Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 8 փետրուար 2023
REMEMBRANCES, THE ASSASSINATION OF TALAAT PASHA
Արա Սարաֆեան բանասէր-պատմաբան է, ծնունդով Կիպրոսէն, երիտասարդ տարիքին հաստատուած է Անգլիա։ 1992-ին Միշիկըն նահանգի Էն Արպըր (Ann Arbor) համալսարանանէն ներս եղած է հիմնադիրներէն մէկը «Կոմիտաս հիմնարկ»ը (Gomidas Institute (GI, ԿԻ), որ ուսումնական անկախ հիմնարկ մըն է։ Կեդրոնը հաստատուած է Լոնտոնի մէջ եւ ճիւղաւորումներ ունի ԱՄՆ-ի Քլիվլենտ քաղաքին մէջ։ Հիմնարկի գործունէութիւնը կ՚ընդգրկէ հետեւեալ բնագաւառները՝ հետազօտութիւն, հրատարակութիւն եւ ուսումնական ծրագիրներ։ Հրատարակած է վաւերագրական նիւթեր, յուշապատումներ-յուշագրութիւններ, մենագրութիւններ եւ այլ գործեր ժամանակակից հայոց պատմութեան նիւթերով։ ԿԻ-ն միաժամանակ կը կազմակերպէ օգտաշատ դասախօսութիւններ եւ գիտական նստաշրջաններ։ ԿԻ-ն ունի իր քառամսեայ պարբերականը՝ Armenian Forum (այժմ դադրած)։
Վերջերս, 22 Յունուար 2023-ին, Լոս Անճելըսի մէջ հետաքրքրուողներուն համար բացառիկ առիթ մը ներկայացաւ ծանօթանալու Կոմիտաս հիմնարկի (ԿԻ) հերթական հրատարակութեան հետ, որ կը կոչուի REMEMBRANCES, THE ASSASSINATION OF TALAAT PASHA (2022, Լոնտոն, «Վերյիշումներ (Թալէաթի Ահաբեկումը)», գրի առնուած Վահան Միրախորեանի կողմէ։
Գիրքին ներկայացումը իրագործուեցաւ շնորհիւ գրասէր Մելգոնեանցի Լարա Գայայեան Ճենքինզի հիւրընկալութեան՝ իրենց ընդարձակ տան մէջ։ Ներկայ էին աւելի քան յիսուն մասնակիցներ, որոնց մեծ մասը ՄԿՀ-ի շրջանաւարտներ էին։ Իր ներկայութեամբ յատուկ շուք մը կու տար Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտի (Արտաշէս) Քացախեան։ Օրուանյ հանդիսավարն էր տողերուս հեղինակը։ Փրոֆ. Արա Սարաֆեան ներկայացուց ԿԻ-ի հիմնադրման հետ առնչուող հանգամանքները, նպատակը եւ իրագործումները։ Ապա անդրադարձաւ թուրք մտաւորականներու հետ ունեցած փորձառութիւններուն, Խարբերդ եւ այլուր ունեցած հանդիպումներուն։ «Ընելիք շատ բան կայ եւ դեռ շատ ճամբայ ունինք կտրելու մեր առաքելութեան մէջ», ըսաւ ան։
Ճոխ ընդունելութեան ընթացքին հանդիսավարի առաջնորդոթեամբ ելոյթն ունեցան ներկաներ, որոնցմէ կ՚առանձնացնեմ Հայաստանի Գօշ գիւղի վերակենդանացման ռահվիրաներ Տէր եւ Տիկ. Ասպետ եւ Այդա Փողարեանները (ՄԿՀ-ի շրջանաւարտներ), California Courier թերթի սեփականատէր եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան։ Վերջաւորութեան Տէր եւ Տիկ. իրաւաբաններ Լարա եւ Ճոհնսոն Ճենքինզներ շնորհակալութիւն յայտնեցին ներկաներուն եւ յանձնառռու եղան նման հանդիպումներ կազմակերպել նաեւ ապագային։
Գիրքին անգլերէն թարգմանութիւնը կատարած է Պետօ Տեմիրճեան (ՄԿՀ-եան 1994-ի շրջանաւարտ)։ Նախաբանի հեղինակն է Գարլա Կարապետեան, որ հանգամանօրէն կը ներկայացնէ Ս. Թեհլիրեանի դատավարութեան գերմաներէն բնագրին հայերէն թարգմանութեան եւ ինքնակենսագրականը անգլերէն թարգմանելու հանգամանքները։ Կ՚իմանանք թէ Մեծ վրիժառուի ցանկութիւնը եղած է իր ինքնակենսագրութեան ընդմէջէն անգլիախօս ընթերցողին ցոյց տալ ոչ միայն իր սրբազան ահաբեկութեան ընդնէջէն ցեղասպանութեան ամբողջ ողբերգութիւնը, այլեւ յետ ցեղասպանութեան դէպքերն ու իր ապրումները։
Եւ այսպէս, Սողոմոն Թեհլիրեանի մահէն աւելի քան կէս դար ետք, անգլիախօս սերունդները ի վերջոյ հաղորդակից կը դառնան այժմ Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ արդարութեան վերականգնման սպասող ազգային այս կուռքի անցած ուղիին։
Առանձին ուսումնասիրութիւն մըն է Փրոֆ. Արա Սարաֆեանի «Ներածական»ը, ուր մանրամասնօրէն եւ հանգամանօրէն կը խօսուի սպանութեան կամ ահաբեկչութեան զանազան հանգամանքներուն, կազմակերպիչներուն եւ տարածուած տարբեր տարբեր մեկնաբանութիւններու մասին։ Արա Սարաֆեան պատնաբանի բարեխղճութեամբ եւ արհեստավարժութեամբ տուած է բազմաթիւ տողատակի բացատրութիւններ, մեկնաբանութիւններ եւ ծանօթագրութիւններ։ 300 էջերէ բաղկացած այս «Վերյիշումներ»ը գիրքը ճոխացուած է նաեւ վաւերագրական նկարներով։
Ահաւասիկ հրատարակութիւն մը, որ արտերկրի մէջ հաստատուած ամէն հայ ընտանիք պէտք է ունենայ իր գրադարանին մէջ եւ պահէ աչքի լոյսի պէս եւ չբաւարարուի այդքանով, այլ յանձնարարէ զաւակներուն ու թոռներուն ծանօթանալ ու հաղորդակցուիլ հոն արտայայտուած գաղափարներուն հետ։