Ես ու թատերասէր պատանուհին

Սիլվա Իսկիկեան Մահրեճեան, Լոս Անճելըս, 10 Ապրիլ 2022

Այն օրերուն, երբ հայ թատրոնը իր զարթօնքի գագաթին կը սաւառնէր, երբ շաբաթավերջին առնուազն երկու թատերական ներկայացում կարելի էր վայելել, ես՝ այն պատանուհին էի, որ էութեամբս կլանուած ու տարուած էի թատրոնով: Ամբողջ շաբաթը անհամբեր թատրոն կ՚երազէի…։ Թատրերգութեան անունը մտքիս մէջ կերպարներ կը ստեղծէր, բեմը թաւշեայ վարագոյրներ կը հագնէր եւ բեմահարթակին ոտնաձայնները՝ լսողութիւնս կը շոյէր…:

Արդեօք ինչպէ՞ս տնտեսել ա՛յդ փոքր գումարը, որ գրպանի ծախս (pocket money) կը կոչուէր, որուն անհրաժեշտութեան եւ սակաւութեան կը գիտակցէի, երբ թատրերգութիւն մը՝ Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահին մէջ կը բեմադրուէր եւ երկրորդ մը՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան թատերասրահին մէջ: Անկասկա՛ծ, երկուքին ալ ներկայ պիտի գտնուէի: Մուտքի տոմսերը եւ ճանապարհածախսը ապահովելը, ինծի համար առաջնահերթ անհրաժեշտութիւն էր: Բախտաւորութիւն կը սեպէի, այն իրողութիւնը, որ Յակոբ Տէր ՄելքոնեաՆ թատերասրահը՝ քալելով հասանելի էր ինծի, բայց Գալուստ Կիւլպէնկեանը, մեր տունէն՝ Հաճընէն, բաւական երկար ճամբայ էր…:

Նախապատերազմեան տարիները, մտքիս մէջ փայլուն պատկերներ են: Պէյրութի Թաղերուն մէջ, ռեհանի ու յասմիկի բոյրը՝ թոքերս կ՚ուրախացնէին: Ամառնային արեւը՝ եթերային շողք կը բաշխէր: Ծովափին կապոյտը՝ հրաշքի գոյն ունէր: Լեռնային հովասուն ամարանոցները եւ ոսկեայ մայրամուտները՝ եդեմային տրամադրութիւն կը սփռէին: Երանի՜ կարենամ, իմ միտքիս ու հոգիիս մէջ խարսխուած Լիբանանը՝ իր իսկական, հարազատ պատկերով ու հմայքով նկարել: Իսկ սիրելի Լիբանանիս մէջ, ամենէն փայլուն իրողութիւնը՝ հայ թատրոնն էր:

Հանրակառքերը օրինաւոր կայաններ ունէին, ետեւ-ետեւի, շուտ-շուտ կը հասնէին՝ փոխադրելու համար թատրոն ժամանող ու վերադարձող մեծաթիւ հանդիսատեսները: Թատրոնէն արձակուող՝ հայահոծ բազմութիւնը, մասնաւորաբար ուսանողները, տեղաւորուելու համար, շարան մը հանրակառքերու կարիքը կ՚ըլլար: Կը յիշեմ այդ օրերուն ազնուագոյն (elite-ընտրանի) հայուհիները, իրենց կենցաղով եւ հագուածքով՝ թատրոնին հանդէպ, իրենց յարգանքը կ՚արտայայտէին : Ակնառու էին՝ հագուստները եւ զարդեղէնները, փայլուն եւ վառ գոյներով, որոնք նախորդ սերունդին՝ մռայլ գոյներուն կը հակասէին: Սիրուն ժպիտները, անուշահոտներուն հետ միաձուլուած, զգլխիչ ամպեր կը ստեղծէին…:

Ես ու ընկերուհիս՝ Արփին, հանրակառքով եւ ամենայն ճշդապահութեամբ կը հասնէինք թատրոն, իսկ ի՞նչ միջոցով վերադառնալը, կախեալ էր՝ մեր գրպանի ծախս կոչուածէն…։ Ընդհանրապէս կը «նախընտրէինք» քալելով վերադառնալ…: Այսօրուան պահանջկոտ պատանիները չէի՛նք. կարիքը չունէինք բացատրութեան, թէ մեր ծնողներէն ինչքա՞ն պէտք էր խնդրէինք: Բնազդով՝ ամէն բան գիտէինք…:

Բեմադրուող թատերախաղերը՝ կախարդական գաւազանի մը նման, մեր պատանի հոգիները կը յուզէին, ներաշխարհը կը լիացնէին եւ տիպար մարդը կը ձեւաւորէին։ Ամէն մէկ թատերախաղէն կերպար մը կ՚որդեգրէի եւ հարազատ ինքնութեամբ կ՚ապրէի զայն:

(Ձ-Ա) Ճորճ Սարգիսեան, Գրիգոր Սաթամեան, Պերճ Ֆազլեան և Վարուժան Խտըշեան

1973-74 կրթական տարեշրջանը՝ իմ դպրոցական տարիներուս, ամենէն յիշատակելին էր: Թէպէտեւ բեմը եւ ասմունքը միշտ ալ անբաժան բարեկամներս էին, բայց այդ տարին հանդէս գալը՝ բաւական երկար թատերական կտորով մը, այլ փորձառութիւն մըն էր: Բնա՜ւ չէի պատկերացներ, որ մեր դաստիարակը Օրդ. Տիգրանուհի Մելիքեան՝ մանրակազմ ուսուցչուհին, որ մարմնամարզութիւն եւ կենսաբանութիւն կը դասաւանդէր, կրնար նաեւ մեծ եռանդով ու բծախնդրութեամբ բեմ բարձրացնել Յակոբ Բշիկեանի (՞՞) «Արդիականութիւն» թատերախաղը: Գլխաւոր դերը ստանձնելու առաջարկը, առանց տատամսելու եւ մեծ հաճոյքով ընդունեցի: Իմ ու սիրելի դասընկերներուս խաղարկութեամբ արժեցուցինք Օրդ. Մելիքեանին աշխատանքը: Մեր համոզիչ դերակատարութեամբ, գեղեցիկ տարազներով եւ բեմի յարդարանքով, յաջողեցանք արդիականութեան բարի ու յոռի կողմերը ծանօթացնել հանդիսատեսին: Օրին, շարք մը այլ հայկական վարժարաններու մէջ՝ հանդէս եկանք մեր թատերախաղով: Ծափահարութիւնները եւ շռայլ գնահատականները մեր ցանկացած պարգեւներն էին:

Հօրս ցանկութիւնն էր, որ հիւանդապահութիւն ուսանիմ եւ կամ տարրալուծարանային գիտութիւն, բայց ես արբեցած իմ թատերասիրութեամբ, որոշած էի իմ կեանքիս ուղղութիւնը եւ նպատակը: Յստակ գիտէի թէ ի՞նչ պիտի հետապնդեմ: Ոչի՛նչ, բացի նուիրուիլ թատերաբեմին:

1975-ին չսպասուած պատերազմը, հռթիրներուն տեղատարափը, ընտանիքիս մէջ կատարուած դժբախտութիւնը եւ յաջորդող տարիներուն ծանրութիւնը, նման էին  մի քանի արարներով բեմականացուող ողբերգութեան: Ցաւօք սրտի թատերական աւարտը իմ թերաւարտ երազներս էին…: Ինքզինքս այլեւս բեմին վրայ չէի տեսներ, հոգ չէ, որ բեմը մի՛շտ ալ սրտիս մէջ էր…:

Բարեբախտութիւն էր այն իրողութիւնը, որ հակառակ երկարամեայ պատերազմին, հայ թատերաբեմը չամայացաւ: Բիւր յարգանքի արժանի Լիբանանի բեմադրիչները, որոնք պատերազմին ամենէն տագնապալի օրերուն, թատերական ներկայացումներ բեմ հանեցին : Նոյնպէս ալ դերակատարները, որոնք կամաւորաբար հայ բեմին ու արուեստին իրենց բարի տուրքը տուին:

Բոլոր թատերական ներկայացումներուն կ՚ուզէի ներկայ ըլլալ անխտիր: Բոլոր բեմադրիչները շատ կը յարգէի, բայց Վարուժան Խտըշեանը իմ նախասիրած բեմադրիչ – դերասանս էր: Բեմին վրայ իր տարբեր կշիռն ու հմայքը ունէր: Իր բեմադրած գործերը, հայկական թատերախաղերու կողքին, համաշխարհային ճանաչում ունեցող թատերագիրներու գործերն էին: Արթըր Միլլըրի, Նիլ Սայմընի նման, որոնք հմուտ են դէպքերը հարազատօրէն ներկայացնելու , մարդկային ներաշխարհը թափանցելու եւ հոգեկան ապրումները վարպետօրէն բացայայտելու: Կրնամ ըսել, որ Վարուժան Խտըշեանը Նիւ Եօրքի Պրօտուէյը՝ Պուրճ Համմուտ բերաւ:

Երեւան ուսանած երիտասարդ դերասան-բեմադրիչներ որոնք եօթանասունական թուականներուն ճոխացուցին լիբանանահայ թատրոնը: (Ձ-Ա) Լութֆի Թապագեան, Օննիկ Գանթարճեան,
Յարութ Երեցեան եւ այլք

Թող մէկը չհամարձակի ըսել եւ կամ համոզել, թէ հանրութիւնը «ծանր» կամ «լուրջ» թատերախաղերը չի՛ սիրեր ու չի՛ գնահատեր: Թատրոնը ի՛նք պիտի ձեւաւորէ հանրութեան ճաշակը, ո՛չ թէ հանրութիւնը «սահմանէ» թատրոնը:

Այսօր համավարակին պարտադրած կղզիացումը մեծ աւեր պատճառեց արուեստին ու մշակութային կեանքին: Օրէ օր աւելի տեղեակ կը դառնանք, թէ ինչպիսի՞ բաներու կը ծարաւի մեր հոգին…: Այսօր կ՚ուզեմ լաւատեսութեան պատկեր մը կախել դիմացս ու կրկին տեսնել իմ փայլուն Լիբանանս, իր հանրակառքերով, թատերասրահներով, արուեստասէր հանրութիւնով ու ինծի նման թատրոնով հմայուած՝ քալող – վազող, մեծաթիւ պատանուհիներով:

1 comment
  1. Silva Jan: Marvellous writing reminiscent of our great literary figures. I savor every article in Western Armenian (with no non-Armenian words) which is so beautiful and evokes nostalgia of the incredible culture-rich few decades we had in Lebanon.
    Not as much as you seem to have, I used to go to many of the “dramas” which I don’t think were financially self sustaining. Were they subsidized, making you wonder who the benefactors were?
    I often boast to the younger and non-Lebanese Armenians about how rich a culture we created in Lebanon in a span of few decades only to see it wither away irretrievably, in no time. In contrast, no other diaspora community (including the Iranian Armenians of 400 years) has experienced anything near ours.
    On a funnier side, do you remember when “The Odd Couple” was translated into Armenian as the “Gojad (as opposed to even) Couple”? I guess it’s forgivable.
    Please keep writing.
    Roupen Dekmezian, Houston, Texas
    ps: I apologize I cannot type in Armenian and my diction is nowhere near yours. Did you enrol in “Hayakidagan”?

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like