Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 13 Յունիս 2021
«Դուռը փա՞կ է թէ՞ գոց. դգա՞լ թէ՞ գդալ»
Փոքրաթիւ ժողովուրդի մը համար պերճանք չէ՞ արդեօք աշխարհաբար երկու հայերէն ունենալը, երկու կաթողիկոսութիւն, երկու ընկերվարական (սոցիալիստական) կուսակցութիւն, երեք յարանուանութիւն, ժողովրդավարական (դեմոկրատական) քանի մը քաղաքական խմբաւորումներ եւ կուսակցութիւններ, Արեւմտեան Հայաստանի եւ Հայ դատի ու պահանջատիրութեան համար տիւ եւ գիշեր գործի լծուած համախմբումներ, միութիւններ, կազմակերպութիւններ, խորհուրդներ եւ այլն: Կասկածէ վեր է որ վերջիններս կը մրցին հայրենասիրութեամբ եւ նուիրուածութեամբ: Բայց, մի՞թէ շուարելու եւ այս բոլորին մէջ կորսուելու հնարաւորութիւններն ալ մեծ չեն…
Ի՞նչ կարելի է ընել: Հնարաւո՞ր է նուազագոյնի իջեցնել այս գոյնզգոյն եւ ինքնաոչնչացնող երեւոյթը:
Հետեւելով իրարու նման մեր կազմակերպութիւններու օրէնսգիրքերուն, սահմանադրութեան, կանոնագրութեանց, նպատակներուն եւ գաղափարախօսութեան, կը նկատենք թէ շատ քիչ, նոյնիսկ աննշան տարբերութիւններ կան որոշ կազմակերպութիւններու մէջ. օրուան վերջաւորութեան անոնք գրեթէ նոյն բանը կը խօսին միաժամանակ՝ տարբեր բարձրախօսներէ: Ինչո՞ւ ուժերու այս վատնումը, մանաւանդ ինչո՞ւ այս ճոխութիւնը, երբ հայախօս եւ ոչ-հայախօս հայութիւնը հազիւ թէ տասը միլիոնի կը հասնի:
Անդադար տրոհում, բաժանում, խմբակներու մէջ խմբակցութիւններ, որոնք քիչ ետք կը վերածուին առանձին եւ անկախ միաւորներու: Ազգը կը նմանի այն դասարանին կամ լսարանին, ուր, երբ բոլորը միասին կը խօսին, եւ ուսուցիչը կամ դասախօսը չի կրնար կառավարել, հսկել եւ ապա ուղղութիւն տալ, կը վերածուի քաոսի, իսկ քաոսին մէջ կարելի չէ համանուագ ստեղծել:
Առանց անուններ տալու՝ վերջերս Հայաստանի քաղաքական հորիզոնին վրայ յայտնուեր էր հայրենասէր ու անկաշառ հասարակական կազմակերպութիւն մը, որուն անդամներէն շատեր անձնապէս ճանչցած եմ եւ չեմ կասկածիր անոնց անշահախնդրութեան: Անոնք կը հաւատան իրաւ ժողովրդավարութեան, չունին հիւանդագին փառասիրութիւններ, իրենց վաղ երիտասարդութեան տարիներէն (80-ականներու վերջը եւ 90-ականներու սկիզբը) խանդավառութեամբ եւ հաւատքով մասնակցած են ազգային վերելքին, ենթարկուած են հալածանքներու, կալանքի եւ այլն: 44-օրեայ պատերազմ-բեմադրութեան վարկաբեկիչ օրերուն եւ անկէ անմիջապէս ետք միացան իրարու, համարձակօրէն ելոյթներ ունեցան եւ մենք այստեղ յոյսեր կապեցինք անոնց հետ: Այդ կազմակերպութիւնը պայմանականօրէն կոչենք ՀՀԱԲ: Եւ ի՞նչ, յանկարծ կ’իմանանք թէ անոնցմէ մէկը կամ երկուքը հեռացած են եւ նոր ճիւղաւորում մը յառաջացնելով պայքարի ու ընտրարշաւի մէջ մտած են:
Բազմաթիւ «ինչո՞ւ»ները զիս մղեցին հետեւիլ ճիւղաւորուածներուն կամ «անջատուածներուն» ելոյթներուն, եւ, ո՜վ զարմանալի, չնկատեցի ԼՈՒՐՋ տարբերութիւն երկուքին մօտեցումներուն եւ աշխարհայացքներուն մէջ: Ովքե՞ր օգտուեցան, ի հարկէ քոչարեանա-սարգսեանա-փաշինեանական ճակատը(ները):
Գանք սփիւռքին: Քանի մը տասնամեակ առաջ Լիբանանէն սկսելով մինչեւ Զուիցերիա, Գերմանիա, Ֆրանսա եւ այլուր, սփիւռքի հայութեան մօտ տասնամեակներու ընթացքին պահանջատիրութեան գծով չարձանագրուած յաջողութիւններու որպէս արդիւնք, յարգելի անհատներ, քաղաքական-հասարակական գործիչներ, արհեստավարժ անձեր, ձեռնարկեցին հայ դատի հետապնդման եւ յատկապէս տարագիր հայութեան ձգտումները, երազանքները եւ պահանջատիրութիւնը խմբագրելու, բանաձեւելու աշխատանքին, խորհրդաժողովներ կազմակերպեցին, տարբեր երկիրներէ հայեր մասնակցեցան, յայտարարութիւններով հանդէս եկան, ծրագիրներ ներկայացուցին… անջատաբար: Ի հարկէ բոլորն ալ գնահատելի գործ կատարեցին, բայց չկայ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ եւ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ճակատ, չկայ լուրջ համագործակցութիւն, եւ դեռ աւելին՝ «անոնք այնպէս են՝ մենք այսպէս…»: Արդի՞ւնք՝ պատառ-պատառութիւն, մասնատուածութիւն, մրցակցութիւն, նիւթական համեստ աղբիւրներու սպառում եւ… սայլը տեղէն գրեթէ չշարժեցաւ:
Բարեկամնե՛ր, հարազատնե՛ր, «ձեր հոգուն մատաղ», ձեր տարբերութիւնները ինծի կը յուշեն յայտարարել՝ մեր «տարբերութիւնները» կը նմանին հետեւեալ հարցումին.
- Ո՞րն է ճիշդ, դուռը գո՞ց է թէ՞ փակ, գդալո՞վ թէ՞ դգալով ուտել…
Օգտուեցաւ թշնամին ու կը շարունակէ օգտուիլ, որովհետեւ նշանակալից յաջողութեան չհասանք: Արդեօ՞ք մեր «ԵՍ»ն է պատճառը, մեր «խոտորութիւնը», փոխադարձ անհանդուրժողութեան նստուածքը եւ յաճախ կրկնուած՝ հայերուս անմիաբանութեան ախտը: Ի միջի այլոց այս խօսքը մեզմէ աւելի օտարները եւ մեր թշնամիները անընդհատ կրկնած են: Կը յիշեմ Միջին Արեւելքի մէջ մեզի մրցակից եւ իբր թէ բախտակից ազգի կողմէ յօրինուած սա խօսքը, թէ՝ մէկ հայը հազարի դէմ կրնայ պայքարիլ, բայց հազար հայը մէկ թշնամիի դէմ չի կրնար (եղեր…):
Ի՞նչ ընել: Ես պատասխան չունիմ, աւելի ճիշդը՝ ունիմ, բայց ինծի չի պատկանիր, այլ՝ Եղիշէ Չարենցին…: