Արամ Սեփեթճեանի պայծառ յիշատակին
Նուարդ Մատոյեան-Տարագճեան, Պէյրութ, 23 Դեկտեմբեր 2020
Ժողովուրդի մը հոգիին հայելին է գրականութիւնը։ Ազգի մը հոգեւոր տարերքն է, ազգային մշակութային կերտուածքն է, իր կենսագրութիւնն է։ Գրականութեան մէջ կը ցոլան ազգին անցեալը, մտքի եւ սրտի բոլոր շարժումներով։ Գրական գործերու մէջ կը ձեւաւորուին ազգին երազներն ու իտէալները։
Ազգի հոգին ճանչնալու համար պէտք է սերտել անոր գրականութիւնը։ Ազգին դպրութիւնը արժեւորելու համար պէտք է զգալ անոր լեզուն, որ ընդունակ է մտքի ամէն ձեւերը արտայայտելու։ Գրականութեան մէջ պէտք է տեսնել գեղարուեստական լեզուի կերտուածքը։
Գրականութիւնը կ՛ապրի որքան գոյութիւն ունի մարդկութիւնը, որքան ատեն կ՛ապրինք մեր զգացումներով, մեր խոհերով ու մտորումներով, որքան երազն ու պատրանքը կ՛ուղեկցին մեր կեանքին։
Հայ գրականութեան ականաւոր դէմքերէն Արամ Սեփեթճեան, երկար տասնամեակներու վրայ երկարող իր գրական բեղուն աշխատանքով մնաց իր գործին, գիտութեան, լեզուի, գրականութեան, խօսքի կրթութեան հաւատաւոր նուիրեալը։
Գրող մը, որ հայ է իր հոգիին բոլոր թելերով, հայու զգացումներով ու մտածումներով։ Իր գերազանցօրէն հայ միտքն ու հայու հոգին լեցուած են իր բանաստեղծական թրթռուն պատկերներու մէջ։ Ձեւը իւրայատուկ է, բովանդակութիւնը ճշմարիտ ու կենսական, ընթերցողը բարձրացնող դէպի մաքուր ու վսեմ իտէալներ։
Իր գործերը բնութագրելով կարելի է ցայտուն ընդգծել իր գեղարուեստական մտածողութեան անկրկնելի դրոշմը հայոց լեզուի վրայ։
Ազգային ճանաչողութեան իր ըմբռնումներով, հայ գիր ու գրականութեան պատմութեան իր խոր իմացութեամբ, յախուռն գաղափարներով յագեցած, գրական մտքի ու հոգիի ուժեղ լարումով գրուած իր բարձրարժէք գործերով, հմուտ գրականագէտը արժանի է կանգնելու հայ գրականութեան պատուանդանին վրայ։
Արամ Սեփեթճեանի գործերէն յիշենք, «Ողջակէզ», «Ես սեւ եմ բայց գեղեցիկ», «Հող եւ մորմոք», «Ժամանակայոյզ խոհեր», «Բանաստեղծութիւնը տագնապին ընդմէջէն», «Ձայներ լռութեան Մէջ», «Գրական հանդիպումներ»։
Հայ գրականութեան վաղուայ օրով մտահոգուող գրականագէտն էր Արամ Սեփեթճեան։ Հայ կեանքն էր, հայ գրականութիւնն էր իր խոհերուն ու մտորումներուն գլխաւոր առանցքը։ Այս բոլորը զգալի էին ոչ միայն իր գործերուն, այլեւ իր խմբագրած ու աշխատակցած պարբերականներուն՝ «Շիրակ», «Խօսնակ», «Կամար», եւ հայ մամուլի էջերու մէջ լոյս տեսած իր յօդուածներով։
Հայ գիրի ու գրականութեան անխոնջ նուիրեալն էր։ Իր սեփական հրատարակչատունէն լոյս կը տեսնէին գրական արժեքաւոր հատորներ։ Ազգային հոգերով տագնապող հասարակական գործիչն էր Արամ Սեփեթճեան, իր մատուցած գրական ու հասարակական դասախօսութիւններով։ Այդպիսի պատեհ առիթներով, երբ յաճախ Հալէպ կ՛այցելէր Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Բարեգործականի եւ ՀԵԸ-ի հրաւէրով, առիթը կ’ունենայինք զինք մօտէն ճանչնալու։
Այս առընչութեամբ յիշատակելի է Վահան Թէքէեանի ծննդեան 125-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը եւ այդ առթիւ «Գաղտնի պարտէզ» գեղատիպ հատորին լոյս ընծայումը։ Գիրքը պատրաստուած է հայրենի եւ սփիւռքահայ գրողներու՝ Լեւոն Անանեան, Սուրէն Դանիէլեան, Արամ Սեփեթճեան, Երուանդ Ազատեան համատեղ ջանքերով։ Պատկառելի անուններ, հմուտ գրականագէտներ, որոնց համագործակցութիւնը խոր զգացումներ ու համազգային լիցք հաղորդած է տուեալ երկին։ Այս մեծադիր գիրքին ծնունդ տուած էր Արամ Սեփեթճեանի 1993-ին հրատարակած «Վահան Թէքէեան յիսուն քերթուած» գիրքը։
Ժողովածուն կ՛ընդգրկէ 245 էջերու վրայ զետեղուած «հայ բանաստեղծութեան իշխան՝» Վահան Թէքէեանի հատընտիր քերթուածներու բանաստեղծական վերլուծութիւնը, որ կ՛ապացուցէ ոչ միայն անտարակուսելի գրական ճարտարութիւն տաղանդաւոր յայտնի գրականագէտներու դրսեւորած գրական ունակութիւնները, այլեւ գրական շարժման մօտենալու իբրեւ ընդհանուր միասնական աշխատանք, շեշտելով հայ գրականութեան ընդհանուր նպատակի միասնութիւնը։
Արամ Սեփեթճեան գրականութեան նախանձախնդիր անձը, լայն հայեացքով կը նայէր գրական աշխարհին։
Հայ դպրութեան անձնուրաց սպասարկուն էր ան։ Ծանր վաստակը իր ետին մեկնեցաւ այս աշխարհէն։
Ազգային գրական արժէքներու վրայ գուրգուրացող գրականագէտը, հեռացաւ կեանքէն՝ իր հետ տանելով Վարուժանի ուռճացած լեզուն։
Թէքէեանի երգած ու փայփայած հայերէնը։ Վահէ Վահեանի կուռ լեզուամտածողութիւնը։
Մեկնեցաւ հայ գրական անդաստանի նուիրեալ մշակը, իր անջնջելի դրոշմը դնելով հայ գրականութեան պայծառ էջերուն վրայ։
Վաստակաշատ խոհուն գրականագէտին գնահատելի վաստակն ու իր թողած ժառանգութիւնը պիտի հրամցուին սերունդներուն որպէս գրական արուեստ, որպէս իր ժամանակի հայ կեանքի պատմութիւն։
Գրող մը, որ տքնանքով էր մեծ, սրտակից դարձած իր ժողովուրդի ցաւերուն ու տառապանքներուն։
Գրող մը, որ իր մտածումներն ու զգացումները, արտայայտեց խոհական ստեղծագործութիւններով, բազմերանգ արտայայտութիւններով, յոյզերով ու յոյսերով ։
Կարծես Վահէ-Վահեանն էր՝ դպրոցական տարիներու ուսուցիչս՝ իր առողջ հայրենասիրութեամբ, իր ոգեշնչող ազգային գաղափարներով եւ խոր մտածումներուվ։
Մտքի ու հոգիի լայն ներաշխարհով օժտուած գրողին բնորոշիչ յատկութիւնն էր՝ մեսրոպեան գիրը արժեւորելու, ազգային արժէքներու վրայ գուրգուրացող իր նախանձախնդրութիւնը։ Ան հեռացաւ աշխարհէն իր հետ տանելով պատմական ժամանակաշրջան մը ամբողջ, յետեղեռնեան սերունդի մը պատմութիւնը։
Արամ Սեփեթճեանի այնքան բուռն ու ինքնամոռաց ստեղծագործական կեանքը կանգ առաւ ակնթարթի մը մէջ։ Մեկնեցաւ ան՝ իր հետ տանելով հայ միտքն ու հոգին գերազանցօրէն արտայայտող իր հզօր արեւմտահայերէնը։
Ինչո՞ւ շտապեցիք Պրն. Սեփեթճեան…
Բիւր յարգանք Մեծ հայուն խնկելի յիշատակին։