Ոսկան Մխիթարեան, Լոս Անճելըս
Ներքոյիշեալ գրութիւնները երրորդ եւ չորրորդ մասերն են Ինչո՞ւ սփիւռքի տարի յօդուածին
3. Եկեղեցիին վերապահուած կարեւոր դերը
Կասկած չկայ մեր մտքին մէջ , որ համասփիւռ հայութիւնը շատ լուրջ խնդիրներ ունի, զորս կարելի չէ լուծել համաժողովներով, տօնախմբութիւններով, շնորհահանդէսներով եւ շքանշաններու տեղի-անտեղի առատ բաշխումով: Մէկդի պէտք է թողունք մեր ճառերը, քարոզախօսութիւնները եւ խորհրդաժողովները, որոնք լօզունգի սահմաններէն անդին չեն անցնիր: Որովհետեւ՝ Հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացող անլոյծ մնացած գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ: (Identity)
Մեզ ամենաշատ մտահոգողը ներկայիս ա՛յն ահաւոր, սարսափելի իրողութիւնն է որ շեղած ենք մեր ազգային արմատներէն – լեզու, աւանդութիւն, ընտանեկան բարքեր, արուեստ, հոգեւոր մշակոյթ եւ ընկերային կենցաղ: Այս բոլորը համաշխարհայնացման յորձանուտին, չըսելու համար լաբիւրինթոսին, ճնշման տակ բոլորովին աղաւաղած ու կործանման անդունդի եզրին հասցուցած են մեր ինքնութիւնը:
Բացարձակ ճշմարտութիւն է որ լեզուն գործիք է, միջոց է մարդկային հաղորդակցութեան, ինչպէս նաեւ ազգային ինքնութեան. այլ խօսքով լաւագոյն եւ հզօրագոյն միջոցը ազգապահպանման՝ բոլոր ժողովուրդներուն համար: Եթէ կան ժողովուրդներ որոնք կը գոյատեւեն այսօր, պարզապէս իրենց լեզուի շնորհիւ է որ կը գոյատեւեն: Մէկ խօսքով՝ առանց լեզուի չկայ ազգային ինքնութիւն:
Հայոց պատմութեան ընթացքին մեսրոպաշունչ հայոց լեզուն բացառիկ դերակատարութիւն ունեցած է ո՛չ միայն մշակոյթ ստեղծելու մէջ, այլեւ մեր գոյութիւնը պաշտպանող ամենամեծ զէնքը եղած է: Ամէն ինչ կոսնցուցինք դարերու ընթացքին – թագաւորութիւն, իշխանութիւն, հոգեմտաւոր ժառանգութիւն, եւ մեծագոյնը՝ հայրենի հող ու երկիր, եւ սակայն այս բոլոր կորուստներէն ետք պահպանեցինք մեր լեզուն, որովհետեւ անո՛ր մէջ գտանք գաղտնիքը մեր ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ – ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ:
Յաճախ կը կրկնենք որ Մայրենի լեզուն խարիսխն է ազգի մը գոյութեան, ինքնութեան պահպանման եւ գոյատեւման: Լեզուի կորուստը պատճառ կը դառնայ նաեւ մշակոյթի կորուստին, այլ խօսքով՝ մարդկային պատմութեան թատերաբեմէն անհետ կորստեան: Լեզուն է որ իր մէջ կ’ամփոփէ եւ կը խտացնէ մշակոյթի մը բոլոր արժէքներն ու գանձերը:
Դժբախտաբար այսօր, մեր բազմապիսի քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական հիմնահարցերու ճգնաժամին մէջ՝ լեզուն դարձած է լուսանցքային հարց, եւ մտահոգ իսկ չենք թէ ո՞ւր կ’երթանք, ըլլա՛յ հայրենիքին մէջ, եւ մանաւանդ ի սփիւռս աշխարհի ուր հայութեան մեծամասնութիւնը կ’ապրի:
Եթէ կը հաւատանք որ լեզուն բանալին է մեր ինքնութեան, ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է արմատացնել լեզուի սէրը մեր նորահաս սերունդին մօտ, առանց պարտադրանքի: Այլեւս գաղտնիք չէ որ սփիւռքը կը մաշի լեզուի կորուստով, խառն ամուսնութիւններով, ինքնութեան աստիճանական ո՛չ յուսալից եւ երբեմն ալ ամբողջական անհետացումով: Իրաւունք չունինք այլեւս մխիթարուելու մեր ներկայի տխուր վիճակով, որովհետեւ մինչեւ օրս չկարողացանք պահել մեր նորահաս սերունդը մեսրոպեանի աւազանին մէջ, ուր կը նուազի նաեւ հայրենադարձութեան բաղձանքը որպէս «փրկութեան» վերջին կայան:
Հայ ժողովուրդի ղեկավարութեան մօտ, ըլլայ հայրենիքէն ներս կամ սփիւռքի մէջ, չկայ յստակ ծրագիր մը թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ հայութեան ապագան գալիք հարիւրամեակին: Ինչպէ՞ս պիտի պահպանենք մեր ինքնութիւնը սփիւռքի մէջ, ուր մեր ոտքերուն տակ չենք զգար հայ հողին ջերմութիւնն ու զօրութիւնը: Ա՛յն ալ ուրիշ հարց՝ որ հայրենի հողին վրայ ապրողներէն շատեր արտագաղթի սրտամորմոք ճանապարհը բռնած են եւ տակաւին կը շարունակուի ինքնասպանութիւնը յանուն բարօր կեանքի:
Դժբախտաբար համահայկական յորջորջուած ժողովներէն ոչինչ ծնաւ մինչեւ այսօր: Դժբախտաբար նոյն ինք հայրենիքի մէջ հայերէն լեզուն աղաւաղուած է օտարամուտ բառերու կուտակումով եւ փոխ առնուած շարահիւսութիւններով, հետեւաբար՝ Արեւելահայերէնը նահանջի մէջ է իր բոլոր այլանդակութիւններով: Ա՛լ չխօսինք Մեսրոպեան ոսկեղինիկ լեզուին դաւաճանող «աբեղեանական» ուղղագրութեան մասին. չարիք մը, զոր ջնջելու համար ո՛չ մէկ դրական քայլ կ’առնուի, ո՛չ մէկ նախաձախնդրութիւն կը ցուցաբերուի նոյնինքն հայրենի պետութեան կողմէ: Այդ մեղաւորութեան մէջ իր կարեւոր բաժինը ունի նաեւ Մայր Աթոռը, որ տակաւին կը հրատարակէ նոր գրքեր աբեղեանական խեղագրութեամբ:
Այս տխուր իրողութեան պատճառներէն մէկը մեր ներազգային պայքարներն են, որոնք ջլատած են մեր ոյժերը: Միասնականութեան թերացումին գլխաւոր պատճառներէն պէտք է նկատել Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին պայքարները, որոնք դժբախտաբար կը շարունակուին մինչեւ այսօր մեր անհանդուրժողութեամբ եւ մերժողական հոգեբանութեամբ: Նոյնքան եւ առաւել եւս մտահոգիչ եւ ազգակործան են մեր քաղաքական, միջ-կուսակցական պայքարները, որոնք տխուր անդրադարձ ունեցած են եւ ունին տակաւին մեր սփիւռքեան հաւաքական կեանքին մէջ, նամանաւանդ հայկական վարժարաններէն ներս, ուր չկրցանք արմատաւորել եւ շեշտել մշակոյթով մէկութիւն ստեղծելու կարեւորութիւնը եւ սիրցնել Հայոց Լեզուն առանց պարտադրանքի:
Յաճախ պէտք է յիշեցնել թէ կը փորձենք ուրանալ ա՛յն իրողութիւնը, որ հայրենիքի եւ սփիւռքի տարածքին տապալած ենք մեր էութեան մէջ հայութեան ինքնութեան գերագոյն զէնքը՝ մայրենի լեզուն, որուն բացակայութիւնը կը մաշեցնէ եւ կը յանձնէ մեզ բախտի յորձանուտի քմայքին:
Ինչպէ՞ս մոռնալ անխորտակելի կամքը Տէր Զօրի անապատներուն մէջ խլեակ դարձած մեր մայրերուն, որոնք իրենց թշուառութեան մէջ, կմախքացած մատներով ու պապակած շրթներով, անապատի կիզիչ աւազներուն վրայ գրեցին եւ արտասանեցին մեսրոպաշունչ այբուբենի տառերը, որպէսզի եաթաղանէն ազատուած իրենց երախաները չմոռնան մայրենի լեզուն: Իսկ մենք՝ ներկայ դարու հանգստաւէտ պայմաններու մէջ ապրողներս՝ կը դաւաճանենք մեր ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ, մոռնալով մայրենի լեզուն. Ե’կ վարդապետ եւ մ’ի խենդանար…
Մեր առջեւ պարզուած այս տխուր իրականութիւնը մեծագոյն ազդարարութիւնը պէտք է ըլայ միութեան, արթնութեան եւ զգաստութեան: Հայ լեզուի նկատմամբ մեր անտարբերութիւնը կրնայ խորտակել մեր ազգային ոգին, եւ ժամանակի ընթացքին պիտի զգանք ու ճաշակենք անոր աւերիչ եւ դառն հետեւանքները:
Ակներեւ է եւ չափազանցած չենք ըլլար եթէ յայտարարենք, թէ հայոց լեզուն կը նահանջէ, որովհետեւ կորսնցուցած ենք մեր բծախնդրութիւնը հայ լեզուի նկատմամբ: Չի՛ բաւեր որ խօսակցական լեզուն դարձած է խառնարան մը, ըլլայ ընտանեկան եւ կամ դպրոցական յարկերէն ներս, այժմ գրաւոր հայերէնն ալ դարձաւ ուրիշ ողբերգութիւն մը, որուն ակներեւ օրինակները կը տեսնենք մեր նօսրացող մամուլին մէջ նոյնիսկ: Այսուհետեւ ո՛չ արեւմտահայերէնը եւ ո՛չ ալ արեւելահայերէնը հպարտութեան ազդակներ են հանապազօրեայ:
Ցաւալի իրողութիւն է որ նամանաւանդ հայրենիքէն դուրս մեր ժողովուրդը նորաձեւութեան երկրպագու ըլլալով հայերէնը կը նկատէ երկրորդական լեզու: Գաղթականի մեր հոգեբանութիւնը մղած է մեզ հաւատալու որ եթէ չկարենանք տիրապետել մեր ապրած երկիրներու լեզուին՝ չենք կրնար յաջողիլ կեանքի մէջ: Ահաւասիկ այս սխալ հասկացողութիւնը պատճառ դարձած է որ նոր սերունդը տակաւ առ տակաւ հեռանայ իր մայրենի լեզուէն, ինքզինք դատապարտելով մշակութային անկման եւ կորստեան:
Այս դժբախտ կացութեան քաջատեղեակ ըլլալէ ետք ինչպէ՞ս մտածել ապագայի մասին, նամանաւանդ երազային Արեւմտահայաստանի մասին, ուր կ’ապրին մեր թրքացած եւ քրտացած եղբայրները, որոնք անհամբեր կը սպասեն մեր օգնութեան: Եթէ լեզուն չէ որ մեզ պիտի միաւորէ, հապա ի՞նչն է որ մեզ իրարու պիտի շաղկապէ: Ինչպէ՞ս պիտի վերադառնան անոնք իրենց պապենական հազարամեայ մշակոյթին՝ առանց լեզուի, այլ խօսքով՝ եթէ հայերէն չգրեն ու չխօսին:
Անտարակուսելի է եւ ճիշդ է այն իրողութիւնը, որ կը պայքարինք հոսանքն ի վեր, որովհետեւ նոր սերունդին համար ամենէն գործնական լեզուն անգլերէնն է եւ կամ իր ապրած երկրի լեզուն, սակայն եւ այնպէս հաւաքական մեր կեանքին մէջ զգալի է մեծամասնութեան անտարբերութիւնը եւ նախաձեռնութեան բացակայութիւնը: Ժամանակը հասած է որ ազգովին զարթօնք մը ապրինք, ոտքի ելլենք մեր ամբողջ իմացական կարողութեամբ, եթէ կ’ուզենք պահպանել մեր հազարամեայ գանձը՝ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ:
ՍՐՏԱԳԻՆ ԿՈՉ ԵՒ ՍՏՈՐԱԳՐԱՀԱՒԱՔ ՓՐԿԵՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆԸ
3. Եկեղեցիին վերապահուած կարեւոր դերը
Եթէ չխօսինք այս նիւթերու մասին, ո՞վ պիտի ըլլայ մեղաւորը Եկեղեցւոյ բարոյական գահավիժումին: Նկատի ունենալով Հայց. Եկեղեցւոյ դերը դարերու ընթացքին, որուն խորապէս կը գիտակցի մեր ժողովուրդը, պարտաւոր ենք կատարել ախտաճանաչումներ, որոնք քննադատութիւն չեն, այլ վիճարկումներ, որոնելու համար ուղիներ, որպէսզի լաւագոյնս կարելի ըլլայ ծառայել գաղութի, եւ ընդհանրապէս ամբողջ հայ ժողովուրդի ազգային նկարագրի անեղծ պահպանման:
Բոլորս ալ գիտենք թէ Հայց. Եկեղեցին դժուարութիւններ ունեցած է անցեալին եւ տակաւին ունի՝ մեր ժողովուրդին դաժան ճակատագրին պատճառով: Յուսախաբութիւններ՝ շա՜տ: Ատով հադերձ մենք մեզի իրաւունք պէտք չէ տանք ըսելու թէ Եկեղեցին ընելիք չունի, եւ կամ մենք Եկեղեցւոյ հետ ընելիք չունինք: Նման դիրքորոշում մը, ազգային անկիւնէ դիտուած, պիտի նմանի անձնասպանութեան: Ընդհակառակը, անհրաժեշտ է զօրավիգ կանգնիլ Եկեղեցիին որպէս կրանիթեայ ազգային հիմնակառոյց, դարձնելով զայն հաւատացեալ ժողովուրդի իսկական տուն, քրիստոնէական լիիրաւ հասկացողութեամբ:
Սփիւռքեան մեր պայմաններու մէջ, Եկեղեցին ունի համախմբելու մեծ կարողութիւն եւ ահա ճիշդ այս նպատակով – եւ ո՛չ թէ վանողական մեր գործելակերպով,- պարտինք ստեղծել եկեղեցիներու շուրջ ազգային ժողովական կեանք, ժողովրդավարական սկզբունքներով, ժողովուրդի մասնակցութեամբ եւ ներկայութեամբ ստեղծել առողջ հոգեմտաւոր ներշնչարան: Յաջողած պիտի ըլլայ ա՛յն ղեկավարութիւնը, որ պիտի կարենայ ժողովուրդի ստուար մեծամասնութիւնը, նամանաւանդ երիտասարդութիւնը, բերել գործօն մասնակցութեան Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Ա’յս է հրամայականը այսօր սփիւռքի վերազարթօնքի եւ գոյատեւման:
Անգամ մը եւս կ’արժէ շեշտել այստեղ, որ Եկեղեցին եկեղեցականներուն սեփականութիւնը չէ: Եկեղեցին կը պատկանի ժողովուրդին եւ եկեղեցականը կը սպասարկէ եկեղեցւոյ, իմա՛ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն, եւ ժողովուրդն ալ փոխադարձաբար կ’ապահովէ պարկեշտ վարձատրութիւն մը եկեղեցականին: Այս փոխ-յարաբերութիւնը կը ներդաշնակուի ու կը զօրանայ, երբ չկայ այդտեղ բարոյական գայթակղութիւն եւ մամոնայի պաշտամունք: Այլ խօսքով՝ Եկեղեցին կը մնայ իր բարձունքին վրայ, իր սրբազան առաքելութեան իսկական ճանապարհին մէջ, եւ չի վերածուիր վաճառատան՝ որպէս եկամուտի աղբիւր:
Կ’արժէ անգամ մը եւս շեշտել թէ ինչպէս Եկեղեցւոյ եւ պետութեան սերտաճումը ստեղծեց մտահոգիչ նոր իրավիճակ մը, նամանաւանդ վերջին քսանհինգամեակին: Հայաստանի անկախացումէն եւ պետականութեան վերստեղծումէն ետք Եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը պետութեան հետ համագործութեամբ դարձած է պետական կառոյցի մէկ հատուածը, այլ խօսքով անոր ուղեկիցը: Բայց եկեղեցին իրաւունք չունի այլեւս թաքնուելու իր մեքենացած արարողութիւններու ետին, իսկ անոր հոգեւոր սպասաւորները, որոնք հանապազօր կը տեսնեն անարդարութիւնները, քաջութիւնը չունին բացայայտելու ճշմարտութիւնները: Այսօրուան կղերը քաջութիւն եւ բարոյական վեհութիւն պէտք է ունենայ ընդունելու իր թերութիւններն ու սխալները: Դժբախտաբար վիժած հոգեւոր կեանքի ճգնաժամի մը մէջ կ’ապրինք: Հեռացած ենք աւետարանական ուսուցումներէն եւ հոգեւոր արժէքներու սնանկացումը մեզ կը մաշեցնէ ազգովին: Արամ Կաթողիկոս երբ կը յայտարարէր որ սփիւռքը կը մաշի, արդե՞օք նկատի ունէր որ Եկեղեցականութեան նիւթապաշտ մտածողութիւնը հայ ստուար հասարակութիւնը ընդհանրապէս մղած է անտարբերութեան հանդէպ իր եկեղեցիին եւ ազգային արժէքներուն:
Այս մտահոգիչ ճգնաժամին առաջքը առնելու համար անհրաժեշտ է կատարել բարոյական սկզբունքներու վերարժեւորում եւ յառաջ բերել բարեկարգութեան զարթօնք: Ժամանակն է զգաստանալու, սթափելու եւ տեսնելու գահավիժումը մեր դարաւոր եկեղեցիին, մեր հաւատքի կրանիթեայ ապառաժին: Եկեղեցին կարելի չէ նոյնացնել պետութեան մը կառոյցին հետ, որովհետեւ այդտեղ չկա՛յ տիրութիւն, այլ կայ միայն ծառայական առաքելութիւն, որուն մեծագոյն օրինակը Աստուածորդին Ի՛նք տուաւ Իր կեանքին զոհաբերութեամբ:
Դժբախտաբար ծառայասիրութեան եւ եղբայրութեան փոխարէն եկեղեցւոյ ղեկավարութեան մէջ արմատացած է բռնամոլութեան, մենատիրութեան եւ քինախնդրութեան ախտը, որ յաճախ կը դրսեւորուի անհատին մօտ, երբ կը բացակային ինքնավստահութիւնը, պատիւն ու արժանապատուութիւնը: Այսուհետեւ մեզի կը մնայ վանել ապականութիւնը եւ ժողովրդային գործօն մասնակցութեամբ եկեղեցին դուրս բերել իր ճահճացած վիճակէն:
Մեր նպատակը թերագնահատումներ կատարել չէ, ընհակառակը՝ ախտաճանաչումներու կողքին արդար լուծումներ առաջարկել է: Այս բոլորը կը պատահին, որովհետեւ մեզի կը պակսին հաւաքական մտածողութեան բոլոր երաշխիքները: Ամէն ինչ կը փորձենք անհատական ջանքերով իրագործել, առանց անդրադառնալու որ մեր մտածողութեամբ եւ աշխատաոճով դատապարտուած ենք ամլութեան եւ ձախողութեան:
Աւանդական մեր քաղաքական միտքը պարպուած եւ սնանկացած է ներքին տարակարծութիւններով: Մարդիկ աւելի շահադիտական նպատակներով մօտեցած են մեր կառոյցներուն, կոխկռտելով ամէն տեսակի հաւաքական ազգային շահեր: Դժբախտաբար տակաւին չենք տեսներ այս պառակտեալ վիճակէն դուրս գալու ցանկութիւն, ո՛չ աւանդական կուսակցութիւններուն եւ ո՛չ ալ մեր այլ բարեսիրական կամ կրթական հաստատութիւններուն մօտ: Անբնական այս վիճակէն դուրս գալու մտահոգութիւն չենք տեսներ ո՛չ հայրենի պետութեան մօտ եւ ո՛չ ալ սփիւռքի ձախողած «ղեկավարութեան» մօտ:
Որեւէ կազմակերպութեան մը օրինականութիւնը իր անդամակցութենէն կու գայ, ըլլայ ան քաղաքական-ազգային եւ կամ եկեղեցական կազմակերպութիւն: Այս կազմակերպութիւններու մէջ հաւաքական աշխատանքի եւ մտածողութեան բացակայութիւնը միայն կրնայ միամիտները ոգեւորել. հետեւաբար մեր ունեցած հնարաւորութիւնները լաւագոյնս արժեւորելու համար պարտաւոր ենք ծրագիրներ մշակել հաւաքական մտածողութեամբ, ներգրաւելով երիտասարդ արհեստավարժ եւ մասնագիտացած նոր սերունդը:
Համասփիւռ հայութիւնը շատ լուրջ խնդիրներ ունի, զորս կարելի չէ լուծել համաժողովներով, տօնախմբութիւններով, շնորհահանդէսներով եւ շքանշաններու տեղի-անտեղի «առատ» բաշխումով: Մէկդի պէտք է թողունք մեր ճառերը, քարոզախօսութիւնները եւ խորհրդաժողովները, որոնք լօզունգի սահմաններէն անդին չեն անցնիր: Հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացող անլոյծ մնացած գլխաւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ: Ինքնախաբէութեամբ չպարուրուինք. Հայ Եկեղեցին գահավիժումի մէջ է անկասկած: Իրաւունք չունինք այսուհետեւ իրականութիւնները դիտելու մեր մատներու արանքէն: անհրաժեշտ է ցոյց տալ հաւաքական ներդաշնակ աշխատանք, կամք եւ համոզուած վճռակամութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցին փրկելու համար:
Հայ ժողովուրդին կեանքը յուզող եւ տագնապեցնող ամենալուրջ հարցերէն մէկն է Հայց. Եկեղեցւոյ ներքին միասնութեան հարցը, որուն մասին միայն կը խօսուի եւ ո՛չ մէկ լուրջ աշխատանք կը տարուի զայն կեանքի կոչելու: Բոլորս գիտենք որ Եկեղեցին դարերու ընթացքին եղած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման գանձարանը: Ուստի, աններելի կը գտնենք հայրենիքէն ներս կամ սփիւռքի տարածքին մէջ գործող մեր այսօրուան ամուլ «ղեկավարութեան» անտարբերութիւնն ու կրաւորականութիւնը:
Վերակենդանացնելու համար Եկեղեցւոյ ներքին միասնութիւնը անհրաժեշտ կը գտնենք մէկդի թողուլ մեր անցեալի դառն փորձառութիւնները եւ լծուիլ աշխատանքի: Քաջութիւն եւ վեհանձնութիւն պէտք է ունենալ բոլոր տարակարծութիւնները կլոր սեղանի վրայ դնելու եւ քրիստոնէավայել ոգիով ու կեցուածքով արդար լուծումներ որոնելու: Երկու կաթողիկոսութիւններու յարաբերութիւնները այնքան կնճռոտ եւ բազմազան են որ, եթէ հարկ ըլլայ, կարելի է հատորներ գրել այս նիւթի մասին: Մեր երկու նուիրապետական Աթոռներն ալ գործիքներ են զիրենք ղեկավարող ոյժերուն ձեռքը: Եկեղեցականութեան կը պակսի կամքն ու կորովը, նուիրումն ու տեսիլքը, ստեղծելու այդ աստուածահաճոյ եղբայրական մթնոլորտը երկու կաթողիկոսութեանց միջեւ, վիճակ մը, որուն կը սպասէ, կ’ակնկալէ եւ կ’երազէ երկար տարիներէ ի վեր մեր ազնիւ ժողովուրդը:
Ատարակոյս որ Եկեղեցւոյ պառակտումը ոյժերու եւ միջոցներու անմիտ եւ անիմաստ վատնում է մեր ազգային հաւաքական կեանքին մէջ, նամանաւանդ սփիւռքի ամբողջ տառածքին, ուր հայութեան մեծամասնութիւնը կ’ապրի: Պառակտեալ կողմերը իրենց անվերջանալի պայքարներով ուժաքամ ըրած են ազգին հաւաքական կամքը: Եկեղեցական տագնապը խորացած եւ արմատացած վէրք մըն է այսօր, զոր անտեսելով կարելի չէ միացնել ազգը, եւ ո՛չ ալ զիրար մեղադրելով կրնանք դարման մը գտնել:
Հետեւաբար բոլոր ժամանակներէ աւելի ԱՅՍՕՐ անհրաժեշտ է ստեղծել եւ ապահովել ամբողջական մասնակցութիւնը մեր ժողովուրդին՝ Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս եւ վանել ու հեռացնել բոլոր անոնք, որոնք, իրենց ջոջ-ամիրայական ախորժակներով եւ իրենց քսակները պարարտացնելու սնանկ հոգեբանութեամբ, կը յաւակնին ըլլալ Եկեղեցւոյ եւ ազգին տէրերը: Այս կացութեան լրջութիւնը ըմբռնելու եւ անոր հակազդելու համար անհրաժեշտ է հաւատալ Եկեղեցւոյ կրօնա-ազգային էական դերին եւ պատրաստ ըլլալ գործօն մասնակցութեամբ յեղաշրջելու այս ապականած մթնոլորտը, որ մեզ առաջնորդած է ազգային հիւանդագին անտարբերութեան:
Ամենատխուր իրողութիւնը ա՛յն է, որ մեր Եպիսկոպոսական Ժողովներն ալ իրենց օրակարգին վրայ չունեցան Եկեղեցւոյ միութեան հարցը, որուն գլխաւոր խոչընդոտներէն մէկը կը կարծուի ըլլալ թեմերու «բաժանումը», մինչդեռ՝ թեմական հարցերը խոր արմատներ ունին մեր պատմութեան մէջ, նամանաւանդ Օսմանեան եւ Պարսկական տիրապետութեանց տակ: Եթէ իսկապէս կը հաւատանք միութեան գաղափարին, այդ պարագային պարտաւոր էինք որոնել ճամբաներ վերջ տալու համար մեր բոլոր տարակարծութիւններուն:
Շար. Գ. 5 Մարտ 2022