Մեր Արժէքներէն՝ Երան Գույումճեան

Խմբագիրը և Ժամանակակից Սփիւռքահայ Մամուլը

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 1 Օգոստոս 2011

Արտաքնապէս խիստ բծախնդիր երեւոյթով այս տիկնոջ մէջ կը գտնուի նոյնքան բծախնդիր եւ սկզբունքային հայուհին, որուն մէջ համերաշխօրէն կ’ապրին մտաւորականը՝ մեր ազգային-հաւաքական կեանքին յատուկ տագնապներով, իղձերով, հասարակական գործիչն ու խմբագիրը իր երազներով ու իտէալներով, յոյսերով ու յոյզերով, ընտանիքի հոգատար մայրն ու նուիրեալ ամուսինի մը սրտցաւ կողակիցը:

Տիկ. Երան Գույումճեանի (Կերթմէնեան) կեանքին մէջ կան երեք կարեւոր քաղաքներ՝ ծննդավայր Պէյրութը, որդեգրած հայրենիքի՝ Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիան եւ քաղաքամայր Երեւանը: Իր կեանքին ու գրիչին հիւսուածքը այս քաղաքներու եռանկիւնին մէջն է պարփակուած: Ծննդավայր Պէյրութի Ս. Հռիփսիմեանցէն ստանալէ ետք իր նախակրթութիւնը, հայրենասէր հօր յորդորներուն անսալով, փոխանակ ֆրանսական վարժարան յաճախելու, կը մտնէ ՀԲԸՄիութեան Դարուհի Յակոբեան վարժարանը, որ կ’ըլլայ վճռորոշ՝ ապագայ մտաւորականի ազգային-հասարակական ու գրական կեանքով ապրող Երանի համար: Այստեղ պանծալի հայ ուսուցիչներու փաղանգ մը վաղուան կեանքին կը բանար միտքն ու հոգին հարիւրաւոր հայուհիներու. անոնք էին Վահէ-Վահեանը, Գերսամ Ահարոնեանը, Զարեհ Մելքոնեանը, Համբարձում Պէրպէրեանը, Սօսի Պետիկեանը եւ ուրիշներ, որոնք «առանձին-առանձին եւ հաւաքաբար իմ մէջ դրոշմեցին ազգային-հայրենասիրական գաղափարական ոգի», կը շեշտէ ան:
Երկրորդականէն ետք բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի (AUB) ուսողութեան ճիւղին մէջ, ապա ամուսնութեան բերումով Կիպրոս փոխադրուելէ ետք, անսալով իր ներքին ձայնին, հեռակայ կարգով կը հետեւի Լոնտոնի Համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղին՝ տիրանալով Պսակաւոր Արուեստից (BA) տիտղոսին:
Նիկոսիան օժտուած էր լոյսի վառարան ՀԲԸՄիութեան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեամբ ու Միութեան աշխոյժ ակումբով, ուր անպակաս էին մշակութային ձեռնարկներն ու հայրենի մտաւորականներու եւ գրողներու այցելութիւնները: Ապագայ խմբագիրը ոչ միայն չի փախցներ որեւէ հանդէս ու հանդիպում, այլեւ յաճախ ելոյթներով հանդէս կու գայ ՄԿՀ-ի բեմէն ու ՀԲԸՄ-ի ամբիոնէն: Եղած է ՀԲԸՄ-ի Նիկոսիոյ Մասնաճողովի Ատենադպիրը, տասը տարի ատենապետը Մշակութային Մարմնի, տասը տարի յարատեւօրէն վարած է ՄԿՀ-ի հոգաբարձութեան ատենադպիրի պաշտօնը, յաջողութեամբ տասնհինգ տարի շարունակաբար կատարած է Նարեկ Ազգային Վարժարաններու հոգաբարձութեան ատենադպիրի պարտականութինը եւ կը շարունակէ մնալ նոյն վարժարանի հոգաբարձութեան խորհրդական: 1997-2003 Գլխաւոր Խմբագիրն է Նիկոսիոյ «Փարոս» ամսաթերթին, 2003-2011՝ «Ազատ Ձայն» ամսաթերթի, իսկ 2011-էն ասդին կը հրատարակէ համացանցային իր «Ազատ Խօսք» պարբերաթերթը:
Աւարտելէ առաջ հարուստ կենսագրութեան մը համառօտ բայց շատ բան ըսող այս հատուածը, աւելցնենք որ Երան Գույումճեան մասնակցած է քանի մը կարեւոր խորհրդաժողովներու, ինչպէս 1987-ին Երեւանի մէջ կայացած Կանանց Խորհրդաժողովին, «Հայաստան-Սփիւռք» Ա. եւ Բ. խորհրդաժողովներուն (1999-ին եւ 2002-ին), Սլովաքիոյ Լրագրողներու Համաժողովին (2007-ին) եւ Ծաղկաձորի մէջ 2008-ին կայացած «Լրատուամիջոցներու Ղեկավարներու Համաժողով»ին:
Յիրաւի քիչ բան չեն ըսեր այս գործունէութիւնները հայ կնոջ մը մասին, որ մայրական ու մեծ մայրական պարտականութեանց կողքին ժամանակ կը գտնէ ազգին ի սպաս դնելու իր բազմահմուտ կարողութիւնները: Ան մանրամասնօրէն տեղեակ է ներ-սփիւռքեան ու ներ-Հայաստանեան «խոհանոցին», սփիւռքի հաստատութիւններուն, կառոյցներուն, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ խնդիրներուն, հայ դպրոցին ու ազգային կրթութիւնը յուզող հարցերուն՝ ընդհանրապէս սփիւռքի տարածքին, իսկ մասնաւորապէս Կիպրոսէն ներս:

Ա.- Հայեցի Կրթութեան ու Դաստիարակութեան Անզիջող Պահապանը:

 

Կասկածէ վեր է այլեւս որ իրօք հայութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուի հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան ճգնաժամային վիճակի մը հետ թէ՛սփիւռքի եւ թէ՛հայրենիքի մէջ. աւելի լաւատեսները պիտի նախընտրեն ճգնաժամին փոխարէն գործածել ՙ«»մարտահրաւէր«»՚ եզրը: Թէ իսկապէս ճգնաժամ մը կայ, կասկածէ վեր է, ապացոյց՝ հետզհետէ փակուող դպրոցները, հայկական դպրոցներ յաճախողներու թուին տարուէ տարի նուազումը, նոր սերունդի ծնողներու անտարբերութիւնը հայերէնի հանդէպ, համաշխարհայնացման պատճառած համահարթեցումը եւ այլն:
Հայեցի կրթութեան ջերմ պաշտպան Երան Գույումճեան անզիջող է, երբ հարցը կու գայ հայ դպրոցի անաղարտութեան, երբ կա՛յ անոր հնարաւորութիւնը, բայց կրթութեամբ զբաղիլ ուզող նորելուկ ու իրենց ճիւղերուն մէջ բարձրագոյն վկայականներով փքուած զգալի թուով կարգ մը ծնողներ ու «կամաւորներ» չեն կարեւորեր հայադրոշմ դպրոցին դերը: «Սրընթաց փոխուող աշխարհի մը մէջ եւ ազգային ոգի ու մշակոյթ ջնջել սպառնացող համաշխարհայնացումի ահեղ յորձանքին տակ՝ տագնապի մէջ է հայ դպրոցը, տակաւ կը տժգունին հայեցի ոգին ու դիմագիծը, կը նահանջեն հայոց լեզուն ու հայ մշակոյթը», կը գրէ ան եւ կ’եզրակացնէ. «Ի՞նչ հեռանկար կրնայ ունենալ Հայ Դատը, մեր բռնախլուած իրաւունքներու ձեռքբերման սրբազան պայքարը, եթէ պահանջատէրը ինք՝ տարագիր հայութեան բեկորները, շարունակեն ազգային տեղատուութեան զառիթափը եւ պարպուին իրենց հայկականութենէն» («Ազատ Ձայն», Յուլիս-Օգոստոս, 2009՚):
Ինչպէ՞ս չհամաձայնիլ յաջորդ հաստատման հետ, զոր յաճախ մենք եւ ուրիշներ յաճախ կը կրկնեն, բայց սայլը տեղէն չի շարժիր եւ մեր դիտողութիւնները, երբ անոնք կը բխին մանկավարժի ու ազգային գիտակից գործիչի մեր փորձառութիւններէն: «Կրթական ղեկավար մարմիններ պիտի բաղկանան այնպիսի անձերէ, որոնք՝ դիրքէ ու աթոռէ անդին, ունենան հասկացողութիւնն ու փորձառութիւնը կրթական գործին, գիտակցութիւն հայ մշակոյթին ու պատմութեան, ազգային ոգի ու տեսլական», կը շարունակէ Ե. Գույումճեան (նոյն տեղը): Պէտք է ըստ արժանւոյն գնահատել կրթական մարմիններէ ներս երկարամեայ փորձառութիւն ձեռք բերած Երան Գույումճեանը, որ ազգային նեղ պատեանի մը մէջ չ’ուզեր պահել հայ ժամանակակից դպրոցը եւ կ’աւելցնէ. «Տնօրէնութենէն պիտի ակնկալել որ ունենայ տեսիլք ու նուիրում՝ դպրոցին հայկականութիւնը լաւագոյնս համադրելու 21-րդ դարու կրթական եւ ուսումնական պահանջներուն եւ մարտահրաւէրներուն…»:
Բ.- Ազգային Դիմադրողականութիւն եւ ինքնութիւն
Պատմութեան դասերը ամէնէն վաւերականներն են, որոնց էջերը յաճախ պէտք է դարձնել, վերընթերցել, վերարժեւորել, վերագնահատել ու ծրագրել ապագան: Մեր պատմութեան մատեանները լի են դիմադրութեան ու պայքարի այնպիսի դրուագներով ու դէպքերով, որոնք կերտած են մեր ինքնութիւնը: Հայոց անցած ուղին եղած է մարտնչումներու, մաքառումներու եւ զոհաբերութիւններու անվերջանալի երթ մը: Մեր դիմադրութիւններէն ազգ մը դուրս ելած է՝ «պարտուած կամ յաղթած, բայց երկու պարագային ալ դուրս եկած», պիտի ըսէր Շահնուր:
«Ազգային Դիմադրութեան հրամայականը» վերնագրով անդրադարձումին մէջ Երան Գույումճեանի տեսակէտը բիւրեղի պէս յստակ է: Իր համար Վարդանանց հերոսները, Գէորգ Չաւուշները, Անդրանիկները, Սարդարապատի ու Արցախի հերոսները նոյն հարթութեան վրայ կը գտնուին եւ օրինակ պէտք է առնել անոնցմէ, որոնք «գիտակցուած մահը անմահութիւն է» կարգախօսով նետուեցան ռազմի դաշտ: Այսօր ալ կան Յազկերտներ, որոնք «նոր» գաղափարախօսութեան մը շաքարապատ ծածկոյթին տակ թոյն կը սրսկեն՝ զայն կոչելով նոր ժամանակներու ոգի ու համաշխարհայնացում: Ազգային արժէքներու վրայ գուրգուրացող հեղինակը կ’ընէ դիմադրութեան կոչ, որովհետեւ ահաւոր բան մը մութին մէջ թէ բացէ ի բաց «կը սպառնայ ջնջել ազգային լեզու եւ մշակոյթ, պատմութիւն եւ ինքնութիւն, ոգի ու գաղափարական, պատմական իրաւունք եւ պահանջատիրութիւն եւ մեզ վերածել անդէմ ու անդիմագիծ «անարգ փերեզակներու» ուղեկորոյս եւ ապաքաղաքականացած բազմութեանց, պարպուած ազգային ինքագիտակցութենէ եւ յանձնառութենէ, դրամին ու նիւթին ահարկու իշխանութեան ստրկացած» («Ազատ Ձայն», Փետրուար 2010):
Գ.- Հայաստան, Արցախ եւ Ժողովրդավարութիւն

Արտաքուստ անկապ թուացող այս երեքը խորապէս կ՝առնչուին իրարու հետ: Հայաստանն ու Արցախը լինելութեան գոյապայքարի մը մէջ են՝ երկուքին գոյութեան ալ կը սպառնան նոյն ակամայ դրացիները: Մէկուն պարտութիւնը միւսին մահն է, որովհետեւ նոյն հայրենիքի անբաժան մասնիկն են անոնք, որոնք արհեստականօրէն, բռնի կերպով ու անցեալի կայսերական ու մեծապետական քաղաքականութեան խարդաւանքներով անջատուած են անոնք՝ ինչպէս որդին իր հարազատ ծնողքէն:

Այս կապակցութեամբ խմբագիր Երան Գույումճեան կը պաշտպանէ հայոց պատմական ու մարդկային իրաւունքները՝ առանց սեթեւեթումի – Ղարաբաղը հայկական հող է եւ վե՛րջ: Հետեւաբար ան կը պահանջէ որ հայրենիքի ներկայ իշխանաւորները լիաբուռն կերպով տէր կանգնին հայրենիքէն դաւադրաբար անջատուած ու խլուած Արցախին: «Կը խորհինք որ ներկայիս, հրամայական գերխնդիր է որ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը՝ դիւանագիտական շրջադարձով, ամէն կերպ աշխատի Լեռնային Ղարաբաղը դարձնելու բանակցային կողմ, եւ de facto ազատագրուած հայրենական կարգավիճակով», կը գրէ ան «Ազատ Խօսք»ի մէջ (7777):

Այս օրերուն մանաւանդ, երբ մամուլի մէջ հոլովուած գլխաւոր տեղանուններէն են Մատրիտը, Պիշքէքը եւ Քազանը (քաղաքներ, որոնք կ’առնչուին Արցախի շուրջ տեղի ունեցող բանակցութիւններու հետ), ուր կը հանդիպին ԵԱՀԽ, Մինսքի, Ռուսաստանի, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահները կամ բանագնացները: Անոնք, ինչպէս վայել է իրենց արհեստին, կ’ունենան շատ զուսպ ու ոչինչ ըսող ընդհանուր յայտարութիւններ, ուր յաճախ կը խօսուի զիջումներու մասին (փուլային թէ փաթեթային տարբերակներով), որոնք հայերուս մօտ այն հասկնալի տրամադրութիւնը կը ստեղծեն թէ ճնշումներու թաթը առաւելաբար մեր վրայ կը ծանրանայ ու կը վախնանք որ մեզմէ կ’ակնկալուի աւելի շատ զիջում յանուն մեծ տէրութիւններու տարածաշրջանային ու յատկապէս տնտեսական (քարիւղ) շահերուն:

Հայկական ազատագրուած հողերը նկատելով պատմական անարդարութեան մը սրբագրութիւնը՝ հաստատուած մեր ազատամարտիկներու արիւնով , Երան Գույումճեան անպաճոյճ խօսքերով կը պարտաւորեցնէ հայրենի պատկան իշխանութիւններն ու դիւանագիտական անձնակազմը թէ՝ «որեւէ իշխանութեան իրաւունք չէ տրուած՝ արեամբ ձեռք բերուածը զիջելու թշնամիին, կամ սակարկութեան առարկայ դարձնելու հայրենական որեւէ տարածք» (նոյն տեղը): Չի կարելի չհամաձայնիլ խմբագրի այն հաստատումին հետ, որ «իշխանութիւնները պարտաւոր են հաշուետու ըլլալու ժողովուրդին՝ իրենց ամէն մէկ քայլին համար, մանաւանդ եթէ խնդիրը կը վերաբերի մեր ժողովուրդին համար խիստ ճակատագրական հարցերու, ինչպիսին է Արցախի հիմնախնդիրը: Խորհրդապահութիւնը նման հարցերու վերաբերեալ տեղի կու տայ միայն կասկածամտութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարած պարտուողական եւ մեր ժողովուրդին համար ոչ-ընդունելի քաղաքականութեան առնչութեամբ» (նոյն տեղը):

Այս հանգրուանին կարեւորութիւն կը զգենու մեր երկրին ժողովրդավարութեան մակարդակը: Մեր հայրենի ժողովուրդն է ի վերջոյ որ զէնքը ձեռքին պիտի պաշտպանէ իր զաւակներուն արեամբ սրբագործուած Արցախի ու Հայաստանի տարածքները, բայց հայ զանգուածները պէտք է վստահին, յարգեն ու սիրեն իրենց իշխանաւորները, պէտք է զգան թէ իշխանութիւնը խորապէս մտահոգ է եւ անկեղծօրէն կը ջանայ բարելաւել ժողովուրդին կենսամակարդակը: Ցաւոք սրտի, ինչպէս կը նկատէ ու կը գրէ ալ յաճախ Ե. Գույումճեան, հայրենի պետութիւնը դեռ շատ հեռու է ժողովուրդին վստահութիւնը վայելելէ, հետեւաբար բարոյա-կամային ի՛նչ եռանդով ազգին զաւակները պիտի նետուին կեանքի ու մահուան գուպարին մէջ, եթէ ժամը հնչէ:

Դ.- Հայ մամուլի առաքելութիւն
Մամուլը հայ իրականութեան մէջ տակաւին կը յամենայ մնալ հանրութիւնը ուղղորդող, դաստիարակող եւ կողմնորոշող կարեւորագոյն ազդակը՝ յատկապէս թերթ կարդացող զանգուածին մէջ, հետեւաբար լուրջ առաքելութիւն մը վերապահուած է անոր: Երան Գույումճեան լրագրողն ու խմբագիրը կը հաւատայ ու կը պնդէ թէ մամուլը պէտք է առաջնորդուի բարոյական բարձր սկզբունքներով, որպէս «հանրութիւնը լուսաբանելու, զայն արթուն պահելու ու սթափ պահելու, հանրային ճիշդ կարծիք ձեւաւորելու առաքելութեան լծուած գործօն»:
Այս իսկ սկզբունքով ան Կիպրոսի մէջ հետամուտ եղաւ Գէորգ Զէյթունցեանի     (արտօնատէր) հետ 2003-ին սկսիլ «Ազատ Ձայն» ամսագիրը, որ կը յաջորդէր 1997-2003-ը հրատարակուած «Փարոս» ամսագրին: «Ազատ Ձայն»ը ծրագրուած էր ըլլալ աննախապաշար, անկողմնակալ եւ համահայկական ոգիով ու տեսլականով հայ հանրութիւնը լուսաբանող կիպրահայ թերթ մը: Պէտք է ըսել թէ գրեթէ մինչեւ 2011 նշուած թերթը դարձաւ փնտռուած ու հեղինակութիւն ունեցող ազատականութեան խօսափողը Կիպրոսի փոքրաթիւ բայց աշխոյժ գաղութին մէջ: Այժմ Ե. Գույումճեան 2011-էն ասդին կը հրատարակէ իր սեփական համացանցային «Ազատ Խօսք» գունաւոր ամսաթերթը՝ ազգային, գաղութային, մշակութային, տեսակէտային ենթաբաժիններով:
Ե.- Սփիւռքահայութեան ներկայացուցչական մարմին եւ յարակից հարցեր

Ինչպէս որ կ’ակնկալէինք անձը երկար տարիներ ճանչնալէ ետք, Ե. Գույումճեան ջերմ ջատագովը պիտի ըլլար տարագիր հայ ժողովուրդի դատը պաշտպանող ինքնուրոյն ղեկավարութեան մը ստեղծման: Հայաստանը՝ Հայաստան, որ ունի իր սեփական առանձնայատուկ նախապատւութիւններն ու օրակարգերը եւ տարածաշրջանային խնդիրները: Ի հարկէ սփիւռքը ամէն գնով պէտք է սատար կենայ հայրենիքի հիմնախնդիրներուն բարւոք լուծման ու ամբողջ էութեամբ աջակցի հայրենիքի անվտանգութեան, բայց սփիւռքն ալ (տարագիր հայութիւնը) ունի իր նախապատւութիւնները, որոնք կը պահանջեն իրենց իւրայատուկ միջոցներն ու գործընթացային առանձնայատկութիւնները:

Այս առումով Ե. Գույումճեան կը հաւատայ ու կը ջատագովէ սփիւռքահայ ներկայացուցչական քոնկրէսի մը ստեղծումը, զոր շատ օգտակար, նոյնիսկ ճակատագրական կը գտնէ ինք, ու կը գրէ. «Եթէ կ’ուզենք անկեղծօրէն որպէս տարագիր ժողովուրդի մը զաւակները, որոնք ունին այդ գիտակցութիւնը, պահանջատիրական պայքարի քաղաքական հաւաքական կամքը եւ չենք ուզեր վերածուիլ անդէմ, անդիմագիծ, ապաքաղաքականացած «մուրիկներու» ամբոխի, որ ի վերջոյ դատապարտուած է ազգային անհետացման», ուրեմն անյապաղ պէտք է արագացնել այդ ուղղութեամբ տարուող ջանքերը:

***
Խմբագիր Երան Գույումճեան կը պատկանի փաղանգին այն հայ կանանց, որոնց համար հայ կինը ունի ազգային ու մարդկային բարձր ու ազնիւ առաքելութիւն մը, այլեւ կը հաւատան թէ կինը ստեղծուած չէ միայն հաճելի երեւնալու, այլ ազգային-հասարակական ծանր պարտաւորութիւններ վերցնելով սատար կենալու պայքարի առաջին շարքերու վրայ կեցած հայ մարդոց:
«Ազատ Խօսք»ի կայքէջն է www.azadkhosk.com
You May Also Like
Read More

Բանակցել

Ռուբէն Յովակիմեան, Սեն Ռաֆայել, 15 Յունուար 2022 Կեանքը նման է հեծանիւի. միշտ պէտք է առաջանալ, որ հաւասարակշռութիւնը պահպանուի։ Էյնշտեյն…
Read More