ՇԱՀԷՆ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 8 Դեկտեմբեր 2021
1998 թ., Ջաջուռ գիւղ, Գյումրիէն քանի մը քմ. Արեւելք: Օգոստոսեան տաք օր մը կը խոստանար Շիրակի մարզը: ՀՀ Պատմութեան թանգարանի հնադարեան համեստ ավտոբուսը կանգ կ’առնէ գիւղին տուներէն մէկուն առջեւ, տուն, զոր տեսած եմ հայ գեղանկարչութեան մեծերէն Մինասի կտաւներուն մէջ: Տան շեմին ծանօթ տեսարան մը կը յայտնուի՝ սեւազգեստ կին մը գլխիկոր եւ տատամսոտ քայլերով կը դիմաւորէ մեզ ու՝
– Վա՜յ, Շահէն ջան, էսիկ դո՞ւն ես, վա՜յ ախբերս, էս ի՞նչ էրեցիր, ընչի՞ լուր չտուեցիր,- ըսելով կը փաթթուի սեւազգեստ կինը Շահէնին ու կը շարունակէ.- հյուրեր ես բերել…ախր լուր տայիր…
– Հյուրեր չեն, հարազատներ են. էս զոյգը Ֆրանսիայից է՝ Միւթաֆեանները, էս էլ աղբօրդ ատաշն է (անուանակից), Մինասը, Լոսից…
Եւ այսպէս Շահէնը իր պապենական տունը մտնելու պէս կը մտնէ ներս եւ տանտիրոջ նման կը հրաւիրէ մեզ նստիլ:
Մենք Շահէնի գործերուն բերումով կը յայտնուէինք վաղամեռիկ նկարիչ Մինաս Աւետիսեանը տունը:
Շահէնը այդ տարիներուն միաժամանակ տնօրէնն էր թէ՛ Մարտիրոս Սարեանի տուն թանգարանին եւ թէ՛ Պետական Պատկերասրահի: Իր մտերիմները եւ իսկական արուեստագէտներն ու անշահախնդիր արուեստի գործիչները լաւ գիտեն եւ ատենին ալ ճիշդ գնահատած են զինք որպէս արուեստի գործիչ: Վերջերս՝ 2021-ի Հոկտեմբերին, Շահէնն ալ լքեց մեր աշխարհը եւ գնաց միանալու իր Էրզրումցի հօրը, Մարտիրոս Սարեանին, Ոստանիկ Ադոյեանին (Արշիլ Կորքի), Մինաս Աւետիսեանին, Յակոբ Յակոբեանին, Կալենցին, Ժանսեմին…:
Ո՞վ էր Շահէն Խաչատրեան:
1934-ին Հալէպ ծնած Շահէնը 1946-ին ծնողքին հետ կը ներգաղթեն հայրենիք: Փոքր տարիքէն տակաւին ծննդավայրին մէջ դպրոցական հանդէսներուն պատանի շահէնը մեծ ոգեւորութեամբ կ’արտասանէր Չարենցի «Գովք Հայաստանի»ն՝ արդար հպարտութիւն պարգեւելով ծնողած, մանաւանդ հօրը՝ ցեղասպանութեան տարիներուն որբացած Գէորգին: Կը հասնին հայրենիք, բոլորի նման կը տեղաւորուին յատկսցուած իրենց խուցին մէջ մինչեւ որ…: Հայրը քարգործ վարպետ էր եւ որդիներուն ու իր նման հայրենադարձներու հետ քարը քարին վրայ դնելով իրենց տունը կը կառուցեն հայրենի հողին վրայ՝ գրեթէ Զանգուի ափին:
Շուտով առիթ կը ներկայանայ բեմ բարձրանալու դպրոցական հանդէսին: Հալէպէն ներգաղթած ընտանիքի պատանին զգալի ոգեւորութեամբ կ’արտասանէ Եղիշէ Չարենցի յայտնի բանաստեղծութիւնը եւ կը հեռանայ բեմէն՝ սպասելով դիրեկտըր-տնօրէնին բաղաքշանքին…: Կատաղած ու կաս կարմիր դարձած տնօրէն շառաչուն ապտակ կը կ’իջեցնէ պատանիի երեսին…
…Այդ տարիներուն «ազգայնականութեան» եւ այլ յանցանքներու մէջ մեղադրուած «ժողովրդի թշնամի Չարենցի անունը տալն անգամ Սիպերիա աքսորուելու «վիզա» ստանալ կը նշանակէր…
– Մինչեւ այսօր չեմ մոռցած այդ ապտակը,- կը պատմէր յաճախ,- եւ մինչեւ օրս դէմքս կ’այրի…
Շուտով ի յայտ կու գայ երիտասարդութեան սեմին մտնող Շահէնի մէկ այլ ձիրքը, այս անգամ լողի մէջ: Կը շահի մրցանակներ, կը մասնակցի մարզական համահայկական եւ համամիութենական մրցումներու: Հայրենադարձ հարեւանները հպարտութեամբ հոս ու հոն կը յայտարարէին թէ Շահէնը իրենցմէ է, իրենց թաղէն, Հալէպէն, Էրզրումցիի զաւակ…
Շահէնի սիրտը սակայն արուեստաբանութեան համար կը բաբախէր…: Կը յաճախէ Ռեպինի անուան արուեստից յայտնի հիմնարկը եւ 1967-ին Մարտիրոս Սարեան զինք կը նշանակէ իր տուն-թանգարանի տնօրէն: Շուտով կը զգացուի Շահէնի բարեփոխիչ դերը, որ կը տեւէ քառասուն տարի…: Թանգարանը կը բարգաւաճի, կը հարստանայ, կը դառնայ հայ եւ օտարերկրեայ այցելուներու եւ պետական անձնաւորութիւններու այցելավայրերէն մէկը:
1991-ին նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը Շահէն Խաչատրեանին կը վստահի Հայաստանի Պետական Պատկերասրահի (Հանրապետութեան հրապարակ) տնօրէնութեան պաշտօնը: Շահէնի առաջին գործերէն մէկը կ’ըլլայ պահեստներէն, Հայաստանի եւ նախկին Խորհրդային Միութեան թանգարաններէն եւ անհատ հաւաքողներէն հայրենիք բերել շուրջ 500 հայ գեղանկարչութեան անգին գոհարներ, որոնց շարքին Այվազովսքի, Սուրէնեանց, Կալենց, Արշիլ Գորքի, Ժանսեմ, Պոլ Կիրակոսեան, Էդգար Շահին, Գառզու եւ այլ կտաւներ: Ան միաժամանակ իր խիստ բազմազբաղ վիճակին զուգահեռ յաճախ կը մեկնէր Հանրապետութեան շրջանները, կը հետաքրքրուէր տեղական թանգարաններու եւ պատկերասրահներու հարստացման խնդիրներով, որոնցմէ մէկուն տողերուս հեղինակը առանձաշնորհումը ունեցաւ ներկայ ըլլալու Գիւմրիի Ձիթողցեաններու դղեականման տուն-թանգարան-պատկերասրահին տուած այցելութեան:
Արուեստագէտներու այցելութիւնը Մարտիրոս Սարեանին
Դիւրին չէ եղած արուեստաբան եւ արուեստի անմրցելի գործիչ Շահէն Խաչատրեանի կեանքը դեռ առաջին իսկ տարիէն, երբ ստացած էր իր առաջին «սովետական մկրտութիւնը» Չարենց արտասանելու մահացու մեղքին պատճառով: Ժամանակը բուժիչ մեծ դեր կը կատարէ բարեբախտաբար եւ Շահէն իր ճակտի քրտինքով ու յամառ աշխատանքով կը հասնի հայ գեղարուեստի հիւպատոսի աստիճանին: ՀՀ երկրորդ նախագահի իշխանութեան հասնելէն քիչ անց երկու թանգարաններէն ինչ ինչ պատճառներով դադրեցուելէ ետք, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հրամանով Շահէնը կը նշանակուի ընդհանուր տնօրէն նոր հիմնուած Արշիլ Կորքիի անուան պատկերասրահն՝ Մայր Աթոռի կալուածէն ներս: Կարճ ատենուան մէջ թանգարանը կը հարստանայ մեծ վանեցի, ցեղասպանութենէն մազապուրծ ազատած եւ ամերիկեան ու ժամանակակից վերացական գեղանկարչութեան տիտաններէն Ոստանիկ Ադոյեանի – Արշիլ Կորքիի – գործերով: Ան վարիչ տնօրէնն էր նաեւ մէկ այլ վանեցի մեծ հայու անունով՝ «Խրիմեան Հայրիկ» թանգարանի:
Շ. Խաչատրեանի անուրանալի ծառայութիւններէն է հայ գեղանկարչութեան նուիրուած մատենաշարը, որոնցմէ կարելի յիշել Յովհաննէս Այվազոսքիի, Մարտիրոս Սարեանի, Յակոբ Յակոբեանի, Մինաս Աւետիսեանի եւ հայկական ցեղասպանութեան նուիրուած պատկերագիրքերը: Ան աչքի զարնող եւ տիտանական աշխատանք տարած է շուրջ 60 ցուցահանդէսներ կազմակերպելով ԽՍՀՄ եւ աշխարհի այլ երկիրներու մէջ՝ նուիրուած հայ մշակոյթին եւ հայ գեղանկարիչներու գործերուն, որոնց շնորհիւ օտար հասարակութիւններ գաղափար մը կազմած են հայ արուեստի մասին: Այդ վայրերէն յիշենք Ֆրանսան, ԱՄՆ-ը, Լիբանանը, Կիպրոսը, Իտալիան, հետեւաբար պատահական չէ որ մեր նախորդ գրութիւններէն մէկուն մէջ զինք կոչած ենք «Հայ գեղարուեստի դեսպան», իսկ հայրենիքը իրեն շնորհած է «Վաստակաւոր Արուեստաբան»ի (1984) եւ «Մովսէս Խորենացի»ի (1998) շքանշաններ:
– Տխրութիւնն էլ տարբեր է լինում։ Էն տխրութիւնները, որ բնական են, բնութեան հետ են կապուած, լինի մահ, դժբախտ դէպք, հրաբուխ… միշտ սփոփելի են։ Սակայն մարդկային նախանձի, վրէժի, ատելութեան պատճառած տխրութիւնները չեն սփոփւում… Մարդիկ, նոյնիսկ ժողովուրդները պէտք է հասկանան այդ…,- կը գրէ Շ. Խաչատրեան, եւ իրօք եւ յատկապէս այս օրերուն, երբ մեր հարեւաններն ու անոնց լռելեայն աջակից «դաշնակից» կարծուած պետութիւնը ո՛չ մէկ փորձ կը կատարէ սփոփելու մեզ, չ’ուզեր հասկնալ մեր նման ժողովուրդի մը ցաւը՝ սպառնալով մեր իսկ գոյութեան:
Խմբանկարը՝ (Ձ-Ա) Էդուարդ Արծրունեան, Շահէն Խաչատրեան, Յակոբ Յակոբեան, Հենրիկ Իգիթեան
ՓՈՒՆՋ ՄԸ ԻՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿԱԾ ԳԻՐՔԵՐԷՆ
«Պետրոս Կոնտուրաճեան» (1965)
«Մարդը բնութիւն է, բնութիւնը՝ մարդ» (1970)
«Ֆրանսահայ կերպարուեստ» (1991)
«Մինաս Աւետիսեան» (1990, ռուսերէն)
«Մարտիրոս Սարեան» (1980, ֆրանսերէն, 1987, ռուսերէն, 2000, անգլերէն)
«Սարեան. ծաղիկներ» (1987, ռուսերէն)
«Յովհաննէս Այվազովսկի» (1989, ռուսերէն)
«XIX- XX դարերի հայ նկարիչներ» (1993, հայերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն)
«Մինաս Աւետիսեան» (1996, անգլերէն)
«Յակոբ Յակոբեան» (1998, անգլերէն)
«Ծովի երգը» («Հայ ծովանկարիչներ», 1996, ֆրանսերէն)
«Ռաֆայէլ Աթոյեան» (1999, անգլերէն),
«Յովհաննէս Այվազովսկի. ծանօթ և անծանօթ» (2000, ռուսերէն, անգլերէն)
«Պետրոս Կոնտուրաճեան» (2004)
«Ցաւի գոյնը» (2015, հայերէն, անգլերէն
ՇԱՀԵԿԱՆ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՆՈՒԷՐ ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ