Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, Մայիս 2020
Պատմութեան հոլովոյթի ընթացքին կը փոխուին գիւղերու, քաղաքներու եւ առհասարակ աշխարհագրական տեղանուններ։ Ասոր «փայլուն» օրինակը տուած եւ մրցանիշ են հաստատած Օսմանեան թուրք կայսրութիւնը եւ անոր իրաւայաջորդ հանրապետական Թուրքիան։ Յունարէն «իսթին պոլիս» (istin polis, դէպի քաղաք, պոլիս=քաղաք) ցուցանակը օսմանցի թուրքերը դարձուցին Իսթանպուլ, Սթամպուլ, Istanbul, թէեւ մինչեւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի աւարտը եւրոպացիք եւ այլ ազգեր զայն կը շարունակէին կոչել Constantinople, Costantinia (արաբերէն), աւելի վաղ անուանումն էր Byzantium (հայ.՝ Բիւզանդիոն)։
Տարածուած երեւոյթ է, երբ իշխող կայսրը, թագաւորը կամ բռնապետն ու անոր զօրավարները իրենց անուններով կոչէին քաղաքներ եւ կամ աղաւաղէին անոնց անունները` պատշաճեցնելով իրենց լեզուներուն։ Այսպէս՝ Կիլիկիան կը դառնար Չուքուր Օվա, St. Pitersburg-ը (աւելի առաջ՝ Sankt Peterburg, հայ.՝ Պետերբուրգ) կ՚ըլլար Լենինկրատ, Ցարիցինը՝ Ստալինգրադ (Սթալինկրատ), Գումայրի-Ալեքսանտրապոլը՝ Լենինական, ապա Գիւմրի (Կիւմրի) եւ այլն։
Այս փոփոխութիւնները շատ յաճախ կը պարտադրուէին բռնակալ պետութիւններու եւ անոնց բռնատէրերու ստիպողութեամբ, ինչ փոյթ որ այդ անձերը եղած էին դաժան հարստահարիչներ, ջարդարարներ, բնիկ ժողովուրդներու մշակութային կեանքը քանի մը դար ետ շպրտողներ։ Այս առումով շատ է տուժած Հայաստանը, որուն տեղանունները խեղուած եւ այլանդակուած են։ Յիշենք՝ Սիս-Գոզան, Վահկա-Ֆեքքա, Չորք-մարզպան-Տէօրթ-եոլ, Գանձակ-Կեանճա (Գեանջա), Շուշի-Շուշա, Աղաւնաձոր-Այզանուր,Ալավերտի, Ղարաքիլիսա (Կիրովական, ետքը Վանաձոր), Պաշ Ապարան, Ղարալար (այժմ՝ Արալէզ գիւղ, Արարատեան դաշտ), Վեդիի շրջան (արաբ.՝ վետի-ուատի-հովիտ), այժմ Արարատի մարզ։
Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն սկսան հայանալ մեր տեղանունները գոնէ մասամբ, բայց ատեն մը ետք դադրեցաւ այս ընթացքը՝ առաջնորդուելով պոլշեւիկեան կեղծ եղբայրութեան լոզունգէն։ Յետոյ հասան մեղմացուցիչ հովերը եւ Խորհրդային Հայաստանի համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղարներ՝ Եաքով Զարոբեանի, Երուանդ Քոչինեանի եւ Կարէն Դեմիրճեանի իշխանութեան օրերուն օտար եւ խուժդուժ տեղանուններէն զգալիօրէն ազատեցան մեր հին ու նոր գիւղերն ու աւանները, քաղաքներն ու մարզերը։
Այս շրջանին ուրիշ գովելի նախաձեռնութիւններ ալ կատարուեցան մեր տեղանուններուն հետ։ Այսպէս օրինակ նորակառոյց գիւղեր, արուարձաններ եւ քաղաքատիպ աւաններ ունեցան Պատմական Հայաստանի, ներառեալ Կիլիկիոյ անուններ (Նոր Արաբկիր, Նոր Խարբերդ, Նոր Զէյթուն, Նոր Հաճըն եւ այլն)։
Ուրախութեամբ ընդունեցինք Հայաստանի վերանկախացումէն ետք մեր տեղանուններուն հայացման եւ ապաթրքացման ընթացքին շարունակութիւնը եւ ապապոլշեւիկացումը։ Լենինականը վերադարձաւ իր պատմական անուան՝ դառնալով Գիւմրի (Կիւմրի), Կիրովականը եղաւ Վանաձոր, զազրահնչուն Քեալբաջարը վերահայանալով եղաւ Քարվաճառ եւայլն։ Սակայն տակաւին իրենց զզուելի գոյութիւնը կը քաշկռտեն կարգ մը խորթ եւ օտար անուններով տեղանուններ ու քաղաքներ, որոնց մէջ ամէնէն մերժելին ու վիրաւորականն է թուրք ջարդարար հրամանատարի անունով Ալավերտին՝ Լոռիի չքնաղ շրջանին մէջ։ Ան կը գտնուի Լոռիի մէջէն հոսող Դեբետ գետի ափին՝ Հաղբատ, Սանահին, Օձուն եւ Ախթալայի Ս. Աստուածածին նշանաւոր վանքերու միջեւ։ Այս քաղաքը ԺԹ. դարուն յայտնի դարձաւ իր պղինձի հանքերով։
Տակաւին Կարէն Դեմիրճեանի շրջանին Ալավերտիի անուանափոխման հարցը բերուած էր այն յոյսով որ մեր առինքնող, գործունեայ, խօսքով եւ գործով հայրենասէր առաջնորդը պիտի յաջողէր ձեւ մը գտնել անուանափոխութիւնը արդարացնելու համար։ Թէ ի՞նչ հանգամանքներու պատճառով իր օրով չիրականացաւ այդ ծրագիրը, կարելի է միայն ենթադրութիւններ ընել։ Կը յուսանք որ օր մը տեղէ մը կը ծագի լոյսը…
Եթէ 1991-էն առաջ Երեւան-Մոսկուա-Անգարա եռանկիւնիին մէջ պէտք էր փնտռել խնդրին առկախ մնալը, ապա ի՞նչը կը խանգարէր մեզի այդ քաղաքի անուանափոխութիւնը կատարել1991–էն ետք՝ Հայաստանի վերանկախացումին մթնլորտէն օգտուելով։ Խորհրդաւոր եւ հանելուկային բան մը կայ այս «մոռացութեան» մէջ։
Մեր պատմաբաններէն Պրն. Գէորգ Եազըճեան (Երեւան) քանի մը շաբաթ առաջ ներկայացուցած էր համառօտ պատմականը այս խնդրին եւ պահանջած էր վերացնել այս ամօթալի անունը (տե՛ս keghart.org կայք)։ Մեր ազգային ինքնասիրութիւնը վիրաւորող պարագայ մը կայ հոս եւ անուանափոխութիւնը ազգային արժանապատուութեան խնդիր մըն է այլեւս։ Հայրենիքին մէջ չեն պակսիր աշխարհագրագէտներ, հնագէտներ, լեզուաբաններ եւ պատմաբաններ, որոնք ընդհանուր հասկացողութեան մը գալով հայկական անունով մը կրնան մկրտել խնդրոյ առարկայ քաղաքը։ Պէտք ունի՞նք օտարներուն բացատրութիւն տալ այս առնչութեամբ։ Անշու՛շտ ո՛չ։
Լոռիի այս արդիւնաբերական քաղաքի անուան հայացումը օրակարգի վրայ է թէ ոչ՝ լուր չունինք։ Խնդիրը տակաւին չէ լուծուած։ Յուսանք՝ ի վերջոյ հայկական անունով կը մկրտուի այս քաղաքը։
*****
Վերջերս ուրիշ արտառոց հաղորդման մը ականջալուր դարձանք սփիւռքի մէջ՝ վերջին շաբաթներուն հրապարակ նետուած ծրագիրի մը տհաճ մակերեսումով։
Առաջինը Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր միլիոնաւոր նահատակներու յուշարձանին դրացնութեամբ առաջարկուած ծրագիրն է, որ ըստ էութեան շատ տեղին առաջարկ մըն է, որուն մասին հրապարակայնօրէն յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այս Ապրիլին։
Խօսքը կը վերաբերի նշուած վայրի լանջին նահատակներու յիշատակի պուրակի մը ստեղծման։ Հոյակապ մտայղացում մը անտարակոյս։Բայց ինչո՞ւ ոչ-հայերէն բառ մը ըլլայ անոր բաղադրիչը։ Դիւանագիտական եւ արեւմտաեւրոպական մշակոյթով պատուաստուած մեր նախագահը կ՚առաջարկէ այդ յիշատակի զբօսայգին անուանել «Հայ Պարկ»։ Սխալ չհասկնանք՝ «պարկ» այսինքն խօսքը տոպրակ (չուալ) բառի մասին չէ, այլ «պարկ-park=այգի, հանրային պարտէզ, պուրակ՝ հաւանաբար նմանողութեամբ Լոնտոնի Hyde Park պուրակին, ուր մարդ կրնայ ազատօրէն արտայայտել իր քաղաքական եւ հասարակական հայեացքները։
Ծրագիրը հոյակապ է անկասկած՝ ահաւասիկ ի վերջոյ տեղ մը, ուր զանազան փոքր տարածութիւններ վառ պիտի պահեն Հայաստանի բռնագրաւեալ տարբեր նահանգներու, քաղաքներու եւ այլ տեղանուններու յիշատակի այգի-պուրակը՝ իւրաքանչիւրը իր ուրոյն դիմագիծով։ Ահաւասիկ յիշատակի զբօսայգի մը, ուր մեր խոհերը պիտի պտըտին միլիոնաւոր նահատակներու շուրջ, պուրակ մը, ուր գալիք սերունդները պիտի ուխտեն հետապնդել մեր անժամանցելի դատը, այգի մը, որ վառ պիտի պահէ մեր պահանջատիրութեան ոգին։
Կը շեշտեմ՝ այդ ոգիին հետ ամբողջովին անհամատեղելի անուն մը անարգանք պիտի ըլլայ մեր նահատակներուն յիշատակին հանդէպ, մանաւանդ այն բիւրաւոր նահատակներուն, որոնք նուիրեալ սպասարկուները եղած են հայ եկեղեցւոյ, հայ գիր ու գրականութեան եւ հայոց լեզուին։
Եկէք այդ նախատեսուած վայրը անուանենք «Հայ պուրակ», «Նահատակաց այգի», «Անմահներու այգի (կամ պուրակ), «Յիշատակի այգի (կամ պուրակ)» կամ նման հայահունչ անունով։ Չտարուինք արդէն քանիերորդ անգամ ըլլալով «կարճ բառերու», դիւրահունչ անուանումներու, «cool արտայայայտութիւններու» եւ «սուպերմարկետային» ապազգային անուանումներու բարդոյթէն։ Մի՞թէ բաւարար չեն Հայաստանի մէջ սունկի պէս բուսած «Իբիս»ներն ու նմանները, «Մոնակօ»ն, «Շանգրիլա»ն, «Վերնիսաժ»ը, Carrefour-ը, «City»ներն ու Plaza-ները, Mall-երը, Forest Voices-ը եւ այլն, եայլն։
Սա նաեւ ազգային արժանապատուութեան խնդիր մըն է։ Հասկցողին՝ շատ բարեւ։
1 comment
Ժամանակն է որ նախաձեռնուի համազգային ստորագրահաւաք կամ քուէարկութիւն՝ «Ալավերտի»-ին փոխելու օրինակի համար «Աստուածատուր» և կամ «Դրախտաշէն» անուններով