Թշնամի հարեւա՞ն թէ՞ անպայման հարեւան

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս

“Where you see destruction, death, robbery and violence, you know, the Turks passed through there.” (Victor Hugo) 

Առաջին փորձը չէ հայ-թուրքական «եղբայրութիւն», «բարեկամութիւն», «բարի դրացնութիւն», «ազատ կամ բաց սահմաններ» իրականացնելու։ 1908-ի առաջին փորձերը հայերու եւ Երիտթուրքերու «Եղբայրութիւն, հաւասարութիւն…» կոչերով 1915-ին հանգեցան  այդ կարգախօսներուն հաւատացած արեւմտահայ մտաւորականութեան ԲԱՑԱՐՁԱԿ մեծամասնութեան ոչնչացման։ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան շրջանին նոյնպէս ձախողեցաւ, ՀՀ վերանկախացման շրջանին կատարուած փորձերը շօշափելի արդիւնք չտուին՝ Թուրքիոյ կողմէ զանազան նախապայմաններու եւ ի վերջոյ իրենց կողմէ բանակցութիւններէն հրաժարումին պատճառով։

44 օրեայ բեմադրուած աղիտալի պատերազմէն ետք նորէն բանակցութեանց նիւթ դարձած է Թուրքիոյ՝ «հակառակորդ»-թշնամիին հետ յարաբերութիւններու եւ դիւանագիտական կապեր հաստատելու խնդիրը։ Ռուսական Դաշնութիւնը մէկ կողմէն, ԱՄՆ-ը, Եւրոմիութիւնը եւ ՆԱԹՕՆ միւս կողմէն ըստ իրենց տարածաշրջանային մեծ ծրագիրներուն, իւրաքանչիւրը իւրովի կը քաջալերէ «յարաբերութիւններու բնականոնացման» գործընթաց մը։

Իրերու այս կացութեան մէջ ՀՀ-էն ներս արդէն յստակօրէն կը պարզուի երկու հիմնական ուղղութիւն։ Առաջինը, զոր ներկայիս որդեգրած է (տկար ու դիմազուրկ) իշխանութիւնը եւ կ՚աշխատի համոզել ՀՀ-ը հանրութիւնն ու սփիւռքի կարգ մը շրջանակները, որ այլընտրանքային լուծումներու համար Թուրքիոյ եւ (նախայարձակ) Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու «նորմալացումը» (բնականոնացումը) զգալիօրէն դուրս պիտի բերէ ՀՀ-ն մեկուսացումէ եւ դիւրացնէ «աշխարհի հետ նոր որակի յարաբերութիւններու» մշակումը…:

Ահաւասիկ տարածք մը, որ իրականութեան մէջ ամենակուլ ճահիճ մըն է, ուր ինկողը կը սուզուի ու կը խեղդուի։ Ինչո՞վ բացատրել ներկայ իշխանութիւններու անփորձ եւ անցեալէն դասեր չքաղելով անյայտ տարածքներ մտնելու յամառ պնդումները։ Տարօրինակն այն է, որ հակառակ այն իրողութեան, որ բոլոր տարատեսակ ու իշխանամոլ ընդդիմութիւններու առարկութիւններուն, այլեւ լուրջ եւ ոչ կախեալ ազատ-ժողովրդավար ընդդիմադիր ուժերու պնդումներուն, տիրող իշխանութեան պաշտօնակալները կը շարունակեն պնդել «յարաբերութիւններու բնականոնացման» եւ «սահմաններու ապաշրջափակման» մասին։

Անկարելի է չնկատել այն առողջ քննադատութեան եւ տրամաբանական փաստարկներու թուարկումը բազմաթիւ  քաղաքական մեկնաբաններու եւ վերլուծաբաններու ելոյթներուն մէջ, որոնք տիւ եւ գիշեր կը զգուշացնեն, կարմիր լոյս կը վառեն, ահազանգ կը հնչեցնեն կատարուած «բանակցութիւններու» առթիւ, ուր բացարձակապէս կը բացակայի թափանցիկութիւնը։ Տարօրինակ յամառութեամբ օրուան իշխանութիւնները կը պնդեն իրենց տեսակէտներուն վրայ, տեսակէտներ, որոնք հիմնուած չեն հայութեան անցած փորձին վրայ՝ արհամարհելով նաեւ միջազգային փորձը, բանի տեղ չդնելով նաեւ ընդվզած ժողովուրդի ընդդիմութիւնը:

Մարդ ստիպուած կ՚ըլլայ հարց տալու՝ Երեւանի կառավարութիւնը ազգային յատկանիշները կորսնցուցած մարդոց խառնամբո՞խ մըն է արդեօք։ Ո՞վ կը կառավարէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, անոր ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնը, զինուած ուժերը – եթէ կան -, ՀՀ տնտեսութիւնը:

Կը նկատենք ուրիշ արտառոց երեւոյթ մը:

Ինչո՞վ կարելի է բացատրել այն փաստը, որ անցնող երեսուն տարիներուն, ամէն անգամ երբ հասարակաց շահերէ ելլելով ամերիկեան կամ եւրոպական համատեղ ծրագիրներով ՀՀ-ին օժանդակելու ծրագիրներ դրուած են սեղանի վրայ (հիւլէականի կառուցում, փոքր չափի հիւլէակայաններու ստեղծում, ուժանիւթէ կախուածութենէն ձերբազատում, արտածման եւ ներածման մէջ անկախութեան հաստատում), միշտ ՀՀ-էն եկած է ձգձգումն ու մերժումը, բայց անոր փոխարէն հինգ-վեց տարուան մէջ պզտլիկ ՀՀ-ի ենթակառոյցները շուտիկօրէն ծախուած են ՌԴ-ին եւ իրենք իրենց արտադրութիւններով ինքզինքնին արդարացուցած հիմնարկներն ալ փոշիացած են (Մերկելեան ինստիտուտ, «Նայիրիտ»…)։ Արդէն քանիերորդ անգամն է, որ ականատես եւ ականջալուր կ՚ըլլանք վկայութիւններու այնպիսի նախաձեռնութիւններու ձախողումներուն մասին, որոնք կրնային եւ այժմ ալ կրնան ինքնուրոյն դարձնել բուռ մը Հայաատանի տնտեսութիւնն ու բանակի պաշտպանութիւնը։ Քանիերո՞րդ անգամն է որ մարդիկ քաջութիւնը կ՚ունենան արտայայտուելու իրանեան, հնդկական, չինական եւ ճափոնական առաջարկներուն տրուած ժխտական պատասխաններու մասին։

Վերադառնանք «յարաբերութիւնների նորմալացման»ի արշաւին։ Ի՞նչ հաշիւներու, նախահաշիւներու եւ մասնագիտական հաշուարկներու վրայ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման  մասին կը խօսուի։ Մեր տնտեսական եւ քաղաքական վերնախաւը կամ ընտրանին հետաքրքրուա՞ծ է լսել հայրենի թէ սփիւռքահայ ճանչցուած տնտեսագէտներու, վերլուծաբաններու եւ արհեստավարժներու կարծիքը, թէ՞ կ՚արհամարհէ տրամաբանական հիմքերու վրայ դրուած վերլուծութիւնները։ Ըստ երեւոյթին ազգային շահերով չհետաքրքրուող եւ շուտափոյթ կերպով տոլարներ դիզելու մոլուցքով լեցուած այդ վերնախաւին բնա՛ւ հոգը չէ ինչ միջոցներով եւ ի վնաս որո՞ւն իր «Դրամագլուխ 1-ը» պիտի դառնայ «Դրամագլուխ 2», 3 եւ այսպէս շարունակ։

Հող, ձեռնարկութիւն եւ անշարժ գոյք ծախելու ինքնասպանական երեւոյթներու մասին կը լսենք։ Ինչո՞ւ չունինք օտարահպատակներուն կալուածներ եւ յատկապէս անշարժ գոյք ծախելու վերաբերեալ ՅՍՏԱԿ կանոնագրութիւն, կամ, եթէ ունինք, արդեօք անոնք չե՞ն խախտուիր «երկու կոպեկի» դիմաց։ Որոշ ատենէ ի վեր կը խօսուի Արագածոտնի շրջանին մէջ շրջան ընող կալուածային առուծախի դէպքերու մասին։ Մեզի անծանօթ չեն այն թղթաբանական եւ օրէնքներու ձեռնածութիւններու մէջ հմտացած եւ կամ կարգ-կանոնէն խուսանաւելու կարգ մը հայրենակիցներուն արեան մէջ մտած ազգադաւ աւանդութիւնն ու փորձը՝ այնքան ատեն որ տակաւին կը տիրէ խնամիական, քաւոր-սանիկական եւ «ձեռքի տակից» գործարքներու աւանդութիւնը։

Հաւատացած ենք որ երբ ազգ մը որոշած է չյանձնուիլ, ծունկի չգալ, տեղի չտալ, այն ատեն դժուար թէ թշնամին հեշտութեամբ կարենայ ճնշել ու զգետնել այդ ազգը։ Ապացո՞յց. Խնդրեմ՝ պաղեստինցի ժողովուրդը, անկէ առաջ հնդիկ ժողովուրդը ընդդէմ աշխարհատարած Բրիտանական կայսրութեան, Հարաւ-Աֆրիկեան Հանրապետութեան ժողովուրդը, Վենեզուելան…։ Ինչո՞ւ ոչ մե՛նք՝ մանաւանդ այս օրերուն, հիւսիսէն, արեւելքէն եւ արեւմուտքէն մեր ստացած հարուածներուն վրայ «աղ ու պղպեղ» ցանած են կարգ մը հաստափոր ու երկվիզ  «գեներալներ», նախկիններ եւ վերնախաւի կարգ մը անհայրենիք  օլիգարխներ։ Ինչո՞ւ ոչ մե՛նք, երբ ամէն օր կը շարունակուի թաւալգլոր վայրէջքը, կը վիրաւորուի մեր արժանապատւութիւնը, կը շատնայ արտագաղթի՝ մէկ ուղղութեամբ ճամբորդներու թիւը…։

Վերջին խօսքը ժողովուրդինն է, որ մէկ անգամ սխալեցաւ, շուարեցաւ, հաւատաց կամ հաւատացուցին, չթողուցին այլընտրանք (որ նոյնպէս հարցական է)։ Այս հանգրուանին  պիտի յիշեցնեմ Շէյքսպիրի Մակբեթի խօսքը. «Ահաւասիկ այն աստիճանաքայլը, որ կա՛մ զիս պիտի տապալէ եւ կամ առաջ մղէ»։ Այդ աստիճանաքայլը վերստին պոռթկումն է՝ այս անգամ ի՛ր իսկ ընտրած անճարակին ու անոր արբանեակ եւ անողնայար վարչութեան դէմ։

Թուրքին հետ ձեռք չի սեղմուիր, այնքան ատեն որ ան չ՚ընդունիր իր յանցագործութիւնը եւ կ՚ափսոսայ որ իր նախնիները լաւ չեն տեսած իրենց գործը։

1 comment
  1. Գնահատելի խօսքեր: կը յայտարարեմ թէ Հայ ազգը անգամ մը եւս քնացած է: Յիսուն տարի չունի սթափելու և պոռթկալու: Առաւել, խօսքով և գրելով չի վերջանար: Ազգը չի տեսաւ 30 տարիներու դաւաճաններուն պատիժը: Այս է պատճառը որ այսօր անգրագէտ և դրամապաշտ ներկայ ”պաշտօնեաներ” դրամահաւաքով զբաղած են եւ ոչ ազգ և հայրենիք փրկելով: Թշնամին գիտէ սա ներկայ մարդոց տկարութիւնը և լումաներով առանց յարձակեկու շէնքերու կը տիրանայ: Աղքատ ժողովուրդը ինչպէս առաջ, այսօր ևս հացը ճարելով օրը կ’անցնէ, և կարող չէ Հայրենիք փրկել: Մանաւանդ որ անոնցմէ շատեր կորսնցուցին զաւակ, ամուսին, կին, դրացի, հողեր՝ թուրք, ազերի, հրեայ յարձակումներու պատճառով: Հայ Ազգ, արթնցիր: Անցեալի վարդանանցը մէկ կողմ դիր, ոտքի ել, իրաւունք և հայրենիք պահանջէ:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like