ԸՆԹԱՑԻԿ ԽՈՀԵՐ

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 25 Սեպտեմբեր 2020

Խստիւ կը դատապարտենք

Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի գործակալներու հակահայ եւ շեշտուած կերպով ցեղամոլական շարժառիթներէ դրդուած խափանարարական գործունէութիւնները նոր թափ մը ստացած են վերջերս: Օրեր առաջ պղծուեցաւ Փարիզի գլխաւոր պողոտայի՝ Շանզելիզէի վրայ կանգնեցուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողը, որ կը ներկայացուէր Մեծն Կոմիտասի քանդակով, իսկ վերջերս զոհ կ’երթար Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւ համալիրը: Այս դէպքէն առաջ արդէն թուրքազերի խուլիգաններ եւ ցեղամոլներ հակահայ եւ ատելավառ կրաֆիտիներ եւ լոզունգներ ձգած էին Գռուզեան-Զաքարեան վարժարանին պատերուն վրայ :

Այս արարքները պատահական չեն: Յիշեցնենք թէ երեք ամիս առաջ Յուլիսին Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանին վրայ ազերիներու կողմէ նախաձեռնուած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին ազերի բանակին կրած պարտութիւնը խիստ զայրացուցած էին Ալիեւն ու Էրտողանը, որոնք հակահայ գրգռութիւններու շարք մը ձեռնարկեցին Պաքուի, Մոսկուայի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Պատահական չեն նաեւ թուրք-ազերի ռազմավարական փորձերը Հայաստանի սահմաններուն շուրջ, պատահական չէ անշուշտ վերջերս ռուսական ռազմական օդանաւի մը օդային ճամբայ չտալը Կասպից ծովուն վրայ:

Բնաւ պատահական չեն Թուրքիա-Յունաստան լարուածութեան մէջ ՆԱԹՕ-ի շփացած անդամի՝ Թուրքիոյ սանձարձակութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջերկրական ծովու արեւելեան ափերուն մօտ քարիւղի հանքերու որոնման մէջ առիւծի բաժին ունենալու Թուրքիոյ նկրտումները: Թուրքիան ամէն ջանք կը թափէ տարածաշրջանին մէջ դառնալ թելադրող ուժ մը՝ միշտ երազելով վերադառնալ Օսմանեան կայսրութեան «երանելի՜ օրերուն»:

Դէպքերու այս շրջագիծին մէջ կարելի կը դառնայ բացատրել բացայայտօրէն հակահայ գրգռութիւնները եւ խափանարարական գործունէութիւնները Սան Ֆրանսիսկոյի մէջ:

Այս պարագային հարուածը հասցուած է կրօնական կեդրոնի մը, բան մը, որ իսլամի օրէնքով իսկ չ’արդարացուիր: Ասոր լաւագոյն ապացոյցն այն է, որ հայութիւնն ու քրիստոնէութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ վայելած է մահմետական հասարակութեան յարգանքը: Ուրեմն, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դէմ կատարուած այս արարքը նաեւ իսլամի՛ սկզբունքներուն դէմ կատարուած սրբապղծութիւն մըն է:

Կը յայտննք մեր զօրակցութիւնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հօտին՝ իր վերականգնման աշխատանքներուն մէջ եւ կոչ կ’ուղղենք հայորդիներուն որ նեցուկ կենան սրբավայրին նորոգութեան, նամակներ գրեն իրենց շրջանի ծերակուտականներուն, Գալիֆորնիոյ կառավարիչին, նահանգային սենատին եւ ԱՄՆ-ի Գորկրեսին ու նախագահին՝ խստիւ դատապարտելով ամերիկեան աւանդութիւններուն, վարքին ու բարքին անյարիր այս խժդժութիւնները կազմակերպողները: Հեղինակները ամէն գնով պէտք է յանձնուին արդարութեան դատաստանին:

Միաժամանակ կը դիմենք հայութեան որ իբրեւ պատասխան գործողութիւն չդիմեն վրէժխնդրական միջոցներու, այլ քաղաքակիրթ քաղաքացիներու նման յայտնեն իրենց բողոքը պատկան իշխանութիւններուն եւ մարմիններուն:

Վերջին շրջանին նկատուած թուրքազերի սադրանքները, յայտարարութիւնները, ատելավառ արտայայտութիւնները եւ թուրքազերի ռազմական փորձերը բացայայտ նշաններ են մօտալուտ ընդարձակածաւալ յարձակումներու շարքի մը:

5 Հոկտեմբեր 2020

Իզրայէլի հացին իւղ քսուեցաւ

Քիւրտական խօսք մը կայ հայերու մասին. «Մարդ պէտք է հայուն վերջին խելքը ունենայ»: Որքա՜ն ճիշդ է եղեր: Սա փաստուեցաւ քանի մը ժամ առաջ, երբ Հայաստանի խօսնակը յայտարարեց թէ Թէլ Ավիվէն  ետ կանչուած է Հայաստանի դեսպանը: Կանչուեր է որ ի՞նչ, որո՞ւն զարմացնելու համար եւ կամ որո՞ւն խօսք հասկցնելու համար: Հայաստանը քանի՞ գրոշ (սենթ, սանթիմ, ղուրուշ, կոպեկ…) կ’արժէ Նաթանիահուի վարչախումբին համար…

Վերջերս keghart.org կայքէջային մեր թերթին մէջ գանատահայ յայտնի լրագրող Ժիրայր Թիւթիւնճեան տասը կէտերէ աւելի բաղկացած անպատեհութիւններ թուած էր դեսպանատուներ բանալու առնչութեամբ Երեւանի եւ Թել Ավիվի մէջ (բարեբախտաբար ԱՄՆ-ի հետեւողութեամբ Երուսաղէմի մէջ չբացուեցաւ մերինը…): Հայաստանի պետութիւնը եւ կարգ մը այլ «ապակողմնորոշուած» քաղաքական գործիչներ հաշուի չառին այդ գրութիւնը եւ շարունակեցին քաղաքական քծնողականութեամբ ինչ որ օգուտներ մուրալ կամ երազել:

Իզրայէլի համար միայն մէկ շահ կայ՝ ամէն միջոցի դիմել Իրանի շուրջ ստեղծելու համար այնպիսի գօտի մը, որուն շնորհիւ կարողանայ «զսպել» Իրանը եւ տարածաշրջանին մէջ ունենալ հաստատուն ներկայութիւն մը: Առայժմ յաջողած է գրեթէ հասնիլ այդ նպատակին՝ զգալի ներկայութիւն մը դառնալով Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ, շուտով կը յաջողի նաեւ Արաբական ծոցին մէջ, մնացեր էր «մինակ մնացած» եւ «զաւալլը» Հայաստանը համոզել եւ դժբախտաբար  աչքով եւ մտով կոյր մեր պետութիւնը ինքնակամ գացեր էր այդ ուղղութեամբ:

Հարց կու տամ Հայաստանի «փոլիթիքոսներուն» կամ «հաւկիթէն նոր ելած» պետական կարգ մը այրերուն – ի՞նչ շահեցանք: Պատասխանը պարզ է՝ Իրանի կարգ մը ուժերու կասկածը, Ազրպէյճանի զինական պաշարի կրկնապատկումը, որպէսզի այս վերջինս օգտագործուի Հայաստանի եւ Արցախի դէմ մեր մղած բուռն ու թէժ կռիւներուն…:

Դժբախտաբար թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ արտաշխարհի մէջ կան հայեր, որոնք հրեական Հոլոքոսթի եւ հայկական Ցեղասպանութեան միջեւ գտնուող ընդհանրութիւնները ամբողջութեամբ կը նոյնացնեն եւ կը շփոթեն եւ երկու ժողովուրդները ճակատագրակից նկատելով սովորական համակրանքէ անդին կ’անցնին: Մենք դէմ չենք հրեայ ժողովուրդին հարենիք ունենալու արդար դարաւոր երազին իրականացման, բայց միաժամանակ դէմ չենք նաեւ դարերով հոն ապրած այլ բնիկ ազգերու գոյութեան: Յիշեցնեմ թէ Իզրայէլի վարչախումբերը ընդհատակեայ զանազան միջոցներով այնքան բարեացակամ չեն գտնուած քրիստոնեայ եւ մահմետական փոքրամասնութիւններու հանդէպ  եւ երբեմն բացայայտ ու երբեմն ալ ծածուկ միջոցներով զանազան խոչընդոտներ ստեղծած են այդ փոքրամասնութիւններու զարգացման դէմ: Այս իրականութիւնը լաւ կը գիտակցին նաեւ Իզրայէլի դեմոկրատական եւ առողջ ուժերը, որոնք դժգոհ են ներկայիս վարչապետի եւ իր քաղաքական շրջանակի ծայրայեղ ցեղապաշտական քաղաքականութենէն:

Պատերազմի այս մահու եւ կենաց օրերը կը յուսանք ուշքի կը բերեն մեր «տարօրինակ» պետութիւնն ու նոյնքան «տարօրինակ» պրո-Իզրայէլ համակիրները: Կը յիշեցնենք թէ՝ որքան զինամթերք կորսնցնէ Ազպէյճանը այնքան ներքին գոհունակութիւն պիտի պատճառէ Իզրայէլին եւ զէնք ծախող այլ «բարեկամ» թէ թշնամի պետութիւններու, որոնք նոր քանակի զէնքեր պիտի խցկեն Ազրպէյճանի կոկորդէն ներս: Ողջ ըլլան քարիւղատոլարները (petrodollars):

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

Խաչակիրը

Ճորճ Ազատ Աբէլեան, (1945 – 2008) Վահէ Յ. Աբէլեան, 3 Դեկտեմբեր 2013 Շաբաթ 18 Հոկտեմբեր 2008: Աբէլեաններուն տոհմիկ գիւղէն …
Read More