Ձօն մեր մայրերուն
Սիլվա Իսկիկեան Մահրեճեան, Լոս Անճելըս, 10 Մայիս 2022
Երբ զիս տեսնէր, կարծես ամբողջ աշխարհը իրը կ’ըլլար: Խնդրանքս՝ իր հաճոյքն էր. ուրախութիւնս՝ իր երանութիւնը: Վստահ եմ, եթէ հոգին ալ խնդրէի, սիրով կու տար: Այս բոլորը, իբրեւ մանուկ եւ պատանի հասկցած էի, առանց տեսնելու ժպիտի հատիկ մ’իսկ իր դէմքին վրայ: Մեծ մայրս՝ 1905-ի ծնունդ ըլլալով, այդ հատիկներուն մեծ մասը սպառած էր որբութեան ու գաղթականութեան ճամբուն վրայ: Մնացածն ալ խամրած էր, իր Պոլսաբնակ եղբօր կարօտով :
Կիրակիները մեզի համար տօն էին, իսկ մեծ մօրս տունը՝ աշխարհի քարտէսին ամենէն գեղեցիկ վայրը: Մինչեւ երրորդ յարկ՝ տանիք հասնող թթենին, մեր խաղավայրն էր։ Եթէ հրաշագործ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը չըլլար, ես եւ եղբայրս քանի մը անգամ երկինք բարձրացած կ’ըլլայինք: Մեծ մայրս թթենին կը թօթուէր եւ լեփ-լեցուն ճերմակ թասերով՝ ամբողջ թաղին «սէր» կը բաժնէր: Մեծ մօրս տան մէջ առաւօտուն արթննալը ամենամեծ հաճոյքս էր: Թթենիին խիտ ճիւղերուն մէջէն արեւուն ճառագայթները փախուստի փայլուն ճամբաներ կը գտնէին ու կ’իջնէին մինչեւ սիրտիս խորքը:
Կեդրոնը՝ հեղինակին մեծ մայրը՝ Մարիամ Թաշճեան՝ շրջապատուած հարազատներով, իսկ աջին՝ մայրը Նուրիցա Թաշճեան Իսկիկեան
Մօրս կարած կապոյտով սեւ հագուստը բացառութիւն մըն էր իր ունեցած ընթացիկ սեւ հագուստներէն: Մեծ մայրս Պոլիս պիտի մեկնէր, իր մէկ հատիկ ողջ մնացած եղբայրը տեսնելու: Տարիներու երազ էր, որ մեծ զոհողութիւններով իրական կը դառնար: Մանուկի բնազդով՝ վայրկեանին խորհրդաւորութիւնը կը զգայի…: Մեծ մօրս դէմքին լոյս նստած էր: Իր անժպիտ շնչառութիւնը կը լսէի…:
-Աղջի՛կս, ինծի հագուելիք մի բերեր. ինծի գիրք բեր: Ես ինչ ըլլայ սիրով կը կարդամ՝ վէպ, բանաստեղծութիւն, կրօնական, պատմական…:
Ինքնուս տիրապետած էր հայերէնին, իսկ լատինատառ նամակներ կը գրէր Պոլսաբնակ եղբօր՝ Գեղամին: Ականջէս բնաւ չեն հեռանար իր խօսքերը. «Փողոցէն օրաթերթի պատառիկներ կը գտնէի. չիմացած տառերուս հնչիւնը, աջին ձախին հարցնելով կ՚իւրացնէի: Բազմանդամ էինք մէկ սենեակի մէջ, մոմի լոյսով՝ գլուխս մահճակալին տակ պահած, գիրքեր ամբողջացուցած եմ: Երբեմն ալ տարուած՝ գիշերներ լուսցուցած եմ…»:
-Սա օթեկ հացերը Աստուր քեռիին նապաստակներուն տանիմ:
Պատանուհիի պարզութեանբ կ’ըսէի.
-Ա՜խ մեծ մամա, հիմա այդքան ճամբայ պիտի քալես, նապաստակներուն հա՞ց հասցնես:
–Եաւրըմ, ես հաց չեմ կրնար թափել. ես ձիուն թրիքին մէջէն գարիի հատիկներ կերած եմ…:
Անօթութիւնը իր յիշողութեան մէջ աւեր գործած էր: Մեզ շռայլօրէն կերակրելը իր գերագոյն հաճոյքն էր: Իր մատներով ոլորուած թահինով հացը՝ մինչեւ օրս մրցակից չունի: Հապա իր անուշաբոյր ճաշի կաթսանե՞րը, խորիզով գաթանե՞րը…: Պատառ – պատառ իր հոգիով սէր կը թխէր…:
Երիտասարդ մօրս մահը, իր չունեցած ժպիտը եւ լսողութիւնը տարաւ: Ո՛չ գաղթի ճամբան, ո՛չ Պոլիսը, ո՛չ ալ սովը զինք այդքան ցաւցուցած էին…: Թթենին ալ չորցաւ։ Այլեւս անոր ճիւղերուն մէջէն արեւը չէր թափանցեր…։ Ի՜նչ փոյթ, թէ նապաստակները ինչ կ’ուտէին…։
-Սիլվա՛ աղջիկս, ճաշ եփելը մոռցած եմ…։
-Մեծ մամա՛, քեզի գիրքեր բերած եմ:
Կարծես թէ մարմինէն ելեկտրական հոսանք մը կ’անցնի ու մխիթարութիւն գտածի եռանդով, գիրքերը կը գրկէ, կը շոյէ, կը զննէ…։ Ձեռքին մէջ՝ ցաք ու ցրիւ օրաթերթի պատառիկներ չեն այլեւս, այլ ամբողջութեամբ՝ միայն իրեն պատկանող, սփոփանքի հատորներ:
2 comments
Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Պարոն Տիգրան Աբրահամեան, որ Մայրերու Օրուան տօնին առիթով յարմար գտաք « Սփոփանքի Հատորներ» գրութիւնս տեղադրել Գեղարդին keghart.org-ի կայքէջին վրայ։ Գնահատելի առաջարկ մըն էր մեծ մօրս նկարը կցել յօդուածին: Հաճելի պահեր ապրեցայ Աւստրալիաբնակ քրոջս հետ, հին նկարներու փնտռտուքով ու անոնց ստեղծած յուզումնախառն յիշողութիւնները ապրելով:
Այս ձիրքդ ո՞ւր պահած էիր…Վարձքդ կատար, գրիչդ անսպառ,հաճոյքով կարդացի: