ԳՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 10 Յուլիս 2022
Հեղ.- Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան
Տպագրեալ՝ Պէյրութ, 9 Մարտ 2022, 216 էջ
Սրբագրութիւն եւ էջադրում՝ Եփրեմ Թոքճեան, Թորոնթօ
Բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկ. Մհեր եւ Նինա Պապեանի՝
ի յիշատակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբան՝ երջանկայիշատակ Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեանի «Հայ եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները» ծանրակշիռ ուսումնասիրութիւն մըն է անկասկած, որ իր տեսակին ու մօտեցման մէջ կ’առանձնացուի որպէս հայ կանանց նուիրուած ուշագրաւ աշխատութիւն մը: Այստեղ հանգամանօրէն կը ներկայացուի Աստուծոյ ծառայութեան նուիրուած հայ սարկաւագուհիներու հաստատութիւնը: Չի կարելի չհամաձայնիլ հեղինակին հետեւեալ հաստատումին հետ, ուր կ’ըսէ. «Յիսուս կիները կը համարէր Աստուծոյ կողմէ ստեղծուած հաւասարարժէք արարածներ, որոնց նոյնպէս, ինչպէս իւրաքանչիւր այր մարդու, լիարժէքօրէն հնարաւորութիւն շնորհուած է մերձենալու Աստուծոյ խօսքին եւ փրկութեան» (էջ 7):
Ընկերային զանազան ընկալումներու բերումով այդպէս չընդունուեցաւ սակայն եւ կինը մնաց հասարակութեան մէջ որպէս երկրորդական արարած…: Զարմանալ կարելի է այն համոզումներուն վրայ թէ կինը չի կրնար իր մայրական կոչումէն զատ նուիրուիլ նաեւ եկեղեցւոյ եւ անոր հիմնադիր Յիսուս Քրիստոսի ծառայութեան, եւ իբր այդ սպասարկութիւնը սահմանուած է մնալ միայն կուսանոցային կեանքին մէջ որպէս քոյր (nun, sister…):
Բարեբախտաբար Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ պարագային մեր երանելի հայրերը մէկ աստիճան աւելի բարձր դեր վերապահած են հայ կանանց կամ Քրիստոսի սպասաւորուհիներուն համար: Ահաւասիկ այս իրողութեան նուիրուած է Հ. Ա. Մանուկեանի աշխատութիւնը:
Հրատարակութեան մէջ հեղինակը յաճախ, որպէս Քրիստոսի եկեղեցւոյ սպասաւոր, զարմանքը կը յայտնէ կարգ մը հոգեւորական տեսաբաններու արտայայտած ոչ-Քրիստոսակերպ մօտեցումներուն պատճառով: Ըստ վերջիններու մօտեցման՝ Եկեղեցին այր մարդոց կալուածն է: Հեղինակը ցոյց կու տայ հայ թէ օտար միջավայրերու մէջ կանանց անսակարկ հոգեւոր սպասաւորութեանց բազմաթիւ օրինակներ եւ վկայութիւններ: Ան մեր ձեռագիր մատեաններէն կ’առանձնացնէ հատուածներ, ուր ակնյայտօրէն կ’երեւան Հայց. եկեղեցւոյ աւելի յառաջադէմ եւ լուսաւորեալ գործիչներու հաստատումներն ու տեսակէտները, ինչպէս՝ Մխիթար Գօշը (1) : Յիշեմ Թ.-Ժ. (9-10-րդ) դարերուն խմբագրուած ձեռնադրութեան «Մաշտոց»ի (2) մը մէջ հետեւեալ վկայութիւնը.«Իսկ կանանց հարկաւոր է սքեմ տալ եւ նոյն կարգը կատարել…» (էջ 48):
Կ’արժէ յիշել նաեւ միջնադարու մեծագոյն քաղաքական եւ իրաւագիտական ասպարէզի դէմքերէն Սմբատ Սպարապետի 1265-ին խմբագրած «Դատաստանագիրք»ը, ուր ըսուած է.«[Սարկաւագուհիները] կրնան Աւետարան կարդալ ու քարոզ ըսել եւ սկիհը սենեակէն [խորհրդարանէն] բերել, եւ քշոց քշել, ու խունկ ծխել…»: (3)
Հրատարակութեան մէջ Տ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան մանրամասնութեամբ եւ ջանասիրութեամբ կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ արտեկրի մէջ հաստատուած կուսանոցները: Այսպէս` հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը տրուին Նոր Ջուղայի, Թիֆլիսի Ս. Ստեփանոս վանքի Կուսանաց կեդրոնի, Կ. Պոլսոյ Գալֆայեան ազգային որբանոցի երից ամաց ընծայման Ս. Կուսին միաբանութիւններուն եւ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութեան մասին:
Մանրամասնօրէն ընթերցելէ եւ հայ սարկաւագուհիներու Քրիստոսանուէր սխրանքներուն ծանօթանալէ ետք կը մնայ ընդգծել այն գաղափարը, թէ կինը, ՀԱՅ ԿԻՆԸ, ոչինչով կրնայ զիջիլ այր մարդուն եւ կրնայ նոյնքան, եւ գուցէ աւելի արդիւնաւէտ հոգեւոր սպասաւորութիւն կատարել հայ հասարակութեան մէջ: Հետեւաբար կը մնայ ակնկալել, որ Հայց. Եկեղեցին լրջօրէն քննարկէ եւ ինքզինք ձերբազատէ անցեալի նախապաշարումներէն, հնացած աւանդութենէն ու կաշկանդումներէն եւ իր կանոնագրութեան մէջ հաստատէ կին քահանաներու եւ աւելի բարձր կարգերու հասնելու իրաւունքը:
Նշուած աշխատութիւնը կը յատկանշուի վաւերագրերու, ձեռագրաց հաւաքածոներու, տպագիր, առցանց աղբիւրներու եւ լուսանկարներու առատութեամբ:
(1) Մխիթար Գօշ, 1130-1212. հայկական վերածնունդի կարեւոր ներկայացուցիչներէն մեկն է։ Հեղինակն է հայ իրաւունքի նուիրուած «Դատաստանագիրք»ի։ Թաղուած է Գօշավանքի մէջ։
(2) «Մաշտոց». Հայց. եկեղեցւոյ ծիսական համակարգ ներմուծուած կանոններու ժողովածու։
(3) Սմբատ Սպարապետ (Գունդստաբլ), 1208-1276։ ԺԳ. դարու Կիլիկիոյ թագաւորութեան քաղաքական եւ դիւանագիտական կարկառուն դէմք, իրաւագէտ, Հեթում Ա. Արքայի մեծ եղբայրը։
Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, ծնած է Պէյրութ, միջնակարգ եւ երկրորդական կրթութիւնը ստացած է Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանէն ներս՝1973-1979 ։ Քահանայական օծում ստանալէ ետք Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ, անցած է Վիեննա, ուր շարունակած է ուսումը տեղւոյն համալսարանէն ներս՝ 1987-ին ստանալով աստուածաբանութեան եւ քրիստոնէական փիլիսոփայութեան մագիստրոսի կոչում։ 1993-ին արժանացած է դոկտորայի կոչման նոյն մասնագիտութեան գծով։ Աւելի քան 32 տարի ծառայած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տարբեր համայնքներէ ներս։ Հեղինակած է բազմաթիւ կրօնական եւ պատմական աշխատութիւններ։ Ներկայիս կը զբաղցնէ նաեւ Զուիցերիոյ Բարեկարգեալ-Աւետարանական եկեղեցւոյ գիտաշխատողի եւ Զուիցերիոյ Կրօններու Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնները։