Գուրգէն Մելիքեանի՝ «Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքների հիմնադրամ»
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 21 Դեկտեմբեր 2021
1996 թուականին կը մեկնարկուէին բազմազաւակ մայրերու հիմնադրամի եւ անմիջապէս ետքը պտղատու ծառերու ծրագիրները, ապա կ’աւելնային…կովերունը: Այո՛, առողջ, յատուկ տեսականիի կաթնատու այդ ընտանի կենդանիները, որոնք կ’ապահովէին Արցախի, յատկապէս Քաշաթաղի հայ բնակիչները անհրաժեշտ կենսական կաթնամթերքներով:
Շրջանի նորապսակները այլեւս շատ մտահոգուելու պէտք չունէին: Տարուէ տարի կը շատնային ընկոյզի, նուռի, թութի եւ այլ մրգատու ծառերը: Հիմնադիր Գուրգէն Մելիքեան ամենուր արդար հպարտութեամբ կ’արտասանէր Ցեղասպանութեան տարիներուն որբացած Լեւոն Զաւէն Սիւրմելեանի «Ասացուածք ծառ տնկելու առթիւ» բանաստեղծութիւնը.
– Մեռելներուս իբրեւ խաչ ես այս ծառը տնկեցի…
Փրոֆ. Գուրգէն Մելիքեան երիտասարդ տարիքին Խորհրդային Հայաստան ներգաղթած էր Իրանէն եւ անմիջապէս ընդելուզուեր էր համալսարանական եւ երիտասարդական աշխոյժ կեանքին, որ արագօրէն կ’աճէր ու կը հարստանար նոր ու խանդավառ ուսանող-ուսանողուհիներով: Աւարտելէ ետք Արեւելագիտութեան բաժինը, համալսարանի ղեկավարութիւնը զինք կը նշանակէր իրանագիտութեան դասախօս: «Անհանգիստ» երիտասարդ մը ըլլալով ան ներկայ էր հոն ուր կար հայրենասիրական խանդավառ ծրագիր՝ «Ուսանողական գարուն», ծառատնկում, Երեւանի Պետական Համալսարանէն (ԵՊՀ) ներս քառաձայն երգչախումբի կազմութիւն: Շատ չանցած իր նման ներգաղթած պոլսահայ խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի ղեկավարութեամբ մէջտեղ կու գար հանրապետութենէն ներս ամբողջովին համալսարանականներէ (ԵՊՀ) կազմուած երգչախումբը, որուն համերգները շուտով ԽՍՀՄ եւ Չեքոսլովաքիայի մէջ կը դասուէին փնտռուած երգչախումբերու շարքին:
1970-1980-ական տարիներուն Արեւելագիտականէն ներս Մելիքեանի առինքնող ու վարակիչ կերպարը իր շուրջ կը հաւաքէ երիտասարդ արեւելագէտներու երամ մը, որոնցմէ յետագային դուրս պիտի գային դիւանագէտներ, քաղաքագէտներ եւ արեւելագէտներ:
Վրայ կը հասնի Արցախի ազատագրութեան համար բռնկած շարժումը: Գուրգէնը հոն էր քիչ ետք…Մոնթէ Մելքոնեանի կողքին ու թիկունքին: Մութ ու խոնաւ տարիներ, թշնամիին դէմ նախնական զէնքերով կուրծք դնող երիտասարդներ կ’ազատագրեն Արցախն ու հայկական պատմական տարածքներ: Գուրգէնը ուղղաթիռով Ստեփանակերտ կ’երթայ կու գայ – զէնք պէտք է հասցնել, վիրաւորներ պէտք է բուժուին, զոհուածներու դիակներ պէտք է բերուին թիկունք, միջազգային հայ թէ օտար դիտորդներ պէտք է տարուին Արցախ: Միշտ անոնց հետ է Գուրգէն: Ան կը հաւատար եւ կը հաւատացնէր իր հետ եղողներն ալ, որ յաղթանակը հեռու չէ…
Եկաւ այդ յաղթանակը ի գին մեծ զոհողութիւններու: Արեւելագիտականի դեկանի պատասխանատու պաշտօնին զուգահեռ ան կը հաւատար որ ատենն էր գործնապէս մասնակցելու Արցախի վերականգնման: «Իսկական գործն հիմա է սկսւում», ըսաւ ու անցաւ իր գործին: Հարիւրաւոր ընտանիքներ ապահովուեցան կացարաններով, տնամերձ տարածքով, ընտանի կենդանիներով, հրատարակուեցան գիրքեր, ուսանողներ ստացան կրթաթոշակ: Արցախը սկսած էր վերազարթօնք ապրիլ մինչեւ այն օրերը, երբ անճարակ ու անհեռատես ղեկավարներ տակն ու վրայ ըրին գրեթէ ամէն ինչ…
Բայց Արցախը տակաւին չէ ջնջուած քարտէսի երեսէն: Մարդիկ կը դիմադրեն եւ պատրաստ են վերադառնալ իրենց քանդուած տուներն ու «այրուած այգեստանները»: Թշնամիները կը դիմեն ամէն միջոցի հոգեպէս զինաթափելու համար թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին հոգիները: Գուրգէն Մելիքեան նորէ՛ն գործի վրայ է՝ հակառակ Արեւելագիտական բաժնի աւագ դասախօսի ծանր պարտականութիւններուն: Պէտք է օգնել վերադառնալ ուզողներուն, սիրտ տալ ու ոգեւորել: Հայկական լեռնաշխարհի ձմեռը սկսած է, «Բերձոր-Ստեփանակերտ ճանապարհի համայնքների դպրոցների աշակերտների նոր տարուայ ձմեռային հագուստը, որն արտադրուած է Հայաստանում, պատրաստ է առաքման», կը յայտարարէ Գ. Մելիքեան եւ կը շարունակէ համալսարանական տարիներու երիտասարդ դասախօսի խանդավառութեամբ ու հաւատով հանգանակել գումարներ, կենսական նշանակութեան եւ արժանապատիւ ապրելու համար անհրաժեշտ սարքեր, հագուստ եւ այլ անհրաժեշտ պիտոյքներ:
Վերջերս ԵՊՀ-ի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Փրոֆ. Գուրգէն Մելիքեանի ծննդեան 85-ամեակը:
Անձամբ 1970-էն ի վեր ճանչցած ըլլալով այս առինքնող անձնաւորութիւնը, հպարտութեամբ կարդացի իր մասին հրատարակուած յօդուածի մը վերնագիրը.
Հայ արեւելագիտության նահապետը. ԵՊՀ-ում նշուեց Գուրգէն Մելիքեանի 85-ամեակը…
Ով որ չի ճանչնար զինք, պիտի կարծէ թէ գործ ունի ծերունիի մը հետ…Երբեք, ան միշտ 40 տարեկան է, առանց դժուարանալու գրեթէ ամէն տարի կ’այցելէ ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Ափ եւ իր ներկայութեամբ կը խանդավառէ իր բարեկամներն ու նախկին սաները, Իրանէն ու ՀՀ-էն հոս հաստատուած ընկերները, որոնք, վստահելով իր անձին, լայն կը բանան իրենց գրպանները, որովհետեւ քաջ գիտեն որ լումայ առ լումայ կը հասնի իր նպատակին, Արցախի մէջ աւելի տանելի պայմաններ կ’ունենան մեր հայրենակիցները, պուրակ մը եւս կ’աւելնայ հոն, գիրք մը եւս լոյս կը տեսնէ, ընտանիք մը եւս կը նպաստաւորուի: Եւ այս բոլորը կատարեալ թափանցիկութեամբ:
Կ’ուզեմ մէջբերել Արեւելագիտութեան ներկայիս դեկան Ռուբէն Մելքոնեանի դիպուկ խօսքը իր 85-ամեակին առթիւ.
– Ամենակարեւորը, որ կարելի է սովորել Գուրգէն Մելիքեանից եւ որը մելիքեանական յատուկ դասընթաց է, այլաբանական դաս է ճիշտ ապրելու, ճիշտ հայ լինելու, ճիշտ քաղաքացի, ճիշտ դասախօս, ճիշտ պաշտօնեայ լինելու մասին: Ես մէկն եմ այն երջանիկներից, որ բախտ ունեմ այդ դասն անձամբ Գուրգէն Մելիքեանից ստանալ:
Տողերուս հեղինակը երանելի պիտի զգար ինքզինք, եթէ ինք ըսած ըլլար այս խօսքերը:
Յարգելի Գուրգէն, Արցախն ու բազմազաւակ մայրերը քեզ կը սպասեն, շատ տարածքներ կը սպասեն քեզ եւ քու ուսանողներդ, որպէսզի զարդարուին նոր ընկուզենիներով, պատերազմի պատճառաւ հարիւրաւոր տուներ պէտք ունին քու բազուկիդ:
Ստորեւ կ’առաջարկենք դիտել կարճ տեսերիզներ