Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 25 յունիս 2023
Ա.- Մուտք
Վերջերս երկար ճամփորդութեանս ընթացքին այցելեցի Լոնտոն, Կիպրոս (Լարնագա եւ Նիկոսիա), Պէյրութ եւ հուսկ ապա Երեւան։ Ուղեւորութեանս գլխաւոր նպատակներէն մէկն էր զբաղիլ ՀԲԸՄ-ի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը (այսուհետեւ՝ ՄԿՀ) բանալու խնդրով։ ՄԿՀ-ն իր դուռերը բացած է 1926-ին, «Կղզի նման չիք մեր Կիպրիա»՝ (Կիպրոս) Նիկոսիա մայրաքաղաքին մէջ։ 2026-ին կը լրանայ այս փառապանծ եւ ՀԲԸՄ-ի երբեմնի հպարտութիւնը հռչակուած հաստատութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը։ ՄԿՀ-ի Լոս Անճելըսի Սանուցի թիկունքն ու քաջալերանքը վայելելով, ամէն տեղ խորհրդակցութիւններ ունեցայ հաստատութեան վերաբացման խնդրին շուրջ։ Սոյն յօդուածաշարքով պիտի աշխատիմ ներկայացնել ՄԿՀ-ի վերաբացումէն բխելիք համազգային օգուտներու թղթածրարը՝ յոյս ունենալով, որ ՀԲԸՄ-ի ներկայիս ղեկավարութիւնը նկատի կ՚ունենայ յօդուածաշարքը եւ կը վերանայի փակման իր որոշումը։ Հաստատութիւնը իր դուռերը փակեց 2005-ին՝ զարմանք ու արդար բարկութիւն պատճառելով ոչ միայն ՄԿՀ-ի հարիւրաւոր սաներուն, այլեւ ազգային-հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներուն, կրթական ասպարէզի եւ յատկապէս ազգային դաստիարակութեամբ մտահոգ մտաւորականներու։
Լիայոյս եմ նաեւ որ ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած անդամներն ու անոր առաքելութեան հաւատացողները նոյնպէս իրենց վերաբերմունքը կ՚արտայայտեն եւ կը դիմեն այսօրուան ղեկավարութեան՝ սոյն խնդրով։
Բ.- Ինչո՞ւ վերաբանալ
Այս յօդուածաշարքը կը հրատարակեմ քաջ գիտնալով այս խնդրով քիչ թէ շատ հետաքրքրուած մարդոց կարծիքները։ Ոմանց համար ՄԿՀ-ի հարցը կամ ճակատագիրը կնքած է ՀԲԸՄ-ի յետ Ալեք Մանուկեան ղեկավարութիւնը։ Ուրիշներ տակաւին յոյս ունին որ կարելի է լաւ պատրաստուած թղթածրարով մը ներկայանալ ՀԲԸՄ-ին, որ համոզիչ տուեալներու եւ անկէ անկնկալուած օգուտներու լոյսին տակ վերատեսութեան ենթարկէ 2005 թուականէն առաջ կայացուցած որոշումը։ Ըսողներ կան նաեւ, որ մեր ազգի նախապատւութիւննեերուն մէջ ՄԿՀ-ի բանալ-չբանալը երրորդական ու չորրորդական խնդիր մըն է՝ նկատի ունենալով Արցախի եւ ՀՀ-ի գոյութենական խնդիրը, սփիւռքի արագօրէն ուծացումը, արտագաղթը եւ այլն։ Մի քանի հոգի միայն քաջալերեցին մեր նախաձեռնութիւնը՝ ըսելով որ շարունակենք մեր ճիգերը եւ մեր զէնքերը վար չդնենք։
ՄԿՀ. փակ է։ Ինչո՞ւ
Անցեալին, ՀԲԸՄ-ի դպրոցական եւ մշակութային ցանցերէն դուրս եկան մեր ազգին նիւթական եւ բարոյական կարիքներուն հասնող սերունդներ, որոնք, երբ իրենց կարգը հասաւ, ստանձնեցին ղեկավար դերեր եւ առաջնորդեցին մեր գաղութները։
Կը հարցուի՝ ինչո՞ւ վերաբանալ ոչ միայն ՄԿՀ-ն եւ կարգ մը այլ դպրոցներ, երբ հայութեան մէջ մեծ տեղաշարժեր կը նկատուին՝ ընդհանրապէս արեւելքէն դէպի արեւմուտք եւ հիւսիս՝ դէպի Ռուսաստանի Դաշնութիւն։ Խուճապի մատնուած հաւաքականութեան մը նման, մեր գլուխը գրեթէ կորսնցուցած, կը լքենք ու կը հեռանանք մեր հազարամեայ բնակավայրերէն դէպի «ապահով» երկինքներ, ուր «մեր զաւակները աւելի լաւ ապագայ պիտի ունենան», ուր չկան պատերազմներ, տնտեսական կործանումներ ու ճգնաժամեր, ուր կարելի է «պատառ մը հաց շահիլ եւ մարդավայել» ապրիլ։
Ի հարկէ արտագաղթը եւ լքումը միայն մեզի յատուկ երեւոյթ մը չէ։ Մարդկութիւնը միշտ ալ ձգտած է աւելի բարեկեցիկ կեանքի՝ նոյնիսկ եթէ գէշ-աղէկ անցընէր իր օրը։ Արտագաղթը եւ լքումը կրնան չազդել չինացի, ճափոնցի, հնդիկ կամ ֆիլիպպինցի ժողովուրդներու ազգային գոյութեան վրայ, վասն զի գաղթողներու թիւը չնչին տոկոսն է այդ ժողովուրդներուն։ Մեր, ինչպէս նաեւ Արեւելքի քրիստոնեաներուն պարագային ժողովրդագրական լուրջ հետեւանքներ կ՚ունենայ արտագաղթը։ Հայութեան պարագային նկատուած է նաեւ որ մենք զիրար կը փնտռենք եւ կը ձգտինք իրարու մօտ ապրիլ։ Արտերկրի մէջ ասոր լաւագոյն վկայութիւններն են «հայկական» թաղերն ու թաղամասերը։ Ատենին կարելի եղած է օգտուիլ այս հանգամանքէն եւ կառուցել եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ։ Այս երեւոյթը կը նկատենք ԱՄՆ-ի Արեւմտեան ափին, Կիպրոս, Մերձաւոր Արեւելք, մասամբ Ֆրանսայի, Յունաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Հետեւաբար այս յարաբերական մօտիկութիւնը կը նպաստէ դպրոցաշինութեան։ ՄԿՀ-ը իր վերականգնուած եւ նոր կրթական ծրագիրներով զգալի օգտակարութիւն կրնայ ունենալ աշխարհաքաղաքական այս կացութեան մէջ։ Վերստեղծուած ՄԿՀ-ը բոլոր տուեալները ունի ըլլալու կարեւոր հիմնարկներէն մէկը, որ պիտի պատրաստէ գրագէտ, արհեստական բանականութեամբ զինուած եւ հայօրէն դաստիարակուած սերունդ մը, որ պիտի սպասարկէ հայութեան կարիքներուն։
Հետեւեալ հարցը խորապէս կը յուզէ զիս՝ ուրկէ՞ պիտի սնանին հայ կազմակերպութիւնները եւ ո՞ւր պիտի պատրաստուին հայօրէն մտածող եւ հայապահպանութեան համար պայքարող մեր միութիւնները, մանաւանդ ՀԲԸՄ-ը։ Սփիւռքի հարիւրամեայ փաստը ցոյց տուած է որ հայապահպանութիւնը սկսած է գերազանցապէս դպրոցէն, եկեղեցիէն եւ ակումբային կեանքէն։ Հայը հայուն քով ըլլալը ուժեղ շփում, շաղախ եւ զօդում յառաջացուցած է հասակ առնող սերունդներու մէջ։ Հայ դասական կուսակցութիւններն ալ իրենց անդամները գոյացուցած են իրենց հովանաւորութեան տակ գտնուող վարժարաններէն եւ հայկական հաստատութիւններէն։
Միջին Արեւելքի մէջ ՀԲԸՄ-ը ամէնէն յարգուած ու ժողովրդական կազմակերպութիւնն էր, որուն հանդէպ ամէնէն թունդ կուսակցականներն անգամ հաւատք ունէին ու կը վստահէին։ Նախակրթարաններէն դէպի երկրորդական եւ ապա համալսարան փոխադրուող սերունդները անցած են Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութենէն (ՀԵԸ) եւ մտած ՀԲԸՄ-ի շարքերը։ Նոյնն է պարագան նաեւ այլ նմանօրինակ կազմակերպութիւններու հովանաւորութիւնը վայելող դպրոցներու եւ հոնկէ անցած սերունդներու։ Հարկ կա՞յ յիշեցնելու թէ ՀԲԸՄ-ի մէջ բարձրագոյն դիրքեր զբաղցուցած անձերու մեծ մասը այս ճամբով ընթացած է…։ ՀԲԸՄ-ի իւրաքանչիւր անդամ-անդամուհի լաւ կը յիշէ երկսեռ հաւաքներն ու մարզական ձեռնարկները, դաշտագնացութիւնները, ձիւնագնացութիւնները, Նաւասարդեան խաղերը, նոյնիսկ՝ «ֆուլկերոյթները» …(որքան ալ տարօրինակ թուայ ոմանց համար այս մէկը)։
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Մարզական կեանք
Պօղոս Նուպարեան սկզբունքով հիմնուած մեր Միութիւնը այսօր կը գտնուի անփառունակ վիճակի մը մէջ՝ չկան երբեմնի զանգուածային հաւաքները, «Մշակոյթի օրուայ» հանգանակութիւնները, գրեթէ վերացած են թատրոնը, երգչախմբային ու պարային համոյթները, որոնք իրարու քով կը բերէին մեր երիտասարդները եւ այդ մօտիկութենէն…կը ծնէին հայ ընտանիքներ։
Յոյս ունենանք որ հիմնարկութեան (foundation) վերածուած մեր Միութիւնը այս բոլորը նկատի ունենալով վերարժեւորման կ՚ենթարկէ դպրոցներու եւ մշակութային կեանքին հանդէպ որդեգրած իր քաղաքականութիւնը։ Կ՚արժէ յիշեցնել թէ ՀԲԸՄ-ի նախկին անդամակցութենէն կ՚ակնկալուի աւելի գործօն եւ վճռական կեցուածք։
(Շարունակելի)
(*) Հեղինակը 13 տարի պաշտօնավարած է ՄԿՀ-էն ներս (1978-1991), ապա ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանէն ներս (1991-2012, Քալիֆորնիա), որպէս հայագիտական առարկաներու ուսուցիչ, միաժամանակ դասաւանդած է գոլեճներու եւ Երուսաղէմի Հոգեւոր ճեմարանէն ներս։