Սիլվա Իսկիկեան Մահրեճեան, Լոս Անճելըս, 24 Ապրիլ 2022
(1976-ի Քարանթինան, Պէյրութ)
Արեան հոտը, իր բոլոր երանգներով, եռացող ապակեայ սրսկիչներուն գոլորշին, վիրահատական գործիքներուն անբաւարարութիւնը, մանրէասպան դեղերուն տհաճ հոտը…Այս բոլորին կը միանար խուռներամ վիրաւորներուն վայնասունը, սարսափին պատճառած ատրենալինին գարշահոտը եւ տեղատարափ հրթիռներուն ոռնոցը: Սա Հաճընի դարմանատան պատկերն էր, երբ Քարանթինայի հրթիռակոծումէն ու հրդեհներէն մազապուրծ «փրկուած» բնակիչները ապաստան կը գտնէին հայկական թաղին դարմանատան մէջ:
– Ա՛յս մէկը հիւանդանոց. ա՛յս մէկը ներս, ա՛յս մէկը գերեզմանոց…:
-Նե՛րս, գերեզմանո՛ց, հիւանդանո՛ց…:
Տօքթ. Պօղոս Քարաւերտեան դարմանատան դրան առջեւ կանգնած, այս երեք կրկնուող բառերով Քարանթինայի բնակչութեան ճակատագիրը «կը ճշդէր»: Ողորմելիները տեղահանուած, արիւնլուայ, այրած ու վիրաւոր վիճակով, իրենցմէ շատերուն ողջ մնալուն զարմանքը կ’ապրէին ու Աստուած մեծ է (ﷲ واكبر) կը գոռային…:
Տօքթ. Կարօ Մահսերեճեան դարմանատան մէջ ամենէն նախնական պայմաններով մեծ «հրաշքներ» պէտք է գործէր…: Ելեկտրականութեան չգոյութիւնը ստիպած էր զինք իր ինքնաշարժին մարտկոցին (battery) թելեր եւ լամբեր միացնելով լուսաւորել վիրահատութեան սեղանը: Քանի մը տնական մկրատներով, ունելիներով եւ սակաւաթիւ բժշկական թելերով մեծ ու խորունկ շերտերով վէրքեր կը կարէր: Վէրքեր մշակելն ու դարմանելը յարաբերաբար «դիւրին էին», բայց ի՞նչ կրնար ընել, երբ վիրաւորը իր ակնագունդը ափին մէջ բռնած կ’աղաչէր. «Հաճիս, հաքի՛մ, աչքս տեղը դիր…»:
«Սեւ մարդուն» ցաւերը ինչպէ՞ս մեղմացնէր, ցաւազրկող (morphine) սրսկելէն բացի, երբ ամբողջ մարմինով այրած անդէմ ու անանուն դարձած էր: Ամօթխած հարսին արիւնահոսող վէրքը ինչպէ՞ս կարէր, երբ ամչկոտ մանկամարդուհին կը պնդէր ըսելով. «Հաճիս, հաքի՛մ, փէշս վեր չեմ առներ, վէրքս հագուստիս վրայէն կարէ…»։ Օրուան քսանչորս ժամերը բաւարար չէին Տօքթ. Կարոյին համար, երբ ամբողջ Քարանթինան իր վէրքերով, փամփուշտներով եւ հոգիին ցաւերով այդ դարմանատունէն կ’անցնէր…:
15 Սեպտեմբեր 1975 ին, երբ հայկական թաղերը եւ շրջանները թիրախ դարձած էին հրթիռներու, դիպուկահարներու եւ զանազան տեսակի զինեալ յարձակումներու, Տոքթ. Կարօն Հաճընի Տատրեան մանկապարտէզին սրահին մէջ հիմնեց թաղին դարմանատունը: Կամաւոր խմբակ մըն էինք՝ 6 օրիորդներէ եւ 4 երիտասարդներէ բաղկացած: Տօքթ. Կարոյին խիստ եւ բծախնդիր ցուցմունքներով քանի մը շաբթուան ընթացքին արդէն պատրաստ էինք առաջին օգնութեան ծառայութիւն տալու վիրաւորներուն: Մեր տան սաւանները տաք արդուկին տակ դարձան վիրակապ: Անկողինի ծածկոցները՝ զոյգ փայտերու կցելով՝ պատգարակ: Շատ մը բարեսիրական միութիւններ եւ անհատներ գնահատելով դարմանատան տարած աշխատանքը, փութացին օգնութեան՝ մատակարարելով դեղորայք, բժշկական գործիքներ եւ զանազան պիտոյքներ:
Վարդագոյն երազներով դպրոցականներ էինք Յունուար 1976-ին՝ Քարանթինային անկումով սթափեցանք, վայրագութեան «չափը» տեսանք, հասունցանք…: Յանկարծ վարպետ վէրք մշակողներ եղանք եւ վիրահատութիւններու օգնական դարձանք: Մահը իբրեւ սովորական երեւոյթ տեսանք…:
Սա հինգ տարեկան, հրեշտակի աչքերով աղջկան, ի՞նչ ընել, ո՞ւր տանիլ: Փամփուշտը ծակած էր ճակատը եւ տեղաւորուած գանկին մէջ: Փրկարարը մեր խումբին «անուշիկ Գօգօն» էր: Արտաքինին չսազող, բայց ներքինին յարմարող անունով, իր կեանքը վտանգելով, դիպուկահարները անտեսելով, բազմաթիւ վիրաւորներ Պարպիրի հիւանդանոցը հասցուց:
Հ.Կ.Բ.Մ.-ի, Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան Կողմէ Պատուոյ յուշատախտակ՝ «Առ ի երախտագիտութիւն 50 տարիներու բժշկական եւ ընկերային ծառայութիւններուն համար». Տօքթ. Կարօ Մահսերեճեան շրջապատուած Պէյրութահայ բժիշկներով
Բազմաթիւ դէպքեր կրնամ պատմել Քարանթինայի վերապրողներուն շնորհակալ վերաբերմունքը արտայայտող: Յաճախ, երբ Պէյրութի արեւմտեան կողմ կ’անցնէինք ես ու Տօքթ. Կարօն (արդէն նշանուած), անպայման մեր դիմաց կը յայտնուէր հիւրասէր կամ երախտապարտ Քարանթինայի վերապրող մը…:
Կ’ուզեմ յիշել, որ գանկէն վնասուած այդ սիրունիկ հնգամեայ հրեշտակը յաջող վիրահատութեամբ մը վերապրեցաւ եւ բժշկուհիի մը մէկ հատիկ որդեգիրը դարձաւ:
Սահմանափակ հնարաւորութիւններով՝ Հաճընի դարմանատունը Տօքթ. Կարօ Մահսերեճեանին շնորհիւ մինչեւ Սեպտեմբեր 1978 օգտակար դարձաւ շրջանին բնակիչներուն, առանց խտրականութիւն դնելու հայուն կամ օտարին միջեւ։
1978-էն մինչեւ օրս, Հաճընի դարմանատունը կը գործէ՝ իր բարի ու նուիրեալ տիպարներով:
Այս դժուարին օրերուն, գոյատեւման կամք եւ յարատեւ վերելք կը մաղթեմ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (Հ.Կ.Բ.Մ.) դարմանատան:
*******
Հաճընը, աւելի ճիշդ՝ Նոր Հաճընը Պէյրութի հայկական թաղերէն մէկն է՝ հիմնուած 1930-ական թուականներուն։
Դարմանատունէն հինգ քլմ. հեռու գտնուող յայտնի հիւանդանոց մը, ուր հասնելու համար շտապ օգնութեան բուժսպասարկողները մահը իրենց աչքին առջեւ պէտք է առած ըլլային։
1 comment
Շնորհակալութիւն Գեղարդին, որ այսօր՝ Ապրիլ 24-ին, յատուկ ուշադրութեան յանձնեց այս յօդուածս, որուն մէջ ականատեսի աչքերով նկարագրած եմ մարդկութեան հանդէպ գործադրուող անարդարութիւնը եւ անոր դիմաց ցուցաբերուած՝ հակակշռող բարութիւնն ու նուիրումը: