Երան Գույումճեան, Խմբագրական «Ազատ Խօսք»ի, Նիկոսիա, 23 դեկտեմբեր 2024
Տարին կ’աւարտենք աշխարհաքաղաքական խառնաշփոթ, բարդ պայմաններու տակ՝ պատերազմներ, ցեղասպանութիւններ, բռնագրաւումներ, աւերածութիւններ…Այս բոլորը՝ «գերքաղաքակիրթ» մեր դարուն, ուր կան հրաշագործ գիտահնարքներ, արհեստական բանականութիւն, եւայլն: Բայց կան նաեւ ու մանաւանդ ոյժի ցուցադրութեամբ արբեցած, աշխարհի տիրակալութեան տենդով մոլեգնած ոյժի կեդրոններ եւ անոնց հետ ածանցեալ մութ ոյժեր, որոնց համար չկան մարդկային իրաւունքներ ու արժէքներ, կայ միայն շահը, իշխելու անյագուրդ կիրքը…: Ահա թէ ինչո՞ւ անոնք կը հրահրեն պատերազմներ, ինչ որ քաղաքակրթութեան ահաւոր պարտութիւնն է բարբարոսական բիրտ ոյժին:
Տակաւին, ԱՄՆ նոր նախագահի անակնկալ ընտրութեամբ, անկանխատեսելի ժամանակահատուած մը կը թեւակոխէ աշխարհը, քանզի Տոնալտ Թրամփը անգուշակելի անհատականութիւն է: Աւելի ճարպիկ եւ խորամանկ գործարար է ան, քան քաղաքական գործիչ: Հարցադրումները շատ են: Արդեօ՞ք ի վերջոյ ան վերջ պիտի դնէ Ուքրանիայի պատերազմին, ինչպէս խոստացեր էր իր նախընտրական խոստումներուն ընթացքին: Արդեօ՞ք ան պիտի կարենայ Նաթանիահուի ցեղասպան ձեռքը բռնել եւ վերջ դնել Կազայի հրթիռակոծումներուն…: Պիտի կարենա՞յ Էրտողանի, Ալիեւի նուաճողական, ծաւալողապաշտ ախորժակները զսպել, որոնք անյագուրդ կը թուին ըլլալ: Ի՞նչ ընթացք պիտի կարենայ տալ Սուրիոյ բռնագրաւումին ու մասնատումին … Բայց հաստատապէս, ներկայ աշխարհակարգը կրնայ կտրուկ փոխուիլ Թրամփի պաշտօնավարութեամբ որպէս ԱՄՆ նախագահ եւ դարակազմիկ իրադարձութիւններ կրնան տեղի ունենալ՝ աշխահաքաղաքական, քաղաքակրթական թէ այլ: Ինչ լուծումներ ալ կիրարկէ ան, մէկ բան վստահաբար պիտի մնայ անփոփոխ.- ԱՄՆու գերակայութեան հզօրացման ուղղուած իր պաշտօնավարութեան գերնպատակը՝ AMERICA FIRST:
Ինչ կը վերաբերի մեր երկրին՝ Հայաստանին, Թրամփը իր նախընտրական ելոյթներուն ընթացքին եւ ի պատասխան Քամալա Հարիսի մէկ հայանպաստ արտայայտութեան ըսած էր, թէ եթէ Պայտընը այնքան հայամէտ է, ինչո՞ւ ան աջակցութիւն ցոյց չտուաւ քրիստոնեայ հայերուն, երբ Արցախը շրջափակման մէջ էր, կամ երբ հայերը բռնի կը տեղահանուէին Արցախէն: Արդեօ՞ք Թրամփը պիտի կամենայ կամ կարենայ դէմ դնել Ալիեւի լկտի ոտնձգութիւններուն եւ յաւակնութիւններուն, մանաւանդ «Զանգեզուրի միջանցք»ի թուրք-ազերի վերահսկողութեան, մանաւանդ որ ան առեւտրական մեծ գործառնութիւններ ունի Ատրպէյճանի մէջ:
Եւ ի՞նչ հեգնանք որ բնապահպանման համաշխարհային մեծ Համաժողովը կայացաւ Պաքուի մէջ՝ ընթացիկ տարուան Նոյեմբեր 11-22 օրերուն…Արեւմուտքը արդեօ՞ք իրաւամբ կը կարծէր թէ Ալիեւին կը հետաքրքրէ կլիմայի հարցը այնքան, որ ան արժանի ըլլար հիւրընկալելու COP 29 Համաժողովը՝ կլիմայական փոփոխութիւններու գլխաւոր օրակարգով։ Իսկութեան մէջ, Ալիեւը կլիմայէն ոչ մէկ գաղափար ունի։ Ան այդ հարթակը օգտագործեց իր քստմնելի յանցագործութիւնը կոծկելու, քաղաքական առաւելներ (dividends) շահելու նպատակով եւ նոյնիսկ սոնքաց որ ինք հակա-ահաբեկչական գործողութիւն իրականացուց, այդպէս մեկնաբանելով Արցախէն 120,000 մեր հայրենակիցներու բռնի արտաքսումն ու տեղահանումը իրենց հայրենի բնօրրանէն: Ան ոչ մէկ գաղափար ունի յայտնապէս բնապահպանական եւ կլիմայական փոփոխութեան հարցերուն մասին, համարելով որ նաւթը, կազը Աստուծոյ պարգեւն են, այնպէս ինչպէս արեւն ու հողը…Ալիեւի ցեղասպան եւ մարդկային իրաւունքները կոխկռտող պահուածքը հազիւ թէ կոծկուէր դրամի, կեղծիքի եւ ոյժի նման ցուցադրութեամբ: Վկայ որ աշխարհի հզօր երկիրները իրենց առաջին դէմքերով ներկայ չեղան եւ տեսակ մը պոյքոթեցին նման կարեւոր միջոցառումը, լաւ գիտնալով Ալիեւի յանցագործ վարքն ու կերպարը: Հայաստանը անշուշտ ճիշդ գործեց չմասնակցելով այս Համաժողովին, երբ տակաւին հայ գերիներ կը խոշտանգուին Պաքուի բանտերուն մէջ, երբ մեր պատմամշակութային կոթողները կը պղծուին շարունակաբար Արցախի տարածքին…եւ անպատիժ մնացած Ալիեւը կը յոխորտայ նորանոր «քաջագործութիւն»ներով, միշտ իր թիկունքին ունենալով իր աւագ եղբօր՝ Թուրքիոյ Էրտողանի աջակցութիւնը, թուրանական գաղափարախօսութեան անշեղ գործադրութեամբ:
Այս պայմաններու տակ, «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ»ը ցնորք է պարզապէս, երբ Ալիեւը նոր-նոր նախապայմաններ կը դնէ Հայաստանի առջեւ՝ Եւրամիութեան խաղաղապահ դիտորդներու հեռացումէն մինչեւ հայոց բանակի ապասպառազինում… մեր երկրի Սահմանադրութեան փոփոխութիւն, Ցեղասպանութենէն եւ մեր Պահանջատիրութենէն, նոյնիսկ Արարատի տեսլականէն հրաժարում: Զիջումներու պահանջները կանգ պիտի չառնեն ընդհուպ մինչեւ յերիւրածոյ «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ի պահանջը ու դեռ աւելին: Քանզի Ալիեւի բուն նպատակը Հայաստանի ոչնչացումն է: Յստակ ու մեկին: Մենք մեզ չխաբենք: Խաղաղութեան պայմանագրի գինը Հայաստանի չգոյութիւնն է:
Իրաւ խաղաղութիւնը կը հաստատուի հզօրանալով ռազմականօրէն, կրթութեամբ, գիտութեամբ, տնտեսութեամբ, ամուր դիւանագիտութեամբ եւ պետական հաստատութեանց հզօրացմամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ: Մենք մեր մէջէն պէտք է դուրս վանենք վախի, յանձնուողականութեան եւ նման յուսալքման ու բարոյալքման ամէն տրամադրութիւն: Ըլլանք սթափ եւ զգօն: Մեր ժողովուրդին վրայ գործադրուած ու դեռ գործադրուող ոտնձգութիւններուն գուցէ ամէնէն ահաւորը՝ զայն հոգեւոր ցեղասպանութեան ենթարկելն է, իրմէ խլելով իր ինքնութիւնը, պատմութիւնը, մշակոյթը, իր տեսլականը, իր հայրենասիրութիւնը, իր բարոյական արժէքները, իր խիզախ ու արժանապատիւ վարքագիծը..: Մենք անչափ զգոյշ պիտի ըլլանք եւ օդին մէջ պիտի չնետենք անհեթեթ միտքեր ու գաղափարներ, որոնք ազգային մեր ինքնութեան ժխտումն են, մանաւանդ ՀՀ վարչապետին իսկ բերնով…Արարատի մասին, Արեւմտեան Հայաստանի մասին եւ այսպէս շարունակ:
Մենք պիտի չկորսնցնենք ազգային մեր ինքնաճանաչումն ու ինքնագիտակցութիւնը, մեր զգօնութիւնը: Մեր արժանապատւութիւնը:
Զուգահեռաբար, Մենք համայն հայութեան ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ԿԱՄՔՈՎ, ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈՅԺԵՐՈՎ պիտի պաշտպանենք մեր երկիրը, անոր անվտանգութիւնը, անոր պաշտպանողականութիւնը: Համահայկական ոգիով, վերկուսակցական, վերհատուածական գիտակցութեամբ ու կամքով պիտի ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻՆՔ հայրենիքի փրկութեան, մեր պետականութեան հզօրացման շուրջ: Միաժամանակ՝ ռազմական դաշնակիցներ պիտի գտնենք ու անհրաժեշտ ռազմական պայմանագիրներ կնքենք՝ Իրանի հետ, Ֆրանսայի հետ, Հնդկաստանի, ԱՄՆու հետ կարելի փութով, անյապաղ: Առանց, սակայն, ապաւինողականութեան կամ փրկիչներ որոնելու մեր ախտագին մտայնութեան:
Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի փրկութիւնը մեր հաւաքական ոյժին մէջ է գերազանցօրէն: Մեր պետականութեան հզօրացման մէջ: Մեր կազմակերպուած, նպատակասլաց, արիակորով եւ ամբողջանուէր ոյժին մէջ, զոր կերտելու ենք քրտնաջան, հետեւողական եւ ծրագրուած աշխատանքով: ՄԷԿ ԱԶԳ, ՄԷԿ ԱԶԳԱՅԻՆ ՈԳԻ, ՄԷԿ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ համահայկական մտածողութեամբ ու տեսլականով:
Այս խորին գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ հրաժեշտ կ’առնենք 2024-էն եւ կը դիմաւորենք Նորը՝ 2025-ը:
Բարի եւ խաղաղ Նոր Տարի եւ Ս. Ծնունդ բոլորին, հայոց աշխարհին:
3 comments
Երան Գույումճեան, Խմբագրական «Ազատ Խօսք»ի
Կը գրես, ինչպէս շատեր նոյնը կը կրկնեն թէ « «ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ (ԽԱՉՄԵՐՈԿ)»ը ցնորք է պարզապէս», բայց կը խուսաբիս, ինչպէս կը խուսաբին ճշդելէ թէ ինչ քաղաքականութիւն պիտի որդեգրես, եւ պիտի որդեգրեն Հայաստանին համար։
Ըստ ինծի պարզապէս ցնորք է քու դրացիներուդ հետ ոչ խաղաղութիւն, եւ ոչ պատերազմ քաղաքակնութիւնը։
Ես ջատաքով եմ «խաղաղութեան խաչմերուկ» Նիկոլ Փաշինեանի վարած քաղաքակնութեանը։
Ի՞նչ, դուն ինչ քաղաքականութիւն կ՚առաջարկես որ Հայաստանը որդեգրէ, քու բառերովդ՝ «այս պայմաններուն տակ»։
Յուսամ չես խուաբիր Հայաստանի համար քու քաղաքանութիւնդ ճշդելէ եւ հանրութեան ներկայացնելէ, այո՝ կրկին այս պայմաններուն տակ։
Կը ցաւիմ Պրն. Վահէ Աբելեանի «Ֆէյսպուք»եան ոճով արտայայտութեան վրայ: Իր ուշադրութենէն վրիպած կը թուի ըլլալ Տիկ. Երան Գույումճեանի ներքոյիշեալ տողերը ուր յիշուած են «անելիք»ները եւ հետեւաբար Պրն. Աբելեանի փնտռածները:
«Իրաւ խաղաղութիւնը կը հաստատուի հզօրանալով ռազմականօրէն, կրթութեամբ, գիտութեամբ, տնտեսութեամբ, ամուր դիւանագիտութեամբ եւ պետական հաստատութեանց հզօրացմամբ եւ արդիւնաւէտութեամբ: Մենք մեր մէջէն պէտք է դուրս վանենք վախի, յանձնուողականութեան եւ նման յուսալքման ու բարոյալքման ամէն տրամադրութիւն: Ըլլանք սթափ եւ զգօն: Մեր ժողովուրդին վրայ գործադրուած ու դեռ գործադրուող ոտնձգութիւններուն գուցէ ամէնէն ահաւորը՝ զայն հոգեւոր ցեղասպանութեան ենթարկելն է, իրմէ խլելով իր ինքնութիւնը, պատմութիւնը, մշակոյթը, իր տեսլականը, իր հայրենասիրութիւնը, իր բարոյական արժէքները, իր խիզախ ու արժանապատիւ վարքագիծը..: Մենք անչափ զգոյշ պիտի ըլլանք եւ օդին մէջ պիտի չնետենք անհեթեթ միտքեր ու գաղափարներ, որոնք ազգային մեր ինքնութեան ժխտումն են, մանաւանդ ՀՀ վարչապետին իսկ բերնով…Արարատի մասին, Արեւմտեան Հայաստանի մասին եւ այսպէս շարունակ:»
Yercho
Ես այդ մեծ մէջբերումիդ ոչ մէկ առարկութիւն ունիմ՝ ոչ Իսկ բառի մը եւ կամ ստորակէտի մը։
Բայց, ուշադրութիւնէդ վրիպած կը թուի որ Հայաստանը ունի չորս հատ յաւիտենական դրացիներ եւ այդ խաչմերուկին որդեգրած է «խաղաղութեան խաչմերուկ» քաղաքականութիւնը։
Իսկ դուն, այդ մէջբերումդ չեզրականացուցիր հրապարակելով Հայաստանի դրացիութեան քաղաքականութեան քու տեսութիւնդ։