Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 21 Սեպտեմբեր 2021
«Ի՞նչ պիտի ըլլային այդ բոլոր չարչարուած աղջիկները, լքուած հայ աղջիկները, եթէ չըլլային ցեղային հպարտութեամբ լեցուած հայ տղաքը: Որչափ կ’օրհնեմ անոնց տունը մութ գիշերներու տանջանքիս մէջ, ու ի նչ անհուն սիրով մը կը լեցուի ամբողջ էութիւնս անոնց հանդէպ: Այդ հրաշալի տղաքը, որոնք եթէ չկրցան զէնքով սրբել ամօթը քրիստոնեայ ազգի մը, գէթ իրենց մաքուր նուիրումով կրցան ստոր դատապարտութենէ մը ազատել իրենց ցեղակիցները»:
Սիրան Սեզա, 1924
Քսանմէկ տարեկան էր հեղինակը, երբ այս տողերը կը գրէր իր օրագիրին մէջ: Ամէն ինչ մնացեր էր Սկիւտար, Պոլիս՝ գերեզմաններ, յուշեր, դպրոց, հայրենի տուն, ընկեր-ընկերուհիներ, սէրեր, ամէն ինչ: Իր ունեցածը քոյրերն էին, Լիբանանի Ազունիէ հիւանդանոցին մէջ բուժուող թոքախտով հիւանդ բանաստեղծ եւ մարզիկ եղբայրը՝ Մատթէոս Զարիֆեանը: Տաղանդաւոր օրիորդ մը, հասուն հայուհի մըն էր այս ատեն, համարձակ եւ արժանի յաջորդ մը Պոլսահայ փայլուն աստղերու՝ Զապէլ Եսայեանի, Զապէլ Ասատուրի, Զարուհի Միսաքեանի (Ազատեան), Արշակուհի Թէոդիկի եւ այլ բարեսէր ու ազգասէր հայուհիներու: Աշխարհին իւրովի բացուող այս խրովտ ու ազգին գրեթէ բոլոր բարեմասնութիւնները իր մէջ ամբարած Օրդ. Սիրան Զարիֆեան այդ տարիներուն կ’ուսանէր Նիւ Եորքի Գոլումպիա համալսարանը, զոր աւարտելէ ետք կը վերադառնար Պէյրութ՝ կատարելու իր առաքելութիւնը:
1930-1980-կաններուն ուսում ստացող երկրորդականի եւ համալասրաններու հայուհիները, ինչպէս նաեւ երիտասարդութիւնը, անհամբեր կը սպասէին իր իսկ հիմնադրած «Երիտասարդ Հայուհի»ի հերթական համարին, որուն լուսաւոր էջերուն մէջէն Ս. Սեզա միտքերն ու հոգիները կը լուսաւորէր սփիւռքահայ իգական սեռին, իսկ հայ արական սեռին հրամայելու պէս կը յորդորէր յարգել իրենց քոյրերն ու ապագայ կողակիցները, եթէ կ’ուզէին առողջ ու ժամանակակից ընտանիք կազմել:
Տասնամեակներ ետք հանգամանքներու բերումով բարեբախտութիւնը կ’ունենայինք տիկինս ու ես ծանօթանալու գրագիտուհիին միակ զաւկին՝ Վահագնին եւ հարսին՝ քանդակագործ Անի (Մանուկեան) Քիւփելեաններուն հետ: Թէեւ ես Լիբանանէն ծանօթ էի «Տիկնանց Տիկինին» եւ լսած էի բազում դրուագներ իր կեանքէն, սակայն երբ զաւկին քաջալերանքով տիկնոջս հետ միասին կը ծանօթանայինք հազարաւոր էջերով ձեռագիր եւ անտիպ մշակութային, գրական ու հրապարակագրական ժառանգութեան, մեր առօրեան կը մտնէր նոր հունի մը մէջ եւ կեանքը կը ստանար նոր բովանդակութիւն մը: Արդիւնք՝ լոյս տեսան երկու յուշագրական վէպեր՝ «Գիրք ծննդոց» (2014) «Խորտակուած կեանքեր» (2015, Լոս Անճելըս):
Սակայն մի՛շտ մտահոգութիւն մըն էր զաւկին եւ մեզի համար Սեզայի արժեքաւոր ձեռագիրներուն եւ հարուստ նամակագրութեան ապագան: Ի՞նչ ապագայ կը սպասուէր այս հարստութեան, ո՞վ տէր պիտի կենար ձեռագիրներուն, որոնց մէջ կային հսկայական տեղեկութիւններ նախապատերազմեան (Բ.) շրջանի մտաւորական կեանքին, մշակութային եռուզեռին եւ կամաց կամաց ոտքի կանգնող սփիւռքին մասին: Մտահոգուած էինք եւ կը մտածէինք՝ ապագային հետաքրքրուողներ պիտի ըլլայի՞ն այս երկիրներուն մէջ… Կամաց կամաց դառն գուշակութիւնները կը մղէին զաւակն ու հարսը, նաեւ մեզ, լուրջ որոշումներ առնելու: Եւ օր մըն ալ Վահագն Քիւփելեանն ու տիկինը՝ Անին հարցուցին անխուսափելի հարցումը.
– Այս ձեռագիրները ի՞նչ պիտի ըլլան, ի՞նչ կը մտածէք դուք…
Պատասխանը մէկ էր.
– Եկէք հաւաքենք եւ մեզի հետ փոխադրենք Հայաստան:
Այդպէս ալ եղաւ եւ կարճ բանակցութիւններէ ետք որոշուեցաւ Սեզայի ժառանգութիւնը յանձնել Հայաստանի Եղիշէ Չարենցի անուան Արուեստի եւ Գրականութեան թանգարանին, որուն տնօրէնն էր արտակարգօրէն բարեխիղճ Կարօ Վարդանեանը: Եւ այսպէս երեք ճամպրուկ ձեռագիրները Սեպտեմբեր 1-ին ձեռամբ փոխադրուեցան Հայրենիք:
Պատուիրակութիւնը բաղկացած էր չորս անդամ-անդամուհիներէ՝ Տէր եւ Տիկ. Վահագն եւ Անի Քիւփելեաններ, Փրոֆ. Սիլվա Գարայեան եւ Տիկ. Նազիկ Գոճայեան: Ուրախ էինք բոլորս ալ, որ վերջապէս քոյր եւ եղբայր՝ Մատթէոս եւ Սիրան (Սեզա) Զարիֆեանները կը հանգրուանէին նոյն հարկին տակ, քով-քովի, ինչպէս եղած էին ողջութեան:
Համեստ արարողութեամբ մը Սեզան կը հայրենադարձուէր յետ մահու եւ այսուհետեւ իր ամբողջ հարուստ հաւաքածոն կը դրուէր հայրենի բանասէրին եւ ուսանող-ուսանողուհիին տրամադրութեան տակ: Յանձնման խորհրդանշական արարողութեան ներկայ էին քանի մը մտաւորականներ միայն, որոնց մէջ էին Դոկտ. Սուրէն Դանիէլեան, պատմաբան եւ բանասէր Գէորգ Եազըճեան, թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեան, որոնք իրենց ելոյթներով սերտօրէն շեշտեցին Սեզայի հարուստ արխիվին ունեցած նշանակութիւնը հայ մշակոյթին համար: Տիկ. Ն. Գոճայեան ներկայացուց բովանդակութիւնը եւ մեծ գրողին վաստակը հայ գրականութեան անդաստանէն ներս՝ յատկապէս պոլսահայ եւ սփիւռքահայ կեանքի ուսումնասիրութեան առումով: Ներկաներէն «Անկախ» թերթի խմբագիր Անահիտ Յարութիւնեան յաջորդ օրը կը գրէր.
«Սեզայի արխիվի «հայրենադարձութեան» շնորհիւ հետաքրքիր արկածներ ու բացայայտումներ են սպասում ոչ միայն գրականագէտներին, այլեւ անցեալի հայ կանանց հասարակական գործունէութեան ու կանանց (կնոջական, ինչպէս ասում են արեւմտահայերը) մամուլի պատմութեամբ զբաղուող մասնագէտներին»:
Ի հարկէ խորհրդածելու տեղիք տուաւ հայրենի մտաւորականութեան եւ մամուլի ճչացող…բացակայութիւնը, որ վերջերս զգալի երեւոյթ դարձած է մեր երկրին մէջ: Բայց կարեւոր չէ այդ, քանի որ Սիրան Սեզա կը հանգրուանէր հայրենիքի մէջ:
Մեզի կը մնայ յուսալ որ ներկայի «ձախորդ օրերը կու գան ու կ’երթան», եւ կը հասնի սերունդ մը, որ կը գիտակցի այս հայրենադարձութեան կարեւորութեան եւ մեղուի պէս սնունդ կը քաղէ Սիրան Սեզայի արխիվէն:
* Ձախէն աջ՝ Նազիկ Գոճայեան, սուրէն Դանիէլեան, Սիլվա Գարայեան, Անի եւ Վահագն Քիւփելեան, Կարօ Վարդանեան, Գէորգ Եազըճեան