէին «գոց սորվելու» աւանդական մեթոտով։
Եւ ահա ներս մտաւ գեղադէմ, շուրջ 25 տարեկան մարզիկի խրոխտ ու ձիգ քալուածքով, կոկիկ հագուած եւ բարակ փողկապով հայերէնի ուսուցիչը՝ Պրն. Երուանդ Քասունի։ Նայուածքը քիչ մը խիստ գտանք, կամ կարծես թէ խիստ կը ձեւացնէր ինքզինք (այդ տարիներուն «պարոնը» խիստ դէմք մը պէտք է ընդունէր որ աշակերտները «երես չառնէին…)։ Բոլորս զինք «կը չափէինք», ինքն ալ՝ մեզ։ Հայեացքը պտըտցուց մեր վրայ եւ սովորականէն արագ ըսաւ. «Հաճեցէք նստիլ»։
«Հաճեցէք նստի՞լ»։ Առաջին անգամ կը լսէինք նստելու այսպիսի հրաւէր մը, որովհետեւ այլ ուսուցիչներէ լսած էինք «Նստեցէ՛ք» հրամայական շեշտով «հրաւէրներ»։
Քանի մը դաս ետք վկայեցինք թէ գործ ունինք նոր որակի եւ դաստիարակութեան տիրացած հայերէնի ուսուցիչի մը հետ։ Պրն. Քասունի խիստ էր եւ խստապահանջ։ Շուտով նկատեցինք որ իր համար կարեւոր էր որ հայ աշակերտը ըմբռնէր ոտանաւորին կամ պատմուածքին ոգին, պատգամն ու դաստիարակիչ պահը։ Ամենէն կարեւորը՝ ազատած էինք «գոց սորվելու» թութակեան սովորութենէն։
Շուտով նկատեցինք թէ իր սրբագրութեան ոճն ալ տարբեր էր, յատկապէս աշակերտական շարադրութիւններու պարագային։ Մենք տեսեր էինք ուսուցիչներ, որոնք ուղղագրական, յատկապէս բաղաձայններու ուղղագրական սխալներու պատճառաւ կը նշանակէին…59, 63, 78…։ Երանելի էր այն աշակերտը, որ կը ստանար, աւելի ճիշդը՝ կ՚արժանանար 82-ի…։ Պրն. Ե. Քասունի նախապատուութիւնը կու տար բովանդակութեան եւ խօսքի ինքնատիպութեան։ Տարիներ անց, երբ ես ալ դարձայ հայերէնի ուսուցիչ, որդեգրեցի այս չափանիշը՝ շարադրութիւնը քերականակօրէն ճիշդ գրելէն անդին նպատակ մը կը հետապնդէր, որ կը միտէր աշակերտին մէջ ինքնատիպութեան, սեփական միտքերը իր ոճով արտայայտելու ունակութեան զարգացումը եւ ոչ թէ բռնազբօսիկ կերպով կեղծ ինքնատիպութիւններու փնտռտուքը։՝
Ափսոս որ Պրն. Քասունի միայն մէկ տարի դասաւանդեց մեզի։ Անցաւ մէկուկէս տասնամեակ եւ ես դարձայ բանասէր ու սկսայ բանասիրական եւ միջնադարեան գրականութեան (մատենագրութիւն) նուիրուած ուսումնասիրութիւններ գրել։ Հիմնուած էր «Հայկազեան հայագիտական հանդէսն» ու «Հիւսիսեան հայագիտական հանդէսը»։ Տպուիլ այս ծանրակշիռ բանասիրական հանդէսներու մէջ հաւասար էր այս ասպարէզին մէջ առաջին յաջող քայլերը առնելուն։ Բախտաւոր էինք որ առաջինին խմբագրութեան պատասխանատուներն էին Պրն. Երուանդ Քասունին եւ իմ «աւագ եղբայր» Ժիրայր Դանիէլեանը, իսկ երկրորդին պարագային՝ բարձր կարգի դասարաններու կուռքը դարձած Պրն. Սարգիս Ապտալեանը (Վահէ-Վահեան)։
1970-ական թուականներուն «Հայկազեան Հանդէս»ին մէջ լոյս տեսան մագիստրոսական եւ թեկնածուական (դոկտորական) աւարտաճառերէս կարեւոր հատուածներ՝ ի հարկէ Դոկտ. Ե. Քասունիի եւ Ժիրայր Դանիէլեանի բծախնդիր խմբագրութեամբ։
Երեւան ուսանած եւ Մատենադարանին մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարած շրջանիս մեր հայրենի աղբիւրագէտ բանասէրներն ու բնագրագէտներ գովեստով կ՚արտայայտուէին Դոկտ. Ե. Քասունիի բանասիրական հմտութիւններուն եւ տարած աշխատանքներուն մասին Հայկազեան գոլէճէն (այժմ համալսարան) եւ Հիւսիսեան Հայագիտական հիմնարկէն ներս։ Արդարեւ, մեր հայրենի մասնագէտները քաջ գիտէին թէ ի՛նչ զոհողութիւններով կենդանի կը մնային սփիւռքի ուսումնական կեդրոններն ու հայագիտական հիմնարկները։ Լիբանանի հայութեան «ոսկեդարուն» էր որ կը ծաղկէին հայ դպրոցներն ու հայագիտութիւնը, որ շարունակուեցաւ նոյնիսկ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ տարիներուն…։ Ափսո՜ս, հազա՜ր ափսոս որ այսօր շատեր չկան այդ Լիբանանէն եւ նոյնքա՛ն հայկական օրրան Հալէպէն…
2017-ին ովկիանոսի այս ափերէն գացեր էինք մեր սիրելի ծննդավայրը՝ Լիբանան, ուր մեր գլխաւոր հանդիպումներէն մէկը պէտք է կայանար Դոկտ. Ե. Քասունիին հետ։ «Տանտէրը» մեզ ընդունեցաւ գրկաբաց, մանկան մը նման հրճուանքով ու խանդաղատանքով։ Գիրքերու եւ մամուլի հաւաքածոներու աշխարհ իր բազմասենեականոց բնակարանին մէջ մենք կրկին գտած էինք զիրար՝ բոլորս եօթանասունէն վեր։ Ի հարկէ մեր խօսակցութեան գլխաւոր առարկան էր հայ դպրոցն ու դպրութիւնը եւ հետզհետէ նահանջող հայագիտութիւնը… Դժուար եղաւ բաժանումը, իսկ մեր ողջագուրումներուն մէջ անգամ մը եւս կը հաստատէինք շարունակել մեր առաքելութիւնը՝ աշխարհի ո՛ր ծայրն ալ գտնուէինք։
85 տարեկան է հայերէնի մէկ տարուան իմ ուսուցիչս, բազմաբեղուն պրպտող բանասէրը, պատմաբանը, որ կառչած կը մնայ Լիբանանեան հայրենիքին։
Վաստակդ պիտի չմոռցուի, սիրելի Դոկտ. Երուանդ Քասունի։
*****
Երուանդ Քասունի ծնած է 1937–ին Հալէպ։ Աւարտած է Պէյրութի Հայկազեան գոլէճը (համալսարանը), միաժամանակ հետեւած է Պէյրութի Սեն ժոզէֆ համալսարանի հայագիտական ամբիոնի դասընթացներուն։ Հայոց լեզու և գրականութիւն դասաւանդած է Պէյրութի եւ Հալէպի ուսումնական հաստատութիւններու մէջ, 1970-1988 թուականներուն դասաւանդած է Հայ ժողովուրդի պատմութիւն՝ Հայկազեան գոլէճի մէջ։ 1978-1994 թուականներուն եղած է գոլէճի հայագիտական ուսման կեդրոնի տնօրէն, 1994-1995 թուականներուն՝ ՀԲԸՄ «Երուանդ Հիւսիսեան» հայագիտական ամբիոնի վարիչ, 1970 թվականին հիմնած է «Հայկազեան հայագիտական հանդէսը», 1991–էն եղած է «Պատանեկան արձագանգ» և «Ջանասէր» ամսաթերթերու պատասխանատու խմբագիր։
Աշխատութիւնները կը վերաբերին Հայաստանի հին շրջանի եւ Կիլիկեան Հայաստանի պատմութեան հարցերուն։