Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 2 Սեպտեմբեր 2023
Խմբագիր, հրապարակագիր, ակնարկագիր եւ երգիծանկարիչ Գրիգոր Քէօսէեան ինքնատիպ անձ մըն է, որուն մէջ յաջողապէս եւ համերաշխօրէն կ’ապրին ու զիրար կ’ամբողջացնեն նշուած չորս շնորհքները:
Հրապարակագիր Գ. Քէօսէեան ունի համոզիչ լեզու, մաքուր արեւմտահայերէն, պատկերաւոր ոճ, որ հեռու է դարձդարձիկութենէ: Միտքը յստակ է ու պարզ: Չենք հանդիպիր աւելորդ հռետորաբանութիւններու եւ բառապաշարի անհարկի ցուցադրութեան:
Ահաւասիկ, օրինակ, այսպէս կը նկարագրէ Երեւանի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող «Դրամատիկական թատրոնի» հիմնումը եւ անոր համբաւին շատ արագ տարածումը, որ տեղի ունեցաւ մեր ուսանողութեան տարիներուն, մեր իսկ աչքին առջեւ:
«Երեւակայեցէք հետեւեալը.- Մարդ մը իր մէկ ոտքը կը դնէ ուրիշի մը տան սեմէն ներս: Յետոյ երկրորդը կը դնէ: Քաղաքավարօրէն կը ժպտի տանտէրերուն, ապա կ’երթայ գրաւել անկիւն մը: Շրջան մը ետք կը բերէ իր կահ-կարասին եւ տանտիրոջ կ’ըսէ.- Դո՛ւրս գնա այստեղէն որ ես ինքս հաստատուիմ: …Ու կը հաստատուի» («Տպաւորութիւններ, Թատրոնը Հայաստանի մէջ», “Երեւանի դրամատիկական թատրոնը”, էջ 48):
Եւ այսպէս՝ «Հայպետհրատ»ի մոխրագոյն շէնքին (Իսահակեան փողոց 26) մէկ անկիւնը երբ բացուեցաւ Դրամատիկական թատրոնը, շատ կարճ ատեն մը ետք ան դարձաւ թատերասէրներու ուխտավայրը եւ քիչ ետք մարդիկ սկսան այդ հսկայ շէնքին մասին ըսել՝ «Դրամատիկական»ի շէնքին այս կամ այն կողմը, ետեւը կամ առջեւը:
Ընթացիկ տարուան սկիզբը ստացայ վաստակաւոր խմբագրին, հրապարակագրին ու երգիծանկարչին «Հասկաքաղ» գիրքը, ընդամէնը 133 էջերէ բաղկացած (*): Կոկիկ ծաղկաքաղ մըն է զանազան տարիներուն տպուած ակնարկներու, հրապարակագրութիւններու, հարցազրոյցներու, մեկնաբանութիւններու, տոմսակներու եւ ի հարկէ երգիծանկարներու:
Խոր պատգամներ պարունակող «Հասկաքաղ»ը կը բաղկանայ երեք բաժիններէ՝ «Հրապարակագրութիւն», «Երգիծանկարներ – Գծագրութիւններ» եւ «Մեղուաճանճն»: Առաջին բաժնին մէջ առնուած հաւաքածոն ծաղկաքաղ մըն է՝ 1959-2015 թուականներուն զանազան թերթերու մէջ հրատարակուած յօդուածներու: Այստեղ կը հանդիպինք ազգային-հասարակական, մշակութային, կուսակցական եւ միջազգային կեանքէն առնուած հրապարակագրական գործերու, որոնց մէջ աչքի կը զարնէ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ, ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ, ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԸ, ՌԱՄԿԱՎԱՐԸ եւ ՀԱՅԸ: Կը նկատենք անաչառութեան նախապատւութիւնը եւ վատին, տգեղին ու անհեթեթին փնովումը: Այլ խօսքով՝ սեւին սեւ, ճերմակին ճերմակ կ’ըսուի: Ահաւասիկ հատուած մը «Նորագոյն հերոսներ» վերնագրեալ յանդուգն գրութենէն, որ կ’արտացոլացնէ Լիբանանի 1958 թուականի քաղաքացիական «կռիւներուն» հայ քաղաքական «միտքին» եւ պայքարին նպատակին խեղճութիւնը:
«…Աններելի է խնդալ հաւաքական ողբերգութեան մը վկայութեան պահուն: Անշուշտ տրամադրութիւնն ալ կը պակսի ծիծաղելու, երբ կը խօսինք մարդոց մասին, որոնց միակ պաշտօնը, առաքելութի՜ւնը ժպիտներ սահեցնելու մէջ կը կայանայ անզգամօրէն եւ անգթութեամբ: Երբ կ’ըսենք թէ ժողովուրդի մը տականքը կազմող այդ մարդիկը դարձուցինք մեծարելի հերոսներ, «գաղափարի անվեհեր պաշտպաններ», մեր գաղափարականը իջեցուցինք կրկէս, եղանք գռեհիկ, անսկզբո՛ւնք: Ուզեցինք մեր այլախոհ ազգակիցին բռնութեամբ հագցնել մեր գաղափարական շապիկը – որ յաճախ շապիկ մըն էր եւ ոչ թէ գաղափար – իսկ մեր ուժը եւ դրամագլուխը դարձուցինք այդ մարդակերպ երկոտանիները, որոնք երբեմն պատշաճ հայերէն իսկ խօսիլ չէին գիտեր: Չեն գիտեր մինչեւ այսօր»: (**)
Սուր տողեր են, որոնք թախիծով կը պատեն մեր հոգիները, որովհետեւ փոխանակ մեր ուժերն ու աղբիւրները յատկացնէինք հայակերտման, կրթութեան, Հայ Դատի հետապնդման եւ հայ երիտասարդներ քաղաքական մասնագիտութեան գծով պատրաստելու, «զիրար կերանք»: Ես վկան եմ այդ ողբերգական դէպքերուն, դէպքեր, որոնք սիրտս կը ճմլեն տարիներ ետքն անգամ:
«Հասկաքաղ»ին մէջ աչքի կը զարնեն հարցազրոյցները, որոնց մէջէն իրենց ամբողջ մեծութեամբ եւ արժանիքներով մէկական կերպարներ կը դառնան Շահան Նաթալին, Վահագն Տատրեանը եւ Արփիկ Միսաքեանը:
Երգիծանկարիչը
Երգիծանկարիչին հիմնական նպատակը ոչ թէ զուարճացնելն է, այլ՝ համոզելը: Լաւ երգիծանկար մը կը ստիպէ մտածել ընթացիկ իրադարձութիւններու մասին: Ընկերային-քաղաքական լաւագոյն ծաղրանկարիչը կրնայ փոխել ձեր կարծիքը որեւէ հարցի վերաբերեալ՝ առանց նոյնիսկ գիտակցելու, թէ ինչպէս ան յաջողած է հոն հասնիլ: Լաւ երգիծանկարիչը անպայման ուրախ ու երջանիկ արարած մը չէ, որ ուրախացնէ մեզ, այլ ան աւելի շատ հետաքրքրուած է մտածել տալով մեզ խնդրի մը մասին եւ կ’ուզէ որ անտարբեր չգտնուինք ներկայացուած նիւթին հանդէպ: Անոր սուր աչքը կը թափանցէ հարցին խորքը եւ կը փորձէ հասարակութեան ուշադրութիւնը բեւեռել անոր վրայ:
Այսպիսի նկարիչ մըն է Գրիգոր Քէօսէեան, որ լաւ ճանչցած է մեր հայ հասարակութիւնը իր թերութիւններով եւ գովելի կողմերով: Ան կը պատկերէ ներկան այնպէս ինչպէս կայ: Երգիծանկարը անտեսանելի, աներեւոյթ հայելի մըն է, որուն մէջ ընթեցողը կամ դիտողը կը տեսնէ իր ներսը, իր իսկական պատկերը: Յատկապէս չեն խնայուած մեր թերի կողմերը: Այս գործերուն մէջ ան արժանի յաջորդն է Ալեքսանդր Սարուխանի: Գրիգոր Քէօսէեան իր երգիծանկարներուն ընդմէջէն կ’առաքէ կարեւոր պատգամ մը՝ «Ծանի՛ր զքեզ» եւ գիտցի՛ր տեղդ մեր ընկերութեան մէջ:
(*) Գրիգոր Քէօսէեան, «Հասկաքաղ», Պոսթոն, 2022
(**) Էջ 65. «Նորագոյն հերոսներ», «Սփիւռք» շաբաթաթերթ, 4 Ապրիլ 1959
Գրիգոր Քէօսէեանի գործերը. «Գառզու – Մոգական աշխարհի մը նկարիչը»,1982 , «Գիր եւ գիծ, 1998, «Պրիսմակի գոյները», 2009, «Երգիծանկարներ», 2013
1 comment
Գրիգոր Քէօսէեանը նուէր է հայ համայնքին.