Մեզի անիմաստ մահեր պէտք չեն

Լիւսի Տէօքմէճեան, Երեւան, 01 հոկտեմբեր 2024

Հայաստանեան լրատուական կայքերը, բացի քաղաքական լուրերէ, միշտ կը հաղորդեն երկու ցաւալի իրադարձութիւններու մասին, որոնք կը պատահին գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ: Թերթելով ընկերային ցանցերու լրատուական էջերը, չ’անցնիր օր որ չհանդիպինք երկու տեսակի մահուան դէպքերու, որոնք ոչ միայն անիմաստ են, ոչ միայն «ինքնասպանութիւն» կարելի է համարել ընդամէնը երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող երկրի մը համար, այլ նաեւ կը յուշեն ընկերա-հոգեբանական շատ լուրջ խնդիրներու մասին:

Այդ անիմաստ մահերու երկու փաստերէն մէկը ինքնաշարժի արկածներն են՝ շատ մտահոգիչ յաճախականութեամբ:

Ամէն օր քանի մը հոգիի կեանքը խլող արկածներու դրդապատճառներուն մասին եթէ խորհրդածենք, հոն կը գտնենք մանաւանդ ենթակայական գործօններ: Պահ մը մէկ կողմ դնելով անբարեկարգ ճանապարհներու եւ լուսաւորութեան բացակայութեան կամ անբաւարարութեան հաւանականութիւնները, արկածներուն մէկ մասը տեղի կ’ունենայ որովհետեւ վարորդը ալքոհոլի կամ թմրանիւթի ազդեցութեան տակ է, անչափահաս է եւ/կամ առանց վարորդական իրաւունքի վկայականի: Կայ մեքենան արագ վարելու, ուրիշ վարորդներու հետ մրցելու պարագան, կայ նաեւ անվտանգութեան գօտին անտեսելու խնդիրը: Այս վերջինիս պահով կ’ուզեմ մէջբերել հետեւեալ օրինակը: Բազմաթիւ անձերու համար, որոնց շարքին նաեւ ես, ինքնաշարժին ապահովութեան գօտին կապելը անհրաժեշտութիւն է: Անգամ մը երբ Երեւանի մէջ թաքսին հազիւ նստած կապեցի գօտին, վարորդը անմիջապէս ըսաւ. «Հաստատ սփիւռքից էք»: Ինչո՞ւ, այդ «վարժութիւնը» միայն դրսեցիներո՞ւն մօտ կայ: Հակառակ թաքսի ծառայութեան բջիջային յաւելուածին յիշեցումներուն՝ «ամրագօտիները կապել նոյնիսկ ետեւի նստարանին նստելու պարագային», այդ յորդորը գրեթէ բոլորովին անտեսուած է:

Ինչպէս արաբական ասացուածքը կ’ըսէ՝ պատճառները այլազան են, բայց արդիւնքը մէկն է: Ճանապարհային ողբերգական դէպքերու յարաճուն երեւոյթը սերտելով, շատ հաւանաբար, խնդիրը պիտի տեսնենք անհատական կարծրատիպերու, անգիտակցութեան եւ անփութութեան տիրոյթին մէջ: Շատ տղամարդիկ համոզուած են, որ տղամարդը բնածին ձիրք ունի մեքենան արագ վարելու, որ կինը միշտ ձախող վարորդ է եւ տղամարդու մեքենային արագ ընթացքը դանդաղեցնող գործօն: Ուրիշներ չեն գիտակցիր որ ինքնաշարժ վարելն ունի պարտադիր յարգելու օրէնքներ կամ անփոյթ են թէ՛ իրենց եւ թէ՛ դիմացինի կեանքին նկատմամբ: Սա խնդիր մըն է, որ, հայաստանեան հասարակութեան հաւաքական մտածելակերպին մէջ բոյն դրած շատ այլ հարցերու նման, կը կարօտի զգաստութեան եւ ընկերա-հոգեբանական առումով զգօնութեան ու գիտակցութեան:

Անիմաստ մահերու երկրորդ փաստը շատ աւելի վտանգաւոր է: Գրեթէ ամէն օր տեղի կ’ունենան վէճեր, որոնք կ’աւարտին դանակահարութեամբ կամ սպանութեամբ: Այս երեւոյթը կ’արձանագրուի ոչ միայն անչափահասներու, խռովութիւն կամ անհամաձայնութիւն ունեցած մարդոց կամ նոյնիսկ ընկերներու միջեւ, այլ նաեւ հարազատներու շրջանակին մէջ, ընդ որում՝ տուժողը կամ սպաննուածը երբեմն կ’ըլլայ տարիքոտ մայր/հայր, զոքանչ/աներ կամ հարազատ/ազգական: Ցաւալի եւ ամօթալի երեւոյթ մը, որ յարիր չէ մարդկային որեւէ հանրոյթի, ուր մնաց ինքզինք քաղաքակիրթ համարող հայ ժողովուրդին:

Ուրիշ ազգեր ու ժողովուրդներ ալ զերծ չեն այսպիսի ոճրագործական պահուածքէ, բայց հազարամեայ քաղաքակրթութիւն ունեցող, մշակոյթի եւ արուեստի մէջ առաջատար, Աստուծոյ դատաստանին հաւատացող ու հաւատացեալ ժողովուրդի մը համար բռնութիւնը եւ հարցերը արիւնահեղութեամբ լուծելը պէտք չէ ըլլան «պատիժը» կամ անհամաձայնութեան ելքը: Եւ աւելին… այդ լուծումին հասնիլ որեւէ «հնարաւոր» միջոցով, նոյնիսկ եթէ հարկ ըլլայ դիմել «խոհանոցի տապակ»ի օգնութեան: Ինչքա՜ն նեղացուցիչ է լրահոսին մէջ յաճախ կարդալ այսպիսի դէպքերու մասին կամ, որ փրկարար ծառայութեան աշխատակիցները տարատեսակ վայրերու մէջ յաճախ կը յայտնաբերեն մարդկային դիակներ…

Առօրեայ բնոյթ ստացած այս այպանելի երեւոյթը կ’արտացոլուի նաեւ տեղական հեռուստաշարքերու բեմագրերուն մէջ. բռնութիւնը կը ներկայացուի որպէս սովորական երեւոյթ, ինչ որ սխալ օրինակ կը ծառայէ դիտողներուն, մանաւանդ նոր սերունդին: Իսկապէ՞ս կ’ուզենք տեսնել սերունդներ, որոնք, նմանակելով իրենց ծնողները, անհամաձայնութեան ժամանակ սկսին «գլուխդ կը ջարդեմ» գոռալով ու աւարտեն «ես քեզ կը սատկացնեմ»ով, գուցէ քանի մը ակնթարթ յետոյ իսկապէս ջարդելով ու սպաննելով:

Անպայման պէտք է աշխատիլ բարեփոխել այս հիմնովին սխալ «դաստիարակութիւն»ը: Մենք, որպէս հայ, չենք առաջնորդուիր «անտառի օրէնքով», մինչ ազգովին յաւակնութիւն ունինք «մօտիկանալու» եւրոպական արժեհամակարգին, ուր, հակառակ մեզի համար խորթ կամ թերի բազմաթիւ յատկանիշերու առկայութեան, կան մարդկային արժէքները յարգող տարրական օրէնքներ ու իրաւունքներ:

***

Ահաւասիկ երկու իրավիճակներ, որոնք, կրնանք ըսել, արհեստածին մահերու պատճառ կը դառնան ժողովրդագրական տխուր պատկեր ունեցող մեր ազգի հայրենաբնակ հատուածին մէջ: Այլ ազգերու նման չենք, մենք բազմատասնեակ կամ բազմահարիւր միլիոննոց բնակչութիւն չունինք, որ համեմատաբար աննշան թուին այս կորուստները: Մեր ամէն մէկ շնչաւոր էակը ունի իր կշիռն ու դերը, ան կեանքին մէջ դեռ շատ բան ունի կատարելու թէ՛ որպէս անհատ, թէ՛ որպէս քաղաքացի:

Հայրենի հողին համար ինկած հերոսներով «հարստացած» մեր գերեզմանոցները երբեք կարիք չունին մահուան այսպիսի դէպքերու պատճառով ընդարձակուելու: Դեռ աւելին. փափաքելի է ունենալ միայն ողջ հերոսներ, փոխան նահատակուած ու հող գրկած, հող դարձած հերոսներու: Իւրաքանչիւր անցնող օրուան համար, երբ հայկական սահմանին յարաբերական հանդարտութիւն է, երբ փառք կու տանք Աստուծոյ, որ չենք կարդար զոհերու եւ նահատակուած զինուորներու մասին, ապա ինչպէ՞ս ընդունիլ այսպիսի «էշ նահատակ»ներու փաստը: Մեզի պէտք չեն անիմաստ մահեր եւ ի զուր թափուած արիւն:

*****

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like