Երեսուն տարեկան ինքնաշարժս եւ…

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 25 Յուլիս 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 30 ամեակին առթիւ

Երբ «Նոր աշխարհ» ստիպուեցայ գալ մասնագիտութեանս բերումով, ընկերներուս, ազգականներուս եւ աշակերտներուս առաջին խորհուրդը եղաւ նախ եւ առաջ ինքնաշարժ մը գնել, հոգ չէ որ գործածուած, բայց ըլլայ լաւ վիճակի մէջ, ինչպէս անձեռոց մը, ճինզ տաբատ մը, եւ անյապաղ կերպով ապահովագրութեան տեսակներ…

Բոլորն ալ օգնեցին։ Գտանք «մաքուր» երկրորդ ձեռք մեքենայ մը։ Ուրախ էի, կամ այդպէս կ’ուզէի ցոյց տալ: Կեանքս կը սկսէր բնականոն հունի մէջ մտնել եւ այլեւս բարեկամներուս պէտք չունէի գործերս կարգի դնելու եւ հոս ու հոն վազելու համար։

Քանի մը տարի ամէն ինչ լաւ գնաց՝ gas-ը (պենզին) կը լեցնէի եւ օ՛ն՝ դպրոց, խմբագրութիւն, կուսակցական ժողովներ, հաւաքներ, դասախօսութիւններ, թաղում, հոգեճաշ, հոգեհանգիստ, խանութներ եւ այլն, ինչ որ առաջ ալ կ՚ընէի, բայց այս մայրուղիներու երկրին մէջ երկու օրուան ընթացքին կտրած ճանապարհս՝ նախորդ երկրիս մէջ… մէկ ամսուայ մէջ կ՚ընէի։ Եթէ այս էր Ամերիկան՝ կարելի էր ապրիլ մինչեւ որքան որ կարելի էր դիմանալ։

Երրորդ տարին էր։ Օր մըն ալ յանկարծ գիշերը խմբագրութենէն տուն դարձիս, ճամբուն մէջտեղը լոյսերը հանգեցան, մեքենան ու ղեկը ծանրացան, արգելակը տարօրինակ պահեց իրեն եւ հազիւ կրցայ աջ քաշել…

Գիշերուան կէսէն քիչ առաջ ի՞նչ ընէի, որո՞ւն դիմէի: Բախտս բերաւ եւ պատահականութիւնը դէմ հանդիպման բերաւ մեքենաքաշի մը (tow truck): Ազնիւ «մեքսիք» մըն էր, որ հայերէն ալ հասցուցեր էր սորվիլ: Աշխատցուց եւ թելադրեց. «Վաղը պիտի չաշխատի, նկատի ունեցիր, եթէ ուզես, կու գամ եւ «պոսիս» կարաժը կը տանինք»:

Եւ այսպէս սկսան առաջին բարդութիւններս ու ջղային ամիսներու շրջան մը, որուն ծանօթ չէի նախորդ երկրին մէջ:

– Այս օթոն լաւ սերվիս մը կ’ուզէ,-  յայտնեց Հալէպէն եկած վարպետ Վարդանը,- քանի մը օրէն պատրաստ կ’ըլլայ… Քանի որ «պարոն ես» (ուսուցիչ) կէս գինը կ’առնեմ…

Քանի մը օր ետք ձեռքս տուաւ Հոնտան: Սրբեր, մաքրեր ու փայլեցուցեր էր: Քանի մը ամիս եւս տանջեցի ինքնաշարժս: Օր մըն ալ պենզինի հոտ առի: Այս անգամ տարի աշակերտներէս մէկուն ծնողքին արհեստանոցը:

– Աս օթօն պենզին կը փախցնէ. պէտք է նոր մաս մը դնենք, ամէն ինչ ՕՔ կ’ըլլայ, պարո՛ն:

Տարի մը եւս գացի-եկայ առանց գլխացաւի: Ի՜նչ բախտաւոր էի…

Դեկտեմբեր 30-ին մեքենան «թը՛խ» անգամ չըրաւ: Լռուեց ու մնաց: Նոր տարին քիթէս բերանէս եկաւ: Տարեմուտս սկսաւ կառատունէ կառատուն այցելութիւններով: Մէկը ըսաւ. «Եթէ անպայման կ’ուզէք պահել այս օթօն, պէտք է անպայման շարժիչները (մոթոր) ստուգենք»: «Ըրէ՛ք» ըսի եւ շաբաթ մը մատնուեցայ դպրոցիս ուղղութեամբ մեկնող ծնողքներու բարեհաճութեան:

– Ձեր մեքենան պատրաստ է, կրնաք գալ եւ … կը խօսինք,- ըսաւ լսափողի միւս կողմէն վարպետ մեքանիքը:

Գացի, «խօսեցանք» եւ այդ խօսակցութիւնը $500 տոլար նստեցաւ վրաս: Հոնտան իւղի պէս կը սուրար Լոս Անճելըսի մայրուղիներուն վրայ, թէեւ անկեղծ ըլլալու համար ըսեմ թէ ամէն աշխատցնելուս սիրտս աւելի ուժգին կը բաբախէր, եթէ յանկարծ նորէն ճամբուն մէջտեղը թողուր զիս…

Սրտցաւ բարեկամ մը խորհուրդ տուաւ Triple A ունենալ, որպէսզի նման դէպքերուն աշխարհի որ անկիւնն ալ ըլլայի՝ առաջին օգնութեան հասնէին: Լաւ որ առեր եմ, որովհետեւ հինգ-վեց ամիս ետք յանկարծ ծուխ ու շոգի մը ելաւ առջեւի կափարիչէն, ապակին անթափանց դարձաւ եւ հազիւ կրցայ ահազանգի լոյսերը միացուցած աջ քաշել: Ես իմ մասիս չէի մտածեր, այլ քանի մը աշակերտներու, որոնց կը փոխադրէի տունէն դպրոց եւ հակառակը: Սկսան լալ ու աւաղել: Լաւ է որ բարի երթեւեկողներ նոյնպէս աջ քաշեցին եւ փորձեցին օգնութեան հասնիլ: Անոնցմէ մէկը ինքնաշարժի յատուկ հեռաձայն մը ունէր եւ դիմեց երեք A-երուն (այդ տարիներուն տակաւին բջջային հեռաձայնները չէին ժողովրդականացած կամ մատչելի դարձած): Ըլլալիքը եղաւ եւ ամէն մարդ իր տունը հասաւ այդ օրը:

Յետո՞յ: Յաջորդ օրը կրկնուեցաւ տուն-կառատուն-մեքանիք տեսարանը:

– Պարո՛ն,- զանգահարեց երեկոյեան մեքենայի ուղն ու ծուծը ճանչցած վարպետը, որ ազնուութեան տիպար մըն էր,- պարո՛ն, անկեղծօրէն ըսեմ քի, եթէ նորը պիտի գնես, կոկիկ եւ ոչ-հայալլա օթօ մը 18,000-էն պակաս չէ, եթէ կ’ուզես, ասոր մոթորը կը թափենք աւելի լաւ կամ նորը կը դնենք եւ երկու հազարով կ’ազատիս…

– ՕՔ, ըրէ՛,- ըսի,- յուսանք կը փրկուինք այս փորձանք էն:

Երկու-երեք հազարը ո՜ւր 18,000-ը ուր:

Շաբաթէ մը պատրաստ էր:

– Եկուր միասին սա թաղերը դառնանք,- առաջարկեց Հալէպցի ազնիւ վարպետս: Հոնտաս իւղի պէս կը վազէր, ձայնն ալ զգալիօրէն նուազած էր: Այդ պահուն ինծի կը թուար թէ սրտի տարատնկում մը ըրած էինք «ամերիկա-ճափոնական առաջին սիրոյս» հետ:

Յաջորդ օրը աշխատցուցի եւ մատներս խաչաձեւելով ճամփայ ելայ: Նորահաս երիտասարդի նման կը սուրար: Ատեն մը ետք մոռցայ անցած նեղութիւններս: Ամէն ինչ լաւ էր, կեանքը աւելի տանելի, նոյնիսկ մինչեւ Լաս Վեկաս տարաւ ու բերաւ:

– Եղբա՛յր,- ըսաւ ազգականներէս մին, որ «տզող-փչող էր» (body shop), ճափոնացիները  գիտեն օթօ շինելը՝ աժան, խնայողական, տոկուն եւ բարետես:

Վա՜յ բախտիս սակայն: Ազգականիս աչքը դպաւ կարծես, որովհետեւ առտու մը բանալին դարձուցի, նորէն «թը՛խ» անգամ չըրաւ: Պաղ քրտինք մը սահեցաւ ծոծրակէս վար: Դրացիները եկան եւ օժանդակ մետաղալարով մը աշխատցուցին: Գացի դպրոց: Երեկոյեան նոյն պատկերը կրկնուեցաւ, այս անգամ մեր սալվատորցի հաւաքարարները օգնութեան հասան: Հազար պատիւ իրենց:

«Ո՜վ դու զարմանալի», անհաւատալի բան, անկէ ետք իմ Հոնտաս նորէն շուրջ մէկ տարի գլուխ չցաւցուց, բացի անիւ-մանիւ պայթելէ, խողովակ-մողովակ փոխելէ, մէկ-երկու մանր վթարներէ (ոչ իմ մեղքով) եւ այլ «հիւանդութիւններէ», որոնք սովորական բաներ են երկրորդ կամ երրորդ ինքնաշարժներու պարագային:

Տարի մըն ալ անհամբեր կը սպասէինք Զատկուայ արձակուրդին, որովհետեւ մայրս եւ քոյրս պիտի գային Գանատայէն: Եկան հասան, առօք-փառօք դիմաւորեցի եւ տուն հասանք: Մեր տունը լեցուեցաւ: Հիւրեր աճապարեցին բարի գալուստի այցելութիւն տալու, հիւրեր Պէյրութի մեր թաղեցիներէն, Հայաստանի հարազատներէն, սեղան դիր ու սեղան հանէ:

Առաջին Կիրակին էր եւ հաւատացեալ մայրս անպայման եկեղեցի պէտք է յաճախէր, հօրս եւ իր հանգուցեալներուն համար հոգեհանգիստ խնդրէր, հոգեսուրճ, հոգեճաշ եւ ալն: Կիրակի առտու արդէն քսանմէկ տարեկան Հոնտաս յամառեցաւ նորէն: Տէ՛, ե՛կ ու մի գժուիր: Այդ օրը տղաս եւ աղջիկս փրկեցին կացութիւնը: Հարցը յաջորդ օրերն էին: Մայրս եւ քոյրս հոս ու հոն պէտք է տանինք, պէտք էր ինքնիշխան ըլլալ եւ չապաւինիլ ազգականներու եւ գործով կլանուած զաւակներուս:

Լրջախոհ եւ փորձառու ազգականներէս մէկը ամենայն ծանրութեամբ եւ հեղինակաւոր ձայնով ըսաւ.

– Ազգակա՛ն, եկուր սա առաջին սէրէդ վազ անցիր այլեւս եւ օգնենք քեզի նոր մը գնելու, մեր տղան լաւ սակարկութիւն ընող է վաճառողներու հետ (car dealers): Նոր մը կ’առնես եւ կ’ազատիս. մենք ալ անցանք այս ճամփով երբոր Ամերիկա եկանք:

Թադէոս հօրեղբօրորդիս ճիշդ կ’ըսէր, բայց ինչպէ՞ս ազատիմ «առաջին սէրէս», որ կիսած էր ուրախութիւններս ու ցաւերս, ինծի հետ միասին ունկնդրած էր Պախ, Շոփէն, Մոցարդ, Պէթհովէն ու Խաչատուրեան, հապա յոգնած ժամերուս իր փափուկ նստարաններուն յանձնուիլս…«Ես քեզ ինչպէ՞ս մոռանամ, իմ առաջին սէր…»:

Ստիպուած կայացուցի պատմական որոշում. պահել հինը որպէս յիշատակ, որովհետեւ գին տուող ալ պիտի չըլլայ, եւ նոր Հոնտա մը գնել: Պէտք էր ենթական փոխել եւ նոր կեանքի լծուիլ նոր կառքով, այս էր օրուան հրամայականը, եթէ պիտի ուզէի թարմ սկիզբով մը կեանքս շարունակել եւ վայելցնել ընտանիքս ու հարազատներս: Դաժան իրականութիւնը այդ կը պարտադրէր:

Հիմա կը մնար դրամ ճարել, ուրկէ՞, ո՞ր դրամատունը վարկ կու տար մէկու մը, որ արդէն մեծ պարտքերու տակ մտած էր բնակարանի մը տէր դառնալու փառասիրութենէ մղուած: Ինքզինքս մեղադրեցի թէ ինչո՞ւ անցնող տարիներուն հեռատես չէի գտնուած եւ յատուկ ֆոնտ մը մեկդի չէի դրած անակնկալի մը առջեւ գտնուելու պարագային:

Ողջ ըլլան բարեկամներս ու ազգականներս, վասնզի ամէն մէկը իր չափով օգնեց եւ ես օժտուեցայ նոր Հոնտայով մը եւ կեանքս աւելի թեթեւցաւ, մտահոգութիւններս ու տանջանքներս զգալիօրէն նուազեցան, միայն երբեմն երբեմն «հին սէրս» դուրս կը հանէի եւ «հոփփա՜» կը տանէի: Խեղճը սկիզբները կը ճռճռար, կը տնտնար, յետոյ կը բացուէր եւ իւղի պէս կ’երթար, կարծես ըսել ուզելով. «Տեսա՞ր, տէր իմ, ես նոյնն եմ միշտ»: Յուզիչ էին այդ պահերը:

Եկաւ վերջին արարը «առաջին սիրոյս»: Ա՛լ աւելորդ տեղ սկսեր էր գրաւել եւ ի զուր տեղը սեփականութեան ու գրանցման տարեկան վարձք կը վճարէի:

– Պա՛պ, թափէ՛ այլեւս այս «ճանքը» (junk),- կրկնեցին զաւակներս:

Իրաւունք ունէին: Անգործածելի էր, անպէտք, գլխու ցաւ, աւելորդ բեռ, աւելորդ ու անիմաստ ծախս…

Այդ ալ ըրինք եւ քանի մը տասնեակ տոլարով ազատեցանք: Վերջին պահուն երբ կը տանէին «իր դիակը», լացս եկաւ եւ ետեւէն ըսի. «Կը ներես, ա՛լ ոչ մէկու պէտք չես եղեր. դո՛ւն ալ ազատիր, մենք ալ…»:

Հիմա տանս առջեւ կայ նոփ-նոր մեքենայ մը, արդիական յարմարութիւններով, փայլուն ու նոր անիւներով, գրեթէ անձայն շարժիչով եւ հոյակապ զովասփիւռով:

Երանի՜ խելքս գործածէի եւ քանի մը տարի առաջ փոխած ըլլայի…

1 comment
  1. This is a one-sided account of the automania and thus unfair, if not unreliable. The Honda vehicle should be given equal space to explain its long servitude on the mean streets of Los Angeles.

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like