Դոկտ. Մինաս Գոճայեան, Լոս Անճելըս, 19 Հոկտեմբեր 2021
Այսօրուան դրութեամբ 6-րդ օրն է արդէն որ Ղարաբաղեան շարժման ամէնէն կարկառուն դէմքերէն, ինչպէս նաեւ նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտողներէն մէկուն՝ Վանօ Սիրադեղեանի դիակը «մնացեր է մէջտեղ»: Վրէժխնդրութի՞ւն, քաղաքական կամքի պակա՞ս, գողապետութեան հաճելի դառնալու առի՞թ…: Ի՞նչ անուն տալ այս անփութութեան ու հերթական անճարակութեան, որ ՀՀ այժմու վարչախումբին գլխաւոր «յատկանիշը» դարձեր է վաղուց:
Ով որ ճանչցած է Վանօ Սիրադեղեանը, աւելի կարճ՝ Վանօն, առաջին զգացումը որ պիտի ունենայ այն է, որ նախ ափսոս եղաւ իրեն եւ մեզի, որ չկրցաւ, աւելի ճիշդը առիթ չտրուեցաւ իրեն «մաքրագործելու» ՀՀ քաղաքական եւ իրաւական դաշտը նախկին փտած համակարգի ողորմելի ու յանցագործ տարրերէն, յափշտակիչներէն ու մականունաւոր նորահարուստներէն (օլիգարխ):
1998/9-էն ետք կտրուկ կերպով փոխուեցաւ նորաստեղծ հանրապետութեան ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային դաշտը: Այսօր, աւելի քան քսան տարի ետք, երբ հարեւանցի հայեացք մը կը նետենք անցած ժամանակահատուածի վրայ, պարզ ու տեսանելի կը դառնան մեր անկումին տուն տուող պատճառները: Ափսոսալ կարելի է միայն որ Վանոյի նման գրագէտ, մտաւորական, հեռատես, տարածաշրջանն ու մեր ժողովուրդը լաւ ճանչցած գրող-լրագրող եւ քաղաքական գործիչը, ինչպիսին էր ինքը, աւելի երկար չկրցաւ ծառայել նորանկախ հայրենիքին: Պատահական չէր որ հայ նորագոյն գրականութեան մեծագոյն գրողներէն Հրանդ Մաթեւոսեան, իր մասին անդրադառնալով, ըսած է թէ մեծագոյն ծառայութիւն մատուցած է Վանօ Սիրադեղեանը հայ գրականութեան մէջ եւ իր նեկայութեամբ բաց մը լեցուցած է այդ բնագաւառին մէջ: Այլ խնդիր է թէ ի՞նչ մատուցած է ան հայաստանեան հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ, բայց նախ համառօտ կերպով տանք իր կենսագրութեան գլխաւոր գիծերը:
Ծնած էր 13 Նոյեմբեր 1946-ին Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան ծայրամասի Կոթ գիւղը (ընդամէնը քանի մը քլմ. Ատրպէյճանի սահմաններէն): Զինուորական ծառայութիւնը կատարելէ ետք հետեւած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրութեան բաժնի լրագրութեան ճիւղին եւ աւարտած 1974-ին: 1983-ին գրական հրապարակ կ’իջնայ «Կիրակի» խորագրով պատմուածքներու գիրքով: 1988-ին կը միանայ «Ղարաբաղ Կոմիտէ»ին եւ կ’ըլլայ հայկական նորագոյն պահանջատիրութեան բուռն շեփորահարներէն մէկը: 1989-ին «Կոմիտէ»ի միւս անդամներուն հետ կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի, ապա յաջորդ տարի ազատ կ’արձակուի: Կը սկսի Վանօ Սիրադեղեանի ազգային-քաղաքական նոր ասպարէզը: Ան, սերտ գործակցութեամբ գաղափարակից ընկերներու՝ Վազգէն Սարգսեանի, Իգոր Մուրադեանի, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ այլոց, կը սկսի իր նշանակալից դերը ունենալ 1990-ական թուականներու վերանկախացման դժուար ու վերիվայրումներով լի կեանքին մէջ: Օփերայի հրապարակի (Ազատութեան հրապարակ) մէջ իր ունեցած ելոյթները կը յատկանշուէին կուռ տրամաբանութեամբ, լեզուի ու մտքի յստակութեամբ, մաքրութեամբ եւ ամենայն իրատեսութեամբ: 1992-1996 կը զբաղցնէ ՀՀ Ներքին գործերու նախարարի եւ Երեւանի քաղաքապետի յոյժ պատասխանատու պաշտօնները:
Դժուարագոյն եւ փորձանաւոր տարիներուն Վանօ Սիրադեղեան ցոյց տուաւ իր վճռակամութիւնն ու նպատակակէտերու յստակութիւնը: Այս տարիներուն կը մղուէին Արցախի ազատագրութեան կռիւները, մեր երկիրը կ’անդամալուծուէր աննախադէպ շրջափակումի պատճառով, մէկ կողմէն Թուրքիոյ սպառնալիքները, միւս կողմէն Ռուսական Դաշնութեան երբեմն երերուն եւ երբեմն ալ երկդիմի ու հակասական քաղաքականութիւնը կը ստեղծէին անվստահութիւն մեր երկրի ապագայի հանդէպ: Միաժամանակ միջազգային հանրութիւնը, յատկապէս Համաշխարհային Դրամատունը (World Bank) կը շտապեցնէին սեփականաշնորհման գործընթացը: Այսօր շատեր կը մոռնան վերջին ազդակը եւ անոր պատճառած խուճապն ու շտապողականութեան յառաջացուցած ծանր հետեւանքները: Այդպիսիները հոգիի թեթեւութեամբ ու անպատասխանատուութեամբ կ’այպանեն այդ տարիներու վարչակազմը՝ արտառոց ու անարդար որակումներ կատարելով նշուած ժամանակահատուածի ղեկավարներու հասցէին:
Փտախտը, «մականունաւոր» ընդհատակեայ քրէական տարրերը ազատ-համարձակ խժդժութիւններ կը գործէին, մինչ խումբ մը քաղաքական գործիչներ գիշերը ցերեկին խառնելով՝ կը ճգնէին երկիր ստեղծել: Այս ատեն էր որ Վանօ Սիրադեղեան դիմեց «մտրակի քաղաքականութեան եւ երկաթեայ բազուկին»: Այդ տարիներուն կը թուէր թէ կը կրկնուէին 1918-1920 դժուարագոյն եւ բախտորոշ տարիներու «խմբապետական» սանձնարձակութեան օրերը, երբ օղիէն ու պարտութիւններէն գլուխնին կորսնցուած զինեալներ՝ երկար բեխերով ու փափախներով, ահ ու սարսափ կը տարածէին գաւառական Երեւանի մէջ: Այո՛, երկաթեայ անձեր էին պէտք, եւ մենք ունեցանք գոնէ երկուքը՝ Վանօ Սիրադեղեան եւ Վազգէն Սարգսեան, որոնց օրով շարքային կաշառակերը, փտած ոստիկանապետը, դատաւորն ու դատախազը ստիպուած էին հաշուի առնել այն ապագան, եթէ յայտնուէին Վազգէնի ու Վանոյի տեսադաշտին մէջ: Ահա՛ թէ ինչու իշխանափոխութենէն ետք քանի մը տարիները բաւարար եղան որ հրէշային կերպարի վերածուի Վանօն:
Քոչարեանական եւ Սարգսեանական տարիները հակառակ ուղղութեամբ տարին երկիրը. կէս մնաց կամ իր հունէն շեղեցաւ կամ շեղեցուցին սկսուած գործը: Իշխանութեան մաս կազմեցին քրէա-օլիգարխիկ տասնեակ մը գողապետեր, միջազգային յանցագործներ, երկրի հարստութիւնը արտասահմանեան դրամատուներու մէջ ի պահ դնող մակաբոյծ նորահարուստներ եւ այլն: Երկրի լրատուական եւ մամուլի գործակալութիւնները եւ հեռուստատեսային կայանները դարձան այդ գողապետութեան բանակն ու խօսափողը, եւ տարածուեցան կեղծ ու ստապատիր լուրերը: Վիրուսի (virus) բացիլներու նման տարածուեցան ի շարս այլոց նաեւ Վանոյի մասին կեղծ ու սուտ վկայութիւններով մեղադրանքները: Յափշտակութիւններ, առեւանգումներ, խորհրդաւոր սպաննութիւններ վերագրուեցան Վանօ Սիրադեղեանին, որ իր ուժերը լարած էր երկիրը մաքրելու փտախտով վարակուածներէն: Այդ խաւն էր որ կը յաջողէր ամբաստանել Վանօն, որ «գաղտնօրէն» ապաստանած է սա կամ նա երկրի մէջ, որ իբր թէ երկար տարիներէ ի վեր կը փնտռուի «Ինթերփոլ»ի կողմէ, ուշադրութիւն դարձուցէք՝ «երկար տարիներէ ի վեր» վերագրումին: Ուրեմն «Ինթերփոլ»ը այնքան խեղճ էր որ այդ օրերէն մինչեւ իր մահը չէր կրցած «արդարութեան ատեանին» առջեւ դնել «հայ Վանօ մը»…
Դժբախտութիւնն այն է որ սփիւռքի մէջ ալ կան Հայաստանի քրէա-աւազակապետական տարրերու զազրելի երգը երգողներ, որոնք իրենց կուսակցական կամ այլազան շահերէ մեկնած արտայայտութիւններ կ’ունենան մամուլին մէջ:
Հայաստանի վերանկախացման եւ անոր ամրապնդման մէջ կարեւոր ներդրում ունեցած Վանօն պէտք է «վերադառնայ» հայրենիք, իր ճակատէն սրբուին բոլոր մեղադրանքները, արժանանայ իրեն վայել «վերջնական ընդունելութեան», իսկ եթէ թերութիւններ է ունեցած, հարկաւոր ներել եւ կամ բացատրել այդ տարիներու հակասական ու բարդ հանգամանքներու լոյսին տակ: