Երկրային հրեշտակը

Սիլվա Իսկիկեան Մահրեճեան, Լոս Անճելըս, 21 Յուլիս 2022

Կեանքս հեզասահ չէ ընթացած: Ապրած եմ Լիբանանի երկարամեայ պատերազմը, ծնողացս վաղաժամ կորուստը, ամուսինիս քաղցկեղով տառապիլը…, բայց միշտ, երբ դէմ յանդիման գտնուած եմ անլուծելի կամ բարդ իրավիճակի մը հետ, դիմացս յայտնուած է «երկրային հրեշտակ» մը, որուն օգնութեամբ լուծուած են ամենէն խրթին հարցերս:

Այսօր կը «հիւրընկալեմ» մէկը այդ երկրային հրեշտակներէն, որուն ո՛չ անունը գիտեմ եւ ո՛չ ալ հասցէն: Ան տպուած է յիշողութեանս մատեանին մէջ իր օտարականի ուրոյն պատկերով՝ անհարթ մաշկով, երկարահասակ, նիհար, մօտաւորապէս քառասուն տարեկան երիտասարդ մը:

31 Յունուար 1990-ին վերսկսած սարսափելի պատերազմը, որուն ընթացքին օգտագործուած հռթիրներու ուժգունութիւնը եւ տարափը, գերազանցեցին 1975- էն մինչեւ այդ օրը ապրուած պատերազմեան բոլոր արհաւիրքները…: Տասնինը դժնդակ օրեր բանտարկուեցանք “ապրի”ին (ապաստանարանին) մէջ: Ամուսինս իր առաքելութեան հաւատարիմ բժիշկ մը ըլլալով՝ իր դարմանատունը չլքեց, իսկ ես ու երեք զաւակներս ապաստանեցանք մօտակայ շէնքի մը “ապրի”ին մէջ: Կարծես ռումբերուն սարսափը բաւարար չէր, անբարենպաստ պայմանները, վատառողջ սնունդը, լոգանքի չգոյութիւնը պատճառ եղան, որ երեք զաւակներս հիւանդանան բարձր ջերմութեամբ:

Գիշեր մը պէտք էր ճակատագրական ընտրութիւն մը կատարէի պաշտպանուելու համար մեր շուրջը պտըտող առնէտէն։ Ունէի երկու ընտրանք, կամ զաւակներուս հետ դուրս գալ “ապրի”էն ու հրթիռներուն ճարակ դառնալ եւ կամ մնալ ու հաշտուիլ առնէտին ներկայութեան։ Պարտադրուած ճի՛շդ որոշումը կատարեցի…: Անքուն, գիշերեցի մինչեւ լոյս եւ կրծանը զաւակներէս հեռու պահեցի:

Դժբախտաբար, “ապրի”ին շատ մօտ լարուած թնդանօթները ստիպեցին մեզի լքել շրջանը: Ամենէն թոյլ «հրադադարի» վարկեաններէն օգտուելով որոշեցինք ուղղուիլ նախ Պուրճ Համուտ ապա Այնճար եւ հոնկէ մեկնիլ Դամասկոս՝ ամուսնոյս քրոջ տունը: Գաղթականի հոգեվիճակով ու տեսքով, երկու դուստրերուս ձեռքէն բռնած, իսկ ամուսինս ծանր ճամբորդական պայուսակ մը շալկած եւ զաւկիս ձեռքէն ամուր սեղմած, գերզգուշութեամբ ու դանդաղ քայլերով կտրեցինք Սալոմէի ականուած հրապարակը, կարծես թէ Պերմուտա եռանկիւնը կը հատէինք…: Վերջապէս ընտանեօք յանձնուեցանք վարորդի մը, որ օրուան «փրկարարի» դերը պիտի ստանձնէր եւ փոխան «կոկիկ» գումարի մը, մեզի պիտի հասցնէր Այնճար: Երանութեան առաջին սանդղամատը կոխեցինք, երբ աննկարագրելիօրէն խճողուած Մոնթէ Վերտէի անցարգելը «յաղթահարեցինք» եւ ժամեր ետք, հասանք Այնճար:

Օրը համընկնած էր Վարդանանց տօնին ու ամէն տեղ փակ էր…: ի՞նչ փո՛յթ, որ վարը պատերազմ կար, վերը՝ տօն էր: Ինքնաշարժին մէջ փայփայած երազս, որ ընտանեօք ճաշարան մը նստինք եւ «մարդավայել» պատառ մը ճաշակենք, յօդս ցնդած էր: Բարեկամ մը խոստացած էր մեզի համար սենեակ մը ապահովել, բայց յուսախաբութիւնս սահման չունէր, երբ մերկ սենեակը տեսայ…: Յանկարծ մտքիս մէջ Այնճարը դարձաւ անճար: Երեք զաւակներս հիւանդ, յոգնած, “ապրի”էն հազիւ սպրդած…ինչպէ՞ս կրնայի պատսպարել Փետրուարի սաստիկ ցուրտէն այդ մերկ սենեակին մէջ: Օրերու վրայ երկարող դաժանութիւնը այտերս արցունքներով լուացին…: Զաւակներուս համար նոր յայտնութիւն մըն էր. մաման կու լար: Ան, որ ո՛չ ռումբէն եւ ո՛չ ալ առնէտէն կը վախնար…:

Ինչո՞ւ մնալ անճար Այնճարը եւ չշարունակել մեր ճամբան դէպի Դամասկոս: Բարդ հաշիւ մը չէր պահանջեր ա՛յն իրողութիւնը, որ ամուսինիս Սուրիական անձնաթուղթը եւ բոլոր փաստաթուղթերը հրոյ ճարակ եղած էին իր հրթիռակոծուած տան մէջ: Հետեւաբար, Սուրիոյ մէջ, ո՛չ ես իր կինն էի, ո՛չ ալ ի՛նք՝ զաւակներուս հայրը: Յուսահատութիւնը եւ գերյոգնածութիւնը մարդս կը զրկէ իր տրամաբանութենէն: Յանկարծ ըսի. «Կարօ՛, ես եւ զաւակներս ա՛յս գիշեր Դամասկոսի մէջ պիտի քնանանք»: Անտրամաբանական հնարամտութեամբ մը որոշեցի փորձ մը ընել, երթալ Տէյր Զէյնունի կառատունը եւ վարորդի մը Դամասկոս մեկնելու ցանկութիւնս յայտնել եւ բացատրել փաստաթուղթ չունենալու պարագաս…: Ոչինչ, եթէ պէտք էր աջին ու ձախին կաշառել, կարեւորը մեզի Դամասկոս հասցնէր…: Ձեռքս ունէի Լիբանանեան անձնաթուղթս, ամուսնական եկեղեցական հաստատագիր մը, ծննդատունէն տրուած երեք քարտ՝ մէկը կապոյտ, երկուքը վարդագոյն, որոնք ոչ մէկ պետական ճանաչում ունէին:

Երկարահասակ նիհար, քառասունի սահմանին եղող վարորդին մօտեցայ ու ըսի. «Պէյրութէն՝ “ապրի”էն կու գամ, կ՚ուզեմ, որ զաւակներս այսօ՛ր Դամասկոսի մէջ հանգիստ քուն քնանան»: Առանց ամբողջացնելու մտքիս մէջ պատրաստած պատմութիւնս, ան ինքնաշարժին դուռը բացաւ ու ըսաւ. «Մտէ՛ք»: Այս արագ որոշումէն դժգոհած ըսի. «Ես, սահման անցնելու համար բաւարար փաստաթուղթեր չունիմ. հաճի՜ս լսէ՛ , բացատրեմ քեզի»: Երեսը՝ միւս կողմ դարձուց եւ սկսաւ զաւակներս ինքնաշարժին մէջ տեղաւորել: Պահ մը վրդովեցայ եւ անհանգիստ զգացում մը պատեց սիրտս…: Ա՜խ ա՛ս մարդը, զիս չլսե՛ց. հիմա իր անտարբերութեան պատճառով մեզի սահմանէն ետ պիտի դարձնեն: Իր ի՞նչ հոգն է… մեզի ուրիշ վարորդի մը կը յանձնէ եւ ետ Այնճար կը ղրկէ:

Սարսափահար, կծկուած մարմնով, մտքիս մէջ ճղճիմ քայլս քննադատելով, փաթթուած զաւակներուս, ներողութիւն հայցողի վարքով…հասանք Սուրիական սահման: Ահաւոր խճողում էր, երկա՜ր հերթ կար եւ խի՛ստ խուզարկութիւն կ՚ընթանար : Ոստիկանները ինքնաշարժներէն դուրս կը կանչէին ճանբորդները, մեծ ու փոքր կը ստուգէին, նոյնիսկ կարգ մը ինքնաշարժներու նստարանները կը քակէին…: Պատկերը յուսահատական էր. վստահ էի, որ ժամեր պիտի սպասէինք, մինչեւ որ մեր ԹՈՅԼ ճակատագրական պահը հասնէր:

Սթափեցայ, երբ վարորդը անձնաթուղթս ուզեց եւ ինքնաշարժին դուռերը կղպեց: Պատուհանէն զինք կը դիտէի, իր երկար ոտքերով այնքան արագ կը վազէր, որ շուտով ամբոխին մէջ անյայտացաւ: Քառորդ ժամ չանցած վերադարձաւ, անձնաթուղթս վերադարձուց եւ ըսաւ. «Ա՛յս քարտը, քովդ պահէ՛»: Քարտին վրայ գրուած էր, «մուտք դէպի Սուրիա, Սիլվա Իսկիկեան իր երեք զաւակներով»: Աչքերուս չէի՜ հաւատար…: Անբացատրելի երանութիւն…: Հո՛ս, արդէն երկնային սանդղամատներէն վեր կը ճախրէի…: Մտքիս մէջ ձեւ ստացան տաքուկ լոգանքը, տնական ապուրը, հանգստաւէտ անկողինը…: Յանկա՛րծ վարորդը հարցուց. «Տիկի՛ն, դուն ո՞ւր կ՚երթաս. հասցէն ի՞նչ է»: Պատասխանեցի. «Վայրը, չե՛մ գիտեր, բայց հեռաձայնի թիւ մը ունիմ»: Ինքնավստահ ու բաւարար նկատելով երկարեցի թիւը: «Տիկի՛ն, Սուրիոյ հեռաձայնի թիւերը եօթը թուանշաններէ կը բաղկանան, ա՛յս մէկը միայն վեց թուանշան է»:

Ահա դարձեալ անճար…: Հնարագէտ վարորդը բացաւ իր աջին գտնուող, ինքնաշարժին դարակը, ուր բազմաթիւ հասցէատոմսեր կային: Հայերէն անուններ կը կարդար…, որոնք ինծի համար կարծես ջուրի գլգլոց ըլլային: Վերջապէ՜ս, անուն մը, զոր կը ճանչնայի: Տալոջս ընտանիքին մօտիկ բարեկամ է: Այսօրուան բջջայինները գոյութիւն չունէին: Մեր բարի երկրայինը իջաւ ինքնաշարժէն, դուռերը կրկին կղպեց եւ վերադարձին իր հետ ունէր մեր «երանութեան» հասցէն: Թէեւ սահման կտրող վարորդը իրաւունք չունէր Դամասկոս քաղաքին մէջ ինքնաշարժ վարելու, բայց մեր վարորդը՝ բարի օրինազանցը, մեզի մինչեւ տուն հասցուց: «Տիկի՛ն, մեկնելէդ առաջ հարցում մը ունիմ. ամուսինդ ինչո՞ւ հետդ չեկաւ»: Մատը թէժ վէրքիս վրայ դրաւ ու ես խեղդուած ձայնով պատասխանեցի. «Պատերազմին իր բոլոր փաստաթուղթերը այրեցան, վաղը նոր թուղթեր պիտի պատրաստեմ ու ղրկեմ Այնճար»: «Ափսո՜ս տիկին, երանի՜ իմանայի եղելութիւնը…հիմա՛ ամուսինդ կողքդ կ՚ըլլար. զինք ա՛լ, ձեզի հետ կը հասցնէի…»:

Հազա՜ր շնորհակալութեամբ կը յիշեմ այդ երկրային վարորդ հրեշտակը, որ մեզի պատերազմէն դէպի խաղաղութիւն տարաւ, առանց փաստաթուղթի, տրտունջի, շատախօսութեան եւ ինքնագովութեան: Պատերազմ ապրողը լաւագոյնս կրնայ ըմբռնել այս «երկնային» ուղեւորութեան արժէքը:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like