Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 19 Դեկտեմբեր 2020
Վերջերս իսկապէս սրտցաւ բարեկամ մը հարցուցած էր թէ՝ Լեւոն Տէր–Պետրոսեան պէ՞տք է վերադառնայ իշխանութեան: Հարցումը այնքան գայթակղեցուցիչ էր մանաւանդ որ խնդրոյ առարկայ անձը (ԼՏՊ) ինծի համար շատ յարգելի անձ մը ըլլալով, չկրցայ զսպել ինքզինքս եւ փորձութիւնը ունեցայ պատասխան մը տալ: Ահաւասաիկ այդ կարճ պատասխանս՝ որքան ալ ուզեն իր ոխերիմ հակառակորդները իրենց քաղաքական խորութեան բացակայութեան մակարդակին համեմատ ժխտական բաներ ըսել ինծի: Ես պատրաստ եմ զանոնք…արհամարհելու:
***
«Յարգելիներ, հայկական կամ քրտական առածը կ’ըսէ. «Մարդ պէտք է հայուն վերջին խելքը ունենայ…»: Ի՜նչ նուաստացուցիչ խօսք մեր հասցէին եւ սակայն որքա՜ն դիպուկ: Այո՛, ատենին երբ Լ.Տ.Պ. յայտարարեց թէ զգաստութեան պահն է, սուիններով դիմաւորեցինք՝ տեսակ-տեսակ վերագրումներ կատարելով: Քիչեր միայն լրջութեամբ եւ հեռատեսօրէն ընդունեցին այս խօսքերուն իմաստը: Զիս «հանդիմանել» փորձեցին ոմանք՝ պարտուողական կոչելով զիս…: Ատեն մը մեկուսացայ այդ պատճառով:
Ի՛նչ կ’ուզեն թող ըսեն զանազան հաշիւներ ունեցողներն ու տարօրինակ բարդոյթներէ տառապողները, Լ.Տ.-Պետրոսեանը մարգարէացած էր, որովհետեւ պատմութիւնը լաւ գիտէր եւ մեր ժողովուրդը խորքէն կը ճանչնար իր թերութիւններով ու յատկանիշներով:
Լ.Տ.-Պետրոսեան երկու տարի առաջ ալ նոյն բաները խօսեցաւ եւ կրկին անգամ պայթեցան ՀՅԴ եւ շրջանակի, նախապաշարեալներու, հայրենադարձի զաւակ Լ.Տ.Պ.ի դէմ ի ծնէ հակակրանք ունեցողներու ռումբերը: Բայց ան իմաստուն կերպով լռեց ու աւելի մռայլ դարձաւ, որուն համար ազգիս վա՜յ մտաւորականներէն շատեր վայնասուն բարձրացուցին՝ դարձեալ տեսակ-տեսակ անուանարկիչ խօսքեր ըսելով, խօսքեր, որոնք իրենց կը յարմարէին իմ դատողութեամբ: Դէ՛հ, այսուհետեւ գացէք եւ տեղերնիդ նստեցէք ու ձեր գլխուն մոխիր թափեցէք՝ մինչեւ որ օր մը մեր «փրկիչ-մեսիան» իջնէ երկինքէն:
keghart.org-ը իր վերջին համարներուն մէջ այս մասին անդրադարձաւ եւ հրատարակեց Յարութ Տէր-Դաւիթեանի նման լրջախոհ մտաւորականին ու յառաջադէմ լրագրողին յօդուածները: Գտէք եւ կարդացէք, որպէսզի իմանաք թէ ես առանձին չեմ եւ ինձմէ աւելի կարեւոր մարդիկ նոյնպէս ինծի պէս կը մտածէին եւ կը մտածեն: