ԶՈՒԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԴՈՒՌԵՐԸ ԵՒ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՈՒ ՎԱՂՈՒԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ

Կամ ՝տհաճ զուգահեռ մը

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 15 Դեկտեմբեր 2020

Հարիւրաւոր սփիւռքահայ երիտասարդներ բարձրագոյն ուսում ստացան Խորհրդային Միութեան եւ անոր հանրապետութիւններէն Խորհրդային Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան զիրար լրացնող շահերու համընկնումին շնորհիւ: ԽՍՀՄ-ը իր յստակ նպատակները ունէր յատկապէս երրորդ կամ ոչ-զարգացած երկիրներէ ներս թափանցելու հեռանկարէ մեկնած, իսկ մեր պզտլիկ ու ցեղասպանութենէն փրկուած Խ. Հայաստանը կ’ուզէր իր սփիւռքահայ գաղութներուն հասնիլ զանազան խողովակներով ու միջոցներով, ինչպէս՝ դասագիրքերու առաքում, Հայաստանի գեղատեսիլ վայրերու մէջ սփիւռքահայ պատանիներու հիւրընկալում, ուսուցիչներու վերապատրաստութիւն, բայց ամէնէն աչքառուն՝ բարձրագոյն հաստատութիւններու մէջ ձրի ուսման հնարաւորութիւն:

Ես ալ բախտաւոր եղայ եւ օգտուեցայ ընձեռուած պատեհութենէն: Մենք այլեւս նիւթական մտահոգութիւն չունէինք, ուսման ծախսերը չէին անհանգստացներ մեզ եւ մեր ծնողքը, հայրենի պետութեան միակ խնդրանք-պահանջն էր լաւ ուսանիլ եւ վերադառնալ գաղթավայրերը օգտակար դառնալու հայութեան: Որեւէ լուրջ պատճառ չունէինք դժգոհելու, մանաւանդ որ առատ թոշակ ալ կը ստանայինք: Միակ դժգոհութիւնը, որ մեծ աղմուկ հանեց 1969-1970 թուականներուն…հանրակացարաններու զուգարաններուն դուռ չունենալն էր (Զէյթունի հանրակացարան):

Այդ տարիներուն ստեղծուած էր սփիւռքահայ ուսանողութեան համադաշնութիւն մը (ֆեդերացիա), որուն վարչութեան անդամ ընտրուած էի նաեւ ես: Բաւական դրական գործ տեսանք, որովհետեւ մեր վարչութեան տղաքն ու աղջիկները յառաջադէմ ուսանողներ ըլլալով, կրթական եւ ձեզի յայտնի «մարմիններ» կը վստահէին մեզի եւ ականջ կը դնէին մեր խնդրանքներուն: Ուսանողութիւնն ալ կը վստահէր մեզի:

Ուստի, մեր հաւաքականութեան բացարձակ մեծամասնութեան խնդրանքով գրաւոր դիմում ներկայացուցինք հանրակացարաններու գերատեսչութեան, բարձրագոյն կրթութեան նախարարութեան եւ այլուր՝ խնդրելով որ…մեր զուգարաններու խցիկները դուռ ունենան, որովհետեւ մեզի համար խիստ անսովոր էր բացէ ի բաց ….:

Դիմումը տեղ հասաւ: Նախ գերատեսչութենէն լուր եկաւ որ մեր պահանջը «լուրջ հարց է», պէտք է նախարարութիւնը քննարկէր, ուրեմն պէտք է սպասէինք: Սպասեցինք շուրջ տասնհինգ օր եւ գեղեցիկ օր մը մեր վարչութիւնը հրաւիրուեցաւ նախարարութիւն…զուգարանի դուռերուն խնդրով խորհրդակցելու:

Գացինք: Սուրճ եւ լեմոնադ հիւրասիրուեցանք եւ յայտնեցինք մեր երախտագիտութիւնը մեր դիմումը նկատի առաջ ըլլալնուն համար: Փոխ-նախարարը, որ մեզ լաւ կը հասկնար (Ընկ. Գափլանեան), խնդրին հեռուէն գալով հասկցուց թէ մեր խնդրանքը միութենական հարց է, հետեւաբար Կոմ. Կուսակցութեան խողովակով (համայնավար կուսակցութիւն) դիմում պիտի կատարուի…ԽՍՀՄ կրթական նախարարութեան, որովհետեւ համամիութենական հանրակացարանները դուռ չեն կրնար ունենալ եղեր ինչ ինչ պատճառներով…

Սովորական երեւոյթ մը միակուսակցական եւ միապետական հսկայական գերհզօր պետութեան մը համար: Ինչ որ է, մնացինք յոյսով: Վերջացաւ Ա. կիսամեակը եւ մեկնեցանք մեր ծնողներուն քով, ապա ամենայն բարի տրամադրութեամբ վերադարձանք մեր համալսարանը եւ ինստիտուտները: Վստահ էինք որ Մոսկուայի մէջ նկատի կ’առնուի մեր խնդրանքը, որով մենք արտասահմանեան զանազան բուրժուական հասարակութիւններէ եկած եւ այդպիսի դաստիարակութիւն ստացած ըլլալով՝ մեզի համար խիստ տարօրինակ էին կենցաղային այս (պրոլետարական) պայմանները:

Ուրեմն, սկսելով հանրակացարաններու գերատեսչութենէն ղրկուեր էինք նախարարութիւն, անկէ ալ Կոմկուս (համայնավար կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէ) եւ հուսկ ապա հասեր էինք Մոսկուա…

Արձակուրդի մեկնածներս կը սպասէինք ցանկալի լուրի մը, որ պիտի հասնէր հզօր Միութեան մայրաքաղաքէն, բայց սառը ջուր թափուեցաւ մեր վրան, որովհետեւ Մոսկուան կտրուկ կերպով մերժեր էր մեր խնդրանքը, քանի որ համամիութենական է եղեր օրէնքը եւ Հայաստանը բացառութիւն չէր կրնար կազմել եղեր, եւ այլ ծիծաղելի պատճառաբանութիւններ:

Մեր ուսանողական խորհուրդը որոշեց օրէնքը իր ձեռքը առնել, ուստի հաստ պարաններ քաշելով սաւաններով ծածկեցինք մեր խցիկները, որպէսզի քանի մը օր ետք ուրիշ, չտեսնուած փաստի մը առաջ գտնուէինք:

Մէկ երկու օրէն նկատեցինք որ մեր բնակիչները, որոնք Խորհրդային Միութեան միւս ժողովուրդներու նման զուգարանի թուղթ չունենալով սկսեր էին սաւաններու օգնութեան դիմել…

Անմիջապէս վար առինք սաւանները եւ կեանքը վերադարձաւ իր նախկին օրերուն:

***

Կովկասի եւ յատկապէս Հայաստանի ու Արցախի մէջ նոր ուժերու յայտնուելէն ետք, ասկէ յետոյ ամէն ինչի համար Կրեմլինի արտօնոթիւնը պէտք է առնենք, այլապէս ապտակը կ’ուտենք: Ի՛նչ ընենք, պէտք է դիմանանք մինչեւ որ մեր տարածաշրջանին մէջ հայ մարդ չմնայ եւ բացի մեզմէ բոլոր կողմերը հասնին իրենց «ստատուս կուոյին» (status quo):

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like