Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 14 Դեկտեմբեր 2020
– Ա –
Յարգելի հայրենակից,
Վերջին մէկ ամսուան ահաւոր իրադարձութիւնները, որոնք խայտառակ եւ ամօթալի աւարտ ունեցան, հետեւեալ մտորումներու եւ խոհերու յանգեցան:
Խոր յարգանքս ու երախտագիտութիւնս յայտնելով մեր բանակի հաւատարիմ անդամներուն եւ ոգեկոչելով հերոսաբար ինկած հայորդիներու յիշատակը, յոյս ունիմ որ եղածը բացարձակ պարտութիւն պէտք չէ որակել՝ հաւատալով որ ԿԱՅԾԸ տակաւին չէ մարած:
– Արցախի խնդրի կարգաւորում եւ վերաբնակեցում:
– Սիւնիքի պաշտպանութիւն. կայ մասնատումի վտանգ:
– Խորթ տարրերէ եւ փողոցային մշակոյթով ու բառապաշարով հրապարակ իջած ամբոխավարութեան չէզոքացում:
– «17+X» եր եւ Վ.Մ.-երու հեռացնում քաղաքական հարթակէն:
– Համախոհական իշխանութեան ստեղծում:
– Օտարամուտ եւ վնասակար շնորհավճարներու կամ պարգեւավճարներու ետին կեցած մութ ուժերու բացայայտում եւ չէզոքացում:
– Իսկական եւ երկարատեւ հայ-ռուսական վստահելի յարաբերութեան մշակում:
– Արեւմտեան աշխարհի կառոյցներու հետ յարաբերութեանց վերագնահատում եւ վերարժեւորում:
– Հայոց լեզուի (յատկապէս այժմ խօսուող արեւելահայերէնի) մաքրազտում եւ փրկութիւն:
– Իսկապէս կարող եւ փորձառու հայ քաղաքական գործիչներու եւ դիւանագէտներու ընդգրկում:
– Կուսակցամոլութենէ հրաժարում եւ այդ ախտէն վարակուածներու ի սպառ հեռացում:
– Զգօնութիւն, երբ դրամ կ’առաջարկուի «դուրսէն»:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑԻ
– Օրուան հրամայականն է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ԱՆՅԱՊԱՂ ՄԱՔՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ եւ վերադարձը Վազգէնեան շրջանին:
– Կ’առաջարկեմ հետեւեալը. եթէ ձեր մէջ կ’ապրի ձեր հաւատացած Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին, ապա հաստ պարանը քաշեցէք եւ յարձակեցէք Տաճարի մուտքին առեւտուր ընողներուն, լումայափոխներուն, շրջիկ նպարավաճառներուն եւ անոնց նմաններուն վրայ, ապա պոռացէ՛ք. «Դո՛ւրս կորսուեցէք Հօրս Տունէն», բայց կիրթ հասարակութեան նման եւ «ոչ մէկ ծաղիկ ճզմելու» նախանձախնդրութեամբ, դիմեցէ՛ք մեր հաւատի կեդրոնը/ները եւ խաչը բարձրացուցած պահանջեցէ՛ք մեծ անարդարութեամբ Լուսաւորչի գահը յափշտակած անձին ու իր դրածոներուն ԱՆՅԱՊԱՂ չքուիլը: Չմոռնաք նոյնը ընել նաեւ Գիւմրիի մէջ, Արցախ-Գանձասարի մէջ, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնին մէջ (ԱՄՆ), ՀՅԴ, ՀՀԿ, «Բարգաւաճ-մարգաւաճ» եւ նման կազմակերպութիւններու մէջ:
– Նկատի ունենալով սփիւռքի տարածքին ՀՅԴ-ի բազմամեայ փորձը եւ կրթական ու մշակութային ասպարէզներու մէջ արձանագրած ակնյայտ յաջողութիւնները, ՀՅԴ-ի նոր սերունդն ու առողջ տարրերը նոյնպէս պէտք է հարցականի տակ դնեն իրենց ղեկավարութեան քաղաքականութիւնը, վերարժեւորեն եւ «փրկեն» հայկական այս կուսակցութիւնն ու իր զանազան մասնաճիւղերը:
Մաքրեցէք ՄԵՐ ՄԵԾ ՏՈՒՆԸ, որուն նայեցանք դարերով ու ներշնչուեցանք դարերով:
– Բ –
Քիչ մըն ալ Փաշինեանին եւ իր արբանեակներուն մասին
Մեր ժողովուրդը ուսամբարձ բերաւ Ն.Փ.-ն: Մեր ակնկալութիւնները այնքան համահունչ էին ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն, արժանապատիւ կեանք երազող մեր ազգին ցանկութիւններուն, որ մենք ալ խանդավառուեցանք, բայց կարճ ատեն մը ետք Ն.Փ.-ի կուռքը, որ կը կարծէինք թէ կրանիթեայ էր, կամաց կամաց վերածուեցաւ տուֆի, փայտի, գաճի (ճիփսին) եւ ծովափի աւազէ շինուած արձանի…
– Ան եղաւ անվճռական, տատամսոտ, շատախօս, բայց բան չըսող:
– Աջին ու ձախին փորձեց ցոյց տալ իր լեզուագիտութիւնը՝ անգլերէն, ֆրանսերէն… Ռուսերէն խօսիլը չեմ լսած որ գաղափար մը կազմեմ: Հայերէնն ալ փայլուն բան մը չէր (ուրիշ որակաւորում չեմ ուզեր տալ, այսքանը բաւարար է):
– Երբե՛ք չկրցաւ մասնագէտ, փորձառու, քաղաքականութեան մէջ հասունցած ու թրծուած մարդիկ հաւաքել իր շուրջ:
– Երբե՛ք չլսեց իրմէ շատ աւելի փորձառու, «աշխարհ տեսած» բայց չապականած սրտցաւ մարդոց, ուր մնաց որ զանոնք իր շուրջ հաւաքէր:
– Չկրցաւ ըմբռնել Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի առաւելութիւններն ու այս երկուքին միջեւ ծաւալած հակամարտութիւնը՝ յոյսը չեմ գիտեր ի՜նչ գերբնական ուժերու վրայ դնելով:
– Փորձառու դարձաւ ներքին հակասութիւնները պարտկելու, ծածկելու եւ իր հաւատաւոր ժողովուրդին աչքին փոշի ցանելու մէջ:
– Միայն Ն.Փ.-ն մեղադրելը անարդարութիւն է. ան ծնունդն էր իր նման մտածող հոծ, երազատես, մեծամիտ, «մենք գիտենք ինչ ենք անում»ական բազմութեան մը, որ ամբոխի վերածուեցաւ:
– Կը ցաւիմ իր համար, կ’ափսոսամ համակրելի եւ աշխատասէր ու աւելի գիտակից կնոջ՝ Աննային:
– Կը մեղքնամ ու սրտի ցաւով կը նշեմ, որ շատ խեղճացաւ, ընկճուեցաւ, նախորդներուն սխալներուն դառն պտուղը ի՛նք քաղեց եւ մեզ ալ սեղանակից դարձուց: Չիմացաւ ե՛րբ փետուրով եւ ե՛րբ ֆալախկայով ու մտրակով պէտք էր կառավարել երկիրը: Ինչո՞ւ, որովհետեւ չիմացաւ իր կարողութիւններուն սահմանափակ ըլլալը:
ՄԵ՜ՂՔ ԵՂԱՆ ՄԵՐ ՔԱՋԱՐԻ ՏՂԱՔԸ. ԻՆՉԵ՜Ր ՊԻՏԻ ԸՆԷԻՆ ԱՆՈՆՔ:
Ի վերջոյ՝ Հայոց աշխարհին մի նոր մաքրութիւն է պէտք, եթէ մեր աշխարհը մնայ…
Կը նկատեմ թէ շատերս, ես ալ ներառեալ, պէտք եղածէն աւելի կարեւորութիւն տուինք հաչապահեաններուն (չեմ փափաքիր «աջ+պահ»ի հետ կապել խնդրոյ առարկայ ամբարտաւանին կրած մականունը. Իսկական եւ իմ ճանչցած Աջապահեաններուն չի՛ պատկանիր ինք): Ի զուր տեղը զայրացած իր մասին կամ իր դէմ կ’արտայայտուինք. մարդը անկէ աւելի՛ ուժ կ’առնէ, աւելի յամառ կը դառնայ, աւելի անզուսպ արտայայտութիւններ կ’ունենայ եւ կը նմանի այն երախային, որ ընկերներուն հետ վէճի ժամանակ կը ճչայ. «Լա՛ւ կ’ընեմ կոր»: Թեւեր չտանք իրեն:
1 comment
Վարչապետ Փաշինեանին նկարագրին եւ կենցաղին վերագրուած ածականներուն շնորհիւ էր որ տասը տարիներ առաջ բանտարկուած եւ բանտին մէջ խոշտանգումի ենթարկուած լրագրողը, որուն իր ատենին անդրադարձաւ այս կայքէջր; ժողովրդական ընտրութեամբ լրագրողը հասաւ երկրին քաղաքակն բարձարագոյն աթոռին։ Բայց իր վարչապետութեան յանգեցաւ աւելի քան երկու տասնեակ տարիներու երկրին կեղեքումին անխուսափելի ծանր իրողութիւնը։ Եւ պատմութեան դաժան տնօրինումով, նոյն այդ կենցաղային նկարագրութիւնը վերածուեցաւ վերոյիշեալ մեկնաբանութեան։