Keghart.org-ի խմբագրական կազմի անդամներէն Դոկտ. Մինաս Գոճայեան մեկնարկած է նոր հաղորդաշար մը «ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ» անունով, որուն նպատակն է հանրութիւնը իրազեկել հայրենիքի թէ արտերկրի հայութեան մէջ ծաւալուող անցուդարձերուն եւ երեւոյթներուն: Ընթացքին՝ հարցազրոյցներով եւ հաղորդումներով պիտի աշխատի լուսաբանել ազգային, քաղաքական եւ հասարակական իրադարձութիւններ։ Մեկնարկուածը անկուսակցական ծրագիր մըն է, կը հաւատայ ազատական ու ժողովրդավարական սկզբունքներու եւ ազատ խօսքի իրաւունքի։
Սկիզբ՝ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ հաղորդաշարի (13 Մարտ 2021)
Ստորեւ կը ներկայացնենք կարճ բայց դիպուկ հարցազրոյց մը քաղաքական գիտութիւններու Դոկտոր, վերլուծաբան եւ մեկնաբան, «Ազգային ժողովրդավարական բեւեռ»ի (ԱԺԲ) ղեկավար կազմի անդամ Հայկ Մարտիրոսեանի հետ. Հարցազրոյցը կատարուած է Մայիս 20-ին, 2021, ԱԺԲ-ի Լոս Անճելըսի նորաբաց գրասենեակին մէջ:
Հաղորդման մէջ արտայայտուած բոլոր գաղափարները անպայման չեն արտայայտեր keghart.org-ի տեսակէտները: