Հայ առաջին կին շարականագիրները

Վկայութիւններ Ը. դարէն

Դոկտ. Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան, Զուիցերիա, 2022

«Կինը ստեղծուեցաւ այր մարդու կողէն։ Ո՛չ ոտքէն, որպէս­զի նուաս­տացուի։ Ո՛չ գլուխէն, որ գերազանցէ։ Այլ կողէն, որպէսզի անոր քով ըլլայ։ Թեւին տակէն, որպէսզի պաշտպանուի։ Եւ սիրտին կողմէն, որ­պէսզի սիրուած ըլլայ»։ (Ս. Օգոստինոս Հիպպոնացի)

Ե. դարու Եկեղեցւոյ ականաւոր հայրե­րէն Ս. Օգոստինոս Հիպպոնացիին կը վե­րագրուի այս բացա­ռիկ գնահատակա­նը, որ ան տուած է կնոջ մասին։ Ան կ’ա­ռընչուի աստուածաշնչական արարչա­գործութեան պատ­մու­թեան հետ, որ իր ազդեցութեան գերա­զանց կնիքը ձգած է մարդու գոյու­թեան՝ Ադամի ու Եւայի ստեղծագործու­թեան վերաբերեալ պատ­կերացումնե­րուն վրայ։ Քրիստոնէութիւ­նը եղաւ այն կրօնը, որ Աստուածամօր սուրբ կերպա­րով ազնուացուց կնոջ վի­ճակը ու բարձ­­րացուց անոր դիրքը ընկե­րային կեանքին մէջ։ Բարոյական այս ըն­կալու­մը իր բնա­կան զար­գացումը ունե­ցաւ Եկեղեցիին մէջ եւ առիթ տուաւ բա­րերար ներշնչում­ներու նաեւ հայ իգա­կան սե­ռին։ Արդա­րեւ, հայոց պատմու­թեան մէջ հայ կինը չզլացաւ իր հաւատ­քին կուսա­կան ծաղիկները նուիրաբերելու Հայ Եկեղեցիին, անոր սրբութեան վառարա­նին մէջ լեցնե­լով անուշաբոյր խունկը իր հոգիին, սրտին ու մտքին։

Հայ Եկեղեցւոյ շարականին քաղցրախօս քնարը հնչած է նաեւ հայ ժողովուրդի ի­գա­­կան սեռին պատ­կանող հոգեշունչ ներ­­­կա­յացուցիչներէն, որոնցմէ են ան­տա­­րակոյս Սահակադուխտ Սիւնեցին եւ Խոսրո­վիդուխտ Գողթնա­ցին։ Թէպէտ մեր մատենագրութիւնը իրենց մասին չի վկայեր, թէ երբեւէ ունեցա՞ծ են իրենք եկեղեցական որեւէ տու­չութիւն, ինչպէս օ­րի­նակ՝ սարկաւա­գութեան աստիճան կամ այլ կոչումներ, այնուամե­նայնիւ ի­րենց կեանքն ու վաստակը, գոնէ Սահա­կադուխտ Սիւնեցիի պարագային, ան­հաւա­նական չի դարձներ ենթադրե­լու, թէ ան հաւանաբար ընդունած է եկեղե­ցական համա­պատասխան կարգավի­ճակ մը, այլ խօսքով՝ պաշտօն մը, որուն շնորհած հեղի­նա­­կութիւնն ու դիրքը, ցա­ւօք, անյայտ կը մնայ մեզի։ Ասով հան­դերձ, բոլորովին աւե­լորդ պիտի չըլլայ այս­տեղ հակիրճ անդրա­դառնալու իրենց սրտին ու հոգիին բու­րումնաւէտ ծաղիկ­ները հայ մատենագրութեան անդաստա­նին ձօ­նած հայոց իգական սեռի այս ներկայա­ցու­ցիչ­ներուն՝ միանձնուհի Սահակա­դուխտ Սիւնե­ցիին եւ իշխանու­հի Խոս­րովիդուխտ Գողթ­նա­ցին[1], պարզապէս իրենց ցայ­տուն օրինակով վկայելու հա­մար, թէ մեր Եկե­ղեց­ւոյ զարգացման վաղ շրջա­նին ինչ­պիսի՛ կարեւոր դերակատա­րու­թիւն մը ունեցած են կանայք՝ յօրինելով երա­ժշտութիւն, շարական, մեղեդի ու տաղ։

Սահակադուտ Սիւնեցի եղած է Է.‒Ը. դարերու բազմավաստակ մատենագիր Ստե­փա­նոս Սիւնեցիին քոյրը եւ յիշատակուած է անոր վարքագրութեան մէջ հետեւեալ տողե­րով.

«Սուրբ Ստեփանոս ունէր Սահակադուխտ անունով քոյր մը` կուսական վար­քով, որ հրաժարած էր աշխարհի բոլոր զուարճութիւններէն: Երթալով Դուին քա­ղաքը` բնակեցաւ Գառնիի խոր ձորին մէջ` Ազատ գետին մօտ […] Այնտեղ հաւ­նելով բնակեցաւ սուրբ կոյսը` սուրբ Սահակ հայրապետի բնակատեղիին մէջ, այն­տեղ ալ վախճանեցաւ: Ան զարդարուած էր բոլոր առաքինութիւններով եւ իմաստութեամբ. կը դաստիարակէր անարատ մանուկները եւ հասցնելով չա­փահասութեան` քահանայութեան կը կարգէր: Իսկ ինքը, վարագոյրի ետեւ նստելով, կ’ուսուցանէր աշակերտներուն: Ան ստեղծեց բազում տաղեր, մեղե­դիներ, ծննդեան եւ փոխման կցուրդներ, որոնցմէ մէկը ‛Սրբուհի Մարիամ’-ն է’»[2]։

Հիմնուելով Մխիթար Այրիվանեցիի հաղորդած սոյն տեղեկութեան վրայ, Ստեփանոս Օրբէլ­եան նոյնպէս Սահակադուխտին մասին կը վկայէ՝ ըսելով.

«Ան շատ հմուտ էր երաժշտական արուեստին մէջ, որ վարագոյրի ետեւ նստե­լով` կ’ուսուցանէր շատերուն: Եւ ստեղծեց քաղցրեղանակ կցուրդներ եւ մեղե­դի­ներ, որոնցմէ մէկը ‛Սրբուհի Մարիամ’-ն է, որ իր անունով է յօրինուած»[3]։

Սահակադուխտ հեղինակած է նաեւ Աստուածածնի վերափոխման ձօնուած կցուրդ մը՝ սա տողերով՝ «Այսօր բազմութիւնք առաքելոց եւ կուսանաց ժողովեալ ի միասին», որ կազմուած է հինգ տունէ[4[։ Բաց աստի, իր գրչին կը պատկանի նոյնպէս Մեծի Պահոց Խաղաղական ժամերգութեան «Սրբուհի Մարիամ սափոր ոսկի» Դկ. ստեղի շարա­կա­նը, որուն միայն առաջին եւ եօթներորդ տուները պահպանուած են Հայց. Եկեղեցւոյ ժա­մագիրքին մէջ[5]։

Անթաքոյց հիացմունքի է արժանի Սահակադուխտ միանձնուհին, որուն լուսապսակ անձը եւ ամենայն յիշատակութեան արժանի գործը, հակառակ պատմական տեղեկութիւններու ժլա­տութեան, հայ կուսաններու, բիւրաւոր վկայուհիներու եւ գթութեան քոյրե­րու առինքնող հրապոյր մը կ’առթէ մեր հոգիին մէջ։ Յոյժ հետաքրքրական պէտք է նկատել, որ Ը. դարուն կանայք կարելիութիւնը ունեցած են յօժարակամ միանձնուհի դառնալու եւ ճգնելու Այրիվան­քին կամ անոր մերձաւորութեան մէջ, ուր միաժամանակ 140-ի հասնող քարանձաւ-խուցերէ ներս միայնակեաց այր ճգնաւորներ կ’ապրէին[6]։

Քրիստոնէական հաւատքի արգասիքներէն մին հան­դիսացող ճգնազգեաց կեանքը ցայսօր կարելի է տեսնել նաեւ քոյր եկեղեցիներու աւանդութեան մէջ, ինչպիսին, զորօրինակ, Յունաս­տանի Աթոս վանական թերակղզին է, ուր, վանքերէ ու վանական միա­բանու­թիւններէ բացի, լեռներու բարձունքին կամ ձորերու քարանձաւներու մէջ ճգնա­ւորական կեանքով հարիւ­րաւոր ճգնաւորներ կ’ապրին։ Բայց կանանց մուտ­քն ու ներ­կայութիւնը այդտեղ բացարձա­կապէս արգիլուած է՝ կազմելով բացառաբար այր վանա­կաններէ կայացած կրօնական հանրապետութիւն մը։ Մինչդեռ, այս առնչութեամբ, սե­ռերու հար­ցին մէջ անուրանալի լայնա­խոհութիւն մը դիտարկելի է Հայց. Առաք. Եկե­ղե­ցիէն ներս, քանի որ, ահաւասիկ, յանձին Սահակադուխտի կը վկայուի, թէ ան խստամ­բեր կեանք մը վարած է Այրիվանքի շուշան ստուերին տակ՝ այր վանական­ներու եւ ճգնա­­ւորներու «հարեւա­նութեան» կամ «մերձաւորու­թեան» մէջ։

Արդարեւ, այս համաթեքթսին մէջ առաւել յիշարժան փաստ մըն է Սահակադուխտ միանձնու­հիին ունեցած ուսուցանելու իրաւունքը, թէկուզ նստելով վարագոյրին ետեւ, ինչպէս գրաբար բնագիրը կ’ըսէ՝ «ի ներքս վարագոյրին», երբ «…կը դաստիարակէր անարատ մանուկները եւ զանոնք հասցնելով չափահասութեան` քահանայութեան կը կարգէր:»[7]։ Այսինքն՝ կ’ուսուցանէր եւ քահանայական ձեռնա­դրութեան կոչումին կը հասցնէր շատ մը կղերիկոս­ներ։ «Կարգէր ի քահանայութիւն» վկայութիւնը Ը. դարու այս միանձնուհիին մասին մեծա­գոյն առանձնաշնորհում մըն է, երբ նկատի ունենանք, որ այդ ժամանակ քոյր եկե­ղեցիներու նուիրապետա­կան դրուածքին մէջ կանանց դերն ու ներկայութիւնը արդէն հետզհետէ ան­տեսուելու սկսած էր։ Սոյնը, անշուշտ, Հայ Եկե­ղեցւոյ մէջ բացառիկ երեւոյթ մըն է, որ բոլո­րովին ոսկեճամուկ որակ մը կու տայ վաղ միջնադարու մեր հոգեւոր-եկե­ղեցական կեանքին։

Նոյնքան յիշատակելի է նաեւ միանձնուհիին «ի ներքս վարագոյրին» դասաւանդելու սովորու­թիւնը, որ ենթադրել կու տայ, թէ Սահակադուխտ, բառին բուն իմաստով, գե­ղե­­ցիկ եւ գրաւիչ անձնաւորութիւն մը եղած է, եւ քանի որ ինքզինք նուիրած է խստամ­բեր կեանքին, հրաժա­րած է այն բոլոր զգայնութիւններէն, որոնք շարժառիթ կրնային հանդիսանալ հաճոյքի, մէկ խօսքով՝ ամէն ինչէ, որ հաճելի կրնայ ըլլալ մարմ­նին։ Ան գերա­զանց ճիգ մը գործադրած է իր գեղով չգայթակղելու համար իրեն «առ ոտս» ուսանե­լու եկող պատանիները, քանի որ ճգնո­ղական կեանքին առանցքը կազմած է կամայ թէ ակամայ չմեղանչելու նպա­տակով մարմ­նաւորէն հրաժարումը եւ փոխարէնը հոգեւորին հետ միացումը՝ Քրիստո­սով փրկուելու հա­մար։ Քրիստոնէական ընկալումով՝ մեղքը ար­դէն իրագործուած փաս­տը չէ միայն, այլ նա­խապէս անհատ մարդու մտքին մէջ մտա­ծումը եւ անոր զգայա­րաններուն մէջ մեղանչելու գործողութեան մղող հրապոյրը։ Սահակադուխտ, անտա­րակոյս, «ի ներքս վարագոյրին» յաջողած է օտար աչքերէ պա­հել իր հմայիչ գեղեց­կութիւնը, սակայն դիւթիչ ձա՞յնը…։ Անկա­րելի է երաժշտութիւն դասաւանդել առանց երգելու։ Արդեօք Աստուածամօր ձօնած իր «Սրբուհի Մարիամ, սա­փոր ոսկի» շարա­կանին երգեցողութեան ընդմէջէն տակաւին լսելի չէ՞ այն հրեշ­տակա­յին, «քաղցրեղանակ» ու հոգեթով ձայնը, որ սրբու­թեան մը բիւրեղ ապրումը կ’առթէ մեր կրօնազգած սրտին մէջ, մեղսաքաւիչ արցունքի շիթեր քամելով մեր տամ­կացած աչքերէն։

Սխալ պիտի ըլլայ կարծել, որ «ի ներքս վարագոյրին» դասաւանդելու սովորութիւնը կապուած ըլլայ իր կին ըլլալուն պատճառով որեւէ արգելքի հետ, քանի որ ինք այնուամենայնիւ կը դասաւանդէր։ Այս կը նշանակէ,– թէկուզ սոյնը ըլլայ համարձակ յայտա­րարութիւն մը,– որ Ը. դարուն իգական սեռէ ներկայացուցիչ մը իքզինքին կը վերապահէր ուսուցանելու, այլ խօս­քով՝ «վարդա­պետելու» իշխանութիւն, տակաւին Գրիգոր Տաթեւացիէն եօթը հարիւրամեակ առաջ։ Արդարեւ, Տաթեւացիով հաստատուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանութեան եւ սրբազան աւան­դութեանց մասին վար­դա­պե­տելու հեղինակաւոր իշխանութիւնը՝ վարդապե­տական համապատասխան կարգի եւ գաւազանի տուչութեամբ։

Ը. դարուն, երբ Հայաստան արդէն ամբողջապէս կը գտնուէր արաբական տիրապե­տու­թեան տակ, հայոց երկնակամարին վրայ Սահակադուխտին հետ կը փայլի լու­սա­շող աստղ մը եւս, որ իր շողակաթ ցոլքերը կը ծաթէ հայոց հոգեւոր բանաս­տեղ­ծու­թեան ու երգարուեստին մէջ։ Ան Գողթնի իշխան Վահան Գողթնացիին քոյրն է՝ Խոս­րովիդուխտ իշխանուհին, որ իր եղբօր վասն Քրիստոսի սիրոյն նահատակութեան առ­թիւ կը յօրինէ «Զարմանալի է ինձ քան զերգս երաժշտականաց» տողերով սկսող ներ­բողը[8]: Ի տար­բերութիւն Սահակադուխտի հոգեզմայլ ստեղծագործութիւն­ներուն, Հայ Եկեղեցին կը կանոնականացնէ վերոգրեալ ներբողը՝ զայն իբրեւ շարական ներմու­ծելով իր շարակ­նոցին մէջ, որ ցայսօր կ’երգուի Վահան Գողթնացիին ձօնուած յիշատակի օրուան կանոնին մէջ՝ կազմելով միակ երգասացութիւնը[9]։ Արդարեւ, արաբական տի­րապետութեան եւ մահմետական կրօնի հակակշռին տակ հեծող Հայ Եկե­ղեցին նախ­ընտրութիւն մը պիտի տար այս ներբողին, որուն բովանդա­կութիւնը բարեբա­նութիւն մըն է մահմետական կրօնին դէմ՝ Քրիստոսի հաւատքին ճշմարտութեան համար վկա­յողվկա­յող եւ արեան նահատա­կութիւն ընդունող հայազգի սուրբին մասին։

Փաստօրէն, հայազգի այս շարականագիրները՝ միանձնուհի Սահակադուխտ Սիւնեցին եւ իշխանուհի Խոս­րովիդուխտ Գողթնացին, համաքրիստոնէական առումով, Ընդհան­րական Եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիսանան առաջին կին շարականագիրները, որոնք շուրջ մէկ դարով կը կանխեն յոյն շարականագիր Կասիա Կոստանդնուպոլսեցին (810- 855), որ Բիւզանդա­կան Եկեղեցւոյ մէջ համբաւաւոր դարձաւ՝ յօրինելով 50-ի հասնող շարա­կաններէ ու հոգեւոր ստեղծագործութիւններէ բացի, նաեւ 261 աշխարհիկ գրուածքներ՝ էպիգրամ­ներու բնոյ­­թով[10]:

*******

[1] Այս մասին տե՛ս Յովսէփեանց Գ., Մխիթար Այրիվանեցի. Նորագիւտ արձանագրութիւն եւ երկեր, Ե­րու­սաղէմ, 1931, էջ 17‒23։ Ստեփաննոս Օրբէլեան, Պատմութիւն Նահանգին Սիսական, Փարիզ, 1859, էջ 182։ Հ. Ղ. Ալիշան, Սիսական. Տեղագրութիւն Սիւնեաց աշխարհի, Վենետիկ, 1893, էջ 127‒128։ Հակոբ­յան Գ. Ա., 8-րդ դարի մեր կին շարականագիրները, «Էջմիածին», ԼԴ (Գ), 1977, էջ 20‒25։ Արևշատյան Ա., Ստեփանոս Սյունեցու վարքը որպես վաղքրիստոնեական Հայաստանի երաժշտական արվեստի արժե­քավոր պատմական աղբյուր, «Բանբեր Մատենադարանի», 30, 2020, էջ 355‒358։ Շիրինեան Է.,

Առաջին կին շարականագիրները, Արմենուհի Դրոստ-Աբգարեանին նուիրուած Տօնա­գիր (Ֆեստշրիֆտ), Internationale Werkstücke-Deutsch Armenische Studien, Հալլէի համալսարանական հրատարակչութիւն (տպագրութիւնը ընթացքի մէջ է): М. Э. С. Ширинян, Саакадухт СюнециПравос­лавная Энциклопедия, Москва, 2020, т.  LХ, С. 739: Արևշատյան Ա., Խոսրովիդուխտ, Քրիստոնյա Հայաստան հանրագիտարան, Երևան, 2002, էջ 436։  Նավոյան Մ., Սահակադուխտ, նույն տեղում, էջ 878-879։ Քէոսէեան Յ., Սահակադուխտ Սիւնեցի, Մատենագիրք Հայոց, Զ. հատոր, Ը. դար, Անթիլիաս – Լիբանան, 2007, էջ 601‒605։

[2] Հմմտ. Յովսէփեանց Գ., Մխիթար Այրիվանեցի. Նորագիւտ արձանագրութիւն եւ երկեր, անդ, էջ 17‒18։

[3] Հմմտ. Ստեփաննոս Օրբէլեան, Պատմութիւն Նահանգին Սիսական, անդ, էջ 182։

[4] Տե՛ս Արևշատյան Ա., Ստեփանոս Սյունեցու վարքը որպես վաղքրիստոնեական Հայաստանի ե­րաժշտա­­կան արվեստի արժեքավոր պատմական աղբյուր, անդ, էջ 355‒356։

[5] Անդ, էջ 356։

[6] Շիրինեան Է., Առաջին կին շարականագիրները, անդ (տպագրութիւնը ընթացքի մէջ է):

[7] Հմմտ. Յովսէփեանց Գ., Մխիթար Այրիվանեցի. Նորագիւտ արձանագրութիւն եւ երկեր, անդ, էջ 17‒18։

[8] Տե՛ս Արևշատյան Ա., Ստեփանոս Սյունեցու վարքը որպես վաղքրիստոնեական Հայաստանի ե­րաժշտական արվեստի արժեքավոր պատմական աղբյուր, անդ, էջ 357‒358։ Շիրինեան Է., Առաջին կին շարականագիրները, անդ (տպագրութիւնը ընթացքի մէջ է):

[9] Տե՛ս Շարական սրբոյն Վահանայ Գողթնացւոյն, Մատենագիրք Հայոց, Ը. հատոր, Շարական, Անթիլ­իաս ‒ Լիբանան, 2007, էջ 358։ Արևշատյան Ա., Ստեփանոս Սյունեցու վարքը որպես վաղքրիստո­նեական Հայաստանի երաժշտա­կան արվեստի արժեքավոր պատմական աղբյուր, անդ, էջ 357։

[10] Տե՛ս Շիրինեան Է., Առաջին կին շարականագիրները, անդ  (տպագրութիւնը ընթացքի մէջ է):  Արև­շատյան Ա., Ստեփանոս Սյունեցու վարքը որպես վաղքրիստոնեական Հայաստանի երաժշտական արվեստի արժեքավոր պատմական աղբյուր, նույն տեղում, էջ 356-357:  Ökumenische  Heiligenlexikon,  Kassia die Hymnographin, https://www.heiligenlexikon.de/BiographienK/Kassia_Hymnographin.html.

 

 

 

 

Leave a Reply

Comments containing inappropriate remarks, personal attacks and derogatory expressions will be discarded.

Your email address will not be published. Required fields are marked *

You May Also Like