Սիլվա Իսկիկեան Մահրեճեան, Լոս Անճելըս, 20 Յունիս 2022
Ծննդեան տօնին խորհրդաւոր ու բարի առաւօտն էր: Շուրջս ամէն բան ուրախութիւն կը յուշէր՝ Կաղանդի ծառին լոյսերը, երեխաներուս ծիծաղը եւ մօտակայ եկեղեցիներէն լսուող շարականները:
Հայրս իր կիրակնօրեայ կապոյտ համազգեստով, բծախնդրօրէն սափրուած ու սանտրուած մազերով, եկեղեցիէն տուն վերադարձած էր: Դէմքին վրայ կ’արտացոլար Ս. Ծննդեան պատգամին օրհնաբեր փայլքը: «Հայրի՛կ, կը փայլիս: Քեզմէ պէտք է օրինակ առնեմ եւ գոնէ տօնական օրերուն եկեղեցի յաճախեմ»:
Դժբախտաբար, տօնական սեղանին ճաշատեսակներուն պատրաստութիւնը առաջնահերթ մտահոգութիւնս կ’ըլլար: Ամուսինս կը շեշտէր ըսելով, որ տօնական սեղանը պէտք է ճոխ ըլլայ: Երբ որ հարցնէի. «Կարօ՛, այս ճաշատեսակները բաւարա՞ր են»: Առանց մտիկ ընելու նշածներս, կը պատասխանէր. «Ո՛չ, քիչ է, չի՛ բաւեր»: Այդ անբաւարար քանակը՝ օրերով չէր սպառեր…:
Հօրս աղօթքով սկսանք մեր ճաշը, ապա աւետարանական երգացանկէն, հայրս եւ երախաներս ծննդեան երգեր երգեցին, իսկ ամուսինս՝ Կարօն, կը շեշտէր, թէ առաքելական շարականները ուրիշ են…: Ինքն ալ իր կարգին երգեց՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» շարականը: Ինծի համար երկու երգացանկերն ալ սիրելի են: Աւելի ի՞նչ խնդրէի Աստուծմէն՝ բարիքը առատ, օճախս ուրախ..:
-Պզտիկնե՛ր, լուացուեցէ՛ք, հագուեցէ՛ք, պէտք է աճապարենք, որպէսզի Կաղանդ Պապուկին հասնինք:
Հայրս նստասենեակ անցած էր ու հեռատեսիլէն սփռուող ոտնագնդակ կը դիտէր: Խաղացող խումբերը՝ ՀՄՄ եւ ՀՄԸՄ էին: Թէեւ հօրս նախասիրութիւնը գիտէի, բայց եւ այնպէս հարցուցի. «Հայրի՛կ, ո՞ր խումբը կ’ուզես, որ յաղթէ»: Ծիծաղը դէմքին, զիս գոհացնելու ջանքով ըսաւ. «Երկուքն ալ հայկական խումբեր են, որ մէկը որ յաղթէ, կ’ուրախանամ, բայց անշուշտ գիտես…»:
Կատակելով ըսի.
-Հայրի՛կ, պատասխանդ նման է այն ասացուածքին, որ կ’ըսէ. «Խնձորը կը սիրեմ, բայց տանձը հոգիս է»:
Երկուքս ալ երգիծանքը սիրող ենք, կատակելով ու խնդալով բաժնուեցանք:
Կաղանդ պապուկին ժամանելիք վայրը արեւմտեան Պէյրութի մէջ, խճողուած ու աղմկալից սրահ մըն էր: Բաւական դժուարութեամբ, ես ու երեք երախաներս տեղաւորուեցանք…: Յանկարծ, դիմացս կանգ առաւ ամուսինիս մօտիկ բարեկամը՝ Շահէնը: Ակամայ մարմինս սարսռաց..:
-Սիլվա՛, պէտք է ձեզ տուն տանիմ, որովհետեւ հայրդ սրտի տագնապ ունեցաւ:
-Ի՞նչ տագնապ, ի՞նչ բան, տակաւին կէս ժամ առաջ ֆութպոլ կը դիտէր:
Տուն դարձի ճամբան դար մը տեւեց…: Կարծես սիրտս աքցանի մէջ առնուած էր, իսկ գանկս՝ փշրող հարուած ստացած:
Վերջապէս հասանք տուն…: Ապշեցնող լռութիւն մը կը տիրէր: Քնացած էր Ֆութպոլ դիտողը, ծննդեան երգեր երգողը, կատակողը, խնամքով սափրուած ու փայլուն դէմքով բարի հայրիկս: Մինչ ես վշտաբեկ ու դառնացած, ոտքերս գետին զարնելով, լացի, պոռացի, յանդիմանեցի. «Այս ի՞նչ հարուած էր, հայրի՛կ: Ծնունդին կը ծնին, Ծնունդին չե՛ն մեռնիր»:
Անհասանելի Երազը
-Ա՜խ, եթէ քիչ մը հասակս բարձր ըլլար…: Կեանքիս գերագոյն երազն էր մասնագէտ երաժիշտ եւ երգիչ դառնալ: Ինծի համար երգն ու նուագը թթուածինի նման են, իսկ օրուան քսանչորս ժամերուս համար՝ բացարձակ անհրաժեշտութիւն:
Հօրս սիրտին մէջ մխացող ակօսներ կային…: Անբուժելի ցաւ էր իր «անհասանելի երազը»…:
-Ինծի ըսին, թէ գեղեցիկ ձայն ունիմ եւ շատ ճիշդ կ’երգեմ, «բայց բեմը իր պահանջքը ունի»…: Քանի մը սանթիմեթր պակսող հասակիս տակ, ոտնակոխ շպրտեցին՝ տաղանդս, երազս եւ հոգիս:
Ամէն անգամ, երբ հայրս իր շրթնահարմոնը (harmonica) նուագէր, մեղեդիին մէջ իր հոգին կը դնէր: Կը նոյնանային ինքը եւ երաժշտութիւնը: Երանութեան ժպիտը կը փայլէր իր դէմքին եւ անսահման գոհունակութիւն մը կը փայլատակէր իր աչքերէն: Իր անցեալի որբուկի յիշողութիւնները ու ներկային ցաւոտ խոցերը՝ երաժշտութեամբ կը դարմանէր:
Գեղեցիկ հագուիլ շատ կը սիրէր, յատկապէս՝ երբ եկեղեցի պիտի յաճախէր: Պայմանաւ, որ կօշիկը «տաս-տափակ չըլլար» եւ «հաստ կրունկներ ունենար»: Իր շահած երկու-երեք սանթիմեթրով՝ հասակին եւ անհաս երազին ցաւը կը մեղմէր…:
Մօրս մահը ստիպեց երիտասարդ հօրս, իր մխիթարանքը գտնել՝ մե՛րթ Աստուածաշունչին ու մե՛րթ շրթնահարմոնին մէջ:
-Պարո՛ն Փօլ, մենք ռումբերէն կը սարսափինք, չենք իմանար ո՞ւր պահուըտինք, իսկ դուն անվախ ու անվրդով՝ տանդ մուտքին նստած, կա՛մ կը գրես, կա՛մ կը նուագես:
Աստուածավախ իր խառնուածքով ու անհուն հաւատքով՝ ոչինչէ կը սարսափէր: Կարծես երկնային էակ մը իր ականջին փսփսացած էր. «Մի՛ վախնար, դուն ռումբերէն պատսպարուած ես ու պիտի չմեռնիս»:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ամենէն թէժ օրերուն, նպատակադրեց եւ իրագործեց։
Սամուէլ Փաշիկեանի հեղինակութեամբ երկու հարցագրքոյկ վերցուց, առաջինին մէջ Աստուածաշունչէն 1000 հարցումներ կային, իսկ երկրորդին մէջ՝ 1500: Ուսումնատենչ աշակերտի նման, չընկրկող կամքով, գիշերը ցերեկին խառնեց եւ իր բազմաթիւ պարտականութիւններուն կողքին, անսպառ շունչով պրպտեց, գրեց, սրբագրեց… եւ վերջապէս, երկու վկայական՝ արդարօրէն ձեռք ձգեց:
Ծննդեան աւետումը երգող խումբերուն հետ, իր 65 տարիները շալկած՝ կ’ընկերակցէր երիտասարդներուն: Իր կենսուրախ խառնուածքով ու եռանդով՝ անխոնջ կը շրջէր, մինչեւ առաւօտեան ժամերը: Իր երաժշտական տաղանդով ու երգչախմբային գիտելիքներով՝ կը զանազանուէր իր հաճելի թենորով ու երգելու ոճով:
Զաւակներս շատ բախտաւոր էին իրենց մեծ հօրմով: Ան իր ծով համբերութեամբ ու գորովալից սիրով կը գուրգուրար եւ կը զբաղեցնէր զանոնք՝ իրենց պատմութիւններ պատմելով, դաստիարակչական խաղեր կազմակերպելով ու շրթնահարմոն նուագելով: Ան յաճախ կ’ըսէր. «Աստուած ի՛մ, մեղք մի՛ գրեր, այս պզտիկները շա՜տ կը սիրեմ»:
Դժբախտաբար, զաւակներուս չվիճակուեցաւ մեծ մայրեր ունենալ, բայց ունեցան մէկ մեծ հայր, որ իր բարի հոգիով ու անհուն սիրով, չորս հոգիին պակասը լրացուց:
Օր մըն ալ՝ մռայլ ու անշշուկ, տխուր հեքիաթի մը նման, անակնկալ ու լո՜ւռ հեռացաւ…: Իր ետին երեք խնձոր թողնելու փոխարէն, ձգեց Աւետարան մը, երկու վկայական, շրթնահարմոն մը, «հասակաւոր» կօշիկ մը եւ «կրունկով» երազ մը: