Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 5 Նոյեմբեր 2023
Այս տարի կը լրանայ արեւմտահայ երաժշտական կեանքի արժանաւոր դէմքերէն մէկուն՝ Միհրան Թումաճանի մահուան 50-ամեակը։ Ան ի սպառ կորուստէ փրկեց հարիւրաւոր երգեր, որոնք յօրինած էր հայ շինականը իր դարաւոր հայրենիքի տարածքին՝ փաստօրէն շարունակելով իր ՄԵԾ ՈՒՍՈՒՑԻՉԻՆ՝ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ գործը։
Միշտ բարետես, կոկիկ հագուած եւ սովորաբար աղուոր ժապաւէն մը վզին, ան կը զբօսնէր իր եղբօրորդիին՝ մեր շատ սիրելի ամերիկահայ ընկերոջ՝ Տիգրան Թումաճանի հետ։ Շատեր սովոր էին այս տեսարանին, յատկապէս Աբովեան փողոցի կրպակներու վարիչները, որոնք մօտենալով զոյգին, կը հարցնէին. «Ինտո՞ր էք, մայեսթրօ»։ Այն աստիճան բնորոշ էր այս զոյգը, որ «Հայրիկ» շարժապատկերի բեմադրիչը տեսարան մը նուիրած էր «հայր եւ որդի» նկատուող Թումաճաններուն։
Սփիւռքահայ ուսանողներուս, ինչպէս առհասարակ Երեւանի երաժշտասէր հասարակութեան համար, ան Կոմիտաս վարդապետի կենդանի ներկայութիւնն էր։ Արդարեւ, Միհրան Թումաճան Կոմիտասի հինգ յայտնի սաներէն էր, ինչպէս Բարսեղ Կանաչեան, որոնց վրայ Հայր Սուրբը առանձին առանձին ջանք թափած էր որ շարունակեն իր սկսած գործը։ Թումաճանին բախտ վիճակուած էր բանահաւաքութիւնը։ Երկար ու տքնաջան աշխատանքներէ ետք լոյս տեսաւ այդ նիւթերուն երեք ժողովածուները 1973-1986 թուականներու ընթացքին։ Երեւանի մէջ՝ «Հայրենի երգ ու բան» վերնագրով։
Միհրան Թումաճան ծնած էր է1890 թուի Հոկտեմբեր 21-ին, Արևմտեան Հայաստանի Կիւրին քաղաքը (Սեբաստիոյ գաւառ, այժմ Սիվազ)։ Կրթությունը ստացած է Պոլսոյ մէջ, իսկ 1913-ին աւարտած է տեղւոյն համալսարանը։1910-1915 թուականներուն երգած է Կոմիտասի «Գուսան» երգչախումբէն։ Այս տարիներուն է որ Կոմիտաս վարդապետ յատուկ դասընթացքով մը զայն կը պատրաստէ որպէս երաժշտական գործիչ։ Ցեղասպանութենէն ետք Կոմիտասի սաները զիրար կը գտնեն 1918 թուին ու կ՚որոշեն շարունակել իրենց ուսուցիչին գործը։ Երիտասարդ Միհրան իր ճիւղին մէջ մասնագիտանալու նպատակով երկու տարի կ՚ուսանի Փարիզի մէջ 1920-1922 տարիներուն։
1923 թուականին Մ. Թումաճան կը մեկնի ԱՄՆ, ուր կը հիմնէ «Հայ երգ» ընկերութիւնը, որ հասարակութեան առջեւ հանդէս կու գայ Կոմիտասի եւ Բարսեղ Կանաչեանի խմբերգերու կատարումով։ Միաժամանակ Թումաճան մեծ բծախնդրութեամբ կը հաւաքէ ու կը մշակէ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր գաւառներէ Ամերիկա հաստատուած հայութեան բեկորներու երգն ու երաժշտութիւնը։
Կոմիտաս վարդապետ իր սաներով. նստած Ա. շարք աջին՝ Մ. Թումաճան։
Հայրենադարձութեան վառ օրինակ մը հանդիսացաւ Միհրան Թումաճան, երբ 1966 թուականին Միհրան Թումաճան իրականացուց իր երազը եւ հաստատուեցաւ Խորհրդային Հայաստան՝ շրջապատուեցաւ երաժիշտներով ու արհեստավարժ կատարողներով։ Հայրենի պետութիւնը զայն ապահովեց թոշակով եւ կոկիկ բնակարան մըն ալ տուաւ Աբովեան փողոցին վրայ գտնուող Երեւան պանդոկին մէջ (այժմ Գրանդ Թիւլիփ, Grand Tulip, Yerevan)։ Հայաստանի Գիտութիւններու Կաճառի արուեստի հիմնարկը Թումաճանի համար հնարաւորութիւն ստեղծեց հանգիստ պայմաններու ներքոյ հրատարակութեան պատրաստել տասնամեակներու ընթացքին անոր հաւաքած գործերը, եւ այսպէս լոյսին կու գան «Հայրենի երգ ու բան» ժողովածուի չորս հատորները՝ 1973-2005 թուականներու ընթացքին։ Կը փրկուին հարիւրաւոր տոհմիկ երգեր ու երաժշտական կտորներ։ Թումաճաններու թանկագին «Հաբաբըր»ը (հօրեղբայր) կը սիրէր կրկնել. «Ես հասկցայ, որ իմ աշխատանքներս գնահատողները հո՛ս են»։
Միհրան Թումաճան վախճանեցաւ 1973 թուի Հոկտեմբեր 28-ին, Երեւանի մէջ։ Հայրենի պետութիւնն ու երաժշտական աշխարհը յաւուր պատշաճի պաշտօնական յուղարկաւորութիւն մը կազմակերպեցին եւ անոր յոգնատանջ մարմինը ամփոփուեցաւ Նուպարաշէնի պանթէոնին մէջ։
Տողերուս հեղինակը ներկայ էր վերջին հրաժեշտին։ Անձրեւոտ օր էր եւ ներկաները երկինք նայելով կը հառաչէին. «Երկինքն էլ է լալիս», մէկն ալ աւելցուց. «իր ուսուցչի ու սաների արտասուքն է, որ թափւում է երկնքից…»։ Կ՚արժէ այս պահուն յիշել բնութեան սարքած անակնկալը։ Երբ թափօրը գերեզմանատուն կը հասնէր աշնանային անձրեւի տակ, յանկարծ կտրուեցաւ եւ մարդիկ սկսան զարմանքով զիրար դիտել ու մեկնաբանել։ Ներկաներէն մէկը, որ բաւական տարիքը առած մտաւորական մըն էր եւ ականատես եղած էր Կոմիտասի թաղումին, հետեւեալը ըսաւ.
– Հրաշքներ պատահել են, պատահեց եւ հիմա։ Արդարեւ, Կոմիտասի յուղարկաւորութեան պահին էլ անձրեւոտ էր եղանակը, իսկ երբ մօտեցանք Երեւանի պանթէոնին, անձրեւը դադարեց եւ երկինքը մի պահ դէմքը ցոյց տուեց…Սա զուգադիպութիւն չէ, սա հրաշք։ է
Եւ իրօք, թաղման պահուն, մայրամուտի արեւի վերջին շողերը ինկած էին քառագագաթ Արագածի վրայ…
Միհրան Թումաճան ընտանիք չէր կազմած, այլ իր եղբօր զաւակները ընդունած էր որպէս իր հարազատ զաւակները, վերջիններս ալ կը գուրգուրային իր վրայ որպէս իրենց հայրը։ Այդպէս կը վարուէր եղբօրորդին՝ Տիգրան Թումաճանը (մահացած 2022-ին, Տիթրոյթ)։ Տիգրան իր «Հաբաբըր» հօրեղբօր հետ կ՚ապրէր եւ պահապան հրեշտակի պէս կը հետեւէր անոր ամէն քայլին։ Բնաւորութեամբ ալ նման էին, բայց յատկապէս զուարթախօս էին երկուքն ալ։
Առաջին անգամ երբ Տիգրան զիս ծանօթացուց «Կոմիտասի սանին»՝ ըսելով. «Հաբաբըր, իշտէ ա՛ս է Մինասը, որուն մասին միշտ կը պատմեմ քեզի…», այն ատեն «Հաբաբըրը» պոլսական զուարթամտութեամբ մը հարցուց. «Կարգուա՞ծ ես, տղաս»։ Ժխտական պատասխանս ստանալէն ետք աւելցուց.
-Ուրեմն դո՛ւն ալ անկարգ ես…
Այսօր արժանի կերպով իր անունը կը կրէ Տիգրանի որդին՝ Միհրան Թումաճանը, որ ատեն մը Հայկական Համագումարի Լոս Անճելըսի բաժնի վարիչն էր եւ կը շարունակէ իր ներդրումը բերել ԹՄՄ-էն ներս։
***
Սարեր, ձորեր, դաշտեր ու ջրեր,
Մարմանդ–մարմանդ վազող աղբիւրներ,
Մի վեր կացէք, իմացէք,
Տեսէք իմ սրտի ցաւեր: (Կոմիտաս)