Ռամատանն ու Տօնածառը

Սիլվա Իսկիկեան Մահրեճեան, Լոս Անճելըս, 10 Սեպտեմբեր 2022

Նոյեմբերեան ցուրտ օր մըն էր, դպրոցէն տուն վերադարձիս տեսայ, որ մեր
դրացուհին՝ Լամիան, մօրս նարնջագոյն բրդեայ գազակը հագած էր: Այդ իմ նախասիրածս էր, մօրս ունեցած միւս հագուստ-կապուստներէն: Ես անհամբեր կ‘երազէի արագ մեծնալ, որպէսզի կարենայի հագնիլ մօրս սիրուն լաթերը, գլխարկներն ու կօշիկները:

-Մա՛մ, կը բաւէ՛, տակաւին երէկ սենեակիդ վառարանը Լամիային տուիր եւ մեր
ճաշասեղանը իր ութ աթոռներով, իսկ այսօր՝ ամենէն գեղեցիկ գազակդ…:

-Աղջի՛կս, բազմանդամ ընտանիք են եւ մերկ տան մէջ տեղաւորուած: Ո՛չ կահոյք
ունին, ո՛չ ալ ձմեռնային լաթեր …:

Թէեւ ութ տարեկան էի, բայց մօրս բացատրութենէն ետք իմ որդեգրած վարմունքիս հաար խղճահարուեցայ: Ապու Սելիմը՝ Լամիային ամուսինը, մեր նոր դրացին, բարձրահասակ, սեփ–սեւ խիտ եւ փայլուն մազերով, թուխ մաշկով, յարգանք պարտադրող, ազնիւ եւ քաղաքավար անձ մըն էր։ Ան Օգոստոսի կիսուն, մեր
տան դիմացի գետնայարկ տունը վարձեց, որովհետեւ իրենց բնակարանը, որ կը գտնուէր
Պէյրութի՝ Չարչաբուխ կոչուած շրջանին մէջ, հրոյ ճարակ դարձած էր: Բարեբախտաբար,
հրդեհի պահուն, Լամիան իր հինգ զաւակներով կը գտնուէր Լաթաքիա՝ իր ծննդավայրը,
ծնողքին տունը, ամառնային արձակուրդը անցընելու համար:

Հոկտեմբերի վերջին օրերուն մեր թաղին մէջ կանգ առաւ մեծ ճամբորդական ինքնաշարժ մը, ուրկէ դուրս եկան վեց հոգի՝ դեղնած, յոգնած եւ տխուր դէմքերով։ Իրենց արտաքինով նորութիւն էին մեր հայկական Հաճընին մէջ։ Մօրս պատրաստած տնային օշարակը եւ կարկանդակի շերտերը «բարի եկաք»ի ջերմ արտայայտութիւն մըն էին այս դժբախտ ընտանիքին համար։

Անտէր եւ գրեթէ մերկ մնացած այս եօթը հոգինոց ընտանիքը մօրս գթառատ
հոգածութեան արժանացաւ: Ան աջէն ու ձախէն, հագուստ-կապուստ հաւաքեց եւ տան
համար կահոյք ապահովեց: Քանի մը ձեռք լաթ ալ ինք կարեց ընտանիքին հինգ իգական
անդամներուն համար: Դրացիներ՝ հրահրուած մօրս աշխուժութենէն, օգնութեան հասան
եւ տան մերկ լուսամուտերուն վարագոյրներ հագցուցին: Հետեւաբար, այս ընտանիքը
պատրաստ էր ընդունելի պայմաններով դիմաւորելու ձմրան ցուրտն ու խոնաւ օրերը:

Լամիան եւ Ապու Սելիմը յարգեցին ու սիրեցին մեր ընտանիքը, իբրեւ իրենց ամենէն
մօտիկ եւ միակ հարազատները: Յատկապէս մօրս հանդէպ ընդմի՜շտ երախտապարտ ու
շնորհակալ կեցուածք ցուցաբերեցին:

Մենք, այս այլազգ ընտանիքին ճամբով ծանօթացանք Ռամատանին ու Ֆաթթուշին (Իսլամական նոր տարուան ու աղցանին) Քալլաժին ու Աթայէֆին (արաբական անուշեղէններ): Այն ինչ, որ իրենց ճաշասեղանին կը դրուէր, պէտք էր նոյնէն մեզի բաժին հանուէր: Ռամատանի տօնին նախորդող պահքի օրերուն, հեռատեսիլէն արաբերէնով «ճոխ» յայտագիրներ կը սփռուէին. կարծես ճիտիս պարտքն էր այդ յայտագիրները դիտելը…:

-Դրացի՛, մի՛ նեղուիր, բայց աղջիկդ հպարտ է. հետը կը խօսիմ, չի պատասխաներ.
գլուխը կ‘առնէ ու կը փախչի:

-Լամիա՛, իմ աղջիկս արաբերէն չի հասկնար եւ այդ է պատճառը, որ ձեզի չի
մօտենար:

Քաջալերուած մօրս հերքումէն եւ հաստատումէն, որ ես հպարտ չեմ…, Լամիան
անընդհատ զիս իր մօտ կը կանչէր. «Եա Սլֆա՛, եա Սլֆա՛…»: Ոչ իսկ օր մը անունս ճիշդ արտասանեց, բայց ես իր Լաթաքիոյ արաբերէնը եւ հեռատեսիլին գրական արաբերէնը
«պարտադրաբար» սորվեցայ, իր «հրաւէրներուն շնորհիւ»: Նախ սորվեցայ Լաթաքիոյ
բարբառով «Էշշի՛ հո՜տա»ն, որ իմ իմացած Լիբանանեան արաբերէնով՝ «Շու հայտա»ն է,
(ի՞նչ է այս) ապա երկու բառեր դրոշմուեցան միտքիս մէջ՝ «խասրի» ու «տահրի», որ կը
նշանակէ մէջքս եւ կռնակս: Լամիան՝ մնայուն կռնակի ու մէջքի ցաւեր ունէր, թէեւ
բժիշկներու կ‘այցելէր, բայց չէր օգտուեր:

Առաւօտ մը, Ապու Սելիմը ճարահատի յուզմունքով ու քիչ մըն ալ բարկացած, մեր
տան դուռը թակեց եւ մօրս դիմեց ըսելով.

– Կը խնդրեմ, դրացի՛, օգնէ՛ ինծի: Լամիան տասնեակ բժիշկներու այցելեց, բայց ո՛չ
մէկուն նշանակած դեղը գնեց: Երբ դեղարանէն կ‘իմանայ դեղին արժեգինը, կը հրաժարի
դեղէն, պատճառաբանելով, որ իր ցաւերը շատ անտանելի են եւ աժան դեղը իրեն չ‘օգներ: Հետեւաբար, կ‘եզրակացնէ, որ այդ բժիշկն ալ բան չէ հասկցած: Այս Գիշեր մինչեւ լոյս, ցաւերէն տառապեցաւ…: Երէկուան այցելած բժիշկին դեղագիրը վերցուցի իր մօտէն ու պատուիրեցի, որ ինք անկողինէն չելլէ՛: Վստահեցուցի, որ ես դրացիէն կը խնդրեմ ու դեղերդ ի՛նք կը բերէ: Հաճի՜ս, կ‘աղաչեմ, թաղին դեղագործը հայ է. կրնա՞ք խնդրել իրմէ, որ դեղի տուփին վրայի արժեգինը փոխէ…:

Հաւատացեալ մօրս համար այս տեսակ սուտ մը դժուարամարսելի էր, բայց մեր կողքի դրացուհիին իրողութիւնը լսելով՝ օգնութեան հասաւ…:

Զարմանալիօրէն Լամիային ցաւերը վերացան: Ան մեր թաղին բոլոր դրացիները
խրատեց, որ հիւանդութեան պարագային՝ միմիայն ի՛ր բժիշկին այցելեն: Ճիշդ է, որ ան
սուղ դեղեր կը յանձնարարէ, բայց ա՛յդ դեղերը շա՜տ կ‘օգնեն…:

Դեկտեմբերը իմ նախասիրած ամիսս էր, Կաղանդի ծառ տեղադրելու ամիսը:
Երկար ժամանակ գումարներ կը խնայէի, որպէսզի ծառս շռայլօրէն զարդարէի: Մօրս
սովորոյթն էր Կաղանդի ծառը տեղադրելէն առաջ «տօնական մաքրութիւն» կատարել: Իսկ այդ մաքրութիւն կոչուածը օրերու վրայ չէ՜ր վերջանար…: Առաստաղ հասնող
աստիճանները ու փետրաւելները կենդանութիւն կ‘առնէին, վարագոյրներ վար կ‘իջնէին,
ծածկոց–բազմոց իրար կ‘անցնէին…: Հլու, հնազանդ այդ բոլո՜ր «արարողութիւնները»
համբերութեամբ կը տանէի մինչեւ որ ծառս զարդարելու արտօնութիւնը ստանայի:

Առաւօտ մը, կրկին ապու Սելիմը յայտնուեցաւ մեր տան սեմին: Ինծի Կոկիկ գումար մը
յանձնեց եւ խնդրեց, որ դրացի Հռոփիկին խանութէն ծառ մը գնեմ, իր լոյսերով ու
զարդարանքներով: Ե՛ս, Ժեմիլէն ու Տալալը՝ Սելիմին զաւակները, տեղադրեցինք ու զարդարեցինք տօնածառը:

Լամիան խորթ աչքերով դիտեց կատարուածը, բայց իմ ներկայութեանս ձայն չհանեց:
Բաւարար չէ՞ր, որ ամուսինը մեր ընտանիքին ներկայութեան արգիլած էր իր գլխուն
փաթթոց կապելը, արտօնած էր իր երկու աւագ դուստրերուն, կանուխ ամուսնանալու
փոխարէն՝ աշխատանքի երթալ ու արհեստ սորվիլը, իսկ հիմա ալ սա՛ ծառը…: Չէ, որ
իրենք իրե՛նց Ռամատանը (Նոր Տարին) քանի մը ամիս առաջ տօնած էին…:

Ապու Սելիմը նախ ծառը դիտեց, ապա իր ընտանիքին վեց անդամները եւ
արցունքոտ աչքերով ըսաւ. «Ե՛ս, մանկութենէս ի վեր գաղտնիք մը կը շալկեմ եւ այսօ՛ր
կ‘ուզեմ ձեզի փոխանցել: Հայրս կ‘ըսէր .«Տղա՛ս, մեր մականունը Ֆաուախրժի չէր:
Պատերազմին ես փոքր տղայ էի, երբ ոստիկանները հարցուցին մեզի, թէ ձեր մականունը
ի՞նչ է, հայրս վախցած, իր նայուածքը շեղեց ու իր կողքին գտնուող՝ հողէ պտուկները
տեսնելով, անմիջապէս պատասխանեց. «Ֆաուախրժի» (հողէ պնակներ թրծող): Ռումբի
նման, ուժգին պայթում մըն էր այս խիզախ յայտարարութիւնը…: Բոլորը շշմած էին…:

Թէեւ այս ընտանիքին կրօնական սովորութիւնները եւ կենցաղը ոչինչով
փոխուեցան, բայց մենք յստակ իմացանք, թէ ինչո՛ւ Ապու Սելիմը բացառիկ յարգանք կը
տածէր, մեր թաղի հայ բնակիչներուն հանդէպ…: Մօտաւորապէս ութ տարի ապրեցան մեր թաղը։ Ժեմիլէն հմուտ դերձակուհի դարձաւ, իսկ Տալալը՝ վարսայարդար: Իրենց
ապրուստն ու ընտանիքին ապրելակերպը շա՜տ բարելաւուեցան: Անոնք, իրենց նախկին
սովորութեան համաձայն, ամառը արձակուրդի կ‘երթային դէպի Լաթաքիա, իսկ
Հոկտեմբերի սկիզբը կը վերադառնային Պէյրութ եւ մեր տան սեմին կը փռէին բնութեան
բոլոր բարիքները, այն որ իրենք հաւաքած ու պահածոյ դրած կ‘ըլլային ամրան ընթացքին՝ չոր ծիրանէն, սմբուկէն, մինչեւ լոլիկի ու պղպեղի մածուկները:

1976–ին, մօրս մահը եւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը Լամիան շատ
ընկճեցին…:

– Զիս Լիբանանին կապող դրացիս մեռաւ. հետեւաբար, հոս մնալու պատճառ մը
չունիմ…:

Վստահ չեմ, եթէ Ֆաուախրժի ընտանիքը Լաթաքիոյ մէջ, Կաղանդի ծառ զարդարե՞ց
կամ ոչ, դուստրերը հայ գործատէրերու քով աշխատեցա՞ն թէ ոչ, Լամիան սուղ դեղեր
նշանակող բժիշկ գտա՞ւ թէ ոչ…, բայց վստահ գիտեմ, որ իրենց մեկնումով՝ թողեցին հսկայ պարապութիւն մը, ինչպէս իրենց լերկ բնակարանը… Եւ մեզ յուզող քաղցր յիշատակներ՝ բարի դրացութեան, հայ–արաբ համակեցութեան ու անսակարկ համերաշխութեան:

1 comment
  1. Մարդկային ուղեղը ատակ է ովասիսներ որոնելու եւ գտնելու…: Երբ լայն պողոտաներուն մէջ կ՚ապրիս, սակայն յիշողութիւնդ կ՚երթայ դէպի նեղլիկ թաղերը, ուր լայն ու ջերմ սիրտեր կային…: Այս ալ պատանեկութենէս էջ մը:

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like