Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 18 Ապրիլ 2020
Նկար՝ Եղիշէ Թաթեւոսեանի
Այս տարի կը լրանայ նոր ժամանակներու մեծագոյն հայ հոգեւորականներէն եւ յեղափոխականներէն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Մկրտիչ Խրիմեան Հայրիկի ծննդեան 200-ամեակը: Հայ ժողովուրդը նշանաւոր հոգեւորականներուն տուած է իր սրտէն բխած մակդիրներ՝ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Մեծն Ներսէս, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի, Ներսէս Շնորհալի, Գրիգոր Շղթայակիր Պատրիարք (Երուսաղէմ), Վազգէն Շինարար եւ այլն: «Հայրիկ»ը ազգին սրտէն ու հոգիէն բխած ամէնէն անպաճոյճ եւ սակայն ամէնէն յատկանշական մակդիրն էր՝ տրուած իր իսկ ծոցէն ծնունդ առած այս Մեծ Վանեցիին:
Այս յոբելեանէն կը բխին երկու թելադրանքներ Ցեղասպանութեան տարելիցի նախօրէին:
Ա.- Խրիմեան Հայրիկի նշանաւոր գործերէն «Պապիկ եւ Թոռնիկ»ին մէջ շինական պապիկը իր թոռնիկին ձեռքէն բռնած կը տանի արտ եւ կ’ըսէ, թէ ինք ա՛յս հողին հետ կ’ամուսնացնէ զայն եւ այսուհետեւ անոնք կ’ըլլան մէ՛կ սիրտ եւ մէ՛կ հոգի:
ՀՈՂԸ՝ հայրենիքն է, մեր նախնիներուն շիրիմներն են, մեզի կեանք տուող մայրն է, պատմութիւնն է ու ապագան: Հողը կորսնցուցի՞նք՝ շուտով կը կորսնցնենք նաեւ ազգային միւս յատկանիշները:
2020-ը եւ յաջորդ տարին յոբելեաններու տարի է.
20 Օգոստոս 1920` Սեւրի դաշնագիր
3 Դեկտեմբեր 1920 ՝ Ալեքսանդրապոլի (խայտառակ) դաշնագիր
16 Մարտ 1921՝ Մոսկուայի դաշնագիր
13 Հոկտեմբեր 1921` Կարսի պայմանագիր
Բացի Սեւրի դաշնագրի խոստացած, բայց թուղթի վրայ մնացած հայանպաստ որոշումներէն, միւս երեքին պարագային մենք կորսնցուցինք այն ՀՈՂԸ, որուն հետ Խրիմեան Հայրիկի Պապիկը կ’ամուսնացնէր իր թոռնիկը:
Պարտադրանքով կամ առանց հայութեան մասնակցութեան տրուած են ճակատագրական որոշումներ: Այսինքն՝ օտարներն են չափեր, ձեւեր ու կարեր մեր սահմանները: Օտարին յանձնուած ՀՈՂԻՆ պահանջը էութիւնը կը կազմեն մեր ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ, որովհետեւ այդ կը թելադրէ Հայ դատի իրական ու շօշափելի հետապնդումը: Պատմութիւնը եւ անցեալի փորձը կը թելադրեն կեդրոնանալ իրականանալիին վրայ եւ դղեակներ չկառուցել օդին մէջ:
Երկրագունդի կարգ մը պետութիւններու տուած որոշումները Հայկական ցեղասպանութիւնը դատապարտելու ուղղութեամբ՝ բարոյական, բայց անհեռանկար յաղթանակներէ անդին չեն երթար, այլ մեզի «կը պարգեւեն» խաղաղ քուն եւ ինքնաբաւարարում միա՛յն: Քաղաքական իրապաշտութիւն կոչուած հասկացութիւն մը կայ, զոր կարելի չէ արհամարհել, այլ անոր վրայ պէտք է հիմնել յառաջիկային մեր առնելիք քայլերը եւ անո՛նց մէջ պէտք է ներդնենք մեր ջանքերը:
Բ.- Խրիմեան Հայրիկի կերպարն ու յոբելեանը կը թելադրեն նաեւ անաչառ գնահատման ենթարկել աւելի քան տասնեօթ դարու անցեալ ունեցող եւ փառաւոր ծառայութիւն մատուցած Հայաստանեայց եկեղեցւոյ վերջին տասնամեակներու գործունէութիւնը: Այս յառաջադրանքով եւ մա՛նաւանդ արդար արժեւորման նախանձախնդրութեամբ, Հայ եկեղեցին, իր զանազան յարանուանութիւններով, մեր դիմաց կը պարզէ յաճախ խոցելի եւ իր առաքելութեան անյարիր գործունէութեան մը պատկերը:
Ցեղասպանութեան ենթարկուած միլիոնաւոր հայերը զոհուեցան նաեւ իրենց հաւատքին ու Հայաստանեայց եկեղեցիին չդաւաճանելու համար, հետեւաբար յաջորդող սերունդները եւ մենք այսօր բարոյական իրաւունքն ունինք պահանջելու, որ այս մեծ կառոյցը, որ յաճախ պետութեան դերն ստանձնած է, իր առաքելութիւնը կատարէ մեծ նախանձախնդրութեամբ, չվերածուի կղերապետութեան եւ անթափանցելի խորհրդաւոր հաստատութեան մը:
Մեր ճակատագրին տէրը մե՛նք ենք, եւ մենք ալ պատասխան պէտք է տանք մեր արարքներուն համար: