Մորմոքող խորհրդածութիւններ

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 29 Մայիս 2021

Քանի մը տարի առաջ կ’ըսէինք՝ ժամանակակից կեանքը կ’ընթանայ էլեկտրոնային արագութեամբ, հիմա կ’ըսենք «քվանտում»ային (quantum) խելապտոյտ թափով: Ժամանակակից հաղորդակցութեանց միջոցները՝ մամուլ, զանգուածային լրատուութիւն եւ այլն, մեր աշխարհը դրած են գլխու պտոյտ տուող արագութեամբ փոփոխութիւններու հեղեղի մը մէջ: Երկու օր առաջուայ գիւտը արդէն «հինցած» է, վեց ամիս առաջ գնուած բջջայինը էլեկտրոնային սարքերու աղբամանը նետելու առարկայ մըն է այլեւս:

Նոր սերունդները տիւ եւ գիշեր նորութիւններու ետեւէ ինկած են. կարելի է անքուն, անօթի եւ անօթեւան մնալ, բայց առանց նոր բջջայինի՝ կեանքը անիմաստ է ու դատարկ… Այս պայմաններուն մէջ մեր հայ երիտասարդութիւնը նոյնպէս կը գտնուի նոյն ոլորապտոյտին մէջ: ՄԵծ է թիւը անոնց, որոնց համար այլեւս երկրորդական բաներ են ազգային հետաքրքրութիւնները, համաշխարհային խմորումները, նոր գիրքերը, ամուսնութիւնը, զաւակ բերելը (ո՜վ գլուխ ունի կնիկ-ամուսին եւ զաւակներու մասին մտածելու…): Ազգային լեզո՞ւ, ազգային սովորութիւննե՞ր, աւանդութիւննե՞ր, ազգային տարա՞զ (T-շապիկը վրադ քաշէ ու գնայ գոլեճդ կամ համալսարանդ…): Ինչո՞ւ հանրութեան մէջ երեւալ բնական մազերով, շրթունքի ու եղունգի ընդունուած գոյներով եւ շնորհքով տաբատով, ո՞վ որոշեր է այս կարգն ու սարքը… Իսկ եկեղեցի, հաւատք – անոնք անցեալի խաւար դարերուն կը պատկանին այլեւս:

Ճիշդ է որ նոր սերունդը չի կրնար նախորդ սերունդին պէս ապրիլ եւ անպայման անոր բարոյական չափանիշերով շարժիլ, չէ՞ որ նախորդ սերունդն ալ իրմէ առաջուանին հանդէպ նոյն կերպ վարուած էր: Հայրերու եւ որդիներու միջեւ միշտ ալ եղած են մօտեցման տարբերութիւններ, բայց վերջին տասնամեակներուն տարբերութիւնները վերածուած են հակասութիւններու՝ յատկապէս «հաստատուած» կամ «կայուն» Արեւմուտքի մէջ: Դիալեկտիկական մօտեցմամբ նորը ընդունելի է, երբ կը ծառայէ հասարակութեան աշխատաւոր դասակարգին բարօրութեան, արտադրող եւ մարտնչող մտաւորականութեան գաղափարներուն զարգացման ու տարածման, եւ արտադրութեան միջոցները կը ծառայեն ընդհանուրին շահերուն, այլ ոչ թէ փոքրամասնութեան մը՝ ընտրանիի մը կամ իբր թէ «առանձնաշնորհեալներու» խմբակի մը: Նորութիւնները քանդիչ կը նկատուին, երբ կը վնասեն ազգերու բնականոն զարգացման, մարդկութեան համախոհութեան, իրարհասկացողութեան ու փոխըմբռնման: Ցաւօք կը նկատեմ թէ նորութիւններու կոյր կապկումը դրական արդիւնքներու չեն հանգիր մեր մէջ:

Ժամանակակից դառնալու արշաւին մէջ սփիւռքը սկսաւ նոր որակի քայքայման մը ենթարկուիլ: Այդ քայքայումը եւ փտումը առաջ ալ կար, բայց աչքի զարնող եւ ճչացող չէր: Առարկայական պատճառներով Միջին արեւելքի եւ Հայաստանի տնտեսական եւ քաղաքական կեանքը ահաւոր ցնցումներու ենթարկուեցաւ շատ կարճ ժամանակի մը մէջ եւ մեր կազմակերպութիւնները, եկեղեցին, դպրոցը, նոր աշխարհներու մէջ յայտնուածներս չկրցանք գէթ մասամբ առաջքը առնել: Պարզապէս ձախողեցանք:

Առաջին հարուածը ստացաւ հայոց լեզուն: Օրինակ, լայնածաւալ Ռուսաստանի մէջ, հակառակ ընտանիքի լեզուն հայերէնն ըլլալուն, հոն հասակ առնող սերունդը շատ արագօրէն դարձաւ ռուսախօս, հայախօսութիւնն ալ մնաց ծնողներու եւ տատիկ-պապիկներու սահմանափակ  հայերէնի մակարդակին վրայ: Նոյն էր պատահած նաեւ յետ-ցեղասպանութեան տարիներուն Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու մէջ, մինչ Միջին արեւելքի եւ Իրանի մէջ հայոց լեզուն մնաց մայր եւ հաղորդակցութեան լեզու:

Ի՞նչ պատկեր կը ներկայացնեն այսօր հայոց լեզուն, հատուկենտ հայ վարժարանները եւ հայկական աւանդութիւնները: Հայ գիրքն ու հայ մամուլը գրեթէ յայտնուած են կարմիր գիրքին մէջ: Այս բոլորին վրայ աւելցաւ նաեւ համակարգչային աշխարհի, բջջային հեռաձայններու յեղափոխութիւնը: Երախայի ծծակի պէս բոլորին ձեռքն ու բերանն է ան, անոնցմով կ’ապրին, կը շնչեն եւ կը դաստիարակուին: Ժամանակը դարձաւ ամէնէն սուղ «ապրանքը» եւ ամէնէն անգտանելին: Մարդկութեան ճնշող մեծամասնութիւնը հիմա մի՛շտ ժամանակ չունի 800 բառէն աւելի երկար գրութիւն մը կարդալու, սիրտ ալ չունի կարդալու, ամէն գրութիւն պէտք է ունենայ հեռագրի մը կարճութիւնը եւ չորութիւնը:

Ինչո՞ւ գիրք հրատարակել եւ հանրութեան ո՞ր հատուածը պէտք է ըլլայ գիրքին թիրախը: Օրինակ ես, գրեթէ չորս տարի առաջ յուշերուս խորքին վրայ փորձեր էի ծննդավայրիս կեանքը պատկերել գեղարուեստական լեզուով, պատմուածքներով ու ակնարկներով (փորձագրութիւն- essay եւ էսքիզ): Վերջացուցեր եւ սկսեր էի տպագրութեան խնդիրները լուծելու հարցով զբաղիլ, բայց ներքին ձայն մը իր գլուխը կը ցցէր ու կ’ըսէր. «Որո՞ւն համար», «որո՞ւն հոգն է քու պատմութիւններդ», «ո՞վ պիտի կարդայ», «հայերէն ընթերցող մնա՞ց…»: Գոցեցի ծրագիրը  եւ ամէն ինչ դրի «ապահով» խտասալիկի մը մէջ (անկէ ալ փոխադրեցի USB), որպէսզի օրին մէկը … արտերկրեայ բանական էակները վերծանեն եւ հաղորդակից դառնան իրենցմէ 987 տարի առաջ մարդոց կեանքին՝ գրուած  գեղարուեստական լեզուով…

Ո՞ւր հասանք: Հասանք հոն, ուր հասեր էին մեզմէ առաջ լեհահայերը, Ռումանիոյ, Տրանսիլվանիոյ, Հնդկաստանի ու Հեռաւոր արեւելքի հայ գաղութները: Այժմ մեր աչքի առաջ ականատես կ’ըլլանք «մեր քիթին տակ» գտնուող հայ համայնքներու արագընթաց գունաթափութեան ու արմատներէն հեռացման: Կեանքի օրէ՞նք է արդեօք, միայն մե՞նք ենք յայտնուած այս տխուր կացութեան մէջ: Ի՞նչ պատահեցաւ 19-րդ դարէն Ամերիկաները հաստատուած լիբանանցի բոլոր յարանուանութիւններէն արտագաղթողներուն, ասորիներուն, Իրլանդացիներուն եւ սկովտիացիներուն, որոնք նոյնպէս այս ճամբան բռնեցին մէկ տարբերութեամբ, որ վերջիններս գրեթէ նոյն լեզուն կը խօսին եւ գրեթէ նոյն մշակոյթի կրողներն են:

Ըսածներս նորութիւններ չեն, ոչ ալ գիւտ մը ընողի յաւակնութիւններով հրապարակ իջած եմ, բայց կրկին անգամ կ’արծարծեմ այս վայրէջքին ու նահանջին խնդիրը: Իբրեւ վերջին ապաստան, խարիսխ ու ապաւէն կը մնայ՝ մեզի մնացած պատառ մը հայրենիքը, որ նոյնպէս կը գտնուի օրհասական վիճակի մը մէջ: Կը մնայ հաւաքաբար մտածել այս մասին, գլուխները իրարու քով բերել եւ առանց յիմար մրցակցութեան եւ ինքնագովութեան փորձենք սպեղանի մը գտնել:

Աւարտելով մորմոքող խորհրդածութիւններուս այս բաժինը, կը յիշեցնեմ լկտիութեան բացառիկ ներկայացուցիչ Ի. Ալիեւի արտայայտութիւնը. «Հայերը կառավարել չեն գիտեր եւ պետութիւն վարելու ատակ չեն…»: Պիտի կարենա՞նք հաւաքական ճիգերով բերնին դասը տալ քոչուորներու յետնորդին եւ յանդգնութիւնը պիտի ունենա՞նք ինչ-որ GPS-ներով սահմաններ «ճշդելու» ելած սահմանազատողներուն:

1 comment
  1. Վարձքդ կատար, գրիչդ դալար, կեանքդ երկար:
    Հոյակապ վերլուծութիւն է: Պատուաբեր ըստ ամենայնի:
    Յափշտակութեամբ կարդացի եւ պիտի մաղթէի անոր տակը ստորագրելու իրաւունքը ունենալ:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like