ԾՆՆԴԵԱՆ 100 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 13 Մարտ 2022
Վաթսունական-եօթանասունական թուականները իմ սերունդիս ոսկեդարը կը նկատեմ, մանաւանդ անոնց համար, ովքեր այդ տարիներուն բախտաւորութիւնը ունեցած են ուսանիլ Խորհրդային Հայաստանի բարձրագոյն հաստատութիւններէ ներս։ Թէեւ կենցաղային փայլուն պայմաններ չունէինք, ինչպէս ամբողջ ազգը, բայց ունէինք բարգաւաճող հայրենիք մը, օրը օրին շքեղացող Երեւան մը, զարգացող գիւղեր, աշխարհի հետ մրցող բարձարամակարդակ արուեստ եւ…դասախօսական աստղայոյլ մը։
Լոյս իջնէ ինծի դասաւանդած դասախօսներուն շիրիմներուն վրայ՝ Մկրտիչ Մկրեան, Էդուարդ Աղայեան, Էդուարդ Ջրբաշեան, Գէորգ Ջահուկեան, Լեւոն Ներսիսեան, Պարոյր Մուրադեան, Մօրուս Հասրաթեան, Վարազդատ Յարութիւնեան, Հրանդ Թամրազեան, Մանուէլ Ասատրեան, Մինաս Հիւսեան եւ ուրիշներ, որոնցմէ ամէն մէկը իր ուրոյն դրոշմը դրաւ իմ եւ դասընկերներուս մասնագիտական թէ հայեցի կրթութեան ու զարգացման վրայ։ Յաճախ հպարտութեամբ յիշած եմ որ դասախօսներէս ոմանք աշակերտած են պատմաբան Յակոբ Մանանդեանին, լեզուաբան Հրաչեա Աճառեանին ու Մանուկ Աբեղեանին, պատմաբան քաղցրաբարբառ Լէոյին…Եւ այսպէս օր մըն ալ վազքի դրօշակը անցաւ մեզի եւ մենք ալ մեր կարգին ըրինք ինչ որ կ՚ակնկալէին մեզմէ մեր երանաշնորհ ուսուցիչներն ու դասախօսները։
Այս տարի հարիւրամեակն է այդ յոյլէն Փրոֆ. Ռաֆայէլ Իշխանեանին՝ իրօք առասպելական, ինքնատիպ, երբեմն անըմբռնելի, մի գուցէ հակասական, թեւրեւս ծայրայեղ, մոլեռանդ պաշտպան հայոց լեզուի եւ յառաջամարտիկ հայոց լեզուի անաղարտութեան։
Ա.- Հայոց լեզուի անաղարտութիւն.- Փրոֆ. Ռ. Իշխանեան Հայոց լեզուին կը մօտենար այնպէս ինչպէս Վահէ-Վահեան մեհեանի քրմապետը պիտի մօտենար Արամազդի կամ Անահիտի բագինին: Մահացու մեղք էր օտար անհարկի փոխաբերութիւն գործածել մեր մայրենիին մէջ: Աննախանձելի վիճակի մէջ կը յայտնուէր այդ դժբախտը, մանաւանդ եթէ Բանասիրական բաժնի ուսանող մըն էր: Այդ պահուն ենթական պատրաստ պէտք է ըլլար լսելու ծանրագոյն խօսքեր: Տողերուս հեղինակը անգամ մը գտնուեցաւ այդ աննախանձելի վիճակին՝ «ֆակուլտետ» բառը գործածելուն պատճառաւ…
Այսօր, երբ չկան այլեւս «եղբայրական հանրապետութիւնների եւ ժողովուրդների» սին լոզունգները, չկայ Միութեան պաշտօնական լեզուին՝ ռուսերէնին բռնապետութիւնը, զարմանքով ու զայրոյթով ականջալուր կ’ըլլանք մեր արեւելահայ հարազատներու կոտոշաւոր սանձարձակութիւններուն եւ անպատասխանատու բառապաշարին՝ ըլլայ բեմերէն, հեռատեսիլէն, Ազգային ժողովի ամբիոնէն թէ խօսնակներէն…: Այդ պահերուն ես ինծի կ’ըսեմ՝ «ի՜նչ լաւ է որ չկաք, յարգելի՛ Իշխանեան եւ Հիւսեան, այլապէս վաղուց սրտաճաք կ’ըլլայիք ու կ’իյնայիք համալսարանի յատակին յանկարծամահ…»:
Հայոց լեզուի եւ գրականութեան մեր դասախօսները կը հաւատային թէ պաշտօնական վայրերուն մէջ, պետական գրագրութեան եւ մանաւանդ զանգուածային լրատուութեան մէջ պէտք է պահպանել մեր լեզուի բարձր մակարդակը եւ ոչ թէ հասկնալի ըլլալու սիրոյն իջեցնել լեզուի որակը՝ ընդհուպ մօտենալով գռեհկութեան աստիճանի: Իսկ այժմ՝ յո՞ երթաս հայերէն…արդէն հասած է այն հանգրուանին, որմէ ետք՝ «Լեզուն է որ կը մեռնի»:
Երեւանի պետական համալսարան
Բ.- Պաշտամունք հայ քնարերգութեան հանդէպ.- Վահան Տէրեանն ու Ակսել Բակունցը Փրոֆ Ռաֆայէլ Իշխանեանի եւ այլոց համար գեղեցկագոյն արեւելահայերէնի տիպարագոյն մակարդակն էր: Եւ իրաւցի էին անոնք, այնպէս ինչպէս Դանիէլ Վարուժանի, Զօհրապի, Վահան Թէքէեանի հայերէնը՝ արեւմտահայերուս համար:
Հնուց ի վեր լեզուի դասաւանդման մէջ ընդունուած էր գեղեցկագոյն տողեր կամ բանաստեղծութիւններ գոց սորվելու (անգիր անելու) միջոցը, որովհետեւ տիպարագոյն տողեր, դարձուածքներ, լեզուամտածողութեան «կաղապարներ» կ’օժանդակէին լեզուի տիրապետման: Ռաֆայէլ Իշխանեան ջատագովն էր այս աւանդութեան՝ ճիշդ հակառակը վերջին տասնամեակներուն յայտնուած կարգ մը տնօրէններու եւ մանկավարժութենէ բան չհասկցող «վա՜յ» հոգաբարձուներու, այլեւ քաղքենի ծնողներու, որոնք կը պնդեն. «Պզտիկը գոց սորվելով մի՛ ծանրաբեռնէք, կը խրտչին», եւ այլն, եւ այլն: Կը խնրտչի՞ն, ուրեմն դիտեցէք ձեր շուրջը եւ դուք կը լսէք անհամ, չոր, անաղուպղպեղ անգլերէն (ամերիկերէն) եւ հայերէն:
Եւ այսպէս Փրոֆ. Ռ. Իշխանեանի մօտ քննութեան ներկայանալու համար չգրուած նախապայման մը կար՝ քսան-երեսուն բանաստեղծութիւն գոց սորված ըլլալ Տէրեանէն (յատկապէս), Չարենցէն…: Տողերուս հեղինակը երբ քննութեան ներկայացաւ եւ հարցուեցաւ. «Ի՞նչ անգիր գիտէք Տէրեանից», պատասխանեցի. «Ո՛չ միայն Տէրեանից այլեւ Վ. Թէքէեանից…»: Ռ. Իշխանեանի աչքերը ճակատին թռան, շրթունքները կրծոտեց եւ՝ «Դէ՛հ, ասէք տեսնենք…», եւ ես իրար ետեւէ Թէքէեանէն, Սիամանթոյէն, Բակունցէն, Վարուժանէն ու Շահնուրէն հատուածներ արտասանելով «ռմբակոծեցի» զինք…: Այնուհետեւ մենք աւելի մտերմացանք, այն աստիճան որ համարձակութիւնը ունեցայ Շահնուրի «Նահանջի…» իսկական օրինակը տալ իրեն եւ ետքն ալ Օտեանի «Ընկեր Փանջունին»…:
Գ.- Հինգ հոլով ընդ եօթ հոլով: Հայոց լեզուի հանդէպ ակադեմական հետաքրքրութիւնն ու անոր գործածութեան ոլորտները աւելի ընդարձակելու խնդիրը հասցուցած էին զանազան վիճաբանութիւններու եւ քննարկումներու: Այսպէս էր օրինակ Հայոց այբուբենի հիմնադրութեան թուականի հարցը, գիտութեան զարգացման հետ ստեղծուող նոր բառերու, եզրերու եւ եզրոյթներու հայերէն համարժէքները ստեղծելը եւ մեր լեզուի մէջ հինգ կամ եօթ հոլովներու (բիւզանդական) վէճերը: 1970-ականներու սկիզբը կրկին սուր բնոյթ ստացած էր այս խնդիրը: Լեզուի կաճառն ու բանասիրական աշխարհի «մեծերը» տեղ մը հասած էին որ կոկորդ կոկորդի ինկած էին: Ուսանողներուս համար քիչ մը չափազանցուած կը թուէր այս պայքարը:
Այսպիսի տրամադրութեան մէջ առիթով մը, երբ կը զրուցէինք մեր դասախօսներուն հետ, համարձակութիւնը ունեցանք ըսելու թէ արեւմտահայերէնը այս հարցը լուծեր է վաղուց, ինչո՞ւ նոյնը չեն ըներ հոս: Կրկին Փրոֆ. Իշխանեան շրթունքները կծեց եւ ըսաւ. «Գիտէ՞ք, ճիշդ բան էք ասում, յաջորդ քննարկման կը բերեմ արեւմտահայերէնի պարագան»: Մեր լսարանի քանի մը սփիւռքահայ ուսանողներս օգտուելով այս դրական վերաբերմունքէն, անմիջապէս մեր խնդրանքը ներկայացուցինք եւ ըսինք. «Ընկե՛ր Իշխանեան, մենք աւարտելուց յետոյ գնալու ենք դասաւանդելու սփիւռքահայ դպրոցներում, որտեղ դասական ուղղագրութեամբ ենք սովորել եւ սովորեցնելու ենք։ Մեր առօրեայ լեզուն ու մամուլը եւ բոլոր գրքերը այդ ուղղագրութեամբ են լոյս տեսնում, հետեւաբար խնդրում ենք այս հարցը ներկայացնել ամբիոնի յետագայ նիստում, այսինքն՝ թող թոյլ տրուի մեզ դասական ուղղագրութեամբ ներկայացնել մեր գրաւոր աշխատանքները եւ քաջալերել մեզ նաեւ արտայայտուել արեւմտահայերէնով…»: Չեմ չափազանցեր, Իշխանեանի աչքերը փայլեցան եւ անցաւ գործի:
Ռաֆայէլ Իշխանեանի անուան միջնակարգ դպրոցը, Երեւան
Յաջորդ օրերուն ան դիմեց իր գործակիցներուն, մենք ալ մեր սիրած դասախօսներուն: Խնդիրը ստացաւ լուրջ բնոյթ: Դիմում գրեցինք, բացատրեցինք, խնդրեցինք եւ յանձնեցինք մեր սիրելի դեկանին (Բանասիրական բաժնի տնօրէն)՝ Փրոֆ. Մկրտիչ Մկրեանին, որ ծագումով վանեցի էր եւ մի երկու տարի յաճախած էր տեղւոյն վարժարանը:
Յաջորդ օրերուն մեզի կը մօտենային հինգ եւ եօթը հոլովականները եւ ամենայն վստահութեամբ կը հաւաստիացնէին թէ իրենք ամբողջ հոգիով պիտի պաշտպանեն մեր արդարացի խնդրանքը…: Սկսաւ ամբիոնի ժողովը «փակ դռների յետեւում…»: Զարմանալիօրէն բարձրաձայն վէճի ձայներ չկային: Քսան րոպէ ետք առաջինը դուրս եկաւ քարտուղարուհին փայլուն ժպիտով՝ բթամատը վեր պահելով, որմէ ետք դուրս թռաւ Իշխանեանը եւ՝ «Եղաւ, տղե՛րք, միաձայնութեամբ վաւերացուեց…»:
Ահա այսպիսին էին օրերը մեր ուսանած տարիներուն: Այժմ 50 տարի ետք կարօտով կը յիշենք այդ օրերը, երբ դրական ու արդիւնաւէտ հսկողութիւն մը սկսեր էր ամրապնդուիլ մեր հայրենիքին մէջ ի շահ մայրենի լեզուին: Այսօր նաեւ թախիծով կը յիշենք այդ օրերը, որովհետեւ ամէն րոպէ, ամէն վայրկեան ականատես կ’ըլլանք մէկ կողմէն արեւմտահայերէնի թաւալգլոր անհետացման, միւս կողմէն Տէրեանական, Չարենցեան, Բակունցեան եւ Թոթովենցեան արեւելահայերէնի աղաւաղման, բռնաբարման, խորթացման եւ «ացիա»ներով ու «ակցիաներով» բառերու լեռնակուտակման:
Լոյս իջնէ քու շիրիմիդ՝ հարիւրամեայ Ռաֆայէլ Իշխանեան եւ Աստուած փրկէ արեւելահայերէնը:
*****
1 comment
Մեր սերունդը բախտաւոր է, որ մեր ուսումնառութեան տարիներուն մեզի վիճակուեցաւ տեսնելու այդ ժամանակաշրջանի հպարտութիւն առթող երեւոյթները:Երբ հրաշալի վերելք կ՜ապրէր հայ մշակոյթն ու գրականութիւնը, արուեստն ու գիտութիւնը: Երբ Մեծ գրողներու շունչով ազգային ոգիի վերազարթօնք մը կ՜ապրէր հայրենի ժողովուրդը: Բախտաւոր ենք, որ աշակերտած ենք հանճարեղ դասախօսներու,
աշխարհահռչակ լեզուաբաններու, յայտնի մեծ գրականագէտներու:
Անկրկնելի դէմքեր, անմոռանալի անցեալ մը: