29 Հոկտեմբեր 2020
ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ ՈԳԻՈՎ ԳԵՆԵՐԱԼ ԼԵՅՏԵՆԱՆՏ ԳԱԳԻԿ ՄԵԼՔՈՆԱՆԻ ԵԼՈՅԹԻՆ ԱՄՓՈՓՈՒՄԸ
Հայ ֆետայիին բնորոշ արտաքինով եւ Անդրանիկի ոգիով դաստիարակուած Գ. Լ. Գագիկ Մելքոնեան անցած է 1988-1994 Արցախի ազատագրութեան համար մղուած մարտերուն մէջէն եւ փայլուն յաջողութիւններ արձանագրած է յատկապէս ջոկատային (պարտիզանական) մարտերու ընթացքին: Այժմ ան կրկին անգամ ռազմաճակատի թէժ կրակներուն մէջ է նետուած: Վերջերս ան իր ելոյթով կարեւոր պատգամ փոխանցեց հայ ժողովուրդին: Ստորեւ կը ներկայացնենք ելոյթին գլխաւոր կէտերը: Փափաքողները կրնան դիտել ամբողջ տեսերիզը:
1) Թուրքազերիներ հաւատացած են որ իրենք անպատժելի են. իրենց համար հրադադարը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ:
2) Անոնք հաւատացած էին, որ իրենց հզօր զէնքերով քանի մը օրուան մէջ պիտի հասնին իրենց նպատակին: Անոնք չեն յաջողած մինչեւ օրս:
3) Մեր թիկունքին, Հայաստանի մէջ, երբ իրենց պատուհանները կը բանան եւ կը տեսնան թէ ամէն ինչ խաղաղ է, իրենց կը թուի թէ պատերազմը շատ հեռու է իրենցմէ: Պէտք է գիտնալ եւ հասկնալ թէ հայկական բանակը հերոսաբար կը կռուի եւ պատրաստ է շարունակել կռիւը մինչեւ յաղթական աւարտ:
4) Սա մեր վերջին պատերազմն է, կա՛մ պիտի յաղթանակենք կամ ալ 1915-ը մեր աչքին առջեւն է:
5) Մենք լաւ գիտենք որ մեր դէմ կը կռուին ահաբեկիչները տարբեր մահմետական երկիրներէ եւ ամբողջ աշխարհի առջեւ կը կատարուի նոյն ցեղասպանութիւնը: Մենք մեր յոյսերնիս պէտք է դնենք մեր վրայ. ամէն մէկ հայ պէտք է մտածէ թէ ինչ կրնայ ընել եւ ինչպէս կրնայ իր մասնակցութիւնը բերել:
6) Ամէն կարող հայ պէտք է զինական պատրաստութիւն ունենայ եւ այդպէս մեկնի ռազմաճակատ. պէտք է ըլլան մարտունակ:
7) Ռազմաճակատի վրայ գտնուող մեր հրամատարներու մեծ մասը չէ մասնակցած 90-ական թուականներու կռիւներուն: Անոնք իրենց ռազմական փորձերը կատարած զինավարժութիւններու ընթացքին եւ զինուորական կայաններու մէջ (պոլիգոն): Պատերազմը եւ պոլիգոնը (կը հնչուի՝ փոլիկոն) տարբեր բաներ են:
8) Կոչ կ’ընեմ մեր հրամանատարներուն եւ սպայական կազմին, որոնք 90-ականներու փորձ ունին՝ գան ճակատ եւ իրենց խորհուրդներով ու գիտելիքներով օգտակար ըլլան մեզի:
9) Ճիշդ կ’ըսեն որ մենք մեր բոլոր զինուժը չենք օգտագործած, բայց շուտով, երբ այլեւս դանակը մեր ոսկորին հասնի, այդ ժամանակ ամէն ինչն կ’օգտագործուի: Այժմ կարեւորը այն է որ մեր ժողովուրդի ոգին (դուխը-ռուս.) բարձր մնայ, իզուր տեղը խուճապի չմատնուի:
10) Պէտք չունինք եւ ճիշդ չէ մեր զոհուածներու անունները հրապարակել, ոչ ալ ցոյց տալ ինչ որ քարտէզներ: Սա պատերազմ է՝ կը յառաջանաս, կը նահանջես, կը սպասես, նորէն կը յարձակիս՝ մինչեւ վերջնական յաղթանակ: Տղաներու (զինուորներու) ուղղակի խնդրանքն է նման բաներ չընել, որովհետեւ այդպիսով դուք թշնամիին ոգի կու տաք ու կը քաջալերէք:
11) Մի՛ լսէք այն խօսքերուն որ իբր սնունդի պակաս կայ: Ո՛չ: Մենք ո՛չ մէկ սնունդի պակաս ունինք:
12) Հրաժարական եւ այլն պահնջողներուն մի՛ լսէք, մեզ ոգեւորութենէ զրկելու փորձ ընողներուն երեսին թքէք: Մենք այստեղ այդպիսիներու պատիժը կու տանք տեղն ու տեղը: Մենք ոչ մէկ թիզ հող տուող ենք: Թուրքազերիները չեն խնայելու այդպիսի լուրեր տարածողներուն կանանց ալ՝ նոյնիսկ եթէ ճակատին գրեն թէ իրենք ինչ ըրած են:
Ամփոփեց՝ Մ.Գ.
1 comment
Աշխարհ գազինօ չէ որ երեք հազարամեայ ազգ մը իր ճակատագրով խումար խաղայ:
Քաջութիւնը Աքիլլէսեան ժամանակներու զէնքն է : Այս դարուն կարրևոր են քաղաքագիտութիւնը, իրապաշտութիւնը, և ռազմավարութիւնը: Մեր առջև դրուած է գոյութենական հարց: Ամբոխավարութիւնը երբեք չի կրնար առաջնորդել կացութեան իսկական ըմբռնումին: Ոչ ալ կարելի է անզիջողականութիւնը շփոթել հայրենասիրութեան հետ: Հակառակորդէն պահանջել բան մը, որ ան չի կրնար տալ՝ յատկապէս այն պարագային երբ ան կը վայելէ համաշխարհային համամտութիւն իր կեցուացքին՝ պարզապէս անհնարին է առանց բռնի ուժի գործածութեան: Հայաստանի վարչապետին հրաժարումը բանակցային գործընթացէն՝ վերջնագիր մըն էր որուն մերժուելու պարագային Հայաստան իր նպատակին պիտի հասնէր ռազմական միջոցառումով:
Արդ, ին՞չ իմաստ կը ներկայացնէ Հայաստանի իշխանութեան պախարակողական կեցուացքը՝ հանդէպ ադրբեջանական յարձակումին:
Այս երևոյթը ոչ միայն անհասկնալի է ու դատապարտելի՝ այլև ազգ մը սպանդանոց տանելու յանձագործութիւն: Արարք մը, որ անհասանելի է մարդկային երևակայութեան: Կենսաբանութեան մէջ տարրական օրէնք է. այն էակը որ չի կրնար յարմարիլ իր միջավայրին՝ կը մահանայ: Ի՞նչ եզրակացնել բազմաթիւ հայերու, ներառեալ քաղաքական բարձր մակարդակի հասած պաշտօնակատարներու այն համոզումէն՝ թէ հայ և ազերի էթնիկներու գոյակցութիւնը անկարելի է: Այսինքն այս երկու ազգերէն մէկը պէտք է ոչնչանայ որ միւսը ապրի: Ես այս խօսքերը՝ որոնք արձանագրուած են միջազգային հարթակներու մէջ՝ կարդացեր եմ և լսեր կարգ մը հայերէ: Սակայն Ալիև երբեք նման հանրային արտայայտութիւն չէ ըրած, ինչքան գիտեմ:
Արցախի լուծումը միջազգայնօրէն ընդունելի է երկու սկզբունքներու համադրումով. հողային ամբողջականութիւն Ատրբեջանի համար, և ինքնորոշման իրաւունք՝ Արցախի համար: Ասոնք են հիմունքները հարցի երկու կողմերու ցարդ համաձայնուած պայմաններուն, որոնք ծանօթ են Մատրիտեան Սկզբունքներ անունով: Վերանայուած տարբերակը՝ յուլիս 2009 թուին, կը կոչուի Helsinki Final Act: Բանակցութիւնները պիտի կայանան այս համաձայնութեան հիման վրայ: Արցախի հարցը պիտի ըլլայ ինքնորոշման լաւագոյն կարգավիճակ ձեռք ձքելու քաղաքական հեռատեսութեան մէջ: Բանակցութիւնները հաւանաբար ըլլան դժուար և երկար: Բայց հայ ժողովուրդը ուրիշ տարբերակ չունի իր վերապրումը և հետագայ զարգացումն ու բարգաւաճումը ամրահաստատ հիմերու վրայ տեղադրելու համար: Ի վերջոյ հաշտութիւն ըսուած բան մը կայ որ անպայմանօրէն պէտք է հետևի բոլոր պատերազմներուն: Միջազգայնօրէն ճանացուած, մինչև այսօր իր փիլիսոփայութեան հետևորդներ ունեցող՝ հայ և յույն ծնողքէ Վրաստան ծնած Կիւրճիեֆ խօսք մը ունի. «Եթէ կ’ուզես գիշերը հանգիստ քնանալ՝ դրացիիդ հետ բարեկամացիր»: