Վարդգէս Պետրոսեանը եւ Զանգեզուրը

Գորիս՝ համայնապատկեր

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 7 Յունուար 2022

1970-ականներու կէսերուն, Ցեղասպանութեան 60-ամեակէն քիչ առաջ արտասովոր եռուզեռ մը կար Երեւանի մտաւորական շրջանակներուն մէջ։

Հանգամանքներու բերումով երեք վայրեր շատ կը յաճախէի Մատենադարանէն ետք։ Ի հարկէ վերջինը իմ «երկրորդ տունս» էր,  քանի որ թեկնածուականիս (PhD) նիւթը կ՚առնչուէր ձեռագիրներու հետ։ Այս եզակի հիմնարկին մէջ բախտաւոր եղեր էի աւելի մօտիկէն ճանչնալու մթնոլորտը, ուր կը տիրէր բացառիկ կարգապահութիւն, նուիրուածութիւն եւ պաշտամունք ձեռագրաց հաւաքածոներու հանդէպ։  Մատենադարանը հայեցիութեան խորհրդանշանն էր ու բազկերակը, ուր միջանցքային զրոյցներու ընթացքին ցածրաձայն կը խօսէին  Խորհրդային Հայաստանի ՀԱՅ ապագային սպասող մարտահրաւէրներուն մասին։ Միւս երկու տեղերն էին Եղիշէ Չարենցի Տուն-թանգարանը, Ազգային գրադարանը եւ «Գարուն» ամսագրի խմբագրութիւնը։ Այստեղ տիրող դէմքն էր գլխաւոր խմբագիր Վարդգէս Պետրոսեան, որ այդ օրերուն սկսեր էր «շփացնել» զիս, նոյնիսկ թոյլ տալով որ քանի մը անգամ մասնակցէի ընդարձակ նիստերուն։ Հոս էր որ երջանիկ պատեհութիւնը կ՚ունենայի մօտէն ճանչնալ վաղամեռիկ Մուշէղ Գալշոյեանը, Հենրիկ Էդոյեանը, Արեւշատ Աւագեանը, Յովհաննէս Գրիգորեանը, Անժիկ Յակոբեանը, Հրաչեա Մաթեւոսեանը, Մերուժան Տէր Գուլանեանը, իսկ մեծերէն՝ Շիրազը։

Սկսան շշուկներ տարածուիլ որ օրուան թիւ մէկ մարդը՝ Կարէն Դեմիրջեանը միտք ունի Գրողներու միութեան նախագահ առաջադրել իր վաղեմի եւ արժանաւոր ընկերը՝ Վարդգէս Պերոսեանը։ Ե՛ւ ուրախ ու հպարտ էինք ե՛ւ միաժամանակ արդէն կը սկսէինք կարօտնալ զինք։ Վարդգէսը հայ լրագրութեան պատմութեան մատուցեր էր շնորհակալ վիթխարի ծառայութիւն մը՝ հիմնելով երիտասարդական «Գարուն» ամսագիրը, որ շատ շուտով դարձեր  էր մեծ ժողովրդականութիւն վայելող գրական, գեղարուեստական եւ երիտասարդական ու այժմէական հարցերու թիւ մէկ թերթը, ապացոյց՝ կրպակները հասնելուն պէս մէկ-երկու ժամէն կը յափշտակուէին բոլոր համարները։ Այդ օրերուն «Գարուն»ին մէջ տպուիլը գլխաւոր անցագիրն էր գրական աշխարհ մտնելու։

Անցնող տասնամեակներուն միշտ ուզած եմ Վարդգէս Պետրոսեանի մասին յուշերս յանձնել ընթերցող հանրութեան, սակայն միայն վերջերս էր որ ցանկութիւնս դարձաւ անզսպելի պահանջք մը՝ կարծես այն աստիճանի էր հասեր այդ ներքին մղումը, որ եթէ չգրէի իւրայատուկ դէպքի մը մասին՝ պիտի պայթէի։

Սոյն յուշս ընթերցողներուն ուշադրութեան յանձնելու անմիջական պատճառը դարձաւ  նախկին Գորիսաբնակի մը հետ ունեցած զրոյցս։ Կը պատմէր «դեռ էնտեղ մնացած հօրաքրոջ երեխաների ու մի քանի տարիքոտ զարմիկների» մասին՝ ափսոսալով ու մեղքնալով որ «դեռ էնտեղ են խեղճերը, ո՛չ աշխատանք ունեն, ո՛չ ապահովութիւն, ողջ երիտասարդութիւնը Ռուսաստան ա գնացել թէ փախել…ես իմ, աշխատում են որ փող ուղարկեն իրենց հարազատներին…»։

Վա՜յ, բարձրացաւ հառաչանք մը ներսիդիէս, վա՜յ Բակունց՝ Գորիս-Գյորեսի հարազատ դժբախտ որդի, որու հեղինակած «Ալպիական մանուշակի» մէջ բզզացող միջատին աշխարհը կը թուէր բուրաստան, որովհետեւ ան ուրիշ ոչինչ կը տեսնէր իր շուրջ, բացի ծաղկաթերթիկներէն…։ «Երջանիկ ու արբեցած» բզեզը չէր տեսներ ծաղիկէն դուրս գտնուող տխուր ու անիրաւ աշխարհը, այնպէս ինչպէս Երեւանի, Մոսկուայի, Վարշաւայի, Մատրիտի, Փարիզի, Լիզպոնի, Նիւ-Եորքի ու Լոս Անճելըսի հայը, որ իր առատութեան մէջ, կերուխում  ու «տաշիտուշի»ներու մէջ արդէն մոռցեր էր որ անդին, «սառերից էն կողմ» Զանգեզուրի ծործորներու մէջ մարդիկ կ՚երազեն…մի րոպէ առաջ դուրս գալ, «գրին քարտ» շահել, որ «ազատուեն էս աշխարհից»…

Սովետի ատեն ալ քիչ չէին «մի րոպէ առաջ ազատուել» ուզողները, որոնք զիրար քաշելով, մէկը միւսը բերել կու տար Երեւան՝ իր քարաշէն հսկայ պատշգամով պապեպանական տունը, արտն ու դաշտը, գերեզմաններն ու մատուռները թողլով…ազերիներուն, որոնց քով ՄԻՇՏ հայ գնորդէն աւելի վճարելիք գումար կ’ըլլար…: Ինչպէ՞ս կ՚ըլլար այս բանը «հաւասարութեան հայրենիք սովետի երկրում…»։

Հառաչեցի նաեւ յիշելով «Մենաւոր ընկուզենի»ի ու «Վերջին ուսուցիչը» հեղինակած «Գարուն»ի Աշտարակցի գրող-խմբագիր Վարդգէս Պետրոսեանը։ Ան նոյն ցաւը կ՚ապրէր այս գործերուն մէջ, ինչ որ արտայայտած էր քանի մը տարի առաջ «Գարուն»ի խմբագրութեան մէջ։

… Ընդլայնուած նիստ էր, ուր իրար քով նստած էին խմբագրական կազմի անդամ-անդամուհիները, թղթակիցներ, երիտասարդ գրողներ, բանաստեղծներ։ Բացի իգական սեռի ներկայացուցիչներէն բոլորը լիաթոք կը ծխէին ու սուրճի գաւաթները կը պարպուէին։ Մտահոգութիւն, ցաւ ու վիշտ կար բոլորին դէմքին վրայ, մտահոգութիւնը իջեր էր յօնքերու վրայ, որովհետեւ գլխաւոր խմբագիրը բացման խօսքին սկիզբը առանց բառերը ծամծելու եւ առաց հաշուի առնելու կուսակցական-գաղափարական նրբութիւնները յայտարարեր էր.

-Ընկերնե՛ր, երկար մտածելուց յետոյ որոշեցի մի այսպիսի առաջարկ ներկայացնել ձեզ, որը հաւանութեան արժանանալու դէպքում ուզում եմ տանել Ա. Քարտուղարին…

Վարդգէս Պետրոսեան նման պահերուն մատներով կը խաղար կամ կ՚ոլորէր իր երկար գանգուրները՝ գէսը։ Այդքան լուրջ չէի տեսած զինք, ու շարունակեց.

 

 

Զորաց քարեր

-Ահազանգ թող չթվա ձեզ ընկերներ, բայց մեզ լուրեր են հասնում, որ թուրք-ազերի հովիւներ գալիս են մեր Զանգեզուրի սարերը՝ իրենց հօտերը արածացնելու, յետոյ նրանց միանում են ընտանիքները՝ շուն ու գէլով (գայլ), հաստատւում են հովիտների մէջ…Դուք հասկանո՞ւմ էք ինչ է կատարւում…

Ներկաներէն ոմանք փորձեցին առարկել թէ «մերո՛նք են թողնում գիւղերը ու լցւում  Գորիս, Ղափան, Սիսիան, Մեղրի, էլ չենք ասում Երեւան…»։ Մէկը ըսաւ. «Ախր երիտասարդութիւնը անելիք չի գտնում այնտեղ, իսկ ուսում ստացածները ընդհանրապէս չեն ուզում Երեւանից յետոյ գիւղ գնալ, իսկ մեր աղջիկները Երեւանցի տղայ են գտնում, ամուսնանում ու յետ չեն գնում…»։

Քննարկումը անցաւ բուռն ու փոխադարձ մեղադրանքներով։ Համարձակութիւն չունէի խօսք մը ըսելու, թէեւ ըսելիք ունէի։ Կարծես Պետրոսեան յանկարծ նկատեց զիս ու ինծի դիմելով հարցուց.

-Իսկ Մինա՛ս, դու ի՞նչ ես մտածում, Պէյրութը, Փարիզը թողել եկել ես Երեւան։ Հը՛, բան չունե՞ս ասելու, դու որ մեզանից լաւ գիտես մեր վանքերն ու բերդերը…

Պահիկ մը պապանձում մը ունեցայ, բայց ընկերներէս մէկը քաջալերելով զիս ըսաւ. «Դէ ասա՛, ինչ էիր ասում էդ օրը…»։

Երկու բառով պատմեցի մեր հեռաւոր վանքերու բակերուն ու գաւիթներուն մէջ տեսած…խոզերն ու ոչխարները, իսկ անդին, հինաւուրց զանգակատան տակ նստած ծերունի հովիւը իր «չիպուխն էր քաշում…»։

-Չէ՛, չէ, էն միւսը պատմիր, Կիրանց վանքի տեսածդ…

Ստիպուած նկարագրեցի տեսածս սրբապղծութիւնը Հայաստանի հեռաւոր հիւսիսը գտնուող իւրայատուկ ճարտարապետութեամբ ու շինանիւթով կառուցուած Կիրանց վանքի բակին մէջ արածող գառները եւ անոնց թուրք-ազերի երկու «չոբանները»…Ուրիշ բան չըսի տեսածներուս մասին. պատմելիք բաներ չէին։

Ներկաները առին-տուին, առաջարկներ ներկայացուցին, կենտկոմ, կառավարութիւն, Մոսկուա դիմելու մասին բուռն կարծիքներ արտայայտեցին եւ … հանգստացան։

-Ընկերնե՛ր,- վերջապէս դիմեց Վարդգէս Պետրոսեան,- առաջարկութիւն եմ պատրաստում ներկայացնել «մինիստրութիւն» (նախարարութիւն) եւ կենտկոմ, որ «Գարուն»ի խմբագրութիւնը պէտք է փոխադրել Զանգեզուր՝ տեղի երիտասարդութեան սիրտ տալու եւ օրինակ հանդիսանալու։ Հասկանո՞ւմ էք ինչ է լինելու այս քայլի հետեւանքով. նախ մենք մեր շուրջն ենք համախմբելու շրջանների երիտասարդներին, նրանք գալու եւ միանալու են մեր մտաւորական շրջանակներին եւ այսպէս զարկ կը տանք պետական հիմնարկներին, որ տեղամասեր ու արտադրամասեր հաստատեն Զանգեզուրում, այլապէս, վստահեցնում եմ ձեզ, էդ դրախտավայրը Նախիջեւանի օրին ենք հասցնելու…

Տիրեց քար լռութիւն։ Ոչ ոք կը սպասէր նման առաջարկութիւն մը։

***

Այսօր, տասնամեակներ ետք, վերարժեւորելով Վարդգէս Պետրոսեանի առաջարկութիւնը, ինծի համար յստակ կը դառնայ թէ ի՜նչ աղէտալի եւ օրհասական վիճակի կը հասցնենք մեր շերտ մը հողակտորը այն ընթացքով, որ ընտրեցինք մենք զանազան պատճառաբանութիւններով ու «արդարացումներով» վերջին տասնամեակներուն եւ կը շարունակենք այս օրերուն։ Կը մեղադրենք մեր իշխանութիւնները. ի զուր, որովհետեւ անոնք ազգային ըլլալէ շատ հեռու են եւ յոյս կապելը՝ ժամանակի վատնում։ Եթէ պիտի չկարենանք փոխել եւ պատմութեան զամբիւղը թափել զանոնք, անիմաստ է մեր բողոքը։ Կրնա՞նք, քաջութիւնն ու ողնայարը ունի՞նք քննադատելէ անդին երթալ եւ միջոց մը խորհիլ։ Վճռակամութիւնը ունի՞նք չլքելու մեր վանքերն ու գերեզմանները, մեր դարաւոր խաչքարերն ու գիւղերը, խնձորի ու տանձի ծառերը, զորս մեր հայրերն ու մեծ հայրերն են տնկած ու աճեցուցած…

Այլընտրանքը՝ Վարդգէս Պետրոսեանի վատ նախագուշակումն է։

 

 

 

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like