Հայ մայրը իր շունչով պահած է ազգային ոգին

Փառանձեմ թագուհի. վերջին ճակատամարտը, հեղինակ՝ Ռուբեն Քոչարյան

Երան Գույումճեան, Ազատ Խօսք Թիւ (122),  Մարտ 2022

«Մա՛յր, դարեր սուրբ է եղել
Քեզ համար գիր ու օճախ,
Դու քո շունչով ես պահել
Մեր հին ոգին կենդանի»: Սիլվա Կապուտիկեան

Դարեր շարունակ, հայ կինն ու հայ մայրը նկատուեր են սիրոյ, նուիրումի, առաքինութեանց եւ հայրենասիրութեան խորհրդանիշ: Մեր պատմութեան էջերէն կը կարդանք հայ կնոջ եւ հայ մօր սխրագործութիւնները ի պաշտպանութիւն հայոց լեզուին ու մշակոյթին, հայոց հայրենիքին եւ մեր սրբութիւններուն ու արժէքներուն:

Հայ մայրը ոչ միայն հայրենասիրութեան ոգիով դաստիարակած է իր զաւակները, այլ միշտ պատրաստ եղած է իր եւ իր որդուոց թանկագին արեամբ պաշտպանելու հայոց լեզուն եւ հաւատքը, հող հայրենին, հայօրէն ապրելու մեր սրբազան իրաւունքը, մեր ազգային արժէքները:

Հեղինակը՝ Երան Գույումճեան

Հազարամեակներու մեր պատմութիւնը հարուստ է նման հայուհիներու օրինակներով: Յիշենք Վարդանանց պատերազմի վառ օրինակը «Հայ Փափկասուն Տիկնանց», որոնք մոռացութեան տալով իրենց կանացի փափուկ կեանքը, անհամար զոհողութեանց գնով պահեցին իրենց ընտանիքները, ցուցաբերելով անձնազոհութեան եւ հայրենապաշտպանութեան վսեմագոյն վարքագիծ… Յատուկ ուշադրութեան է արժանի «Սիւնեաց աշխարհի զարդը» Փառանձեմը, որ գահակալեր է մեր պատմութեան ծանրագոյն մէկ ժամանակաշրջանին, երբ կէս դար առաջ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունած մեր երկիրը կ’ապրէր ճգնաժամային պահեր: Իր ամուսնոյն սպանութենէն ետք (Արշակ Բ.) , հայոց թագուհի Փառանձեմը կը ստանձնէր իր երկրի ու ազգի պատասխանատուութիւնը բարձր արժանապատուութեամբ, իր անձին մէջ մարմնաւորելով հայ կնոջ հայրենասիրութիւնը, վեհութիւնը, հզօրութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ գեղեցկութիւնն ու նրբութիւնը: Այլ նշանաւոր Սիւնեաց աշխարհի դուստր էր Կատրանիտէն, որ յայտնի դարձաւ իր բարերարութեամբ: Ան Վասակ Ա թագաւորի դուստրն էր և Գագիկ Ա Բագրատունիի կինը: Ծնած ու ապրած է 10-11-րդ դարերուն: Իր նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կառուցուեր են բազմաթիւ եկեղեցիներ, որոնց լուսապսակն է Անիի Մայր տաճարը:

Եւ այսպէս շարունակ…

Աւարայրէն մինչեւ 19-րդ դարու հայ ազգային-ազատագրական շարժումը, մինչեւ Սարդարապատն ու Արցախեան շարժումը, անուրանալի է եղած հայ կնոջ դերակատարութիւնը, որպէս բուռն ջատագովը, նոյնիսկ զէն ի ձեռին մասնակիցը հայ ազգային-ազատագրական շարժումներուն:

Յիշատակենք յատկապէս 19-րդ դարու ազգային զարթօնքի աշխոյժ մասնակից հայուհիները՝ Զապէլ Եսայեան, Սրբուհի Տիւսաբ, Զապէլ Ասատուր, Արշակուհի Թէոդիկ եւ ուրիշներ, որոնք ձեռնարկեցին հայկական գաւառներու մէջ հայ օրիորդաց դպրոցներ բանալու ազգանուէր ու ազգակերտ գործին, կրթելու համար «Ազգի սիրտը» համարուող, ապագայ հայ կինը, որուն ջամբած դաստիարակութենէն կախեալ է, գերազանցօրէն, ազգի ընթացքն ու յետագայ ճակատագիրը… Յիշատակենք ֆետայական շարժումին մասնակից հայուհիները, որոնք, այր մարդուն կողքին, քաջաբար կռուեցան ցուցաբերելով անվեհեր, խրոխտ ու անձնազոհ ոգի եւ հրացանը ձեռքին մարտնչեցան ի պաշտպանութիւն մեր ապրելու իրաւունքին եւ արժանապատուութեան: Անոնց լաւագոյն տիպարը հանդիսացաւ Աղբիւր Սերոբի կողակիցը՝ արիասիրտ Սօսէ Մայրիկը:

Այս նոյն ոգին էր որ պիտի ճաճանչէր Եղեռնի գեհենային օրերուն, երբ Տէր Զօրի աւազներուն վրայ, հայ մամիկը իր կմախքացած մատներով պիտի դրոշմէր Այբ-Բեն-Գիմը, որպէս ազգի փրկութեան բանալի մատղաշ հոգիներուն…

Նոյն ոգին այսօր ալ կը ճառագէ հայոց բանակի զինուորներու առիւծածին մայրերուն մէջ, որոնք իրենց ամենէն թանկը նուիրաբերեցին հայրենեաց հողի պաշտպանութեան բագինին եւ այսօր անոնց կարելի է հանդիպիլ Եռաբլուրի շիրիմներուն վրայ հակած եւ իրենց սգաւոր ու վշտահար սիրտը սփոփող այն վսեմաշունչ ոգիով, թէ իրենց որդիները անմահացան ու հերոսացան հայրենիք ու պատիւ պաշտպանելով…Նոյն ոգին կը ճաճանչէ հայրենիքէն հեռու ապրող հայ մայրերուն մէջ, որոնք հայրենասիրութեան ոգին կը ներարկեն որդուոց-որդի իրենց կաթին հետ միատեղ՝ հայրենիքէն հեռու, օտար ափերու վրայ…

Որքան դիպուկ կը հնչեն Գարեգին Նժդեհի հետեւեալ տողերը. «…Հայուհի՛ն, որին կարելի է ճանաչել հազարաւոր օտարուհիների մէջ այն կնիքով, որ նրա ճակատին դրել է դարերի տառապանքը…Նրա հայրենասիրութիւնը՝ աստուածային կրակ, բոց ու ջերմութիւն, պիտի արթնացնի թմրած առիւծը իր ժողովրդի մէջ, պիտի բարձրացնի մեր առօրեայ կեանքի թափը, պիտի քաղցրացնի ու հեշտացնի անձնազոհութիւնը: Ոգիացած հայրենասիրութիւն, որից ժողովուրդները ստեղծում են մի հրաշագործ ուժ, անհրաժեշտ հայրենիքների անկախութեան ու հզօրութեան համար»:

Այսօր, համաշխարհայնացման եւ սպառողական մտայնութեան ամենակուլ յորձանքին դէմ յանդիման եւ աշխահաքաղաքական առկայ ճգնաժամային քաոսին մէջ, հայուհին նորոգ վճռակամութեամբ զինուելու է ազգային-հոգեւոր արժէքներով եւ գաղափարականով, ազգային գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ ի պաշտպանութիւն հայոց լեզուին եւ հայ մշակոյթին, հայրենեաց հողին եւ պետական ինքնիշխանութեան իրաւունքին, որոնք ամէն պահ կը վտանգուին, կը բռնաբարուին ոչ միայն արտաքին թշնամիին ձեռամբ, այլեւ մեր անտարբերութեամբ, մեր յարմարուողականութեամբ, պայքարելու ոգիի նահանջով, ինչպէս նաեւ նիւթապաշտ եւ հաճոյամոլ կեանքի «բարիք»ներուն անձնատուր…Երեւոյթներ, որոնք առկայ են ոչ միայն սփիւռքի տարածքին, այլեւ Մայր հայրենիքէն ներս:

Տարագիր հայուհին յատկապէս որոշիչ դերակատարութիւն պիտի ունենայ՝ սփիւռքի հայրենազուրկ ափերուն վրայ, մատղաշ սերունդին ներարկելու տարագիրի կամ հայրենազրկեալի ինքնութեան գիտակցութիւն, բռնախլուած հայրենիքի իրաւապահանջատիրութեան ոգի, համահայկական պայքարի քաղաքական կամք եւ յանձնառութիւն, առանց որոնց տարագիր արեւմտահայութեան սփիւռքը տակաւ կը խամրի, կը հալի ժամանակին հետ, եւ «հայապահպանում» հասկացութիւնը կը դառնայ անբովանդակ եւ անիմաստ հասկացութիւն:

Միայն ազգային նորոգ գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ, քաղաքական կամքով եւ պայքարի աննկուն ոգիով զինուած հայուհին, հայ մայրը կրնայ երաշխաւորել իր ծնած ու սնած սերունդներու, մեր այսօրուան ու վաղուան ազգի ու հայրենիքի լուսաւոր ապագան: Միայն նման մայրը կրնայ իր որդիներուն մէջ ներարկել հայրենասիրութեան, հայրենատիրութեան անընկճելի ոգին, մարտի դաշտին վրայ հայրենի հողն ու պատիւը մինչեւ վերջ պաշտպանելու արիակորով նուիրումը…Միայն նման մայրը կրնայ լաւագոյնս իրագործել այն առաքելութիւնն ու կոչումը, որոնք իր վրայ դրուած են ի սկզբանէ, քանզի կինը հոմանիշ է «կեանք» բառին…

Իսկ «հայ կին»ը հոմանիշ է «հայ կեանք» բառ-կապակցութեան, անժխտելիօրէն եւ ամբողջական իմաստով:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like
Read More

Ոչ Սրբազան Պակտ

Սամվել Հովասափյան, Բեռլին, Մայիս 2010 Վերջին ժամանակներս նկատում ենք հայ ժողովրդի կյանքում աննախադեպ մի երևույթ, դա Հայաստանի իշխանությունների…
Read More
Read More

Կոչ Թիւ Երկու

 Վիգէն Լ. Ադդարեան, Մոնթրէալ, 7 Սեպտեմբեր 2015 Թէ ինչո՞ւ թիւ երկու: Որովհետեւ, ըստ երեւոյթին՝ առաջինը, թէ' որպէս բանաստեղծութիւն…
Read More
Read More

De La Passion Patriotique

Pour lire en arménien cliquez sur Հայրենասիրական մոլության մասին Ֆրաներենից թարգմանեց Նվարդ Վարդանյանը Denis Donikian, Paris, 17 juin 2018 1…
Read More