Երուսաղէմի Պատրիարքութեան «հողատուութեան» տխուր փաստին առթիւ
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 10 Փետրուար 2022
«Կացինին կոթը մեզմէ է»։ (Ժող. առած)
Համբերութեան բաժակս յորդեցաւ այլեւս եւ որոշեցի հանրութեան յանձնել թէ ինչպիսի արարածներու հոգեբանա-ախտաբանական խանգարումներ ունեցողներու հետ գործ ունի մեր ազգը։ Հայրենիքի մէջ այդ հոգեկան խախտումներու ենթարկուածներուն աղէտներուն ականատես կ՚ըլլանք ամէն օր, բայց մեր ժողովուրդին կարեւոր հատուածներուն կողմէ ցոյց կը տրուի յանցաւոր անտարբերութիւն մը։ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութենէն ներս նոյնպէս գործ ունինք հոգեկան նոյն խախտումներու ախտանշաններ ցոյց տուող անձերու եւ իրենց կոչումին ու պաշտօնին ԽԻՍՏ անյարիր մարդոց հետ, անձեր, որոնց աղիտալի որոշումներուն համար Հայոց պատմութեան մէջ անոնց պիտի «շնորհուի» ՀՈՂԱՏՈՒ մակդիրը։ Քանի մը արարածներ, որոնց հետ Միաբանութեան եւ Սաղիմահայութեան կարեւորագոյն հատուածը ցարդ չի յաջողիր հասկցուիլ, որպէսզի յետս կոչեն անոնց կողմէ առնուած քստմնելի առուծախի որոշումը։
Կը ցաւիմ որ այս տողերը ստիպուած եմ հանրութեան յանձնել՝ յուսալով որ բարոյական ճնշումը աւելի կը զօրանայ եւ խնդրոյ առարկայ անձերը կը վերանային իրենց որոշումները։
2014-2017-ի սկիզբները առիթ տրուեցաւ ինծի պաշտօնավարել Պատրիարքութենէն ներս որպէս «Սիոն»ի խմբագիր, արեւմտահայերէնի ուսուցիչ եւ դասախօս Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանէն եւ Հոգեւոր Ընծայարանէն ներս, ուր դասապահերուս ընթացքին ճեմարանի սաներուն կը դասաւանդէի նաեւ սփիւռքի պատմութիւն։ Մեր սաներուն ԲԱՑԱՐՁԱԿ մեծամասնութիւնը ՀՀ-էն եկած ըլլալով (քանի մը հատն ալ Թուրքիայէն), անհրաժեշտ նկատեցի հիմնաւոր գիտելիքներ փոխանցել անոնց, սփիւռքահայութեան մասին։ Պէտք է ըսեմ որ այս ընթացքին կը վայելէի վարժարանի տեսուչ Նորայր Վրդ. Գազազեանի եւ Ճեմարանի տեսուչ Տ. Թէոդորոս Ծ. Վրդ. Զաքարեանի ամբողջական աջակցութիւնը։
Պաշտօնիս մաս կը կազմէր նաեւ Ամեն. Պատրիարք Հօր մասնակի խորհրդականի պարտականութիւնը։ Այնպէս որ առիթ ունեցած եմ ի մօտոյ ծանօթանալու ներքին թէ արտաքին շարժումներուն, հոսանքներուն, կարծիքներուն եւ մօտեցումներուն, խնդիրներուն, հարցերուն, նոյնիսկ ասեկոսներուն եւ ամենէն կարեւորը՝ միւս յարանուանութիւններէն ղրկուած զանազան ազդանշաններուն եւ Իսրայէլեան պետութեան բացայայտ եւ թաքուն խարդաւանքներուն։
Կը թուէր թէ ամէն ինչ լաւ կ՚ընթանար նորեկիս եւ Միաբանութեան հետ։ Բոլորը սիրալիր յարաբերութիւններ ունէին ինծի հետ, ոմանք քիչ մը վերապահութեամբ, ուրիշներ՝ բացայայտ համակրանքով։ Չեմ կրնար չյիշել նաեւ այն փաստը, որ Պատրիարք Հայրը նոյնպէս մեծ հասկացողութեամբ եւ մտերմօրէն կը վարուէր հետս, մինչեւ այն դէպքը, երբ ստիպուած էի յստակ կեցուածք ցոյց տալ եւ միջոցներ խորհիլ լուռ ու մունջ զարգացող յարաբերութիւններու մասին, որոնք կ՚առնչուէին «Մարտիկեան» շէնքի կամ թանգարանի հետ։
Դիմացը՝ Մարտիկեան շէնքը, իսկ աջին՝ Կիւլպենկեան գրադարանը
Հոս միջանկեալ ըսեմ թէ Իսրայէլեան պետութիւնը եւ իր յատուկ ծառայութիւնները բծախնդրօրէն մշակուած ծրագիր մը հետապնդած են եւ գործօն կերպով կը շարունակեն Հայոց թաղը հայաթափելու ծրագիրը.-
-Դժուարութիւններ եւ խոչընդոտներ յարուցանել արտասահմանի մէջ ուսանող Յորդանանահպատակ Երուսաղէմացի երիտասարդութեան։
-Եկեղեցին դարձնել հարկատու։
-Որեւէ նորոգութեան ժամանակ, մանաւանդ փորելու հետ կապուած, անմիջապէս տեղեակ պահել իշխանութիւններն ու հնագիտական բաժանմունքը։
-Ներողամիտ աչքով եւ յանցաւոր անտարբերութեամբ վարուիլ հոգեւորականներու վրայ կատարուած բարոյական եւ այլ կարգի յարձակում կատարողներու վրայ (թքել, բազուկներով սպառնալ, հայհոյել եւ նման բաներ)
-Դէպի Լացի պատ երթարու ընթացքին Միաբանութեան տարածքին մէջէն անցնող հայկական փողոցին մէջ գրգռիչ պարերով եւ բացականչութիւններով անցնիլ եւ փորձել իսրայէլեան դրօշակներ ամրացնել ասդին անդին։
-«Կովերու պարտէզ» կոչուած տարածութեան մէջ հիւրանոց մը կառուցելու ծրագիրը հանդիպած է զանազան խոչընդոտներու։ Օրինակ, կառուցուելիք շէնքը մօտակայ Օսմանեան շրջանին բարձրացուած կամ նորոգուած պարիսպէն բարձր պէտք չէ ըլլայ…։ Լսած եմ նաեւ իմ վստահելիներէս, որ եթէ ծրագրին մէջ հրեա մը ընդգրկուի կարեւոր շահաբաժինով մը, ապա այդ գործը գլուխ կը հանուի, եւ նման բաներ։
Քստմնելի արարք՝ Ցեղասպանութեան ծանուցումները պատառոտուած հրեա ծայրայեղականներու կողմէ
Ու տակաւին չեմ խօսիր այն նուաստացուցիչ դրուագներուն մասին,որոնց երթարկուած եմ ամէն անգամ երբ Թել Ավիվի օդակայանը մտած եմ կամ իսրայէլեան օդանաւ մը ստիպուած եմ բարձրանալ։ Պատճա՞ռը՝ հակառակ Ամերիկեան եւ Կիպրական (Եւրոպական) քաղաքացիութիւն ունենալուս, ՊԷՅՐՈՒԹ ծնած ըլլալս էր։ Ի դէպ ըսեմ որ նախկին Երուսաղիմահայեր կամ Պաղեստինեան շրջանին հեռացած հայեր (եւ արաբներ, պաղեստիցիներ) արտառոց հարցաքննութեանց կ՚ենթարկուին Պէն Կուրիոն օդակայանին մէջ՝ զզուեցնելու աստիճան, հասկցնելու համար թէ «բարի եկաք» չկայ իրենց համար։
Միաբանութեան ղեկավարութիւնը միշտ ալ խորհուրդ տուած է «խելոք մնալ», չհակադրուիլ, «պատասխան արարքներու» չդիմել. երբեմն Միաբանութեան տնօրէնութիւնը բաւականացած է զուսպ կերպով բողոքներ ներկայացնելով մեր տարածքին մէջ հաստատուած ոստիկանատան…(Ղշլաղ)
Իրերու այս դրութեան մէջ սկսայ խորհրդածութեան նիւթ դարձնել Պատրիարք հօր հանդէպ յատուկ համակրանք եւ մտերմութիւն խաղցող մի ոմն Տիկ. Ն.-ի տեսակցութիւնները։ Այս հրէուհին ինքզինք դրած էր յախճապակիի արուեստէն հասկցողի տեղ եւ հոս ու հոն կ՚արտայայտուէր այս մասին։ 2016-ին այցելելով ՀՀ, Տիկ. Ն. քանի մը դասախօսութիւններով հանդէս եկած է Երուսաղէմի յայտնի հայ արուեստագէտներու եւ յախճապակիի կիրառական արուեստին մասին։
Ըստ ինծի հասած տեղեկութիւններուն, ան այս կերպ ջանացած է տպաւորութիւն ձգել ՀՀ-ի մէջ, բարոյական վարկեր շահիլ եւ յետագային յառաջադրել Վանքէն ներս գտնուող Մարտիկեան շէնքի նորոգութեամբ ստեղծել յատուկ թանգարան մը եւ, ինչու չէ, ինք ըլլայ անոր տնօրէնուհին…։ Հիմնուելով ինծի համար վստահելի աղբիւրներէ լսածներուս վրայ, իբր նոյնիսկ խոստացած է իր ամուսնոյն ծանօթութիւններուն շնորհիւ կոկիկ գումար մը ապահովել նաեւ պետութենէն։ Պատրիարք Հայրը ցոյց տուած է հետաքրքրութիւն եւ տեսակ մը խանդավառութիւն։
Ծայրայեղականներու սադրանքը
Մինչ այս լուրերը կը շրջէին, Երեւանէն ինծի դիմեցին ընկերներէս ոմանք, նոյնիսկ Սփիւռքի նախարարուհին, թէ «էս ի՞նչ է կատարւում ձեզ մօտ»։ Նկարագրեցի գիտցածս։ Մինչ այդ թանգարանի հարցով լրջօրէն հետաքրքրուած էր նաեւ Երուսաղէմի «քայլող հանրագիտարանը»՝ պատմաբան (AUB) Գէորգ Հինդլեանը։ Ան համոզած էր Պատրիարք Հայրը որ Ֆրանսայէն հրաւիրուին բոլորիս քաջ յայտնի մասնագէտներ, որոնց մէջ Ռէյմոնտ Գէորգեանը, Գլոտ Միւթաֆեանը եւ Յարութիւն Պեզճեանը (թանգարանային շէնքերու յայտնի ճարտարապետ Ֆրանսայի մէջ)։
Քանի մը օր անոնք ուսումնասիրեցին շէնքը, շրջապատը, հնարաւորութիւնները, աչքէ անցուցին երկու սենեակներու մէջ պահուած եւ փոշիներու տակ ծածկուած ցուցադրանմուշները։ Օրուան մէջ քանի մը անգամ կ՚այցելէի ոչ թէ ստուգման, այլ օգտակար ըլլալու նպատակով, ի հարկէ կը զեկուցէի նաեւ Պատրիարք հօր։
Ինծի ուղղուած հարցումներուն եւ տարածուող խօսակցութիւններուն տպաւորութեան տակ երկու պարբերութեամբ էլ-նամակ մը ղրկեցի հնարաւորին չափ զուսպ արտայայտութիւններով եւ շրջան ընող լուրերէն ահաբեկուած՝ Պատրիարք-Տիկ. Ն. հանդիպումներուն հեռուն գացող նպատակներուն մասին։ Էլնամակիս մէջ խոստացայ նաեւ որ աշխատանքային պայմանագիրս վերջանալուն պէս «դեռ շատ բաներ ունեմ ասելու…» (վստահ էի որ մեր նամակները կը գրաքննուին եւ ուրեմն ամէն բան չէի ուզեր վստահիլ համակարգիչին…)։ Նախարարուհին երկտողս ստանալուն պէս արդարօրէն վրդոված, կը յանձնարարէ քարտուղարուհիին անմիջապէս կապի մէջ մտնել Պատրիարքարանի Դիւանապետին հետ եւ ժամադրութիւն առնել։ Սակայն, դժբախտաբար անփորձ քարտուղարուհին ժամադրութիւն հայցող իր նամակին հետ կցեր էր նաեւ…իմ երկտողս։
Յաջորդ օրը «ռումբը» պայթեցաւ։ Այլայլուած Պատրիարքը «դաւաճանուած» զգալով ծանր խօսքեր ըսաւ ինծի։ Ի հարկէ փորձեցի ամենայն սառնասրտութեամբ բացատրել, որ նամակին մէջ երբեք այդպիսի տրամադրութիւն չկայ եւ թող բարեհաճի լաւ կարդալ «դեռ շատ բաներ ունեմ ասելու…» նախադասութիւնս, որ կը վերաբերէր ոչ թէ իրեն, այլ այն գրգռութիւններուն, որոնց կը դիմէ պետութիւնը մեր համայնքը տկարացնելու ուղղութեամբ- կը հետեւի հոգեւորականներուն, դժուարութիւններ կը յարուցանէ Արաբական երկիրներէն սաներ բերելու մեր ջանքերուն…։ Նպատակս էր յիշեցնել ՀՀ պետութեան որպէսզի պետական խողովակներով օգտակար ըլլայ մեր Միաբանութեան գոյութեան եւ զարգացման։
Պատրիարք Հայրը անդրդուելի մնաց, դրժեց իր յատուկ յարաբերութիւններու մէջ Տիկ. Ն.ի մասին շրջող լուրերը, սուտ ու անհիմն նկատեց, բամբասանք կոչեց, նախանձ ու ապերախտ անուանեց ԲՈԼՈՐԸ…
Ինծի կը մնար հրաժարական տալ ու կոտրած սիրտով հեռանալ «Սիոն»ի 17-րդ դարու գրասենեակէս, Ճեմարանի եւ վարժարանի սաներէս, Հայ Երուսաղէմէն։ ՈՉ ՈՔ զիս դատապարտեց գաղութէն, միակ անխոհեմը նկատուեցաւ Նորին Սրբազնութիւնը։
Գաղութի գնահատանքը (գործ՝ Վիկ. Լեփեճեանի)
Ուրեմն իմ ատենս նոյնպէս տեղի կ՚ունենային «բերդը ներսէն գրաւելու» նպատակով ծրագրուած խորամանկ եւ ծածկածածուկ միջոցառումներ։ Այս հարցով շշուկներ կը տարածուէին վերնախաւին մտերիմներուն մէջ թէ վստահաբար տոկոսներ պիտի մտնեն նաեւ Պատրիարքին եւ իր ամենավստահելիներուն գրպանը։ Սա նորութիւն մը չէ Երուսաղէմի պատմութեան մէջ։ Տակաւին մեր սերունդին մէջ մոռցուած չէ 60-ական թուականներու ձեռագիրներու գայթակղութիւնը, մինչեւ օրս Երուսաղէմի մէջ կը խօսին նաեւ թէ ինչպէս քաղաքին ամենէն թանկարժէք տարածքներուն վրայ գտնուող շէնքեր անցեալին հրեա ձեռնարկութիւններուն վարձակալութեան տրուած են…գրոշներով, որոնց շնորհիւ կոկիկ գումարներ մտած են հոգեւորական կոչուած սեւազգեստներու գրպանները…։
Միաբանութեան հաշուոյն միաւորներ շահելու, առուծախերէն տոկոսներ գրպանելու եւ առիթներէն օգտուելու այս եպերելի աւանդոյթը դժբախտաբար փոխանցուած է նաեւ այսօրուան մենատէր ու տկար Գահակալին եւ իր սպասարկուին։
Եզրակացութիւն.- Երուսաղէմի հայութեան, Պատրիարքութեան եւ մեր գանձերուն եւ կալուածներուն կը սպառնան՝
ա.- Իշխանութիւններուն մեզ ուժաթափ ընող ջանքերը,
բ.- Կարգ մը անյագուրդ հոգեւորականներու մամոնասիրութիւնն ու ընչաքաղցութիւնը,
գ.- Սփիւռքի ղեկավարութեան (եթէ կայ այդպիսի հաստատութիւն մը…) յանցաւոր անտարբերութիւնը,
դ.- Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ միւս քոյր եկեղեցիներու (Հայ աւետարանական եւ Կաթողիկէ) աչքաթողութիւնը։
Ներածական նկարը՝ Հայ եւ հրեա բարեկամներով ցոյց Քնեսեթի մուտքին
3 comments
Ողբամ զքեզ հայ ժողովուրդ
Շնորհակալութիւն Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի Երուսաղէմի Պատրիարքութեան մասին իր տուած շատ կարեւոր տեղեկութիւններուն համար:
Լսած էինք բոլորը. կը յուսայինք սակայն, որ մասամբ սխալ ըլլային հրեա «իշխանուհիին» կեղծուած կարեւորութունը, Նուրհան պատրիարքին անգրագէտ կեանքը, հայութեան պատկանող դարաւոր կալուածներուն, հողերուն, կովերու պարտէզի ծախուիլը եւ կղերկանութեան չափը պակսեցնելու ցաւալի վիճակը:
Ազգը (ոչ երուսաղմի միայն «քէպապ»ով զբաղողները), պարտականութիւն ունի իր շահերու մասին մտածելով վտարելու ընդլայնած փորով, անպարկեշտ Նուրհանը և իր աջակից գող Պարետը:
Անգամ մը եւս շնորհակալութիուն ձեր տեղեկութիուններուն համար:
Յարգանօք.
Շատ շնորհակալ ենք Դոկտ. Մինաս տրուած տեղեկութիւններուն համար։ Երուսաղէմի ներկան Նուրհանի եւ Պարէտի իշխանութեան տակ վտանգի մէջ է։ Մի՞թէ Հայոց աշխարհը կ’անտեսէ այն փաստը որ մեր դարաւոր Երուսաղէմը ծախու դրուած է այս երկու անձնաւորութիւններուն կողմէ: Հայուն հողը ծախու չէ՛,հայկական Երուսաղէմը ծախու չէ՛: