Խտրականութեան միւռոնը

Սիլվա Իսկիկեան Մահրեճեան, Լոս Անճելըս, 10 Յունիս 2022

– Տիկի՛ն Մահրեճեան, անկարելի է, որ ձեր թոռնիկին համար մկրտութեան արտօնագիր տամ: Պայման է, որ կնքահօր անցագիրը բերես, որպէսզի վստահ ըլլամ անոր հայ ըլլալու ինքնութենէն:

– Անշո՛ւշտ հայ է, ձեզի կ՚ըսեմ, թէ անունը Նարեկ է:

-Անունը բաւարար չէ. պէտք է աչքովս տեսնեմ, որ անցագիրին վրայ գրուած է Հայ Առաքելական: Մեր օրէնքն է, որ կնքահայրը միայն ու միայն Հայ Առաքելական ըլլայ:

Լիբանանի Վարդանանց եկեղեցիէն՝ առաջնորդարանի գրասենեակէն, դուրս կ՚ելլեմ ձեռնունայն՝ առանց արտօնագիրին: Մինչ կ՚ուղղուիմ դէպի Առաքելական Նարեկին… միտքովս կը տեղափոխուիմ դէպի մանկութիւնս…:

«Նուրիձա, չօճուխլարըն միւռոնսըզ . միւռոն ինսանա շնորհք վերիր»: «Նուրիձա, զաւակներդ առանց միւռոնի են. միւռոնը մարդուն շնորհք կու տայ»: Նուրիձան մայրս էր, իսկ անմիւռոն աւետարանականները՝ ես, եղբայրս ու քոյրս: Գրեթէ ամէ՛ն օր, այս խօսքը կը լսէինք:

Տիկ. Մարին, որուն դէմքը շատ լաւ կը յիշեմ, հրաշալի օրինակ մըն էր տգեղութեան: Անխնամ մազերով, զարամած մաշկով, անփայլ ու գրեթէ կոպերուն տակ անհետացած մանր աչքերով, խորշոմներու կոյտ մըն էր: Իր անհամաչափ մարմինը խամրած ու գունաթափ լաթերով, սեւ ծաւալ մը կ՚ուրուագծէր: Միակ բանը, որ բարութիւն կը բուրէր, այդ ալ իր անունն է՝ հակառակ անոր, որ այդ օրերուն գրեթէ բոլոր կիները Մարի կամ Մարիամ անուննները կը կրէին: Մայրս շատ կը նեղանար եւ կը վրդովէր Մարիին ամէնօրեայ «ելոյթէն», բայց քաղաքավարութիւնն ու ամօթխածութիւնը չէին արտօներ, որ տարեցին դէմ ինքնապաշտպանութեան կուրծք պարզէր:

Չեմ գիտեր, թէ օր մըն ալ ինչպէս պատահեցաւ, մայրս իր ամչկոտ «շապիկէն դուրս ելաւ», կարմրած ու բորբոքած՝ համարձակօրէն ըսաւ. «Մարի՛, դուն միւռոնով ես, մէյ մը հայելիին մէջ նայեցա՞ր, արդեօք քու դէմքիդ վրայ շնորհք կա՞յ»: Հարուածը շատ ծանր նստաւ Մարիին ուսերուն, ինքնասիրութիւնը վիրաւորուեցաւ, իր սուրբ միւռոնը «վարկազուրկ» եղաւ… Եւ վերջապէս մեր կեանքէն յաւերժ անհետացաւ:

Մարիին բացակայութիւնը բնաւ զգալի չդարձուց մօրս ազգականը՝ Հայրապետը: Չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ զինք Աբբա կը կոչէին: Հոգս ալ չէր իր ածականին ծագումը կամ դրդապատճառը իմանալը: Ամէն Կիրակի, երբ մեծ հօրս եւ մեծ մօրս կ՚այցելէինք, Աբբան տեղէ մը «կը ծագէր» եւ իր մաղձը կը թափէր: Ինչպէս կ՚ըլլայ, թէ մայրս՝ Նուրիձան, Առաքելական եկեղեցւոյ դուստրը, կ՚ամուսնանայ Աւետարանական համայնքի զաւակ հօրս՝ Փօլին հետ: Աբբային համար այդ ամուսնութեան պտուղները մենք էինք. երեք «բորոտ փորտիստաններ»: Կը վստահեցնեմ, թէ մեր մաշկերուն վրայ բիծ մը անգամ չունէինք: «Մաս մաքուր պահուած», խնամուած երեխաներ էինք, բայց Աբբային աչքը չէր սխալեր, տասը մեթր հեռաւորութենէն մեր բորոտ մաշկը կը տեսնէր. այդ ալ ինչպէ՜ս…: Իսկ ես, հիմա, իր խրպոտ ու տհաճ ձայնը կը լսեմ. «փորտիստանլար, փորտիստաններ…»:

21 Փետրուար 1981-ին, հարսանիքիս նախօրեակին, Գնել Արք. Ճէրէճեան, Հաճընի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մեծաթիւ ազգականներու եւ բարեկամներու ներկայութեամբ, խորհրդաւոր արարողութեանբ, առատ միւռոնով կնքեց զիս ու առաքելական «շնորհքը» դրոշմեց ճակտիս։ Արքեպիսկոպոսը ամուսինիս ընտանիքին բարեկամն էր, զինք մանկութենէն լաւ կը ճանչնար եւ շատ կը սիրէր: Այսպիսով, թէ՛ ինքը եւ թէ՛ ամուսինիս ազգականները հանգիստ միտքով «հարս կ՚առնէին» մէկը, որ միւռոնով կնքուած էր ու «արժանի» էր պսակուելու:

Ո՞ւր ես Մարի, եկո՛ւր տես, միւռոնէն արտացոլող շնորհքն ու փայլքը…: Ո՞ւր ես Աբբա, եկո՛ւր տես, բորոտը «մաս մաքուր եղաւ»…: Երեսս չէ՛ր խնդար… Հոգիիս խորքը արթնցած էր վիրաւոր մանուկը, աւետարանական դաստիարակութիւնը վայելած պատանուհին եւ ուրոյն խառնուածքով հպա՛րտ երիտասարդուհին: Ցնցող հարցում մը ծագած էր միտքիս մէջ. արդեօ՞ք իբրեւ մանուկ, աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ իմ ստացածներս՝ նուիրումի աղօթքն ու արարողութիւնը, անբաւարար էին աստուածային օրհնութիւնը փոխանցելու եւ շնորհքը դրոշմելու…։

Այսքանը կիսելուս նպատակը՝ այպանել կամ մեղադրելը չէ, ոչ ալ զգայուն նիւթեր արծարծելը, այլ միմիայն խտրականութեան մերժումի ու չքացումի համեստ առաջարկ մը:

2 comments
  1. Ա՜խ մեր ցաւերը: Կար ժամանակ երբ Պէյրութի մէջ մարդիկ անամօթաբար «Կաթոլիկ, լիկ-լիկ…» կը յանկերգէին: Արդեօք Համշենցիները որ քրիստոնեայ ալ չեն, հայ չհամարե՞նք:
    Շնորհակալութիւն Տիկ. Իսկիկեան-Մահրեճեանին այս հարցը արծարծելուն համար:
    Մանուշակ

  2. Շնորհակալ եմ, որ այս հարցը առողջ ակնոցով կը դիտես։ Շատեր անձնական նամակներով իրենց ցաւոտ փորձառութիւնները պատմեցին, ընդվզումնին կիսեցին…, սակայն կայ «փաղանգ» մը, որ ինքզինք գերակայ կը կարծէ…: Թէեւ իմ առաջարկս խտրականութեան վերացման մասին էր, բայց որպէս «ազգ պառակտող» նիւթ որակեցին…:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like