Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 5 Հոկտ. 2020
«Դուք ալ (հայերդ) զէնք ուզէիք, ձեզի ալ կը վաճառէինք…»
(Հեղինակը Ազրպէյճանին զէնք ծախող երկրի կառավարութիւնն է։)
Ո՞վ չէ հիացած այս մեծանուն դերասանուհիին շարժանկարներով։ Ան միշտ նոյն աստուածային շնորհքով կերտած է մեր յիշողութեան մէջ մնացած կերպարներ։ Բայց վերջերս, երբ իմացայ թէ ինք պիտի կատարէ «Հոլոքոսթ»էն վերապրած դժբախտ, բայց հերոսական հրեայ Մատամ Ռոզայի դերը, մէկ կողմէն լուռ համակրանք մը ունեցայ իր հանդէպ, միւս կողմէն վրդովմունք մը թէ՛ իր եւ թէ՛ Netflix շարժանկարի ընկերութեան հանդէպ, հակառակ որ վերջինս այն ընկերութիւնն էր, որ թիկունք կեցած էր Ատոմ Եկոյեանի «Արարատ» շարժանկարին իրականացման (2002)։
Նշուած շարժանկարը կը ներկայացնէ հրեայ կնոջ մը պատմութիւնը։ Ան կ՚օգնէ պահել-պահպանելու եւ խնամելու մարմնավաճառութեան դատապարտուած եւ մեռած կանանց զաւակները՝ ստանձնելով անոնց ամբողջական հոգատարութիւնը։ Դիպաշարը (թեման) շատ յուզիչ է ի հարկէ։ Աննկարագրելի է մեր ուղեղին մէջ տեղաւորել այդ դժբախտ կիներուն տառապանքն ու խոշտանգումներու նկարագրութիւնը։ Վստահաբար շատ սիրտեր պիտի յուզէ ֆիլմը, մանաւանդ հայերուս սիրտերը, որոնց ծնողները, մեծ մայրերն ու քոյրերը տեսած են ցեղասպանութեան արհաւիրքները եւ ականատես եղած հարազատներու բռնաբարութեանց ու գերեվարութիւններուն՝ Միջին Արեւելքի տարածութիւններուն մէջ թողլով հազարաւոր որբեր։ Ես ճանչցած եմ անոնցմէ մէկը, որ կ՚ապրէր Պէյրութի Սանճագ հիւղաւանին (քէմփ) մէջ…
Վստահաբար շարժանկարին հեղինակները, զուտ մարդկային տեսանկիւնէն մօտենալով հանդերձ, կարեւոր ընդգծումով մը պիտի շեշտեն Մատամ Ռոզայի հրեական Հոլոքոսթէն վերապրած ըլլալու հանգամանքը եւ առիթ մը եւս պիտի ստեղծեն աշխարհի գութը շարժելու 20-րդ դարու երկրորդ ցեղասպանութեան զոհ գացած միլիոնաւոր հրեաներու հանդէպ։
Սա պահուս կը մտածեմ եւ կը գրեմ մեր հայրենի սահմաններուն եւ բնակավայրերուն վրայ թուրքազերի վոհմակներու գերազանց զէնքերով սանձազերծուած յարձակումներու տպաւորութեան տակ։ Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կարենամ արդարացնել նման շարժանկար մը չդիտելու ներքին պահանջքս։ Ի՞նչ ըսեմ ներքին ձայնիս, որ անընդհատ իր ասեղները կը խրէ մարմնիս մէջ եւ կ՚ըսէ. «Հոգեկան ի՞նչ հանգստութեամբ պիտի դիտես այս շարժանկարը, որուն սատար կեցողներէն շատերը Հոլոքոսթէն տառապած ազգի մը զաւակներն ու թոռներն են, բայց այսօր անոնց հայրենակիցները (Իզրայէլ) զէնք կը ծախեն մահու եւ կենաց անհաւասար մարտեր մղող բուռ մը ժողովուրդի թշնամիներուն, թշնամիներ, որոնք իրենք զիրենք պատուաւոր յետնորդները կը նկատեն մեր ազգին գլխուն «հոլոքոսթ» սարքած կայսրութեան յետնորդ Թուրքիոյ եւ «եղբար» պետութեան՝ Ազրպէյճանին, ու տակաւին առասպելական լկտիութեամբ կը ժպրհին մեզի դիմել «յաթաղանէ ազատածներ», կամ «ըրածնիս քիչ էր եւ պէտք է շարունակենք…» կոչերով։
Արդեօք Սոֆիա Լորեն պիտի հասկնա՞յ ցեղասպանութենէն ազատած հօր մը զաւկին եւ ցեղասպանութեան ամբողջ դառնութիւնը ճաշակած մեծ հայրերու եւ մայրերու թոռան՝ Մինաս Գոճայեանի ապրումները այս ֆիլմին առթիւ…։
Յ.Գ. Մեր մեծերու խօսքերով՝ «ականջդ խօսի Գլոտիա Գարտինալէ», որ հարազատ հայ մօր մը կերպարը ներկայացուցիր Հանրի Վէրնէօյի (Աշոտ Մալաքեան) «Մայրիկ» շարժանկարին մէջ։