Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 1 Դեկտեմբեր 2019
Պատահակա՞ն է արդեօք որ տարուան մահը խորհրդանշող աշնան եղանակին զուգահեռաբար մեզի կը հասնին «աշնանային» լուրեր արեւելքէն ու արեւմուտքէն։ Քիչ մը շատ չէ՞ այս տարուանը՝ հայրենիքէն ներս դժգոհութիւններու մագլցում, «գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ», հայոց լեզուի ուսուցման խնդիր Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական (այսուհետեւ՝ ԲՈՒՀ) հաստատութիւններէ ներս հայոց լեզուի, գրականութեան, պատմութեան, իսկ դպրոցներուն մէջ՝ կրօնի դասաւանդման հարցեր… Այսքանը չէր բաւեր կարծես եւ հիմա մեր սփիւռքահայ ազգային ինքնութեան արձանագրած ձախողութիւններուն վրայ կ՝աւելնան նոր վէրքեր՝ հայկական վարժարաններու հետզհետէ փակուելու տխուր ու մտալլկիչ դէպքերը։ Ահաւասիկ մեր առջեւ դրուած ՀԲԸՄ-էն մեզի ղրկուած յայտարարութիւն մը այս մասին.
– 25 Հոկտեմբեր 2019-ի ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան եւ Մանուկեան Հիմնարկի եւ վարժարանի հոգաբարձութեան ղրկած հաղորդագրութեամբ կը ստանանք հետեւեալը թէ՝ բազմաթիւ նկատառութիւններէ ելլելով եւ ամենակարեւորը՝ ի նկատի առնելով մեր աշակերտութեան շահերը (ընդգծումը մերն է – հեղ.), ԱՄՆ-ի Փասատինա քաղաքի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանը յառաջիկայ տարուընէ սկսեալ պիտի միացուի Քալիֆորնիոյ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին (Քանոկա Փարք)։
Այլ խօսքով եւ մաքուր հայերէնով՝ Հոկտեմբեր 2006-ին հիմնուած ՀԲԸՄ-ի սոյն վարժարանը կը փակէ իր դռները։ Պարզ ու յստակ։ Այսքանը կարծես թէ զօրաւոր ապտակ մը չըլլար, նոյն հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուի նաեւ թէ (յուրախութի՛ւն ծնողաց եւ աշակերտութեան) Փասատինայի աշակերտները կրնան իրենց ուսումը (9-րդ, 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններ) շարունակել Միութեան քոյր վարժարանին մէջ, որ ի միջի այլոց 30,6 մղոն (շուրջ 50 քլմ.) արեւմուտք կը գտնուի։
Նախ պէտք է գովել որ ՀԲԸՄ-ը համարձակեր էր նոր վարժարան մը հիմնել Մեծն Լոս Անճելըսի մէջ, ուր կ՚ըսուի թէ շուրջ 700,000 հայեր կայք հաստատած են։ Լոս Անճելըսի հայահոծ շրջաններն են Կլենտէյլը, Հոլիվուտը, Օրէնճ Քաունթին, Հիւսիսային Հոլիվուտը (North Holywood) եւ ընդհանապէս Սան Ֆերնանտօ Հովիտը (նայիլ քարտէսին)։ Մօտաւորապէս Պէյրութի եւ արուարձաններու չափ տարածք մը գրեթէ իրարու փակած, ուր հայեր կեդրոնացուցած են իրենց արհեստները, գործատեղիները, գրասենեակները, բժշկական գրասենեակներն ու դարմանատուները, վաճառատուները, դպրոցները, հոգեւոր, մշակութային եւ հեռատեսիլային կեդրոնները եւ այլն։ Այս քաղաքներու մէջ գրեթէ ամէն քայլափոխին կը հանդիպինք հայերէն եւ անգլերէն ծանուցումներու («Հայ սուփըրմարքէթ», «Նոր Գիւմրի» ճաշարան, «Զէյթուն», «Մուսալեռ» եւ «Տիգրանակերտ» ուտելիքի խանութներ, «Անուշավաճառ Սարգիս», «Արաքս տպարան», «Ապրիլ գրատուն» եւ այլն)։
Հայահոծ այս քաղաքներու հայ աշակերտութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը կը յաճախէ ամերիկեան հանրային վարժարաններ, ուր բացի քանի մը հայաշատ աշակերտութիւն ունեցող վարժարաններէ չկայ հայոց լեզուի ուսուցում, թէեւ սա չի նշանակեր ամէնեւին թէ անոնց կը պակսի հայկական ոգին, այսուամենայնիւ մեր աշակերտներու մէջ չի ծաղկիր ու չի զօրանար հայոց լեզուն, պատմութիւնն ու գրականութիւնը: Ամէն պարագաներու որքան ալ գովելի ըլլան տարուած ջանքերը այս ուղղութեամբ, նուազագոյն բծախնդրութիւն ունեցող հայ ծնողքը պիտի նախընտրէր ամէն գնով հայկական ամէնօրեայ վարժարան ղրկել իր զաւակները: Այս էր պատճառը որ երբ ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովը 15 տարիներ առաջ յայտարարեց նոր դպրոց մը բանալու իր պատրաստակամութիւնը՝ արժանացաւ ծափողջոյններու եւ լայն արձագանգ գտաւ ծնողներու մօտ: Այպիսով ՀԲԸՄ-ը կը հանդիսանար առաջին հայկական կազմակերպութիւնը, որ կը ստանձնէր շարունակել Սփիւռքի կարեւորագոյն առաքելութիւններէն մին՝ ԴՊՐՈՑԱՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ:
Այդ հանգրուանին ՀԲԸ Միութեան Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջ. Յանձնաժողովը ոչ միայն կը վայելէր ատենուան ղեկավարութեան վստահութիւնը, այլեւ ունեւոր բարերարներու եւ ծնողներու հաւաստիացումներն ու պատրաստակամութիւնը։ Ասոր լաւագոյն վկայութիւններէն մէկն էր ի հարկէ որ 9-րդէն 12-րդ դասարանցի ունեցող ծնողներ իրենց զաւակները շուտափոյթ կերպով յանձնեցին նորաբաց դպրոցին: Քանի մը տարիէն մենք ականատես եղանք այն փաստին, որ աշակերտները սկսան տալ որակաւոր հայկական ոգիով ներկայացումներ, պատուաւոր մասնակցութիւն ունեցան հայկական եւ տեղական-ամերիկեան ուսումնա-կրթական, մարզական եւ այլ ձեռնարկներու: Ուրեմն ի՞նչը պատճառ եղաւ փակման որոշում առնելուն: Ինչո՞ւ «յանկարծ» որոշում տրուեցաւ կեցնել յաջող ծրագիր մը: Պատճառը նիւթակա՛նն էր, կ’ըսուի հիմա:
Նիւթակա՞ն պատճառ թէ՞ այլ նկատառումներ
Դրամատիրական աշխարհին մէջ սովորական երեւոյթ մըն է դադրեցնել ծրագիր մը, որ յաւելեալ արժէք (surplus value) չի բերեր, հետեւաբար յատկացուած դրամագլուխը կը ներդնեն աւելի շատ նիւթական եկամուտ բերող գործերու մէջ: Ուրեմն, եթէ վարժարանը նիւթական վնաս կը պատճառէր, այս պարագային ՀԲԸՄ-ին կողմէ սփիւռքի հայութեան ամէնէն հարուստ անձերէն Վաչէ Մանուկեանին յանձնուած կամ իր կողմէ սեփականացուած հաստատութեան, այս վերջինիս ջամբած հայագիտական գիտելիքները, հայ ինքնութեան զօրացումը, հայապահպանութեան սատար կենալը այնպիսի ծրագիրներ են, որոնք թէեւ «օգուտ» կը բերեն, բայց կը վնասեն նիւթապէս: Ըսել է թէ նժարին վրայ անոնք կ’ըլլան պարտուողները:
Ըստ վարժարանին հոգաբարձութեան երիտասարդ անդամներէն Պրն. Երուանդ Տեմիրճեանին՝ թոռնիկը մեծանուն բարերար երջանկայիշատակ լիբանանահայ բարերար Երուանդ Տեմիրճեանի, խնդրոյ առարկայ վարժարանը միշտ ալ հաշուեկշիռներուն մէջ զգալի բաց կ’առաջացնէր, իսկ վերջին տարիներուն այդ բացը հասած էր երկու միլիոնի (՞): Հետեւաբար, բարերաներ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեաններուն համար այլեւս հնարաւոր չէր շարունակել այս ընթացքով:
Պրն. Ե. Տեմիրճեան նշեց որ ծնողներէն գանձուած կրթաթոշակները խիստ անբաւարար էին ընթացիկ կերպով շարունակելու վարժարանը, ըսուեցաւ նաեւ թէ մսխումները շատ են, կ’աշխատին մարդիկ, որոնց կարիքը չի զգացուիր եւ այլն: Խօսքեր կը շրջին նաեւ թէ վարժարանի նախկին սիրուած տնօրէնուհի Դոկտ. Արմինէ Մովսիսեանին գործէ արձակուելէն կամ իը հրաժարականէն ետք (՞) պաշտօնի հրաւիրուած էր թոշակի անցած ամերիկացի տնօրէն մը, որուն համար կ’ըսուէր թէ կը վարձատրուէր անհաւատալիօրէն բարձր աշխատավարձով մը:
Ընդվզումը կատարեալ էր ի հարկէ, ցնցող էր, նոյնիսկ շատերու համար անհաւատալի. չէ՞ որ ՀԲԸՄ Վ. եւ Թ. Մանուկեան վարժարանը լաւ համբաւ կը վայելէր Փասատինա, Կլենտէյլ եւ յարակից բնակավայրերու մէջ: Անխուսափելի ընդվզումը տեղի ունեցաւ դպրոցին բակին մէջ: Առաւօտեան երբոր հնչեց դասարանները մտնելու զանգը, աշակերտութիւնը մերժեց դասարանները անցնիլ. ընդհակառակն՝ անոնք, ծնողներ, նոյնիսկ շրջանին մէջ գործող հայկական նախակրթարաններու եւ ութամեայ վարժարաններու աշակերտներ իրենց ուսուցիչներով ու տնօրէններուվ մնացին բողոքի ցոյցին՝ իրենց ընդվզման արտայայտութիւնները միացնելով վարժարանի աշակերտութեան ձայնին:
Իր ապագայով խիստ մտահոգուած այլ վարժարանի մը ութերորդ դասարանցի աշակերտուհի մը եկեր էր բողոքի ցոյցին իր հետ բռնած ունենալով «Պէտք է մտահոգուիմ ո՛չ միայն ապագայ քոլէճիս այլեւ ապագայ դպրոցիս համար նաեւ» ցուցատախտակով (“I should be worrying about my future college, not my future high school!”), ըստ երեւոթին այդ աշակերտուհին կ’արտայայտէր իր եւ այլ հայկական նախակրթարաններու կամ ութամեայ դպրոցներու աշակերտութեան մտահոգութիւնը:
Այլ ցուցատախտակներու վրայ գրուած էին. «Մենք պիտի չձուլուինք», «Փրկեցէ՛ք մեր վարժարանը» լոզունգները (We Will Not Assimilate,” and “Save Our School!”): Ըստ բողոքի ցոյցի օրուան բուռն ընդդիմութեան խիզախ առաջնորդուհի Մարօ Նաճարեան Եագուպեանի, առնուած որոշումը համազօր է «նոր օրերու ազգային մաքրազտման» (ethnic clinsing): Նոյն հաւաքին վարժարանի հայերէնի, կրօնի եւ երաժշտութեան ուսուցիչ Պարթեւ Վրդ. Կիւլիւմեանին, «պէտք է ամուր կերպով թիկունք կենանք եւ պայքարինք ամէն մի հայկական վարժարանի գոյութեան համար՝ առանց որեւէ քաղաքական նկատառումներու»:
Սովորական դարձած որոշում մը եւս
Շատեր չեն զարմանար ՀԲԸՄ-ի դպրոց փակելու հերթական որոշման վրայ պարզ այն պատճառով, որ այդպիսիները լաւ կը յիշեն որ արդէն քանիերորդ անգամն ըլլալով ՀԲԸ Միութիւնը յատկապէս վերջին տասնամեակներուն իրարու ետեւէ որոշումներ առնելով փակած էր իր հովանիին տակ գտնուող հայկական դպրոցներ՝ Քանատայէն մինչեւ Միջին Արեւելք եւ Աւստրալիա: Քիչ թէ շատ ոեւէ լրջամիտ մարդ պիտի նշմարէ թէ ՀԲԸՄ-ի վերջին տասնամեակներուն «ընտրուած» նախագահներու եւ անոնց գործակից Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու կողմէ որոշակիօրէն կանխամտածուած քայլերը իսկական պատճառներն են դպրոցներու փակման այս տխուր փաստերուն:
Թուած ըլլալու համար կարգ մը դպրոցներ յիշենք Թորոնթոյի ՀԲԸՄ-ի Զարուկեան վարժարանը, Պոսթոնի ՀԲԸՄ-ի վարժարանը, Աւստրալիոյ Ալեքսանդր վարժարանը, ՀԲԸՄ-ի մեծագոյն նուաճումներէն մէկը հանդիսացած Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը՝ միակ գիշերօթիկ ու հռչակուած դպրոցի փակումը, ապա նաեւ Լիբանանի ՀԲԸՄ-ի բոլոր վարժարաններու միացումը մէկ մէկ դպրոցաշէնքի մէջ եւ ահաւասիկ այս օրերուն ալ ՀԲԸՄ Վ. եւ Թ. Մանուկեան Վարժարանի փակումը: Առ ի տեղեկութիւն յիշենք նաեւ թէ՝ Տիթրոյթի Ալեքս եւ Մարի Մանուկեան վարժարանը դարձաւ charter տեսակի դպրոց, որպէսզի պետական պիւտճէէն օգտուին տարեկան ծախսերը փակելու համար, այս պատճառով ալ սոյն վարժարանը հազիւ փրկուեցաւ փակուելէ, թէեւ աշակերտութեան զգալի մէկ մասը հայեր չեն:
Տողերուս հեղինակին ականջին մէջ տակաւին կը հնչեն 1990-ական թուականներուն Միութեան նախագահութիւնը ստանձնած լուսահոգի Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի խօսքերը, որոնք հնչեցին ԱՄՆ-ի ՀԲԸ Միութեան վարչութիւններու ատենապետներու խորհրդակցութեան ատեն Միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, 1993թ. Նիւ Եորք: Ան յստակօրէն ըսաւ թէ մեր հայրենիքը կը պարզէ այնպիսի վիճակ մը, որ կը թելադրէ մեզի մեր ուժերն ու օգնութիւնները առաւելաբար կեդրոնացնել Հայաստանի շուրջ:
Սա ինքնըստինքեան կը յուշէր այն մասին որ ՀԲԸ Միութիւնը կը խորհրդածէր յատկացումներու նոր ծրագիրներու դասաւորումներու եւ պատշաճեցումներու վրայ: Այն ատեն մեզմէ ոմանք բնազդօրէն փորձուեցան մտածել թէ նիւթական օգնութիւններու այլ ուղղութեամբ տարուիլը պիտի վնասէ կարգ մը ծրագիրներու իրականացման: Եւ շատ չուշացաւ այդ մտահոգութիւններու կամաց-կամաց իրականացումը: Արդարեւ այդ տարիներուն սկսաւ յաճախակիօրէն շրջել Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթ. Հաստատութեան շուրջ մտահոգիչ լուրերը, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիճեան վարժարանը բարձրացուց կրթաթոշակները, Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանն ու Դարուհի Յակոբեան վարժարանները «ամուսնացուեցան» եւ այլ: Այս բոլորին վրայ եկաւ աւելնալու նաեւ ՀԲԸՄիութեան Երեւանի Ամերիկեան Համալսարանի (AUA) ծախսերուն մասնակցութիւնը, եկեղեցիներու եւ Ս. Էջմիածնի հետ առնչուող շինարարական աշխատանքներուն բերուած առիւծի մասնակցութիւնը:
Վերոյիշեալ նիւեորքեան խորհրդաժողովէն կարճ ատեն մը առաջ արդէն դադրեցուած էր Արեւմտեան ԱՄՆ-ի մէջ հռչակ վայելող ՀԲԸՄ-ի քառաձայն երգչախումբին գործունէութիւնը (խմբավար՝ Հենրիկ Անասեան, այժմ տարիէ մը ի վեր վերականգնուած)՝ միշտ պատճառաբանելով ծախսերուն չդիմանալու պարագան, ապա հրապարակէն հանուեցան այնքան ժողովրդականութիւն վայելող ՀԲԸՄ-ի Նաւասարդեան խաղերը, որոնք այնքան խանդավառութեամբ կը նշուէին եւ այնքա՜ն երիտասարդներ կը հաւաքագրուէին Միութեան շուրջ (այժմ այդ նախաձեռնութիւնը անցած է ՀՄԸՄ-ին):
Ո՞ւր կ’երթայ Պօղոս Նուպար Փաշայի, Զարեհ Նուպարի, Կիւլպէնկեանի, Գարակէօզեանի, Ալեք Մանուկեանի ղեկավարած ՀԲԸՄ-ը։
Հարց կու տանք այս բոլորէն ետք՝ ո՞ւր պիտի հասնի այս նահանջը: ՀԲԸՄ-ի ղեկավարութիւնը ոչ մէկ նահանջ կը տեսնէ իր գործունէութեան մէջ եւ անոր դիմաց կը բերէ իր արձանագրած յաջողութիւնները Հայրենիքի եւ Արցախի մէջ (՞), կը ներկայացնէ իր հաստատած կրթաթոշակներով ու յատկացումներով ԱՄՆ-ի եւ այլ երկիրներու մէջ յետ-համալսարանական կրթութիւն ու մասնագիտութիւն ստացած (post graduate) երիտասարդներու ասպարէզային յաջողութիւնները (կարդալ AGBU The Insider պարբերաթերթը): Աստեղ նշենք թէ այդ յատկացումները մէկ մասն են միայն պահանջուած կրթաթոշակներու եւ այլ ծախսերու: Միութիւնը կը նշէ նաեւ թէ տակաւին կը շարունակէ սատար կենալ կարգ մը ազգային հաստատութիւններու:
Վերը թուարկուածները նորութիւններ չեն. համահայկական այս պատկառելի Միութիւնը միշտ մասնակցած է հայութեան նիւթական կարիքներուն դեռ «մի բան էլ աւելին», հետեւաբար ինքնապաշտպանութեան համար կարիք չկայ թուելու զանոնք, ուրեմն կը հակուինք մտածելու թէ՝ կա՛մ ՀԲԸ Միութիւնը փոխած է իր օգնութեանց նախապատուութեան շարքը եւ սկսած է մտածել նիւթական շահաբերութեան տեսանկիւնէն եւ կա՛մ կը գտնուի նիւթական նեղ կացութեան մէջ: Իսկ մեր դիտարկումներն ու վերլուծութիւնները արդէն մեզ կը յուշեն թէ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ղեկավար անդամներէն շատեր, ներառեալ վերջին երկու նախագահները կը ղեկավարուին զուտ ամերիկեան չոր շահադիտական մօտեցումով ու հոգեբանութեամբ, այսինքն՝ դադրեցնել այն յատկացումները, որոնք նիւթական շահ չեն բերեր եւ «բեռ են» Միութեան վրայ:
Կար ատեն մը, երբ ՀԲԸ Միութեան Շրջանակային վարչութիւնները կ’ընտրուէին անդամակցութեան քուէներով կամ փոխգիրներով (proxy), այսինքն կը գործէր անդամակցութիւն եւ անդամներու ձայն տալու սկզբունքը, որուն պարագային անդամակցութիւնը իր արդար տեղը կ’ունենար Միութեան որոշումներուն մէջ: Ըսել կ’ուզենք թէ այդ երանելի տարիներուն ՀԲԸ Միութիւնը աւելի ժողովրդական (տեմոկրատական) կազմակերպութիւն մըն էր: Միութեան բազմաթիւ անդամներ հակառակ որ ընդդիմացեր էին անդամակցութեան անհրաժեշտութինը չէզոքացնելու այս քաղաքականութեան, մինչեւ օրս տակաւին իրաւամբ կը պնդեն իրենց տեսակէտին վրայ, բայց այդ պնդումները կը շարունակուին հաշուի չառնուիլ: Ուրեմն ի՞նչ՝ մի խումբ մարդի՞կ կ’որոշեն արդեօք Միութեան առնելիք քայլերն ու քաղաքականութիւնը՝ ըստ իրենց նախապատուութիւններուն ճաշակին: Ըստ էութեան այդպէս է իրականութիւնը: Մեզի կը մնայ մտածել թէ՝ այս համահայկական Մեծ Միութիւնը կը գտնուի նահանջի ու գահավիժումի ընթացքին մէջ: ՀԲԸՄ Մեծ Միութիւնը այժմ վերածուած է հաստատութեան մը կամ հիմնարկի մը (foundation):
Պահն է զգաստանալու:
Մետաղադրամին Միւս Երեսը
Յստակ թիւ մը չունինք Պըրպէնք-Կլէնտէյլ քաղաքներէն Փասատինա եւ Ալթատինա երկարող քաղաքներու հայ բնակչութեան թիւին մասին, հաւանաբար 200,000-ի կը հասնի անիկա: Ամբողջ այս տարածքին մէջ կան բազմաթիւ մանկապարտէզներ, հայ եկեղեցիներու հովանաւորութեան տակ բացուած միօրեայ դպրոցներ, քանի մը նախակրթարաններ եւ ութամեաներ: Չկայ երկրորդական վարժարան:
Մօտաւոր հաշուարկով 35,000 ընտանիք հաստատուած է այս տարածքին մէջ եւ դարձեալ մօտաւոր հաշուարկով 65,000 դպրոցական տարիքի հայ աշակերտներ կ’ուսանին նշուած տարածքներուն դպրոցներուն մէջ: Շարունակելով մեր կլորցուած թիւերը, նշուած տարածքին աշակերտութեան շուրջ 300-ը կը յաճախէ հայկական երկրորդական վարժարան` ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարան (Փասատինա) եւ Հոլիվուտի մէջ հաստատուած Ալեք Փիլիպոս վարժարան. ուրեմն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կը յաճախէ ամերիկեան հանրային երկրորդական դպրոցներ:
Յիշեցնեմ թէ՝ այս տխուր պատկերէն շատ տարբեր չէ Լիբանանի հայ աշակերտութեան պարագան: Մեր վերջին Լիբանան այցելութեան 2017-ին, պարզեցինք որ հոծ թիւով հայ ընտանիքներու աշակերտներ կը յաճախեն օտար սեփական վարժարաններ՝ մեծ գումարներ վճարելով որպէս կրթաթոշակ: Առաջուան Լիբանանը չէ՛ դժբախտաբար: Տասնհինգ տարուայ լիբանանեան թայֆէեական կռիւներէն ետք այն ատենուած սերունդը մեծցաւ տարբեր պայմաններու տակ եւ ենթարկուեցաւ օտար եւ խորթ պայմաններու ներքոյ՝ չըսելու համար թէ վերջին 15-20 տարիներուն ընտանիք կազմած երիտասարդները իրենց զաւակները հեռու պահեցին հայ դպրոցէն:
Նոյնն է պարագան Ֆրանսայի մէջ, իսկ աւելի ողբերգական է Ռուսաստանի Դաշնութեան տարածքին ապրող աւելի քան մէկ միլիոն հայութեան պարագան:
Երբ լուր տարածուեցաւ եւ անոր յաջորդեց Փասատինայի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանի փակման չարաբաստիկ լուրը, որպէս փակման պատճառ ըսուեցաւ թէ վերոյիշեալ վարժարանի աշակերտութեան թիւը չբարձրացաւ, որուն պատճառով կրթաթոշակներէ եկած մուտքը խիստ անբաւարար եղած է դպրոցը ոտքի պահելու: Ըսուածին մէջ հաւանաբար ճշմարտութեան հատիկ մը կայ, որուն շուրջ ստորեւ կ’ուզենք խորհրդածել:
Կրթավճարներու պարագան
Վերադառնանք նախորդ հատուածին մէջ բերուած թիւերուն եւ այնտեղէն ալ սկսինք մեր խորհրդածութիւնները:
ա.- 30-35,000 հայ ընտանիքներու մէջ շուրջ 125 ծնողնե՞ր միայն կրնան կրթավճար յատկացնել, որպէսզի հայկական վարժարան ղրկեն իրենց զաւակները (խօսքը կը վերաբերի միայն Վ. եւ Թ. Մանուկեան եւ Ալեք Փիլպոս, Հոլիվուտ, վարժարաններուն): Բազմաթիւ ընտանիքներու համար դեռես իսկապէս անհնար է մանաւանդ եթէ միջին եկամուտի ծնողներ են եւ կամ միջինէն ցած եկամուտ ունեցող ծնողներ, որոնց համար գրեթէ անկարելի է ամսական 800-1000 տոլար վճարել մէկ զաւկի համար: Հետեւաբար որո՞նց համար կը փափաքինք հայկական վարժարաններ բանալ նշուած տարածաշրջանին մէջ, երբոր սեփական վարժարան մը հազարաւոր տոլարներու եկամուտի կը կարօտի:
բ.- Իրօ՞ք մեր ծնողներու կարեւոր մէկ տոկոսը անկարող է պահանջուած նուազագոյն կրթաթոշակը վճարել: Վերապահութիւններ ունիմ այստեղ, որովհետեւ միջին թէ միջինի մօտ եկամուտ ունեցող ծնողներ իրենց ամուսնացող զաւակներու խրախճանքներուն համար աներեւակայելի ճոխութեամբ ու չտեսականութեամբ խրախճանքներ կը կազմակերպեն, հոգ չէ թէ ուտելիքներուն մեծ մասը կը լեցուի սեւ տոպրակներու մէջ…: Ինչո՞ւ աւելի համեստ չըլլալ: Համե՞ստ ըլլալ, հապա ե՞րբ պիտի զարմացնենք զիրար…
գ.- Պահ մը խորհինք թէ իրօք հայ ծնողքներու գերակշիռ մասը չի կրնար կրթաթոշակ վճարել իր զաւակին կամ զաւակներուն համար, թէեւ անկեղծօրէն կը փափաքի որ անոնք հայկական մթնոլորտի մէջ մեծնան ու դաստիարակուին հայ ոգիով: Կը մնայ ենթադրել, թէ վարժարան հիմնել ուզող եւ հովանուորող համապատասխան մարմինները (միութիւն, կազմակերպութիւն, եկեղեցի, կուսակցութիւն եւ այլն) իրե՛նք պէտք է հոգան ծախսերը հանգանակութիւններով, դրամահաւաքներով, շահութաբեր ձեռնարկներով եւ այլն: Վերջիններս անկարելի են՝ հիմնուելով հովանաւոր կամ հիմնադիր կազմակերպութիւններու կողմէ բերուած պատճառներուն վրայ թէ՝ բաւարար աղբիւրներ չունին, նման հարցերով զբաղելու, իրենց կը պակսին բաւարար կամաւոր աշխատողներ եւ կամ իրենք միայն դպրոց պահելու հարցեր չունին, այլեւ զանազան տեսակի հայօգուտ ձեռնարկներ իրենց տարեկան ծրագիրներուն մէջ, ինչպէս՝՝ եկեղեցի, հայրենակցական միութիւններ, թանգարան, երիտասարդական շարժումներ, մշակութային ձեռնարկներ, Հայկական Թելեթոն եւ այլն եւայլն:
Կարելի չէ արհամարհել թուարկուած պատճառները, ի վերջոյ մեր կազմակերպութիւնները քանի՞ բերան պիտի կերակրեն…Հ՛ոս է որ ՀԲԸՄ-ը եւ այլ բարեսիրական ու մշակութային կազմակերպութիւններ (ներառեալ Կիւլպէնկեան Հաստատութիւնը) պէտք է վերանային իրենց յանձնառութիւնները:
դ.- Ամէնէն ընդվզեցուցիչ պարագան հայութենէ զգալապէս պարպուած եւ այս երկրին մէջ բարձր դիքերու հասած արհեստավարժ ու բարձր եկամուտ ունեցող բազմաթիւ «ծագումով հայ» ծնողներու պարագան է: Անոնք ոչ միայն վստահութիւն չունին հայկական վարժարաններու ջամբած հայեցի եւ ամերիկեան մակարդակով (?) ուսման ու կրթութեան վրայ, այլեւ կ’արհամարհեն այն ինչ որ հայկական է: Ըսել որ անոնք ամբողջովին ուծացած են՝ ճիշդ չըլլար, որովհետեւ յաճախ այսպիսիները կը տեսնենք որ եկեղեցի («չըրչ») կը յաճախեն, բայց երբեմն իրենց դէմքին վրայ թթուածութիւն կը նկատենք, եթէ օրուան պատարագիչը միայն հայերէնով քարոզ տայ: Անոնք կը հաւատան թէ ամերիկեան հռչակուած հանրային վարժարաններ կամ սեփական վարժարաններ ղրկելով իրենց զաւակները՝ աւելի նուազ ստորակայութեան զգացում կ’ունենան (՞), ապա նաեւ ամբողջութեամբ կ’ընդելուզուին (integriate) ամերիկեան «մե՜ծ» կեանքին ու կը յաջողին ապագային…: Այսպիսիներուն պէտք է յաճախ յիշեցնել թէ մեր հատուկենտ հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ երիտասարդները դիւրութեամբ կ’ընդունուին Քալիֆորնիայի եւ ԱՄՆ-ի հռչակուած համալսարաններ:
ե.- Սեփական դպրոց պահելը ամէն երկրի մէջ դժուար է, հաւանաբար այս առումով միայն Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նման հսկայական նիւթական աղբիւրներ ունեցող դպրոցները կամ ուսումնական հաստատութիւններն են, որոնք կրնան դիմանալ դպրոցներու ահագին ծախսերուն: Ի միջի այլոց պէտք է յիշել թէ այս առումով ամէնէն երանելի վիճակի մէջ կը գտնուի Կիպրոսի Հանրապետութեան «ՆԱՐԵԿ» Ազգ. Վարժարանը իր երեք ճիւղերով՝ Նիկոսիա, Լարնագա եւ Լիմասոլ քաղաքներու մէջ՝ շնորհիւ Կիպրոսի բարեխնամ կառավարութեան եւ ասպնջական յոյն ժողովուրդին: Յիշեցնել պէտք է որ «Նարեկ»ի բոլոր ծախսերը կը հոգայ պետութիւնը հանրային վարժարաններու հաւասար, առանց միջամտելու կրթական ծրագրին:
Ի հակառակն Կիպրոսի, աշխարհի «ամէնէն հարուստ» տնտեսութիւնը ունեցող ԱՄՆ ո՛չ մէկ լումա կը յատկացնէ փոքրամասնութիւններուն ինքնութեան օժանդակող վարժարաններու, հակառակ այն իրողութեան որ այդ ծնողներէն տուրքերու տեսակներ կը գանձէ: Արդար ըլլալու համար այս առումով պէտք է յիշել եւ գովել ամերիկեան Charter դպրոցներու պարագան, որ թեթեւ մխիթարանք մըն այս կացութեան մէջ:(1)
Վերջացնելու համար մէջբերեմ աշխարհահռչակ աստղագէտ, Բիւրականի աստղադիտարանի հիմնադիր եւ երկար տարիներ Հայաստանի Կաճառի (Academi of Sciences) Նախագահ եւ Աստղագէտներու Միջազգային Միութեան Նախագահ Վիկտոր Համբարձումեանի վկայութիւնը հայեցի ուսման մասին.
– Ինձ յաջորդող սերունդներին, թոռներիս, ծորերիս կտակում եմ՝ տիրապետել Հայոց լեզուին: Հայոց լեզուն ինձ համար ամենաթանկն է: Գիտցէք, որ իմ կեանքի ամենամեծ երջանկութիւնը եղել է ու մնայ՝ քանի ապրում եմ Հայոց լեզուին իմ տիրապետելուց»:
======================
– Հեղինակը Պէյրութի ՀԲԸ Միութեան Յովակիմեան-Մանուկեանի վարժարանէն է, շուրջ քառասուն տարուայ ուսուցչական եւ մանկավարժական վաստակ մը կը վայելէ Կիպրոսի Մելգոնեան գիշերօթիկէն մինչեւ ԱՄՆ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վրժ., Երուսաղէմ՝ որպէս «Սիոն»ի խմբագիր եւ Ընծայարանի դասախօս:
—————————–
(1)Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեան, «Չարթըր վարժարաններու այլընտրանքը Ամերիկայի հայկական կրթական հաստատութիւններուն համար», «Նոր Օր» շաբաթաթերթ, Լոս Անճելոս, 21 Նոյեմբեր 2019, էջ 29: Charter-ը յատուկ պայմանագրով դպրոց մըն է, ուր տուեալ ազգային փոքրամասնութիւնը (տարրը) կը դասաւանդէ իր մայրենի լեզուն եւ պատմութիւնը, մեծամասնութիւնը տուեալ ազգային խումբի աշակերտներէ բաղկացած է, մօտ 80-85%, մնացեալները այլ ազգային հաւաքականութիւններէ կու գան, իսկ պաշտօնեաները եւ ուսուցիչները կը վճարուին պետական դպրոցներու հաւասար աշխատավարձով:
————————————-
– Այստեղ պէտք է նշել ուրիշ տխուր փաստ մը եւս, որ կը վերաբերի Հոլիվուտի գիրկին մէջ հաստատուած «Արշակ Տիգրանեան վարժարանի պարագան: Երկար տարիներ գաղութին ծառայելէ ետք, դարձեալ նիւթական դժուարութիւնները պատռուակ բռնելով փակուեցաւ ՝ ափ ի բերան ձգելով գաղութը: Ո՞վ պատասխան պիտի տայ: